Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Բժիշկ Վարդան Թաշճեանի Նոր Գիրքը Պիտի Ներկայացուի Ապրիլ Գրատան Մէջ

Բարձր պահանջարկի շնորհիւ, երկրորդ անգամով համայնքին պիտի ներկայացուի ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆի ամենավերջին լոյս տեսած «ԳԱՂԹԱԿԱՅԱՆԷՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ՝ Անտունի դարմանող անտունին» հատորը՝ Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2020, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Ապրիլ Գրատան մէջ: Ելոյթ պիտի ունենան Օշին Քէշիշեանը, Յարութիւն Արմէնեանը եւ Յարութ Տէր Դաւիթեանը։

 

ԳԱՂԹԱԿԱՅԱՆԷՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ գիրքը կը ներկայացնէ հեղինակ Վարդան Թաշճեանի կեանքը։ Ծնած է 1933-ին, Պէյրութի արուարձաններէն Պուրճ Համուտի Թիրօ թաղի գաղթակայանին մէջ, որուն բնակիչները ամբողջութեամբ կը բաղկանային Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայերէ: Փայտաշէն ու թիթեղաշէն խրճիթներէ կազմուած գաղթակայան մը, ուր անցան կեանքին առաջին 27 տարիները՝ մթութեան, աղմուկի, աղքատութեան և մտահոգիչ հիւանդութիւններու մթնոլորտին մէջը անցուց: Պատանութեան տարիներէն սկսեալ զինք կը հրապուրէր բժշկական ասպարէզը, որ այդքան ալ դիւրամատչելի չէր թուեր. մանաւանդ իր ուսումնական երկարատեւ և ծախսալից անխուսափելի պարտադրանքով: Սակայն, ի հեճուկս խոչընդոտող անպատեհութիւններուն, երբեմն հրաշքով, յաճախ դիպուածով բայց միշտ յամառ կամքով և յարատեւ աշխատանքով կարելի եղաւ հասնիլ նպատակին. գաղթակայանէն բժշկութիւն:

 

ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆը ծնած է Պէյրութ, Լիբանան։ Վկայուած է ֆրանսական Սեն Ժոզէֆ համալսարանէն եւ դարձած ծանօթ մանկաբոյժ։ Երկրին քաղաքացիական պատերազմին իբրեւ հետեւանք՝ հաստատուած Միացեալ Նահանգներ, Քալիֆորնիա, ուր 1989ին ստացած է ընդհանուր բժշկութեան եւ վիրաբուժութեան արտօնագիրին եւ կը շարունակէ գործել մինչեւ այսօր։ Սկիզբէն եւ մօտէն առնչութիւն ունեցողներէն եղած է հայ բժիշկներու համաշխարհային գործունէութիւններուն հետ։ 

 

Կազմակերպուած Ապրիլ Գրատան կողմէ.

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ