Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2024

Շաբաթաթերթ

Միջին Արեւելքի Հայագաղութները Սուրիա

 

          Ք.ա. Ա. դարուն, Տիգրան Մեծի ժամանակ, հայկական փոքր ներկայութիւն մը կար, յատկապէս՝ Անտիոքի մէջ:

            11-րդ դարուն, Սելճուք թուրքերու արշաւանքներու ատեն, որոշ թիւով հայեր գաղթած են Այնթապ, Անտիոք  եւ Հալէպ, ուր երբեմն կուսակալները կամ կառավարիչները հայեր էին:

            13-րդ դարուն, Մոնկոլներու ասպատակութիւնները արգելք հանդիսացած են, որ կազմաւորութեան մէջ եղող վերոյիշեալ քաղաքներուն մէջ, հայկական գաղութները մարմին առնեն ու զարգանան:

            Կիլիկիոյ թագաւորութեան շիջումէն ետք, 14-րդ դարուն (1375) յաջորդեց Օսմանեան տիրապետութիւնը: Այս ժամանակներուն ունեցած ենք հայ կուսակալներ, որոնցմէ յիշատակենք Էտիպ Իսահակը ու Ռըզքալլա Հասունեանը: Սուրիական բաժնին մէջ, 15-րդ դարուն, կազմուած է Հալէպի հայոց թեմը:

            17-րդ դարէն սկսեալ, այլազան ճնշումներու եւ հալածանքներու հետեւանքով, Օսմանեան հայացած շրջաններէն- Արաբկիրէն, Սասունէն, Հոոմկլայէն, Զէյթունէն, Այնթապէն, Մարաշէն, Կարինէն- հայերը գաղթած են յատկապէս Արեւելեան Հայաստան ու մանաւանդ՝ Սուրիա:

            Ա. Համաշխարհային Պատերազմի առաջին տարիներուն, Սահակ Բ. Կաթողիկոսը, Գերշ. Յարութիւն Եսայեան, եւ Հ.Բ.Ը. Միութեան Հալէպի մասնաճիւղի ատենապետներ՝ Արմենակ Մազլումեան («Պարոն») եւ եղբայրը՝ Օննիկ, Տոքթ. Սամուէլ Շմաւոնեան, պատուելի Ահարոն Շիրաճեան, Անատոլուի գաղթական իրենց հայրենակիցներուն մատուցած ծառայութեանց համար, բանտարկութեան եւ աքսորի ենթարկուած են:

            Համաշխարհային Ա. Պատերազմի տարիներուն, Հիւսիսային Սուրիան եւ յատկապէս Հալէպն ու Դամասկոսը դարձան, Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան Հայաստանի նահանգներէն տարագրուած, հայերու գլխաւոր ապաստանարանը: Տարագլեալներու գոյավիճակով զբաղող գլխաւոր կազմակերպութիւնները, եւրոպական եւ ամերիկեան միսիոնարական օժանդակութիւններու կարգին, եղան Հ.Բ.Ը. Միութեան Եգիպտոսի կեդրոնը, գործօն ղեկավարութեամբ անոր Հալէպի մասնաճիւղին: Այս քաղաքին մէջ ապաստանած էին աւելի քան 15,000 գաղթականներ: Ֆրանսական մանտայի հովանաւորութեան տակ գործող հիւանդանոցներուն, կամ որբանոցներուն մէջ կը ծառայէին Ա. Շիրեճեան (Խան Սապուն), բժիշկներ Տէր Ղեւոնդեան, Յովհ. Գլըճեան, Ա. Ալթունեան եւ Հայր Պալեան: 1919-ի աւարտին, Հալէպի մէջ կը գտնուէին 1900 գաղթականներ, որոնց կեդրոնացումը քաղաքին մէջ ստեղծեց հակագաղթական հալածանք մը, նոյն տարուան Փետրուարէն սկսեալ: Արաբ ամբոխը սպաննեց 50 ու վիրաւորեց 150 հայեր, պատճառ դարձաւ մեծ թիւով անհետացածներու, մինչեւ որ ստիպուեցաւ միջամտել անգլիական բանակը՝ կարգը վերահաստատելու համար: Այս գաղթականներէն մաս մը վերադարձաւ Կիլիկիոյ իրենց տուները, Ֆրանսական բանակին օժանդակութեամբ: 11,000-ի իջած էր գաղթականներու թիւը Հալէպի մէջ:

            Բարեգործականի շօշափելի օժանդակութիւնը վերահաստատուեցաւ 1919 Յունուարէն սկսեալ: Հ.Բ.Ը. Միութեան մասնաճիւղին անդամներէն էին Գ. Խանճեան, Օ. Մազլումեան, Ռ. Էզաճեան, Խ. Շահին, Յ. Ոսկեան, Ա. Մազլումեան, Յ. Պարսումեան, Յովհ. Գըլըճեան, Յովհ. Խաչատուրեան: 1919 Փետրուարին հիմնուեցաւ «Հայ Երիտասարդաց Տիկնանց Ընկերակցութիւն»ը, գլխաւորութեամբ առաջնորդարանէն Հայր Յ. Եսայեանի: Ռ. Հերեան, Հ.Բ.Ը. Միութեան ներկայացուցիչը, նոյն տարուան Ապրիլէն սկսեալ, նուիրուեցաւ յատկապէս որբահաւաքի գործին, յատկապէս Սուրիական անապատներէն ու տեղացիներէն պետեւիներէն ազատելով որդեգրուած 535 հայ որբեր: Որբախնամ գործինն նուիրեալ անձերէն յիշատակենք Տոքթ. Հրեշտակեանը ու Խ. Ինկիլիզեանը: (*)

            1915-ի կիսուն, շուրջ 40,000 գաղթականներ հասած էին Հալէպ եւ 18,000 ալ՝ Դամասկոս։ 15 Յուլիս 1915ին, պատուելի Շիրաճեանի բացուած որբանոցին կցուեցան նաեւ 10 վարձու շէնքեր, Տոքթ. Ալթունեանի միջամտութեամբ եւ հոն ծառայութեամբ: 1922-ին, հոն կը պատսպարէին նաեւ 1200 որբեր: 1922-24, Հ.Բ.Ը. Միութեան ու Near East Relief-ի օժանդակութեամբ ալ շուրջ 65,000 գաղթականներ հաստատուած էին Հալէպի, Հոմսի (700), Համայի, Լաթաքիոյ (2500) ու Սուրիոյ այլազան շրջաններուն մէջ:

            1921-25 կը գործէր նաեւ Կիլիկեան Որբանոց-Արհեստանոցը, որմէ շրջանաւարտ եղան դերձակներ, կօշկակարներ, տախտակի վրայ փորագրողներ եւ ինքնաշարժի վարիչներ: Այս հաստատութեան շրջանաւարտներէն 81 հոգի ղրկուեցան Խորհրդային Հայաստան:

            1921-ին, Դանիացի միսիոնար Քարէն Եփփէ Հալէպ փոխադրուեցաւ։ 1922-27 անոր միջամտութեամբ փրկուած 1475 հայերէն 800-ը կիներ ու մանուկներ էին. այս վերջինները պատսպարուեցան Նոր Գիւղի մէջ մինչեւ 1927-28 թուականները:

            1926-ին, 3 միլիոն ֆրանք քաշուեցաւ Օսմանեան Կեդրոնական Դրամատան մէջ սառեցուած Ֆոնտէն՝ տրամադրուելու համար Հալէպի Սուլէյմանիէի (Մէյտան Էլ-Քապիր-Նոր Գիւղ) մէջ հիմնադրուած (1928-29) հայկական քէմփին, ուր օթեւան գտան 2500 գաղթականներ: Այլոց շարքին, յիշատակելի է Հայր Պալեանի ծառայութիւնը այս քէմփէն ներս:  Զուգահեռաբար, Գաղթականաց Կեդրոնական Կոմիտէն, Դամասկոսի Պապ Շարքի թաղամասին մէջ եւս  տեղաւորեց 8000 գաղթականներ:

            1928-29-ին, Սուրիահայութեան թիւը բարձրացած էր 156,745-ի: Հետզհետէ  կազմակերպուած Սուրիահայ գաղութը ունէր 9 դպրոցներ, 10 մշակութային ընկերութիւններ, քանի մը հիւանդանոցներ, 7 բարեսիրական, 3 մարզական, 6 ուսանողական, 66 երաժշտական կազմակերպութիւններ, եւ երեք յարանուանութեանց 19 եկեղեցիներ:

            1949-ին, Սուրիական բանակի հրամանատարը Հիւսնի Զայիմ, պետական հարուածով տապալեց կառավարութիւնը ու նախագահ դարձաւ: Իրերայաջորդ զինուորական պետական հարուածները անկայուն եւ անորոշ կացութիւն մը ստեղծեցին երկրին մէջ, յաջորդող 20 տարիներու ընթացքին: Տեղացի ժողովուրդին հետ, Սուրիահայութեան համար եւս վտանգաւոր այդ տարիները, ոչ միայն խանգարեցին գաղութին բարգաւաճումը, մղելով բազմաթիւ հայ ընտանիքներ հեռանալու երկրէն, մանաւանդ՝ տեղափոխուելով Լիբանան:

            Հրէական պետութեան ստեղծումը 1948-ին, արաբ-իսրայէլեան իրերայաջորդ հակամարտութիւնները, մանաւանդ 1949-ին եւ 1967-ին, ազդեցին սուրիահայութեան բարգաւաճումին վրայ: Պաաս Կուսակցութեան տիրապետութեան շրջանին, 1963-էն սկսեալ, ու մանաւանդ Հաֆէզ Ասատի նախագահութեան ատեն, մինչեւ 2000 թուականը, խաղաղութիւնը վերահաստատուեցաւ երկրին մէջ: Հայկական համայնքը վերագրաւ իր կենսունակութիւնը: Լիբանանեան քաղաքագիական պատերազմի (1975-1990) ընթացքին, Լիբանանահայերուն համար Սուրիա դարձաւ ժամանակաւոր ապաստանարան մը:

            1984-ին, Սուրիոյ այլազան քաղաքներուն ու շրջանակներուն մէջ կ’ապրէին 110,000 հայեր, գլխաւորաբար Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Հոմսի եւ Համայի, Քեսապի, Քամիշլիի ու Թարթուսի մէջ։ Կը գործէին հայկական 38 միջնակարգ ու տարրական դպրոցներ- 24-ը Հալէպի, 6-ը Քեսապի, 3-ը Դամասկոսի, 2-ը Քամիշլիի, 2-ը Ճեզիրէի ու Լաթաքիոյ մէջ, 8 տպարան, 5 հիւանդանոցներ (Ճեպեճեան ակնաբուժարանով), ու տասնեակ մը հայրենակցական միութիւններ:

            Սուրիա, անմիջականօրէն սահմանակից ըլլալով Թուրքիոյ՝ հիւսիս-արեւելքէն եւ հիւսիսէն, այլազան առիթներով, թրքահայերը տեղափոխուած են Սուրիա: Իսկ հոսկէ անկէ ալ Լիբանան անցնիլը ջուրի ճամբայ էր: Դամասկոսը ու մանաւանդ Հալէպը մայր գաղութներ կը նկատուէին լիբանանցիներու համար: Արդարեւ, մեծ թիւով լիբանանցիներ եկած են Սուրիայէն, իսկ տագնապալի որեւէ շրջանին, մէկ կամ միւս երկրին մէջ, ապաստանը դրացի երկիրն էր:

2012-էն ի վեր, ամենազգի վճարովի զինեալներ, տարբեր անուններու եւ լոզունգներու տակ, խանգարեցին երկրին անդորրը: Քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, Սուրիոյ ծովածաւալ բամպակի, ցորենի ու գարիի դաշտերը խոպան դարձան, հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստը նուազագոյնի իջաւ, իսկ քարիւղի հանքերը կը շարունակեն կողոպտուիլ մինչեւ այսօր:

2015-ին, 23 միլիոն հաշուող Սուրիոյ բնակչութեան աւելի քան 300.000-ը մահացած էին, 4.300.000-ը արտագաղթած, 7.8 միլիոնը ներքնապէս տեղափոխուած։

            Շրջանին տիրապետող ուժերը տակաւին համաձայնութեան մը եկած չըլլալով, ընդդիմադիր զինեալներու վերջին կայանները  Իտլիպի եւ անմիջական շրջավայրին մէջ, կ’ենթարկուին սուրիական ու ռուսական օդուժին  խիստ ռմբակոծումներուն:

            Հայերը հետեւողական ծառայութիւն ունեցած են Սուրիոյ քաղաքական կեանքին ու բանակին (զօրավարներ Գարամանուկեան եւ Հինտոյեան) մէջ, վայելելով պետութեան դրական հոգատարութիւնը:

            Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց փոխադարձ օգտակարութիւնը ունենալ կարգ մը մարզերէ ներս, մանաւանդ չպայթած ռումբերու վնասազերծման ուղղութեամբ:

            Ներկայիս, Հալէպի մէջ մնացած են 10-12,000 հայեր։ Հոն կը գործեն Ազգային Առաջնորդարանը եւ Հ.Բ.Ը. Միութիւնը: Իսկ Դամասկոսի մէջ կայ շուրջ 2000 հայաբնակչութիւն, եւ աւելի նուազ թուով՝ Լաթաքիոյ ու Քեսապի մէջ:

 (*) “The Armenian General Benevolent Union”, One Hundred Years of History

(Vol. I, 1906-1940).

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ