Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Զօրակցութիւն Վայելող Մեծ Թիւով Թեկնածուներ Յաղթեցին Մարտ 3-ի Ընտրութեանց

Մեծագոյն ուրախութեամբ կու գանք հաղորդելու, թէ Մարտ 3, 2020 ընտրութիւններու, ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի զօրակցութիւն վայելող հայ եւ ոչ հայ դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքներու տեղական ընտրութեանց, մեծաթիւ թեկնածուներ շռնդալից յաղթանակներ արձանագրեցին։

ՌԱԿ-ի Հայ Իրաւանց Խորհուրդի արհեստավարժ երիտասարդ անդամները, գլխաւորութեամբ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի ատենապետ՝ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի ամիսներէ իվեր լծուած էին տենդագին աշխատանքի մը, թեկնածուներուն հետ տեսնուելով, արժեւորելով անոնց կարողութիւնները եւ մեր գաղութը յուզող հարցերուն նկատմամբ այս թեկնածուներուն կեցուածքները հասկնալով։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայ Իրաւանց Խորհուրդի, ինչպէս նաեւ մեր գաղութի զօրակցութիւնը վայելող յաղթած թեկնածուներուն անունները։

 

Տեղական

Փոլ Գրիգորեան (Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ)

Քեւըն Տէ Լէոն (Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ)

Արտի Քացախեան (Կլենտէյլի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ)

Նայիրի Նահապետեան (Կլենտէյլի կրթական խորհուրդի անդամ)

 

Գաւառային

Քաթրին Պարկըր (Լոս Անճելըս գաւառի 5-րդ տարածքի վերահսկիչ)

Էլէն Ասատուրեան (Տեմոքրաթ Կուսակցութեան Լոս Անճելըս գաւառի կեդրոնական վարչութեան անդամ)

 

ԱՄՆ-ի Գոնկրէսի անդամներ

Ճաքի Սփիր

Ճուտի Չու                 Թէտ Լիու

Ճիմ Քոսթա               Լինտա Սանչէզ

Աննա Իշու                Էտըմ Շիֆ

Քրիսթի Սմիթ           Պրըտ Շըրմըն

 

Գալիֆորնիոյ նահանգի Ծերակոյտ

Էնթընի Փորթանթինօ

Հենրի Սթըրն

Սքաթ Ուինըր

Թոնի Աթքինզ

Սքաթ Ուիլք

 

Կլենտէյլի Գոլէճի Հոգաբարձութիւն

Սեւան Պենլեան  հոգաբարձու

Հէրի Լէոն հոգաբարձու

Ճենիֆըր Ֆրիմըն հոգաբարձու

 

Կրթական խորհուրդի համար

Ճեքի Կոլտպըրկ (Լոս Անճելըսի խորհուրդի անդամ)

Սքաթ Շմերըլսըն (Լոս Անճելըսի խորհուրդի անդամ)

Ճէյմզ Օսթըրլինկ (Փասատինայի խորհուրդի անդամ)

 

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ընտրուած կամ վերընտրուած քաղաքական եւ կրթական գործիչները, մաղթելով իրենց արդիւնաշատ եւ պատուաբեր ծառայութիւններ, արդարացնելով իրենց ընտրող ժողովուրդի ակնկալութիւններով։

 

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ