Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Փանոս Թէրլէմէզեան – Ծննդեան 155-Ամեակ

 

1865թ. 11 Մարտին (որոշ աղբիւրներու համաձայն Մարտ 3), Վանի Այգեստան արուարձանին մէջ, լոյս աշխարհ կու գայ Փանոս Թէրլէմէզեան: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Յանկոյս ձորի ծխական դպրոցին մէջ:

Տակաւին պզտիկ տարիքէն գծել կը սկսի, 6-7 տարեկանին` երեք գոյնի մատիտներով մարդոց դէմքեր կը գծէ։ 1880-ին Մ. Փորթուգալեան «Հայկազեան-Կեդրոնական Վարժարան»-ը կը  բանայ եւ պատանի Փանոսը կը սկսի հոն յաճախել՝ իր ընդու-նակութեամբ յայտնի դառնալով դպրոցէն ներս (ան «Նարեկ» շատ կը կարդար)։ Բայց 1885-ին թրքական կառավարութիւնը կը փակէ Վարժարանը, իսկ Փորթուգալեանին կ’աքսորեն:

Փանոսին հայրը կը մահանայ, երբ տղան տասներկու տարեկան կ’ըլլայ, որու հետեւանքով ան շատ կը կապուի իր մօրը հետ. «Մինչեւ խոր ծերութիւն չեմ մոռնար անոր, որպէս մայրական հոգատարութեան, սիրոյ ու գուրգուրանքի կատարեալ կերպար»,- կ’ըսէր ան: Հօրը մահէն վերջ ան ստիպուած շրջան մը դերձակի մը խանութին մէջ աշկերտ կը դառնայ, յետոյ` հիւսնի քով կ’աշխատի։ Սակայն, էութեամբ ըմբոստ պատանին չի համակերպիր այդ պայմաններուն եւ կը սկսի ապրուստը հայթայթել իր քրտինքով ու ազնիւ աշխատանքով՝ մշակելով իրենց պզտիկ հողակտորը: Եւ միայն երեք տարի անց ան կրկին կ’ընդունուի վերաբացուած Կեդրոնական վարժարանը, որ դաստիարակչական առաջաւոր մեթոդներով ղեկավարուող բացառիկ դպրոցներէն էր: Հոն հաւաքուած էր Եւրոպա ուսում առած ազատամիտ մանկավարժներու եւ մտաւորականներու խումբ մը։

Վարժարանն աւարտելէ յետոյ Թէրլէմէզեան եւս կարճ ժամանակով գծագրութիւն, գեղագիտութիւն եւ աշխարհագրութիւն կը դասաւանդէ վարժարանին մէջ, բայց շուտով գործէն կը հեռացուի որպէս կասկածելի անձնաւորութիւն: Այդ տարիներէն արդէն Փանոսի մէջ ծնունդ առած էին ազգային ազատագրութեան գաղափարները, եւ ան՝Մինաս ծածկանունով,կը սկսի գործունէութիւն ծաւալել:1890ի վերջերը Արմենական Կուսակցութեան շարքերը անցնելով, հայ ազգի ազատագրութեան համար իրենց կեանքը զոհելու պատրաստ անվախ ու խիզախ քանի մը համախոհ ընկերներու հետ, զէնքեր եւ յեղափոխական գրականութիւն կը փոխադրեն Վանէն Սալմաստ (Պարսկաստան)։ Ապա կ’անցնին Մուշ՝ սղերդցիներ, մշեցիներ, քղեցիներ եւ սասունցիներ Վանի յեղափոխականներուն հետ համախմբելու, նպատակ ունենալով զինել հայ գիւղացին՝ ինքնապաշտպանութեան համար: Որոշ գիւղեր կը զինեն ու կ’ազատեն գիւղացիները յետագայ կեղեքումներէն. ինք եւս անձամբ կը զինուի եւ իր դիպուկ գնդակով կ’ոչնչացնէ աւազակներն ու անոնց ղեկավարները: Թէրլէմէզեան յայտնի էր իբրեւ առաջնակարգ դիպուկահար։

Փանոս, իր գործունէութեան պատճառով երիցս մահուան կը դատապարտուի կառավարութեան հրամանով, սակայն ան արդէն փախած կ’ըլլայ Պարսկաստան ու հոնկէ անցած՝ Թիֆլիս, ուր նախ իբրեւ փայտահատ, ապա տպարանի մը մէջ՝ գրաշար եւ «Մշակ» թերթին մէջ իբրեւ ցրուիչ կ’աշխատի։

Թէրլէմէզեան իր կեանքի երիտասարդ տարիները կը նուիրաբերէ հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրութեան մեծ գործին, չունենալով անձնական երջանկութիւն, չստեղծելով իր ընտանիքը, չվայելելով ընտանեկան յարկի քաղցրութիւնը։ Անոր համար իր ժողովուրդի նկատմամբ ունեցած անհուն սէրը,անոր ազատագրութեան գործին նուիրուիլը, բարձր հայրենասիրութիւնը, վեր էին ամէն բանէ՝ անձնական կեանքէն, երջանկութենէն։

Սակայն, այդ բոլոր տարիներուն Փ. Թէրլէմէզեան կ’երազէր նկարիչ դառնալ. միայն արուեստը կրնար իմաստ տալ կեանքին: Տասնամեայ փոթորկալի, բանտարկեալի դաժան կեանքով լի եւ դժուարութիւններով լեցուն տարիներէն վերջ, ան ապրիլ կ’ուզէր, վայելել կեանքը, բնութիւնը։ Եւ երեսուն տարեկան Թէրլէմէզեան կ’ընդունուի Ս. Փիթէրսպուրկի Գեղարուեստի Ակադեմիոյ նախապատրաստական բաժինը, ապա կ’ուսանի ակադեմիկոս Լեւ Տմիթրի-Քաւքազսկիի արուեստանոցին մէջ։

Արուեստի պատմութեան մէջ քիչ են այն դէպքերը, երբ անձ մը նկարչութեան ասպարէզ մուտք կը գործէ այդ տարիքին եւ նշանաւոր կը դառնայ: Թէրլէմէզեան, տաղանդին զուգահեռ նաեւ զարմանալի աշխատասիրութիւն եւ անսպառ եռանդ ունէր, ան կը նկարէր օր ու գիշեր եւ ամէնուր (թէրլէմէզ- թրքերէն՝ չքրտնող, ինչ որ շատ կը համապասխանէր իրեն): Պարապմունքները առտուընէ մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը կ’երկարէին, ան իր ամբողջ օրը կանցընէր ակադեմիայէն ներս: Տքնաջան աշխատասիրութեան հետեւանքով, ուսման երկրորդ տարին արդէն ան մեծ արդիւնքի կը հասնի, որ բարձր կը գնահատուի փրոֆէսօրներու կողմէն:

Ս. Փիթէրսպուրկի առաջին ամիսները տանջալի ու ծայրաստիճան աղքատութեան մէջ անցընելէ յետոյ, Խրիմեան Հայրիկը անոր թոշակ կը նշանակէ՝ ամսեկան երեսուն ռուպլի, որու շնորհիւ երիտասարդ նկարիչն՝ առաջին անգամ ըլլալով, կ’ապրի հանգիստ եւ երջանիկ կեանքով: Սակայն շուտով նոր դժբախտութիւն մը կը պատահի։ Ուսանող ընկերներուն հետ՝ ստեղծագործելու նպատակով Էսթոնիա ճամբորդած նկարիչը կը ձերբակալուի՝ թրքական կառավարութեան պահանջով: (Ռեւէլի՝ ներկայիս Տալլին, բանտին մէջ կալանաւոր Փանոսը՝ կոտրած հայելիի պզտիկ կտորի մը միջոցով կը նկարէ իր ինքնանկարը): Վեց ամիս վերջ, անոր կը տեղափոխեն նախ Ս. Փիթերսպուրկի, յետոյ Մոսկուայի, ապա՝ Ռոսթովի, Թիֆլիսի, Դիլիջանի եւ, վերջապէս Երեւանի բանտերը, խոշտանգելով եւ տանջելով, երբեմն երկար ճանապարհներ ոտքով քալել պարտադրելով անոր:Այս ամէնու արդիւնքին, Փանոս շատ կը հիւծուի եւ ծանր կը հիւանդանայ, դժուարաւ փրկուելով մահուան ճիրաններէն։Ի վերջոյ,ոստիկանութիւնը չկարենալով ապացուցել յանցանքը, եւ պարսից դեսպանի երաշխաւորութեամբ, անոր շղթայակապ կը յանձնեն պարսկական կառավարութեան, ուր ծանօթներու եւ ընկերներու օգնութեամբ, ձեռք կը ձգէ իրանական անձնագիր եւ կը մեկնի Փարիզ`շարունակելու կէս ձգած գեղարուեստական ուսումը։ Հոն կ’ընդունուի մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Ժիւլիէնի ակադեմիան, ուր այդ տարիներուն կ’ուսանէին նաեւ դասական հայ դիմանկարչութեան ապագայ նշանաւոր դէմքերէն՝ Ստեփան Աղաճանեան, անուանի գրող Զապէլ Եսայեանի կեանքի ընկեր,պոլսահայ տաղանդաւոր նկարիչ Տիգրան Եսայեան, Էտկար Շահին, Ս. Քիւրքճեան։

Արդէն ուսման տարիներուն ան մեծ համբաւ կը վայելէ եւ կը մասնակցի նկարչական ցուցահանդէսներու՝ արժանանալով բազմաթիւ մրցանակներու («Մերկ Այր Մարդու Ֆիգուր», «Բանուորուհին Ջրհորի Մօտ», Փարիզի բանուորական թաղամասի եւ Լամանշի շրջակայքի բնանկարներ): 

Ակադեմիան աւարտելէ յետոյ, Թէրլէմէզեան կը վերադառնայ Հայաստան եւ ստեղծագործական բեղմնաւոր շրջան մը կ’ունենայ. կ’այցելէ Լոռի, Դսեղ եւ մեծն Թումանեանին հետ որսի կ’երթայ ու կը ստեղծէ «Թումանեանը Որսի Ժամանակ», «Լոռեցի Հովիւը» կտաւները: Այդ նոյն ժամանակ կը ստեղծէ նաեւ իր գլուխգործոցներէն մէկը՝ «Սանահին Վանքի Գաւիթը», ուր հրաշալիօրէն կը ներկայացնէ հայ ճարտարապետութեան գեղեցկութիւնը: Սլացիկ սիւներու վրայ յենուած կամարներու, հաւատացեալ կիներու կերպարանքներու եւ կիսաբաց դրան մէջէն երեւցող մոմերու լոյսերու համատեղումով՝ հոգեպարար աղօթքի եւ հանգստութիւն պարգեւող երաժշտութեան զգացումը կը պարգեւէ դիտողին այս կտաւը, զոր Միւնխէնի համաեւրոպական ցուցահանդէսին կ’արժանանայ ոսկեայ մետայլի:

Ապա որոշ ժամանակ Թիֆլիս հաստատուելով, Թէրլէմէզեան կը դասաւանդէ Ներսիսեան եւ Յովնանեան դպրոցներու մէջ ու աշխուժօրէն կը մասնակցի մշակութային կեանքին: Այնուհետեւ կը ճամբորդէ Եգիպտոս (Գահիրէ, Աղեքսանդրիա), յետոյ՝ Ալժիր, ապա՝ Ֆրանսա:

1910-1915թթ.,ան Կ.Պոլիս կ’ապրի, ուր 1920-ին Հայ Ակումբին մէջ,կը կազմակերպուի իր եւ Լեւոն Քիւրքճեանի համատեղ ցուցահանդէսը. վերջինիս հետ նաեւ նկարչական դպրոց կը բանայ: Կ’այցելէ նաեւ Վան եւ կը ստեղծէ «Վանայ Լիճը եւ Սիփան Սարը Կտուց Կղզիէն» եւ «Վանայ Լիճը» բնանկարները: Այս շրջանին բազմաթիւ ծովային տեսարաններէ զատ նաեւ Արմենակ Շահմուրատեանի դիմանկարը կը նկարէ:

1912-1915թթ.,Կոմիտասն ու Թէրլէմէզեանը՝ Բերայի Պան կալթի թաղամասին մէջ միասին կ’ապրին՝ եռայարկ տուն մը վարձած, որ կը վերածուի ժամանակի մտաւորականութեան յաճախակի հանդիպումներու վայրի մը (Գ. Զօհրապ, Դ. Վարուժան, Սիամանթօ, Ե. Օտեան, Տ. Չէօկիւրեան, Ռ. Սեւակ, Երուխան եւ ուրիշ նշանաւոր անձեր), եւ ուր արուեստի ու գրականութեան ասուլիսներ կը կազմակերպուին:

Փանոս՝ Կոմիտասին հետ անոր ծննդավայրը՝ Կուտինա կը մեկնի եւ հոն կը ստեղծէ Վարդապետի յայտնի դիմանկարը՝ ծառին տակ նստած, երաժշտական գործիքը կողքը եւ նոթաներու մէջ խորասուզուած:Նկարիչը մեծ սիրով, ճշմարտացի եւ մտերմիկ ներկայացուցած է իր բարեկամը:Այդ կտաւը Կոմիտասի բազմաթիւ դիմանկարներէն լաւագոյններու կարգը կը դասուի:

Փանոսը եւ Կոմիտաս անդադար զիրար կը «կսմթեն» ծննդավայրի առնչութեամբ: Անգամ մըն ալ Թէրլէմէզեան հերթական անգամ կը «դպնայ» Կուտինային, իսկ Կոմիտասը կ’ըսէ.«Չհաւնեցա՞ր դուն մեր Կուտինան, քեզի ալ, քու Վանն ալ կ’ուտի նա…»:

Մեծն Կոմիտասի եւ Թէրլէմէզեանի մտերմութիւնը անկեղծ էր եւ խորը: Անոնք իրարմէ կը բաժնուին միայն Ա. Աշխարհամարտի եւ Մեծ Եղեռնի պատճառով։ Տարիներ անց, 1928թ., Թէրլէմէզեան Կոմիտասին կ’այցելէ Փարիզի հիւանդանոցին մէջ, ուր՝ կարելի է ըսել «բանտարկուած» Կոմիտասը երկար տարիներ ոչ մէկ այցելուի ճանչցած էր: Փանոս կը մօտենայ անկողինին վրայ նստած, երեսը դէպի պատը դարձուցած Կոմիտասին, եւ արցունքները դժուարաւ զսպելով՝անոր անունը կ’արտաբերէ… Հանճարեղ երաժշտագէտը, լսելով հարազատ ձայնը, պահ մը իր դիրքը փոխելով եւ թափանցող հայեացքով Փանոսին երկար նայելէ վերջ, տարօրինակ հնչիւնով մը կը կանչէ՝ «Փանոս…»: Սակայն ուղեղի լուսաւոր առկայծումը պահ մը միայն կը տեւէ. խամրած աչքերով Կոմիտասը կրկին դէմքը կը դարձնէ դէպի պատը եւ կը լռէ…

1915թ. Թէրլէմէզեան կ’անդամագրուի Վանի ստեղծուած ինքնապաշտպանական մարմինին, նոյն թուին գաղթականներու հետ կ’երթայ Էջմիածին, ապա՝ Թիֆլիս, ուր 1916-ին մասնակից կ’ըլլայ Հայ Արուեստագէտներու Միութեան կազմաւորմանը (նախագահ՝ Եղիշէ Թադեւոսեան), նաեւ ղեկավարելով այդ միութեան Տոնի Ռոսթովի մասնաճիւղը:

Թէրլէմէզեան ամբողջ կեանքը, ստեղծագործելու նպատակով կը ճամբորդէ զանազան վայրեր՝ ստեղծելով թէ՛ բովանդակութեամբ, թէ՛ տրամադրութեամբ, թէ՛ կառուցուածքով ու գոյներով բազմազան արժէքաւոր կտաւներ:

Յետագային, ան հինգ տարի կ’ապրի ԱՄՆ՝ Նիւ Եորք (ուր կը ստեղծէ դերասաններ Յովհ. Աբէլեանի եւ Յովհ. Զարիֆեանի դիմանկարները), Ֆրեզնօ, Սան Ֆրանսիսքօ եւ Լոս Անճելըս, եւ ամէնուր անհատական ցուցահանդէսներ կ’ունենայ: 1924-ին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Վենետիկի 14-րդ պիէննալէին: 

 

 

 

 

 

 

 

 

Թէրլէմէզեան երջանիկ էր՝ տեսնելով դարաւոր կեղեքումներէն ազատագրուած իր հարազատ ժողովուրդի խաղաղ կեանքը, հայրենի երկրի վերաշինութիւնը, հայ մշակոյթի վերածնունդն ու զարգացումը: Երեւանի մէջ իր ծննդեան 75-ամեակին կազմակերպուած անհատական ցուցահանդէսի բացման արարողութեան, ան դողդըղացող ձեռքերով ձեռնափայտին յենած, յուզուած ձայնով կ’ըսէ. «Ես եկած եմ իմ ճակտիս քրտինքը խառնելու հայ շինականի քրտինքին, որպէսզի մեր երկիրը՝ իմ Հայաստանս, վերաշինենք»: 

Պատկառելի տարիքը բոլորած նկարիչը, իր երկաթեայ հաստատակամութեամբ, աշխատասիրութեամբ, կը նկարէ մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը: Վերջին շրջանի գործերէն են «Արարատն Առաւօտեան»,«Արագածը Ձմրանը», «Աշունը Հին Երեւանին Մէջ», «Սեւանի Ափերը» եւ այլ կտաւներ:

Ցուցահանդէսի բացումէն քանի մը շաբաթ անց, Թէրլէմէզեան կը հիւանդանայ եւ հիւանդանոց կը փոխադրուի: «…Ես հիւանդանոց հասայ… Փանոսը կռնակի վրայ պառկած էր անշարժ ու կը տնքար ցաւէն։ Ի վերջոյ, աչքերը բացաւ, երկար նայեցաւ ինձ ու արտասուեցաւ… Փանոսը կը զգար իր մօտալուտ վախճանը, սակայն այդ արտասուքը մահուան առաջ ծունկի եկած մարդու սարսափէն չէր, այլ ապրելու եւ ստեղծագործելու տենչով վառուածարուեստագէտի հոգւոյ պոռթկում։ Այդ եղաւ գուցէ առաջին, սակայն եւ իր կեանքի վերջին արտասուքը»։-(քանդակագործ ԱՐԱ ՍԱՐԳՍԵԱՆ՝ «Կտակը»)

28 Ապրիլ 1941-ին,կը հանգչի ՀԽՍՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Աշխատանքային Կարմիր Դրօշի շքանշանակիր, ԽՍՀՄ Նկարիչներու Միութեան անդամ Փ. Թէրլէմէզեան: Անոր մարմինը կ’ամփոփուի Կոմիտասի Անուան Պանթէոնին մէջ:

Իր կտակին համաձայն,զոր գրած էր ԱՄՆ, իր բոլոր ստեղծագործութիւններն ու ողջ ունեցուածքը կը նուիրուի Հայաստանի Ազգային Թանգարանին:           

Փանոս Թէրլէմէզեան բազմաժանր նկարիչ էր. հայկական բնանկարի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մին ըլլալով, ան նպաստած է նաեւ հայ իրապաշտական դիմանկարչութեան յետագայ զարգացումին՝ կերտելով մեր մշա-կոյթի հռչակաւոր, դասական գործիչներու դիմանկարներու շարք մը՝ Ալ. Շիրվանզադէ, Աւ. Իսահակեան, Հ. Աճառեան, Ռ. Մելիքեան, Ա. Բակունց, Ա. Վշտունի, Ե. Լալայեան եւ ուրիշներ:

Իրապաշտ նկարիչը փորձած է կտաւներ ստեղծել նաեւ Մեծ Եղեռնի թեմայով,  որոնք, սակայն, էսքիզային վիճակի մէջ՝ անաւարտ մնացած են:

2017թ., Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը Երեւանի մէջ հրատարակեց Թէրլէմէզեանի «Կեանքիս Յուշերը» յուշագրութիւնը, որու մէջ՝ ի շարս բազմաթիւ յուշերու, ան կը պատմէ, թէ ինչպէս Աղթամարի Ախավանքէն փոշիներու մէջէն փրկած է հին հայկական ձեռագրեր ու այբբէնարաններ. վերջիններու վրայ մագաղաթներէն մկրատուած պատառիկներ փակցուած եղած է: Ան մեծ դժուարութիւններով երեք արկղ ղրկած է Էջմիածին, երկու արկղ ծովը նետել տուած է՝ թուրքերուն ձեռքը չիյնալու համար, եւ ինը լաւագոյն ձեռագրերու նկարներն ու լուսանցքային զարդերը՝ կորուստէն ազատելու համար, ընդօրինակած եւ հասցուցած է Հայաստան, Հայոց Ազգագրական Միութեան Գրասենեակին յանձնելով:

Թէրլէմէզեան նաեւ կը պատմէ, թէ անգամ մը, երբ իր կտաւները դիտելու համար իրեն այցելած է կայսեր արարողապետ, թուրք դիւանագէտ Իսմայիլ Ճանանի պէյը, նկարիչին առաջարկով կը մտնեն նաեւ Կոմիտասի սենեակը: Դիւանագէտը կ’ըսէ. «Չեմ համարձակիր,ապա թէ ոչ,պիտի խնդրէի Կոմիտաս էֆենտիին որեւէ բան մը նուագել կամ երգել»:Կոմիտաս, լսելով այդ շշուկով ըսուած ֆրանսերէն նախադասութիւնը, անմիջապէս կը մօտենայ դաշնակին եւ Շուպերթէն գերմաներէն երգ մը կ’երգէ՝«…անչափ խորունկ զգացումով, որ մենք քարացած էինք: Անոր վերջացնելէն յետոյ ալ բաւական ժամանակ լուռ էինք, երբ՝ ինքզինքը զսպել չկարենալով՝ ձեռքը սեղանին զարկաւ եւ ըսաւ. «Sapristi: (գրողը տանի) 800 տարուայ պետութիւն ենք եւ ցարդ այսպիսի արուեստ ու արուեստագէտներու տաճար չունեցանք»: Անոր մեկնելէն յետոյ`ես շնորհաւորեցի Կոմիտասին այդ յաղթանակին համար եւ …միասին «Լաչիմ Նանա» պարեցինք: Այդ պարը ան սորված էր Կոտայքի Ղըրխպուլաղ գիւղին մէջ` ճեմարան ուսանած ժամանակ»:

 

 

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ 


 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ