Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր

Ամուսնական Խրախճանքի մը Տարօրինակ Հիւրը . . .

Այս դէպքը պատահած է Օհայօ նահանգի Գլիվլընտ քաղաքին մէջ, ընթացիկ Մարտ ամսուան սկիզբը։ Ռիվա Ուայնսթաք պիտի ամուսնանայ, իսկ եղբայրը՝ Մինտըլ Ուայնսթաք, պայման դրած է որ պսակադրութեան ու անոր յաջորդող հարսանեկան խրախճանքին ներկայ պիտի գտնուի եթէ իր հետ ուղտայծ (լամա) մը բերէ . . .

Ան այս պայմանը դրած է հինգ տարի առաջ, երբ քոյր ու եղբայր կը ճամբորդէին Օհայօ նահանգէն քովընտի Ինտիանա նահանգը։ Ռիվա՝ խորհելով որ եղբայրը պարզապէս կատակ կ՛ընէ, համաձայն գտնուած է բերանացի կերպով կնքուած այդ պայմանագրութեան։

Բայց եկուր տես որ Մինտըլ շատ լուրջ էր իր ըրած խոստումին կապակցութեամբ եւ ահա պսակադրութեան կը ներկայանայ ուղտայծին հետ՝ (տես նկարը) որ պաշտօնական հագուստով  եկած էր։ Ուղտայծն ու իր tuxedo-ն Մինտըլին համար արժած էր 450 տոլար։

Առաւել, ըստ կնքուած պայմանագրութեան՝ Ռիվան պէտք էր գոնէ մէկ անգամ նկարուէր ուղտայծին հետ։ Ուսումնասիրեցէք կցուած նկարը եւ պիտի տեսնէք թէ Ռիվան ոչ թէ միայն ապշած է, այլ ծայր աստիճան զայրացած՝ եղած կատակերգութեան համար։

Հիմա դիտեցէք առաքուած երկրորդ նկարը եւ պիտի տեսնէք թէ ամուսնական խրախճանքի սեղաններէն մին յատկացուած է երկու շինծու ուղտայծերուն համար, որոնք հագուած են որպէս հարս ու փեսայ։ Արդեօք այս ուղտայծերը իսկական հարս ու փեսայո՞վ պիտի փոխարինուին՝ երբ խրախճանքը սկսի, թերեւս։

Ես՝ անկեղծ ըլլալու համար, պէտք է ըսեմ որ չեմ հասկնար այդ խեղկատակութեան իմաստն ու նպատակը։ Երիտասարդուհիի մը համար պսակադրութիւնն ու հարսանիքը շատ լուրջ երեւոյթ մըն է եւ զայն խնդուքի առարկայ վերածելը՝ անընդունելի եւ արհամարհական արարք մըն է, չէ՞ք խորհիր։

Ինչո՞ւ ծաղրանքի առարկայ դարձնել եկեղեցւոյ խորհուրդներէն մին։ Հասկնալի է որ քոյր եւ եղբայր կատակներ կ՛ընեն իրարու հետ, սակայն ամէն ինչ չափ ու սահման պէտք է ունենայ եւ պէտք չէ անցնի երբեք այդ նուրբ գիծը՝ որ ընդունելին եւ անընդունելին իրարմէ կ՛անջատէ եւ վերջ։ Հասկցողին՝ շատ բարեւներ!

Պարտադրաբար Պարե՞լ . . .

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Եութահ նահանգի Լէյքվուտ քաղաքէն։ Այդ քաղաքի Ռիչ միջնակարգ վարժարանի աշակերտները կը պատրաստուէին «Սիրահարներու Օրուան» (Valentine’s Day Dance) պարանցիկ ցերեկոյթին, որը տեղի կ՛ունենայ Փետրուար ամսուան 14-ին։

Աշակերտներու համար դասընթացքներէ դուրս որեւէ ձեռնարկ որ կը կոչուի (extracurricular activity) մեծ կարեւորութիւն ունի եւ անոնք անձկութեամբ կ՛սպասեն այդ առիթներուն, որ զուարճանան եւ ուրախ ժամանակ անցնեն միատեղ։

Մեր այս պատմութեան կիզակէտը կը կազմէ 11 տարեկան աղջնակ մը որ կը կոչուի Ազլին։ Պարանցիկ ցերեկոյթէն ետք Ազլին տուն կը վերադառնայ իրար անցած։ Երբ մայրը բացատրութիւն կը պահանջէ աղջկան հոգեկան անկայուն իրավիճակը տեսնելով, ան կը պատասխանէ թէ դպրոցի տնօրէնը պարտադրած էր զինք որ պարէ անձի մը հետ, զորս ատելով կ՛ատէր։

Ուրեմն Ազլինը դասարանին մէջ յաճախ նեղացնող դասընկեր մը զինք պարելու կը հրաւիրէ եւ երբ ան կը մերժէ, տնօրէնն է որ միջամուխ ըլլալով, կը պարտադրէ անոր որ անպայման պարէ անոր հետ . . .

Ո՞ւր լսուած բան է որ դպրոցի մը տնօրէնը իր հեղինակութիւնը պարտադրէ արտադպրոցական ձեռնարկի մը ընթացքին։ Տնօրէնն ու դպրոցի միւս պաշտօնակատարներուն պարտականութիւնն է հսկել այդ ձեռնարկներուն ընթացքին՝ որ կարգապահութիւնը պահուի եւ ամէն ինչ հեզասահ ընթանայ։

Սակայն երբեմն անոնք՝ չես գիտէր ի՜նչ, ի՜նչ պատճառներէ տարուած, իրենց պարտականութեանց սահմանը կ՛անցնին եւ անախորժ դէպքերու ստեղծման առիթ կ՛ընծայեն։

Հիմա Ազլինին 37 տարեկան մայրն է (տես նկարը) որ նեղացած ստեղծուած անվայել կացութենէն, հաւանաբար մտածէ օրինական քայլերու դիմել տնօրէնին կամ դպրոցին դէմ՝ վնասուց հատուցման համար, չէ՞ք խորհիր! Սա ալ ըսեմ որ Ազլին դեռատի ըլլալուն պատճառաւ՝ անոր նկարը չի բացայայտուիր, ըստ օրէնքի։

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ