Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր Կորուստները. Թանկագին Նահապետ Նահապետեանի Քաղցր Յիշատակին

 

«Յիշատակովդ այս գիշեր,

Կը զգամ այնչափ զիս հարուստ,

Այնչափ բարի երջանիկ,

Որ գթութեամբ մը անհուն,

Կը մտածեմ բաժնել զայն

Աշխարհի բոլոր խեղճերուն»։

 

Վ.Թ.

 

ՌԱԿ-ի աշխարհատարած մեր շրջանակը ընդհանրապէս եւ Արժանթինի ու Հարաւային Ամերիկայի մեր համայնքները մասնաւորաբար, Փետրուար 11, 2020-ին դժբախտութիւնը ունեցան հրաժեշտ տալու ՌԱԿ-ի բազմամեայ եւ բազմավաստակ ղեկավարներէն, ՀԲԸՄիութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Հարաւ. Ամերիկայի ողջ հայութեան եւ անոնց միութեանց անսահման սէրն ու յարգանքը վայելող ողբ. Նահապետ Նահապետեանի յաւիտենական մեկնումին առիթով։

Մեզի համար դժուար է հրաժեշտի խօսք գրել, այս պատուական ղեկավարին մասին, որովհետեւ ողբ. Նահապետի նման ազգային նուիրեալներ, որոնք իրենց ողջ կեանքի ընթացին ծառայութեան եւ զոհողութեան մարմնացումը եղած են։ Անոնք մեր «փոքր Ածուին» կեանքին մէջ, իրենց կատարած գործով եւ ձգած վաստակով անմահ են արդէն, անոնք չեն մեռնիր, այլ ֆիզիքապէս կը հեռանան մեզմէ։ Նահապետները միշտ կը մնան եւ կը շողարձակեն իւրաքանչիւր հայու հոգիին եւ յիշողութեան մէջ։

Մենք բախտը ունեցած ենք այս գլխագիր մարդուն՝ ողբ. Նահապետ Նահապետեանին հետ մօտ երեք տարի մօտէն գործելու ազգային զանազան պարտաւորութիւններ ստանձնելով։ Գործած ենք միասին Արշակ Չոպանեան (ներկայիս Թէքէեան) կեդրոնի բացման օրերուն, ՀԲԸՄիութեան Մարի Մանուկեան վարժարանի հիմնադրութեան եւ գոյառման օրերուն, Սարտարապատ շաբաթաթերթի հիմնադրութեան աշխատանքներուն, այս բոլորին մէջ Ընկ. Նահապետ Նահապետեանի ներդրումը եղած է արդիւնաշատ եւ վիթխարի, Ընկ. Նահապետ Նահապետեան իր կենդանութեան օրով իսկ, իր գործով, ղեկավարի իր իմաստուն եւ տաղանդաշատ վարուելակերպով, ան դարձած էր բառին բուն իմաստով Պուէնոս Այրէսի հայութեան Նահապետը։

Ընկ. Նահապետ Նահապետեանի կենսագրութիւնը, մտածելակերպը, հարցերուն մօտենալու ձեւը, շրջանակը կազմակերպելու եւ որոշ նպատակի մը համար նպատակասլաց աշխատանքի մղելու ոճը, յաւէտ ուսանելի գիրք մը կրնայ ըլլալ, եթէ ոչ դպրոց մըն է նորահաս սերունդին համար, հոն շատ սորվելիք եւ ուսանելի նիւթեր կան մեր երիտասարդները սորվելու համար։

 

***

Ողբ. Նահապետ Նահապետեան ծնած է 1927-ին Աթէնք, զէյթունցի ծնողքի զաւակ է։

1952-ին կը գաղթէ Պուէնոս Այրէս Արժանթին իր տիկնոջ` Պաղտինէին եւ երկու աղջիկներու՝ Արեւակ եւ Սոնիային հետ։ Արժանթինի մէջ կը բախտաւորուի իր երրորդ զաւակով Սերխոյի ծնունդով։ Արժանթին հասնելու պէս հայրենասէր այս երիտասարդ ամոլը իրենց զաւակներով, տուն տեղ գործ չսկսած, արդէն ազգային կեանքին մէջ են։

Ապագային իր տղան եւս հասակ առնելով արժանթինեան շրջանակին մէջ, ան ալ իր նպաստը սկսաւ բերել մեր կուսակցութեան եւ արժանթինեան քաղաքական կեանքին մէջ։

Ընկ. Նահապետ Նահապետեան շնորհիւ իր նախաձեռնութեան եւ շուկայի, առեւտուրի մարդ ըլլալու ձիրքերուն, ան կրցաւ կարճ ժամանակուայ մէջ իր տունը եւ կարի գործարանը հիմնել։ Ան բարեկեցիկ բայց ոչ մեծահարուստ ըլլալով, միշտ ալ հասած է մեր կազմակերպութեան նիւթական ծով կարիքներուն իր օժանդակութիւնը բերելով։

Հայ ժողովուրդի մեծանուն բանաստեղծ՝ հայ ժողովուրդի ազատութեան երգիչ՝ Միքայէլ Նալպանտեան ըսած է մեր ժողովուրդի մասին. «Հայ ժողովուրդը ոչինչ ունի բացի Յիսուս Քրիստոսից։ Բայց հայ ժողովուրդը Յիսուս Քրիստոս ունենալով, ամէն ինչ ունի, մշակոյթ, պատմութիւն, արուեստ եւ իմաստութիւն»։

Արժանթինի մէջ եւս մեր կուսակցութիւնը տարիներ առաջ «ոչինչ ունէր բացի Նահապետ Նահապետեանէն» այնուհանդերձ ՌԱԿ-ը Նահապետ Նահապետեանը ունենալով ամէն ինչ ունի իր շքեղ կեդրոնը, հոյակապ Սարտարապատ շաբաթաթերթը եւ համակիրներու ու բարեկամներու հսկայ եւ բազմամարդ զանգուած մը հարաւ. Ամերիկայի մէջ։

Այս գրութեամբ կու գանք յայտնելու մեր խորին վշտակցութիւնները հարաւ. Ամերիկայի մեր կուսակցական շրջանակին, հանգուցեալի երեք զաւակներուն հանդերձ ընտանեօք,  երկու քոյրերուն հանդերձ ընտանեօք եւ միակ եղբօր ընկ. Գիսակի ընտանիքին։

Վստահ ենք որ հանգուցեալ Նահապետ Նահապետեանի անունը յաւերժ ոսկի տառերով պիտի ճառագայթի Արժանթինի հայութեան պատմութեան բազմաթիւ էջերու մէջ։

«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»։

 

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ