Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2024

Շաբաթաթերթ

Դէպի Հարիւրամեակ 1921 – 2021 ՌԱԿ- Ազատական-Ռամկավարութիւնը Եւ Գաղափարական Ակունքները Հայ Իրականութենէն Ներս

  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հեռատես եւ խոհեմ հիմնադիրները, որոնք տեսլականը ունեցան 1 Հոկտեմբեր 1921-ին, Պոլսոյ մէջ հիմնադրելու զայն, միաձուլումովը նոյնանման դաւանանք սնուցանող հայ քաղաքական կազմակերպութեանց, անկասկած, շնորհակալ գործ կատարեցին, հայ ժողովուրդին պարգեւելով ազատական-ռամկավարութեամբ օժտուած քաղաքական կազմակերպութիւն մը։

        Ազատական- ռամկավարութեամբ մտածողութիւնը եւ գործելակերպը, ի դէմս սոցիալիստական կամ համայնավար ուղղութեան, որոշապէս հայ իրականութեան համար նորութիւն էր, հետեւաբար ՝ օրհնութիւն, նոր շունչով ու լիցքով կառավարուած եւ առաջնորդուած տեսնելու հայ ժողովուրդը։

         Սակայն, իրականացնելու համար զայն, մեր տեսլապաշտ հիմնադիրները գերագոյն պարտականութիւն կը նկատէին ազատական-ռամկավարութեան գաղափարախօսութեամբ դաստիարակելու նոր սերունդները, իրերայաջորդ կարգով զանոնք պահելու համար կենսունակ ու նաեւ ՝ սեփականութիւնը հայ ժողովուրդին։ Դժուար եւ տքնաջան առաքելութիւն մը ստանձնած էր այդ կորովի ու վճռակամ ղեկավարութիւնը, մէկ կողմէն ՝  Մեծ Եղեռնէն փրկուած հայութեան ինքնութեան եւ մշակոյթի պահպանման, միւս կողմէ ՝ դիմակայելու Պաղ Պատերազմի մարտահրաւէրները։

        Հեռաւոր կամ մօտիկ պատմութիւնը ինք կրնայ ապացուցել ու հաստատել, թէ ՌԱԿ-ը ինչպիսի հզօր ու փայլուն դերակատարութիւն մը ունեցաւ, Սփիւռքի հայութեան կեանքը կազմակերպելու եւ սփիւռքահայութիւնը դէպի Մայր Հայրենիք ուղղելուն մէջ։ Այդ ճիգերուն ու զոհողութիւններուն որպէս արդիւնք, կազմաւորուեցան քանի մը սերունդներ ռամկավարներու, որոնք հիմնուելով ՌԱԿ-ի սկզբունքներուն վրայ, հարազատ մնացին անոնց գործադրութեանց, ՌԱԿ-ը հասցնելով իր պատուաբեր հանգրուաններուն։ Այդ յաջողութիւնները ամէն ոք կը պարտի ազատական-ռամկավարութեամբ մտածողներու անշեղ եւ անսակարկ մօտեցումներուն, աշխատասիրութեան, հաւատարմութեան եւ սկզբունքայնութեան։

       Իսկ զանոնք կրողները հանդիսացան, անպայմանօրէն, այն ղեկավարական դասակարգը, որ անհունապէս հաւատաց իր ազգային ինքնութեան, հայրենիքի հանդէպ անմնացորդ նուիրուածութեան, Հայոց Դատի եւ Պահանջատիրութեան անժամանցելիութեան, հայ մշակոյթի պահպանման ու գիտակից սերունդի մը դաստիարակութեան։ Այս բոլորին մէջ, անշուշտ, տեղ չունէր անհատականը, եսը, այլամերժականը, դաւադրականը, բռնատիրականը ՝ երեւոյթներ որոնք կրնային քանդիչ եւ կործանարար հետեւանքներ թողնել ոչ միայն Կուսակցութեան, այլեւ ՝ հայ ժողովուրդին։ 

        ՌԱԿ-ի գաղափարական ակունքները կը հանդիսանային ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, ԱԶԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ԻՐԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ, ԴԱՏՈՂԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ, ԽՈՀԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ՄԱՐԴԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ, ԻՄԱՑԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, որոնք ընդելուզուած են ազգայնական, հայրենական, ծառայասիրական ու հասարակական սկզբունքներուն հետ, որոնք կը միտէին հայ ժողովուրդը եւ անոր հայրենիքը ազատագրել, միացնել, անկախացնել եւ բարգաւաճ դարձնել։

        Այս ակունքներուն նուիրեալները կը հաւատային, որ ազատական-ռամկավարութեան գաղափարական վարդապետութիւնը կրնայ ամենէն աւելի ու լաւագոյնս սատարել հայ ժողովուրդի ապագայի կերտման։ Այդ հաւատամքով ալ անոնք կառչած մնացին իրենց գաղափարական ակունքներուն, զանոնք ժառանգելով յետագայ բանիմաց սերունդներուն, որպէսզի նոյն տեսլապաշտութեամբ շարունակեն այդ ուղիները, միշտ գերադասելով ազգային շահերն ու ՌԱԿ-ը հեռու պահելով անիմաստ եւ վտանգաւոր արկածախնդրութիւններէ։

         Եւ վերջապէս, ՌԱԿ-ի գոյութիւնը կ՚ իմաստաւորուի միայն իր ազատական-ռամկավարական եւ ազգային-գաղափարական ուղղութիւններու հետեւողական կենսագործունէութեամբ։

 

 ԳԷՈՐԳ  ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ