Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Աւարայրի Արծիւը

451 թուականին Հայոց աշխարհը արդէն 150 տարեկան էր, որպէս քրիստոնեայ երկիր եւ ահա արդէն սուրը գլխին կախուած էր։ Պարսից արքայ՝ Յազկերտը իր հրամանը ղրկած էր, կամ ապրիլ որպէս կրակապաշտ կամ մեռնիլ որպէս քրիստոնեայ։

Վարդան Մամիկոնեան եւ իր հետեւորդները յանձն առին մեռնիլ, քան ուրանալ Քրիստոսը։ Վարդան Մամիկոնեանի խօսքն էր՝ ՙՙՄահ ո՛չ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն՚՚։ Եւ գիտնալով թէ ինչպէս կրնայ վերջանալ անհաւասար թիւով պատերազմը, ՙՙՎասն կրօնից, վասն հայրենեաց՚՚ կանչելով գնաց դէպի մահ։ Իր հետ 1036 քաջեր եւս նահատակուեցան այդ օրը Աւարայրի դաշտի վրայ։

ՙՙՄահ իմացեալ անմահութիւն ՚՚ է ըսած էր Մամիկոնեան հսկան, եւ անմահ մնաց իրենց յիշատակը դարեր։ Այսօր ալ 16 դար յետոյ դեռ կը յիշենք հաւատքի եւ հայրենիքի մեր նահատակները։

Հայ Քոյրերու Վարժարանի սաները մանկապարտէզէն մինչեւ 6րդ դասարան՝ երգերով, արտասանութիւններով յիշատակեցին Վարդանանց տօնը, իսկ 7-8րդ դասարանները ՙՙԱւարայրի արծիւը՚՚ ներկայացուցին։ Մեծ ոգեւորութեամբ եւ գիտակցութեամբ ապրեցան եւ ապրեցուցին 451թուականի օրերը. Յազկերտի պալատէն մինչեւ Աւարայրի դաշտը։ Հրաշալի ներկայացուցին Յազկերտի զայրոյթը հայերուն հանդէպ, փափկասուն տիկնանց ապրումները, Շուշանիկի եւ իր ընկերուհիներու խոստումը՝ միանալ բանակին եւ սփոփել զինուորները, մեռնիլ իրենց հետ յանուն հայրենիքի, ապա Աւարայրի դաշտը, յանկարծական լռութիւնը զինուորներու մահէն ետք, աշակերտուհիներէն մէկը շատ յուզիչ երգեց ՙՙԼռեց՚՚ը, իսկ Մամիկոնեան Տիկինը քայլելով դիերու մէջէն կը փնտռել էր Վարդան։ Այս յուզիչ տեսարանով աւարտեցին ներկայացումը։

Սրահը լեցուն էր ծնողներով, բարեկամներով եւ բարերարներով։ Ամէնքը յուզուած էին եւ խանդավառ։ Հիւրերէն Դոկտոր Գարայեանը, Տիկին Նաճարեանը եւ Դոկտոր Նաճարեանը իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին Վարժարանիս սաներուն եւ ուսուցչական կազմին։ Հիւրերու մէջ ներկայ էր նաեւ Վարժարանիս բարերար Պարոն Յարութ Պրոնոզեանը։  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ