Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Մարաշի 1920 Թուականի Ինքնապաշտպանութեան Ու Անոր Յաջորդող Ջարդին՝ Ու Ապա Երկրորդ Պարպումին Նուիրուած 100ամեակի Ոգեկոչում

 1920 թուականը կը զուգադիպի Կիլիկիոյ քաղաքներու ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ու անոնց յաջորդող ջարդերուն ուԿիլիկիոյ երկրորդ պարպումին: Արդարեւ, ինչ որ սկսաւ 1920ի Յունուարին, երբ Քեմալական Թուրքիոյ ուժերը յարձակեցան Մարաշի վրայ ու զայն ընտրեցին իբրեւ իրենց առաջին թիրախը թրքական հանրապետութեան կայացման, յաջորդող ամիսներուն ու տարիներուն տարածուեցաւ նաեւ Կիլիկիոյ այլ քաղաքներուն՝ Այնթէպ, Քիլիս, Սիս, Հաճըն, մինչեւ իսկ Ուրֆա ու ապա Ատանայի վրայ: Այսպէս, աւելի քան 160,000 հայութիւն կրկին Կիլիկիա փոխադրած ֆրանսական ուժերը, արդէն 1919ի Օգոստոսին համաձայնութիւն կնքած էին քեմալական Թուրքիոյ հետ՝ որու հիմամբ համաձայնած էին Կիլիկիան յանձնել քեմալականներուն ու հայութիւնը անգամ մը եւս դնել թուրքերու անողորմ իշխանութեան ներքեւ: Աւելին, 1919ի Դեկտեմբերին Ֆրանսացի զօրաւար Փիքոն իր կարգին համաձայնութիւն մը կնքեց Քեմալիո հետ՝ ամրապնդելով այն ինչ զոր Օգոստոսին ըրած էր ֆրանսացի դիւանագէտ Պիւյոնը…

 

Կիրակի, 23 Փետրուար, 2020ին գաղութիս բոլոր յարանուանութեանց եկեղեցիներէն ներս, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն խնդրուած էր ինքնապաշտպանութեան ընթացքին զոհուած նահատակներուն ու յաջորդող ջարդերու ընթացքին սպաննուած Մարաշցիներու հոգիներուն համար եւ նոյն օրը յետմիջօրէին, Մարաշի Հայրենակցական Միութեան (ՄՀՄ) հրաւէրով տեղի ունեցաւ Մարաշի ինքնապաշտպանութեան ու Աղէտի հարիւրամեակի ոգեկոչման հոգեճաշ եւ հանդիսութիւն՝ ՄՀՄի Փասատինայի Կեդրոնին մէջ: Սրահը լեցուն էր Մարաշցիներով ու Կիլիկիոյ այլ քաղաքներէն սերած հայորդիներով: 

 

Օրուան հանդիսավարն էր ՄՀՄի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ՝ Տիկ. Սիրվարդ Տէյիրմէնճեան: Ան նախ բեմ հրաւիրեց Տիկ. Սիւզի Փանոսեան-Պաղտոյեանը, որ դաշնակի վրայ հմտաբար նուագեց Հայաստանի Հանրապետութեան ու ՄՀՄի քայլերգները:

 

Տիկ. Տէյիրմենճեան ապա բեմ հրաւիրեց պատմաբան դոկտ. Կարապետ Մոմճեանը, որ կատարէ օրուան բացման խօսքը ու ներկայացնէ օրուան կղերական ներկայացուցիչները, որպէսզի իրենց պատգամները փոխանցեն ներկաներուն:

 

Դոկտ. Մոմճեան հակիրճ պատմական մը կատարելէ ետք յստակացուց, որ եթէ 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան հիմնական դերակատարները թուրք օսմանեան պետութիւնն ու զայն ղեկավարող երիտթուրքերն էին, ապա Մարաշի երկրորդ պարպումին հիմնական դերակատարն էր  նոյնինքն «Ասպետական Ֆրանսա»ն, որ գաղտնի համաձայնեցաւ քեմալականներուն հետ եւ տակաւին Մարաշ դեռ նոր վերահաստատուած քանի մօտ 20,000 հազար հայութիւնը  ձգեց իր ճակատագրին (նշենք որ նախքան 1915ի ցեղասպանութիւնը՝ Մարաշի հայութեան թիւը 40,000ով կը գնահատուէր):

 

Նկատի ունենալով որ Մարաշի մէջ գոյութիւն ունէր հայ երեք յարանուանութեանց պատկանող հայութիւն, դոկտ. Մոմճեան իրերայաջորդ կերպով բեմ հրաւիրեց հիւր  կղերականները, որոնք կը ներկայացնէին՝ 

 

  • Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ. Պօղոս Քքհն. Պալթայան, որ կը ներկայացնէր Արեւմտեան Ամերիկայի Կիլիկեան Թեմի Առաջնորդ՝ Տէր Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը:
  • Վաչէ Քհնյ. Հայրապետեանը, որ  կը ներկայացնէր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ՝ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանը: Քահանայ հայրը իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ Սրբազաբ Հօր անունով կարդաց անոր այս առթիւ ՄՀՄին ու անոր անդամներուն ուղղած յատուկ գրութիւնը:
  • Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանը, որ կը ներկայացնէր Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ Վերապատուելի Պերճ Ճանպազեանը: 
  • Խօսք առաւ նաեւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ նախկին համայնքապետ եւ բնիկ մարաշցի ծնողներու զաւակ՝ Վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեանը:

 

Խօսք առնող բոլոր կղերականներն ալ շեշտը դրին ցեղասպանութենէն ետք  հայութեան ու մանաւանդ կիլիկահայութեան գոյատեւման ու այդ անուանեցին աստուածային հրաշք ու նաեւ ազդանշան մը Թուրքիոյ, որ հայը կայ, կը մնայ ու պիտի շարունակէ գոյատեւել ու պայքարիլ իր դէմ գործուած ահրելի ոճիռի ընդունման ու հայութեան իրաւունքներու վերադարձին համար: Անոնք նաեւ խթանեցին ներկաները որ պէտք է անպայման այս կտակը փոխանցեն նոր սերունդին ու այդպիսով վստահ ըլլան, որ պայքարը կը շարունակուի մինչեւ վերջնական յաղթանակ:

 

Ապա բեմ հրաւիրուեցան արուեստագէտներ՝ երգչուհի՝ Սալբի Մայիլեան, երգիչ՝ Գագիկ Պատալեան, եւ ասմունքող՝ Մարինէ Քէշիշեան, որոնք հմուտ կատարողութեամբ ներկայացուցին օրուան խորհուրդը պարփակող երգեր ու ասմունքներ:

 

Ներկաները վերանորոգուած ոգիով սրտափուխ նուիրատուութիւններ կատարեցին՝ ՄՀՄի Փասատինայի Մասնաճիւղի աշխատանքներուն իբրեւ զօրակցութիւն:

 

Թող Աստուած մեր աղէտեալ զոհերուն հոգիները միշտ լոյսերու մէջ պահէ եւ Մարաշի յիշատակը միշտ վառ պահէ մեր հայրենակիցներուն մօտ:

 

Քալիֆորնիոյ ՄՀՄի Վարչութիւն 

 

 

 

Տիկ. Սիրվարդ Տէյիրմէնճեան

 

 

Դոկտ. Կարապետ Մոմճեան

Պատգամախօսները, ձախէն՝ Վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան, Տ. Վաչէ Քհնյ. Հայրապետեան, Տ. Պօղոս Քքհն. Պալթայան, իսկ աջին՝ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ