Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Սիրահարներու Օրը . . .

Ամէն տարուան Փետրուար 14-ը ճանչցուած է որպէս սիրահարներու օր (Valentine’s Day): Այդ սովորութիւնը սկսած է հինգերորդ դարու վերջաւորութեան, Կելասիոս Պապի օրով։

Թէեւ այս տարուան Փետրուար 14-ը անցաւ, սակայն հետաքրքրական է նշել երկու դրուագներ, որոնք մեզի կու գան Անգլիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն։

Դրուագ Առաջին

Հիմա սկսինք Անգլիայէն։ Սովորութիւն դարձած է որ սիրահար զոյգեր սիրային գրութիւններ փոխանակեն այդ օր։ Ակնկալելի է նաեւ որ այրը ծաղկեփունջով մը եւ կամ տուփ մը շոքոլայով ներկայանայ իր սիրահարին եւ զինք հրաւիրէ ճաշարան մը, հաճելի ժամանակ մը անցնելու համար։ Անշուշտ ամուսնացած զոյգերու ալ մասնայատուկ է այս աւանդութիւնը, սակայն դժբախտաբար մենք հայերս զգացական չըլլալով՝ շատ չենք յարգեր այդ սովորութիւնը, այնպէս չէ՞ . . .

Այս օրերուն՝ սիրային գրութիւններու բացիկները (cards) տպուած եւ գեղեցկօրէն զարդարուած կ՛ըլլան։ Բայց հին օրերուն՝ այդ գրութիւններն ու վրայի զարդարանքները կ՛ըլլային ձեռագիր։ Ուրեմն այս օրուան մեր պատմութիւնը մեզի կու գայ 200 տարի առաջ ղրկուած սիրային ձեռագիր գրութենէ մը, հասցէագրուած Լոնտոնաբնակ Օրիորդ Շէյֆիի։

Արդարեւ այդ բացիկը (տես նկարը) ղրկուած է 14 Փետրուար 1818-ին, սակայն ալպոմի մը մէջ թաքնուած մնալով՝ 20 տարի առաջ միայն յայտաբերուած է։ Եթէ ուշի ուշով դիտէք վերոյիշեալ բացիկը՝ հոն պիտի տեսնէք նկարուած սիրտեր, ծաղիկներ եւ թռչուններ։ Բայց աւելի  հետաքրքրական է հոնտեղի գրութիւնը որ կ՛ըսէ, «Սիրալիր խոստում մը՝ անկեղծ համակրութեան։»

Իսկ եթէ գրութիւնը իր ամբողջութեամբ կարդանք, վերահասու պիտի դառնանք հեղինակի սիրալիր եւ ապագայի նկատմամբ իր փափաքը արտայայտող բովանդակութեան, որը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ ամուսնութեան համեստ առաջարկ մը։

Դրուագ Երկրորդ

Գալով Միացեալ Նահանգներու դրուագին, սա սիրային ըլլալէ աւելի գործնական առաջարկ մըն է՝ ուր հեղինակը կը խոստանայ նիւթական վարձատրութիւն մը, զինք կարենալ օգնողին։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Ուրեմն, Քէնսըս նահանգէն երիտասարդ ամուրի մարդ մը՝ Ճէֆ Կէպհարթ (տես նկարը) անունով, այս տարուան Վալընթայնի նախայաջորդ օրերուն, հետեւեալ յայտարարութիւնը զետեղել տուած է տեղւոյն թերթերուն մէջ։

Ճէֆ կը խոստանայ 25,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարել անոր՝ որ կրնայ իրեն համար յարմար աղջիկ ընկերուհի (girlfriend) մը գտնել։ Այս 47 տարեկան երիտասարդը կ՛ըսէ թէ այլեւս զզուած է սովորական կերպով (dating) աղջիկ որոնելու իր ջանքերէն եւ կ՛ուզէ տարբեր ձեւով մօտենալ այս կարեւոր հարցին։

Երբ 14 Փետրուարի նախայաջորդ օրերուն՝ մարդիկ զբաղած են իրենց ընկերուհիներուն եւ կամ կողակիցներուն յարմար նուէր մը ճարելու հարցով, այս երիտասարդը հրապարակ իջած է դիմելով ուրիշներու օգնութեան, որպէսզի առանձին չմնայ . . .

Ես իսկապէս կը զարմանամ որ ամերիկայի մէջ կան մարդիկ՝ որոնք դժուարութիւն կ՛ունենան ընկերուհի գտնելու։ Հապա ի՞նչ ըսենք Միջին Արեւելքի երկիրներու երիտասարդներուն, որոնց համար՝ ինչպէս գիտէք, շատ աւելի դժուար է ընկերուհի գտնելը։

Սա ալ աւելցնեմ որ մեր հերոս Ճէֆը հակառակ է համացանցի օգնութեամբ ընկերուհի որոնելու գաղափարին։ Է՜հ ոչ աւանդական միջոցին կը հաւատայ, ոչ համացանցի օգնութեան կը հաւատայ եւ չուզեր ալ առանձին մնալ։

Միտք ինկաւ հայկական հետեւեալ ասացուածքը որ կ՛ըսէ, «Ոչ կէս հացը կ՛ուտեմ, ոչ լման հացը կը բաժնեմ եւ ոչ ալ փորս անօթի կը ձգեմ։» Է՜հ, եղաւ ասիկա . . .

Իսկ իմ կարծիքով՝ մարդիկ դժուարահաճ պէտք չէ որ ըլլան, եթէ կ՛ուզեն իրենց նպատակին հասնիլ, չէ՞ք խորհիր…:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ