Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ինչո՞ւ եւ Ինչպէ՞ս Նախիջեւանը Եւ Ղարաբաղը Խորհրդայնացան Սեւրէն Առաջ, Իսկ Յետագային ՝ Զանգեզուրը

1920-ի Մուսթաֆա Քեմալի Լենինին ուղղուած Ապրիլ 26-ի նամակէն երկու օր յետոյ ՝ Ապրիլ 28-ին, Ազրպէյճանը խաղաղ կերպով կը յայտարարէր իր «խորհրդային» դառնալու իրողութիւնը եւ անշուշտ առաջին քայլով Խորհրդային Ռուսաստանէն օգնութիւն կը խնդրէր, չնայած ծիծաղելի եւ անհեթեթ թուացող Պաքուի այն յայտարարութեան որ «Ազրպէյճանական խորհրդային անկախ հանրապետութեան ժամանակաւոր ռազմա-յեղափոխական կոմիտէն իշխանութեան է եկել Պաքուի յեղափոխական պրոլետարիատի եւ Ազրպէյճանի աշխատաւոր գիւղացիութեան կամքով, եւ այդ իշխանութիւնը հին Մուսավաթական կառավարութիւնը յայտարարում է ժողովրդի դաւաճան եւ անկախութեան թշնամի», եւ տակաւին կը շարունակէ անհեթեթութիւնը ՝  «որ գործող պառլամենտն աշխատում է նոյն կազմով եւ տեղական վարչակազմերը շարունակում են հանգիստ աշխատել իրենց տեղերում»։ Այսպիսով իրականութիւն կը դառնար Մուսթաֆա Քեմալի այն ծրագիրը որ «Ազրպէյճանին ստիպել մտնելու Սովետական պետութիւնների խմբի մէջ»։

 

          Անաստաս Միկոյեան իր յուշերուն մէջ հետեւեալը կ՚ըսէ.-«հետախուզական տուեալների համաձայն, Ազրպէյճանի մուսավաթական կառավարութիւնն ունէր 30-հազարանոց զօրք։ 20 հազարը տեղակայուած էր Հայաստանի սահմաններին, իսկ 10 հազարը տեղակայուած էր մի շարք բնակավայրերի ռազմակայաններում։ Ազրպէյճանի բանակը խորհրդային բանակի մուտքից քիչ առաջ իրականացրել էր Ղարաբաղի, Շուշիի հայերի կոտորածը։ Մեր բանակի զբաղեցրած գծի հետ շփման գօտում կար 3 հազարից մի փոքր աւելի»։ Ակնյայտ էր որ Ազրպէյճանի խորհրդայնացումը համաձայնեցուած էր Մուսթաֆա Քեմալի եւ մուսավաթական կառավարութեան հետ, եւ որ պոլշեւիկները իրենց զօրքերը Պաքու մտցնելու պահին դիմադրութեան չէին հանդիպելու։

 

         Եւ քանի որ տակաւին կային խումբեր որոնք անտեղեակ էին վերոնշեալ պայմանաւորուածութիւնէն եւ անոնք կրնային խռովութիւններ հրահրել, ուստի անհրաժեշտ էր այս խնդրին տեղեակ փոքր ջոկատ մը ուղարկել, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Միկոյեան։ Բնականաբար պոլշեւիկեան այդ ջոկատը առանց դիմադրութեան կը հասնի Պաքու եւ Ապրիլի 28-ի գիշերը մուսավաթականները բանտերէն ազատ կ՚արձակեն «ձերբակալուած» պոլշեւիկներուն եւ կը յանձնեն իշխանութիւնը։ Եւ այսպիսով մուսավաթականները մէկ օրուայ մէջ կը դառնային պոլշեւիկներ։ Այսպիսով, համաձայնութիւնը կայացած էր օսմանեան թուրքերու ՝ ի դէմս Մոսթաֆա Քեմալի եւ կովկասեան թուրքերու, որպէս թշնամի երկիր ունենալով Հայաստանը։

 

        Այնուհետեւ, Ռուսաստանը հայկական հարցի վերաբերեալ փաստացի կ՚ըստանձնէ Մուսթաֆա Քեմալի կամակատարի դերը ՝ որ պիտի հանգեցնէր կովկասեան եւ օսմանեան թուրքերու «տարածքային պահանջներու պաշտպանութիւնը»։ Առ այդ, Ապրիլի 29-ին Ազրպէյճանի յեղկոմը հետեւեալ հեռագիրը կ՚ուղարկէ Հայաստանի կառավարութեան .-«Ազրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութեան բանուորա-գիւղացիական կառավարութիւնը ի դէմս Յեղափոխական Կոմիտէի պահանջում է.- Ա) Ձեր զօրքերից ազատել Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը, Բ) Վերջ տալ ազգամիջեան կոտորածներին, այլապէս Ազրպէյճանի Խորհրդային հանրապետութեան յեղկոմը ստիպուած կը լինի պատերազմի մէջ մտնել Հայաստանի Հանրապետութեան հետ։ Սպառնագիրի վերջնաժամկէտը 3 օր է»։

 

         Վերոնշեալ սպառնագիրէն յետոյ, Մայիս 20-ին, Խորհրդային Ազրպէյճանի ներքին գործերու ժողովրդական կոմիսարին խորհրդային իշխանութեան լիազօր ներկայացուցիչ Եասին մոլլա Մէհմէդ Օղլին կը զեկուցէ որ Նուխու եւ Արեշի շրջանններուն մէջ հայ բնակչութեան նկատմամբ ջարդերը կը շարունակուին եւ իշխանութեան ներկայացուցիչները նոյն արիւնարբու պաշտօնեաներն են, ովքեր հայ կանանց եւ երեխաներուն ողջ-ողջ կը վառեն, ստրկութեան մէջ կը պահեն գերեվարուածներուն եւ այժմ ալ իրենց տիրապետութիւնը կը շարունակեն խորհրդային իշխանութեան անունով։ Ուրեմն, խորհրդայնացուած Ազրպէյճանի մէջ կարծէք ոչինչ չէր փոխուած եւ հայկական ջարդերու մէջ նոր գաղափարական «հասկացողութիւններ» մտած էին որ հայերը «իմբերիալիստներ», «շովինիստներ» են  եւ կը խանգարեն «արեւելքը պոլշեւիկացնելու» ռուս-թուրքական «համամարդկային» ծրագիրներու իրականացման։

 

      Հետեւաբար, Մուսթաֆա Քեմալ-Լենին պայմանագիրը իրականութիւն դարձնելու նպատակով, Մայիս 21-ին Կարմիր Բանակը կը մօտենայ Ղարաբաղին։ Իսկ Մայիս 24-ին Օրջոնիկիծէն Ռուսաստանի արտաքին ժողկոմի տեղակալ Քարախանին, Լենինին եւ Սթալինին ուղարկած հեռագիրով կը տեղեկացնէ որ, Հայաստանը չի համաձայնիր որ թուրքերուն ռազմամթերք տանող իրենց զօրքերը անցնին Հայաստանով, ուստի ան կ՚առաջարկէ որ անմիջապէս Հայաստանէն «գրաւել Նախիջեւանը, Օրտուպատը եւ Ճուլֆան»։

 

      Նոյն տարուայ Մայիս 25-ին պոլշեւիկներու Քաղպիւրոյի Կեդրոնական Կոմիտէն Հայաստանի մասով որոշում կ՚ընդունի «հաւանութիւն տալ արտաքին գործերի ժողկոմի ՝ Արեւելքի ժողովուրդների ազատագրական շարժմանն օժանդակելու քաղաքականութեանը, Արեւելքի ժողովուրդներից Ազրպէյճանն ազատագրուել էր, բայց պայմանաւորուածութեան համաձայն դեռեւս անհրաժեշտ էր նրան յանձնել Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը, ինչպէս նաեւ պէտք էր Անտանտից ազատագրել Թուրքիան, ինչին ռուս-թուրքական տրամաբանութեամբ, խանգարում էր Հայաստանի Հանրապետութեան առկայութիւնը»։ Լենինին Թուրքերուն խոստացուած զէնքը, զինամթերքը եւ ոսկին ապահով հասցնելու նպատակով, Ռուսաստանին հարկաւոր էր ելք եւ Հայաստանի հարաւային մասերուն վերահսկողութիւնը եւ անշուշտ առիթ էր պէտք որպէսզի Կարմիր բանակը մտնէր Հայաստան։

 

      Եւ այսպէս այդ առիթը ստեղծեց Ռուսաստանի արտաքին գործերու ժողկոմ ՝ Չիչերինը իր հետեւեալ ոչ հաւաստի եւ յերիւրածոյ հեռագիրով.- «Արժանահաւատ տեղեկութիւնների համաձայն Կարսում եւ Հայաստանի այլ շրջաններում ձերբակալուած են հարիւրաւոր կոմունիստներ։ Հայաստանի կառավարութիւնը գաղտնի գնդակահարում է կոմունիստներին եւ մասնաւորապէս գնդակահարուել է ընկեր Միկոյեանը, Խորհրդային կառավարութիւնը խիստ վրդովուած է»։ Ասոր հետեւանքով Խորհրդային կառավարութեան հրահանգով Կարմիր բանակը կը մտնէ Զանգեզուր եւ Նախիջեւան։ Զանգեզուրի մէջ Կարմիր բանակը ջախջախիչ պարտութիւն կը կրէ շնորհիւ արդի ռազմարուեստի տեսաբան, մարտական բացառիկ կարողութիւններով օժտուած, հրապարակագիր, գրող, ազգային գաղափարախօսութեան տեսաբաններէն Գարեգին Նժդեհի զօրամիաւորումներու ցուցաբերած բացառիկ դիմադրութեան, սակայն Կարմիր բանակը կը յաջողի գրաւել Նախիջեւանը։ Իսկ Ղարաբաղը արդէն մէկ ամիս առաջ, Մայիսին, յանձնուած էր պոլշեւիկներուն, Դրոյի կողմէ։

 

         Սակայն այս ժամանակահատուածին, Խորհրդային Ռուսաստանը կը փորձէր Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ բանակցիլ ժամանակաւոր խաղաղութիւն հաստատելու համար, որպէսզի Թուրքիային խոստացուած զէնք ու զինամթերքը անխափան տեղ հասնի Հայաստանի տարածքով։ Դժբախտաբար Միկոյեան դժգոհելով Ռուսաստանի բռնած այս ընթացքէն, կը կայացնէ ազգավնաս եւ ազգադաւ որոշում երբ 1920-ի Յուլիսի 29-ին եւս մէկ հեռագիր կ՚ուղարկէ Օրջոնիկիծէին պահանջելով կեդրոնական կառավարութենէն որպէսզի Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը «անյապաղ» միացուին Ազրպէյճանին։

 

         Դժբախտաբար, հայ պոլշեւիկներու հաւատքը թէ «սոցիալիզմը լուծելու է բոլոր վիճելի հարցերը» ի դերեւ ելան եւ կովկասի բոլոր նոր պոլշեւիկացած թուրքերը շարունակեցին սպանութիւնները, ճնշումները, խտրական քաղաքականութիւնը հայ ժողովուրդի նկատմամբ։

 

         Ակնյայտ էր արդէն, որ Օսմանեան եւ Կովկասեան թուրքերը կը շտապէին իրադարձութիւնները արագացնել, որովհետեւ ընթացքի մէջ էր Սեւրի Դաշնագիրը, որով պիտի որոշուէին Կովկասեան երեք հանրապետութիւններու սահմանները, իսկ ռուս-թուրքական ծրագիրը կը նախատեսէր լուծել Նախիջեւանի, Զանգեզուրի եւ Ղարաբաղի հարցը որպէսզի կատարուած իրողութեան առջեւ դնէին Սեւրի Դաշնագրի վրայ աշխատողներուն եւ դաշնակից պետութիւններուն, այսպիսով խափանելով որեւէ հայանպաստ բանաձեւ կամ որոշում։ Սեւրի Դաշնագրի ստորագրման օրը Օգոստոս 10, 1920, նաեւ կը յատկանշուի ուրիշ պատմական դաշնագրով,  երբ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Խորհրդային Ռուսաստանի միջեւ կը ստորագրուի «ժամանակաւոր զինադադարի պայմանագիր», «որով Զանգեզուրը, Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը կը յայտարարուին չէզոք գօտի, որու բնակչութեան ապահովութիւնը Խորհրդային Ռուսաստանին կը տրուի ՝ մինչեւ անոնց Հայաստանին կամ Ազրպէյճանին պատկանելիութեան հարցը վճռուի»։ Սակայն այս պայմանագրին չի ենթարկուիր Զանգեզուրը եւ Նժդեհի ղեկավարութեամբ կը շարունակէ պայքարը օսմանեան, կովկասեան թուրքերու եւ կարմիր բանակի դէմ, մինչեւ որ Խորհրդային Ռուսաստանը կը ստիպուի հրադադար պայմանագիր կնքել Նժդեհի հետ եւ համաձայնիլ անոր գլխաւոր նախապայմանին ՝ Զանգեզուրը պէտք է Խորհրդային Հայաստանի անբաժանելի մաս ըլլայ։

 

     ԳԷՈՐԳ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ