Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ղարաբաղեան Հիմնախնդրի Ակունքները Եւ Վերամիացումը Հայաստանին

Պատմական ակնարկ.


Լեռնային Ղարաբաղը ՝ Արցախ, Փոքր Սիւնիք, կը հանդիսանայ պատմական Հայաստանի մաս։ Ղարաբաղը եղած է հոգեւոր, մշակութային եւ քաղաքական հզօր կեդրոն։ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը մինչեւ 1991-ի դրութեամբ չէր համապատասխանէր որպէս Հայաստանի պատմական եւ ժողովրդական վարչա-տարածքային միաւոր, այլ իբրեւ հետեւանք 1921 թուականի Անդրկովկասի մէջ թուրք-ազրպէյճանական միաւորման համար ստեղծուած բարենպաստ իրավիճակի պայմաններուն մէջ բնիկ հայ ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի խափանման արդիւնք, ինչպէս նաեւ բռնապետ Սթալինի կամայականութեան։

          Ղարաբաղի բռնի անջատման փորձերը սկսան երբ Արեւմտեան Հայաստանը դատարկուած էր եւ աւելի քան երկու միլիոն հայեր ցեղասպանութեան ենթարկուած էին Թուրքիոյ կողմէ։ Ամբողջ հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու նպատակով 1918-20 թուականներուն թուրքական զօրքերը մտան Անդրկովկաս։ Ազրպէյճանի Մուսավաթական իշխանութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը գրաւելու փորձը ձախողութեան մատնուեցաւ 1918-20 թուականներուն, շնորհիւ Ղարաբաղի ժողովուրդի բացառիկ դիմադրութեան եւ աննկուն ոգիին, երբ այն ժամանակ Ղարաբաղը կը ղեկավարէր Ազգային կամ Մարզային Խորհուրդը, ձախողութեան մատնելով նաեւ հայկական պետականութիւնը ոչնչացնելու Ազրպէյճանի նկրտումները։ Հետեւապէս, թուրք-ազերիական խուժանը չկարողանալով բռնակցել Արցախը Ազրպէյճանին, անցաւ նախադէպը չունեցող բարբարոսութիւններու՝ նմանը 1905 եւ 1908 թուականներու, որուն հետեւանքով կործանեց 60 գիւղ, անտուն մնացին 40,000 մարդ եւ սրահար եղան 25,000 ուրիշներ։ Քանդեցին եւ հրդեհեցին Շուշի քաղաքը, կողոպտելով գործարաններու, տնտեսական եւ մշակութային հարստութիւններու 90 տոկոսը։

          Այս բոլոր արհաւիրքներէն յետոյ 1920 թուականին Ապրիլին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան իշխանութիւնը իր զօրամիաւորները ղրկեց Ղարաբաղ, եւ Արցախը վերամիաւորուեցաւ Հայաստանի հետ։ Դժբախտաբար հետագային հայկական ուժերը դուրս եկան Ղարաբաղէն զոր. Դրոյի ղեկավարութեամբ եւ իշխանութիւնը յանձնեցին սովետներուն, որուն հետեւանքով Մայիս 26-ին Ղարաբաղի մէջ հաստատուեցաւ խորհրդային իշխանութիւն։

          Նաեւ այս իրադարձութիւններէն ոչ հեռու անցեալին ՝ 1917 թուականին Հոկտեմբերի 29-ին «Տեքրեթը Թուրքահայաստանի մասին» որուն անառարկելի ճարտարապետն էր հայազգի անզուգական յեղափոխական ՝ Ստեփան Շահումեան, համառուսաստանեան համագումարին կողմէ ընդունուեցաւ, յայտարարեց հետեւեալը. «Բանուորական եւ գիւղացիական կառավարութիւնը պաշտպանում է Ռուսաստանի կողմից գրաւուած «Թուրքական Հայաստանի» հայերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը ընդհուպ մինչեւ անկախութիւն»։ Դժբախտաբար յետագային, 1918-23  թուականներուն խորհրդային ղեկավարները մեծ սխալներ թոյլ տուին երբ անոնք, միակողմանի զիջումներով, հաւատացին Թուրքիոյ կեղծ «բանուորա-գիւղացիական» եւ արեւելքի մէջ «հակաիմբերիալիստական» պայքարի մէջ Ռուսաստանին աջակցելու ստապատիր խոստումներուն։

          Թուրք-խորհրդային «բարեկամութեան» հետեւանքով Ռուսաստանը իր կողմէ նուաճուած Արեւմտեան Հայաստանի տարածքները յանձնեց Թուրքիոյ։ Սակայն ինչպէս կը նախատեսուէր, Թուրքիան բացայայտեց իր նենգամիտ էութիւնը։ Այս իմաստով Գ. Չիչերինին ուղղուած նամակով Ս. Կիրովը գրած է հետեւեալը. «Քեմալականներու Խորհրդային Ռուսաստանի նկատմամբ ունեցած «բարեկամութեան» մասին սուտ խոստումներու ետեւը թաքնուած են նենգ գործեր, անոնց հակախորհրդային նպատակները»։

          Սակայն 1920 թուականի խորհրդային իշխանութեան յաղթանակը ե՛ւ Ազրպէյճանի ե՛ւ Ղարաբաղի մէջ լուրջ հակահարուած էր թուրքական ներխուժումը եւ ազերիական նկրտումները կասեցնելու։ Իսկ Ազրպէյճանի խորհրդային  իշխանութիւնը վերջնագիր ներկայացուց Ղարաբաղի հայութեան ՝ Ազրպէյճանին միանալու, սակայն Արցախի հայութիւնը մերժեց այդ վերջնագիրը։ Իսկ Հայաստանի մէջ, խորհրդային իշխանութեան հաստատման օրը, 1920 թ. Նոյեմբեր 30-ին Ազրպէյճանի յեղկոմը յայտարարեց հետեւեալը. «ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ ՀՐԱԺԱՐՒՈՒՄ Է ՂԱՐԱԲԱՂԻ, ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ եւ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԻՑ»։ Իսկ 1921-ի Յունիսին Ռուսաստանի Կենտկոմի Կովկասեան Պիւրոն որոշում ընդունեց որ «ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԲԱԺԱՆԵԼԻ ՄԱՍՆ Է»։ Դժբախտաբար նոյն տարուայ Յուլիսի 5-ին Կովկասեան Պիւրոն Սթալինի ճնշումով եւ Ազրպէյճանի յեղկոմի նախագահ Ն. Նարիմանովի մեղսակցութեամբ, կ՚ընէր հետեւեալ վտանգաւոր յայտարարութիւնը. «Ելնելով հայերի եւ մուսուլմանների միջեւ ազգային խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնից եւ վերին ու ստորին Ղարաբաղի տնտեսական կապից, Ազրպէյճանի հետ նրա մշտական կապից, Լեռնային Ղարաբաղը թողնել Ազրպէյճանական ԽՍՀ-ի մէջ, ընձեռել լայն ինքնավարութիւն, վարչական կեդրոն ունենալով Շուշի քաղաքը»։

          Եւ որովհետեւ խորհրդային իշխանութիւնը Ղարաբաղի մէջ հռչակուած է Ազրպէյճանի խորհրդայնացումէն մէկ ամիս ետք, նաեւ Կովկասեան Պիւրոյի կողմէ որեւէ որոշում չկայ Ազրպէյճանին «պատկանող տարածքներէն» անոր կազմի մէջ «թողնելու», նաեւ նկատի ունենալով վերեւը նշուած պատմական իրադարձութիւնները, ապա կրնանք հաստատել որ Ղարաբաղը երբեք Ազրպէյճանի մաս չէ կազմած։

           Այսպէս կոչուած «Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը» իրականութիւն դարձաւ 1923-ին Ազրպէյճանի Յուլիսի 7-ի որոշումով, որով Ղարաբաղէն դուրս մնացին հայ բնակչութիւն ունեցող շատ տարածքներ։ Ազրպէյճանի նենգամիտ եւ ցեղապաշտ ղեկավարները նոյնիսկ չթողեցին որ Շուշին «ինքնավար մարզի» կեդրոն դառնայ եւ ամէն սադրանք ու դաւադրութիւն չխնայեցին որպէսզի Շուշին Ազրպէյճանի ենթակայ քաղաք դառնայ։ «Ինքնավար մարզի» կազմաւորման առաջին օրէն Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը միշտ ոտնահարած է հայ բնակչութեան իրաւունքները, ծանր հարուած հասցուցած ժողովուրդի ընկերա-տնտեսական առաջընթացին, հայերու նկատմամբ խտրական քաղաքականութիւն վարած, հայոց լեզուն եւ մշակոյթը խափանած, պատմամշակութային յուշարձաններ ոչնչացուցած, եւայլն։ Այսպիսով խզուեցան բոլոր կապերը Խորհրդային Հայաստանի հետ։ Հետեւաբար, ստեղծուած դժուար պայմաններու բերումով հայեր սկսան արտագաղթել Ղարաբաղէն։ 1923-1979 թուականներուն Ղարաբաղի բնակչութիւնը նուազած էր 27,000 մարդով։

 

 Պայքար յանուն իրաւունքներու.


          Անցնող տասնամեակներուն Ղարաբաղի ժողովուրդը պայքարած է Խորհրդային Հայաստանի հետ վերամիաւորման նպատակով։ 30-ական թուականներուն ազգայնականութեան մէջ մեղադրուելով, հետապնդումներու ենթարկուած են հարիւրաւոր հայորդիներ։ «Մարզի» բազմաթիւ աշխատաւորներ եւ բանուորներ բազմիցս դիմած են կուսակցական եւ պետական մարմիններուն ՝ Խորհրդային Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միացման խնդրանքով, վերականգնելու պատմական արդարութիւնը։ Նոյնիսկ 1965-ին 45 հազար ստորագրութիւններ հաւաքուած եւ Կենտկոմ ուղարկուած են նոյն նպատակով, որուն իբրեւ պատասխան 1966-ին Խորհրդային Միութեան Կենտկոմը որոշեց, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Կենտկոմներուն յանձնարարել որպէսզի պատրաստեն ծրագիր լուծելու համար Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը։ Դժբախտաբար Մ. Սուսլովի կողմէ ձախողութեան մատնուեցաւ այդ գործընթացը։ Այստեղ յանուն պատմական արդարութեան պէտք է նշել նաեւ, որ նոյն տարին յանդուգն եւ արդար պահանջով Խորհրդային  Միութեան Կենտկոմին նամակ ուղարկեց նաեւ այն օրերու  ՌԱԿ-ի անզուգական խմբագիր, հրապարակագիր եւ կուսակցական ղեկավար ՝ Գերսամ Ահարոնեան։ Ինչպէս կը սպասուէր, այդ նամակը մնաց անպատասխան։

            Նոյն հարցով եղան բազմաթիւ առաջարկներ 1977-ին, իսկ 1987-ին կուսակցական եւ պետական մարմիններու մէջ Ղարաբաղէն ներկայ էին 4 պատուիրակներ եւ ներկայացուած 80,000 ստորագրութիւն։

            Կորպաչեւեան վերակառուցումը եւ հրապարակայնութիւնը կարծէք նոր յոյս բերաւ Ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման համար։ Հետեւաբար ժողովրդային շարժման նոր փուլ սկսաւ երբ հազարաւոր բնակիչներ բոլոր շրջաններէն, Ստեփանակերտի մէջ շուրջօրեայ միթինկներ եւ զօրակցական հաւաքներ սկսան կազմակերպել։ Կազմուեցան «Կռունկ» եւ «Միացում» շարժումները, որոնք միթինկները կազմակերպեցին խաղաղ եւ ժողովրդավարական ձեւով։ Սակայն 1988-ի Փետրուարի 21-ին ԽՍՀՄ ղեկավարութիւնը ընդունեց հապճեպ եւ սխալ որոշում որ հիմնուած էր խեղաթիւրուած տեղեկատուութեանց վրայ եւ փոխանակ հարցին քաղաքական լուծում տալու, փորձեց հարցը ներկայացնել որպէս ընկերային-տնտեսական խնդիր։ Բնականաբար, հայ ժողովուրդը չընդունեց այն, իսկ միւս կողմէ ազրպէյճանական ազգայնամոլ հրոսակներ կատարեցին Սումկայիթի ոճիրները։ Հետագային Կեդրոնական կառավարութեան բոլոր փորձերը ապարդիւն եղան, որմէ օգտուեցան Ազրպէյճանի հակահայ իշխանութիւնները, աւելի եւս խստացնելով «մարզի» կուսակցական եւ պետական մարմիններու իրաւունքները։

          Եւ վերջապէս, 1989-ի Դեկտեմբեր 1-ին Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մարզային Խորհուրդը միասնական պատմական հռչակագիր ընդունեցին ՝ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելու մասին։ Յետ այս որոշման, բարբարոսութիւններու նոր ալիք սկսաւ Ազրպէյճանի ժողովրդական ճակատի եւ ներքին զօրքերու կողմէ գրեթէ բոլոր հայաբնակ շրջաններուն մէջ։ Աւելի ուշ, Պաքուի մէջ 1990-ին տեղի ունեցան ջարդեր որոնց հետեւանքով զոհուեցան տասնեակ հայեր եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ։ Նաեւ ազերի հրոսակախմբեր յարձակումներ կազմակերպեցին հայկական Շահումեանի, Խանլարի եւ Մարաղայի շրջաններու մէջ։

          Եւ վերջապէս, 1991-ին Դեկտեմբեր 29-ին Ղարաբաղի ժողովուրդը համաժողովրդական հանրաքուէով իր ինքնորոշումը կայացուց ՝ անկախութիւն հռչակելով եւ անջատուելով Ազրպէյճանի Հանրապետութենէն, Խորհրդային սահմանադրութեան տառին եւ ոգիին համաձայն։

         

 Եզրակացութիւն.-


           Պէտք է շեշտել որ ոյժով, սպառնալիքներով եւ շրջափակումով անկարելի է պարտութեան մատնել Հայ ժողովուրդը եւ ստիպել որ ան հրաժարի ժողովուրդը վերամիաւորելու արդար իրաւունքէն։ Եւ նկատի առնելով Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդական, պատմական եւ մշակութային ընդհանրութիւնը, այս հիմնախնդրի միակ լուծումը կը կայանայ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի վերամիացումը մէկ միասնական պետութեան մէջ։ Հասկնալով որ աւելի քան 26 տարիէ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը եւ բանակցութիւնները շօշափելի արդիւնք չտուին եւ հիմնախնդրի լուծման տրամաբանութիւնը կընթանայ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքի վրայ, այնուամենայնիւ, ազատ եւ անկախ Արցախը ԻՐՈՂԱՊԷՍ (De Facto) կայացած պետութիւն է իր պետական, քաղաքական եւ իրաւական կառավարման բաղադրիչներով։ Սակայն այս բոլորը պէտք է դիտարկել այս հիմնախնդրի ՄԱՐՏԱՎԱՐԱԿԱՆ նպատակի եւ գործընթացի տրամաբանութեամբ։ Իսկ հիմնախնդրի ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ նպատակը եւ հանգոյցալուծումը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՎԵՐԱՄԻԱՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ։

 

ԳԷՈՐԳ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ