Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Միջին Արեւելքի Հայագաղութները Լիբանան

 

Ք.Ա. 4-3 դարերուն, առեւտրականները, Սիտոն (Սայտա) ու Տիւրոս (Սուր) բերած են Հայաստանի գինին, մրգեղէնը, անտառանիւթը եւ որդան կարմիրը: Մեծն Տիգրանի ժամանակ, Ա. դարուն, զգալի թիւով հայեր ապրած են փիւնիկեան հողի վրայ:

7-8րդ դարերուն, Սելճուքեան արշաւանքներու հետեւանքով, ու Կիլիկիան թագաւորութեան անկումէն (1375) ետք, 14րդ դարու վերջին քառորդէն սկսեալ, հայեր հաստատուած են նաեւ Թրիփոլի ու Սայտա:

1844 էն ետք, հայ առեւտրականներ սկսած են գործել Լիբանանի մէջ: Հիմնադրուած է Սուք էլ Էրմէն (հայկական շուկայ): Համայնքային կազմակերպութիւնը կը զարգանայ, արհեստները կը ծաւալին, ու արհեստանոցներ կը բացուին հայերու նախաձեռնութեամբ: Լիբանանի ինքնավարութեան հաստատումէն ետք (1861) տարիներուն, Օսմանեան հալածանքներու հետեւանքով, եւ 1914 էն առաջ, հայ կրօնական երեք համայնքները շուրջ 1200 հոգի կը հաշուէին Լիբանանի մէջ:

1921ին, հայ գաղթականներ կը հաստատուին Զմմառի եւ Աշքութի Կաթողիկէ վանքերուն մէջ: 1922ին, Էշրէֆիէի ճամբարին մօտ կը շինուին բարեգործականի Քելեկեան ու Սիսուան որբանոցները, որոնց մօտ  կը գործեր նաեւ հիւանդանոց-Քլինիք մը, Տոքթ. Գ.  Ամատեանի եւ Տոքթ Մելքոնեանի հսկողութեան տակ:

Դարձեալ 1922ին, Մարտէն Սեպտեմբեր, Near Lasf Relief-ի օժանդակութեամբ, Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ մնացած որբերէն շուրջ 10000-ը կը բերուին ու կը տեղաւորուին Մաամըլթէյնի, Անթիլիասի, Ս. Գրիգորի (Հայր Արիսի հոգատարութեամբ) որբախնամ շէնքերու ու Սայտայի կուրանոցին (Եագուպ Քանցլերի հոգատարութեան տակ 1923): 1920-28 կը գործէ նաեւ Ճունիի որբանոցը Ղ. Ղպլիկեանի տնօրէնութեամբ: Ռմանց մէջ սկսած են գործել նաեւ արհեստանոցներ: Բայցի Մարիա Ճէքըպսընի վարած «Թռչնոց Բոյն»էն, վերոյիշեալներէն շատեր փակուած էին 1925ին:

Զուգահեռաբար, 1922-24ին, Քեմալական Թուրքիոյ այլազան քաղաքներէն, Near Lasf Relief-ի եւ Հ.Բ.Ը. Միութեան միջոցներով, հազարաւոր հայեր կը հաստատուէին նաեւ Լիբանանի մէջ, NER-ի կողմէ, 1922ին, Քոլոնէլ Ռէտսընի հովանաւորութեան տակ, երկսեռ որբանոց կը բացուի Անթիլիասի մէջ, հողը նուիրելով հայոց կաթողիկոսարանին: Ան ունէր նաեւ արհեստանոց: Որբանոցը կը փակուի 1925ին: Լիբանան բերուած գաղթականները կը տեղաւորուին մեծ քեմփին (3500 հոգի) մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Պուրճ Համուտի մէջ (Նոր Մարաշ, Եոզկաթ, Ամանոս, Հասան Պէյլի, Նոր Սիս, Էքպէզ, Կիւլլապաշէն, Թրատ, Նոր Ատանա), ինչպէս նաեւ Նոր Հաճըն, Չարչափուխ, Խալիլ Պատաուի: 1924ին, համայնքային կազմակերպութիւն ունեցաւ Լիբանանահայութիւնը: 1929ին, 40000 հայեր հաստատուած էին Պէյրութի մէջ, Զահլէ (1300), Թրիփոլի ու շրջակայքը (2000), Սուր ու Սայտա (2000):

1927-30 Հայ Գաղթականաց Օգնութեան Կեդրոնական Կոմիտէն ու Նանսէնեան Գրասենեակը կը ձեռնարկեն Ճերմակ Տուներու շինութեան: Հայաշէնի ու Քարմ Զէյթունի մէջ, ուր բնակութիւն կը հաստատեն 200 ընտանիքներ:

1933ի Մեծ Հրդեհը մոխիրի կը վերածէ Մեծ Քեմփը: 1935ին Պուրճ Համմուտի մէջ կը բնակէին 18000-20000 հայեր, որոնցմէ 8000ը Մարաշի մէջ: Իսկ Հաճըն, Խալիլ Պատաուիի մէջ կառուցուած էին 300 տուներ մինչեւ նոյն թուականը:

Ա. Համաշխարհային Պատերազմէն ետք, շուրջ 150,000 կը հաշուէր հայաբնակչութիւնը: Երկրին արդիւնաբերութեան 18 առ հարիւրը հայերուն ձեռքն էր, իսկ արհեստաւորական ձեռնարկութիւններուն՝ 48 առ հարիւրը: Անոնց ներդրումները կը կազմէին դրամագլուխին մէկ երրորդը:

1970ական թուականներուն իր «ոսկեդարը» կ’ապրէր Լիբանահայութիւնը: Լիբանանի մէջ կը գործէին 60 դպրոցներ (մինչեւ երկրորդական: Հայագիտական, —-ամպիոններով), 45 հայրենակցական եւ այլն միութիւններ: Լոյս կ’ընծայուէին 160 թերթեր ու պարբերականներ: Շուրջ 250,000 կը հաշուէր Լիբանանի հայաբնակչութիւնը: Ամէնէն տարածուն գործունէութիւններն ունէին Հ.Բ.Ը. միութիւնը եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը, իրենց 5 վարժարաններով եւ հայագիտական հիմնարկով, երկու դարմանատուներով, 14 մասնաճիւղերով, Ա. Մանուկեան եւ Ե. Տէմիրճեան երիտասարդական կեդրոններով, թատերախումբով եւ Երգի-Պարի անսամպլով: Միաժամանակ, կը գործէին նաեւ Հ.Մ.Ը. Միութեան եւ Համազգայինի սկաուտական-մարզական-մշակութային միաւորները, Հ.Մ. Միութեան նոյնանման շարժումները, ազգային-աւանդական երեք կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքները եւ Ազգային Առաջնորդարանի ազգային վարժարանները:

Լիբանահայերը յատկանշուած են իբրեւ վարպետ արհեստաւորներ – դերձակ, կօշկակար, հիւսն, մետաղագործ, նպարավաճառ, վարսայարդար, պատկերահան, շինարար, արուեստագէտ, վաճառական, սեղանաւոր, պաշտօնատար, ճարտարարուեստական, եւ այլն:

Փիւնիկեան հնաւանդ երկիրը՝ Լիբանան, շնորհիւ աշխարհագրական իր բանալի դիրքին, հարաւ-արեւելեան Միջերկրական Ծովու վրայ Պէյրութի նաւահանգիստով, գերազանցապէս առեւտրական ազատ տարանցումի, «Պարկեշտը Միջնորդ»ի ու ծառայութեանց երկիր ըլլալով, 20րդ դարու երկրորդ կիսամեակին, կոչուած է «Միջին Արեւելքի Զուիցերիան»:

Ժամանակի թաւալումով սակայն, շրջանային քաղաքականութեան վատթարացումով, Լիբանանի սահմանադրութեան համայնքային կառոյցը խախտեցաւ, 1975ին պետական բանակը չկարենալով տիրապետել կացութեան: Յառաջացած քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմը (1975-1990) երկիրը հասցուց անդունդի եզրին:

Երկրին երեք ու կէս միլիոն բնակչութեան շուրջ 250,000 գնահատուող ու տնտեսապէս բարգաւաճ, հայատրոփ համայնքին շուրջ մէկ հինգերորդը մնացած է ներկայիս: 1990 ին վերահաստատուած խախուտ կայութիւնը խանգարուած է դարձեալ մեր օրերուն, շրջանի շարունակուող խառնակ քաղաքականութեան, ու ներքին տոհմային տիրապետութեանց հետեւանքով: Հայ ընտանիքները դարձեալ սկսած են գաղթել դէպի այլազան երկիրներու շարքին, մասնաւորաբար՝ Հայաստան:

Սուրիա ու Լիբանան հարեւան երկիրներ ըլլալով, սերտ գործակցութեան մէջ գտնուած են: Լիբանանի հայերուն մէկ կարեւոր զանգուածը նախկին Սուրիահայեր եղած են: Քաղաքատնտեսական վերիվայրումներու ընթացքին, անոնք փոխադարձաբար կ՛ապաստանէին դրացի երկիրը, մինչեւ որ կացութիւնը հանդարտէր մէկ կամ միւս երկրին մէջ: Ներկայ օրերուն, երկու երկիրներն ալ շարունակելով խանգարուած մնալ, բնակչութիւնները դիմած են արտագաղթի:

Արեւմուտք ու շրջանին Արաբական երկիրներու եւ  Արեւելք (Ռուսաստան, Պարսկաստան, Թուրքիա, Սուրիա) քուլիսային համաձայնութիւն մը Սուրիոյ ճակատագրին նկատմամբ, կրնայ առաջնորդել Լիբանանի խռովալի գոյավիճակի հանդարտեցման եւ աստիճանական վերականգման:

 

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ