Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Վրաստան Գտնուող ՀՀ Քաղաքացիները Պէտք Է Կապ Հաստատեն Դեսպանատան Հետ

 Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ, որ երկու երկիրներու մէջ «քարանթին»ի ռեժիմով պայմանաւորուած՝ քաղաքացիներու տեղաշարժի համար պիտի գործեն սահմանափակումներ: Այս մասին Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը յայտարարութիւն տարածած է:

 

Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

 

«Վրաստան գտնուող եւ Հայաստան վերադառնալ ցանկացող ՀՀ քաղաքացիներու վերաբերեալ։

Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք Վրաստանի Մառնեուլիի եւ Պոլնիսիի շրջաններուն մէջ խիստ քարանթինային ռեժիմ մտցնելու պատճառով այս պահուն փակ է դէպի Սատախլոյի անցակէտ քաղաքացիներու տեղաշարժը (սահմանափակումը չի վերաբերիր բեռնատարներուն)։

 

Վրաստանէն Հայաստան մեկնիլ ցանկացող ՀՀ քաղաքացիներուն անհրաժեշտ է իրենց տուեալները (անուն-ազգանուն, հեռախօսահամար, ծննդեան թիւ, մեքենայի պետհամարանիշ) անձնական նամակի միջոցով ուղարկել Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ֆէյսպուքեան էջին (կամ դեսպանութեան ել. փոստին՝ armgeorgiaembassy@mfa.am)։

 

Հայաստան մեկնման ժամի եւ մեկնողներու հաւաքատեղիի վերաբերեալ դեսպանութիւնը հանդէս պիտի գայ յաւելեալ յայտարարութիւններով։

 

Կը խնդրենք հետեւիլ դեսպանութեան ֆէյսպուքեան էջին»։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ