Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Հոգեւոր Առաջնորդներու Համատեղ Յայտարարութիւն

 

«Ես Տիրոջ Դիմեցի, Եւ Աղօթքիս Պատասխանեց,

Զիս Ազատեց Բոլոր Վախերէս» (Սղ. 34.4)

Մենք՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգաց հայ հոգեւոր առաջնորդներս, որպէս «անուշաբոյր խունկ» մեր սրտաբուխ աղօթքները կը վերառաքենք առ Աստուած եւ կը խնդրենք, որ Տէրը ընդունի մեր աղաչանքները որպէս «երեկոյեան պատարագ» (Հմմտ. Սղ 141.2)։

Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը կատարեալ հաւատք ունի Աստուծոյ հանդէպ, «Որովհետեւ Ան ինչպէս որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց, այնպէս ալ մեզ պիտի յարուցանէ Իր զօրութեամբը»  (Ա․Կր 6.14)։

Այս օրերուն, երբ հոգեպէս կը պատրաստուինք տօնախմբել մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը, կ՛ուզենք վերահաստատել մեր հաւատքը հանդէպ Անոր փրկչական զօրութեան՝ Սուրբ Խաչի ճամբով։ Կը հրաւիրենք վերյիշելու անցեալի եւ մեր օրերու աստուածային հրաշագործութիւնները՝ այդպիսով արտօնելով, որ Սուրբ Հոգին մխիթարէ եւ զօրացնէ մեզ։ Նոյնիսկ երբոր մահաստուեր ձորերէ կ՛անցնինք, չարիքէ մը չենք վախնար, Տէ՛ր, քանի Դուն մեր հետն ես։ Քանի ցո՛ւպդ մեզ կ՛առաջնորդէ եւ գաւազանդ կը պաշտպանէ, մենք զմեզ ապահով կը զգանք (Հմմտ. Սղ. 23.4)։

Ինչպէս որ Դանիէլը փրկուեցաւ առիւծի երախէն (Հմմտ. Դն. 6.27), Յովնան ազատեցաւ կէտի որովայնէն (Հմմտ. Յվն. 1.17), Ռահաբ եւ իր ընտանիքը ազատեցան կործանումէ (Հմմտ. Յես. 6.25), հարիւրապետի ծառան (Հմմտ. Մտ. 8.5-13), Բեթհեզդայի աւազանի հիւանդը (Հմմտ. Յհ. 5.1-15), երկու կոյրերը (Հմմտ. Մտ․ 9.27-31), տասը բորոտները (Հմմտ. Ղկ. 17.11-19) եւ խուլ ու համր մարդը բժշկուեցան (Հմմտ. Մր. 7.31-37), Ղազարոսը յարութիւն առաւ (Հմմտ. Յհ․ 11.38-44), նոյնպէս ալ Տէրը  պիտի ազատէ մեզ «Քորոնա» ժահրի ճիրաններէն։

Զատկական արշալոյսը շուտով կը բացուի՝ մեզի առատ լոյս եւ յոյս խոստանալով։ Մեր կոչն է, որ մնաք աղօթարար եւ հաստատուն հաւատքի կեանքի մէջ փորձութեան այս դժուար օրերուն։ «Որդեակնե՛ր, դուք Աստուծմէ ծնած էք եւ յաղթեցիք այդ սուտ մարգարէներուն, որովհետեւ ձեր մէջ եղող Աստուծոյ Հոգին աւելի մեծ է քան Քրիստոսի հակառակորդին հոգին, որ կը գտնուի աշխարհին պատկանողներուն մէջ» (Ա․Յհ․ 4.4)։

Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Առաջնորդ             Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ

Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի              Հիւս. Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի

 

Միքայէլ Եպս. Մուրատեան                                       Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան

Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի                             Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետ.

Եւ Քանատայի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի                  Եկեղեցւոյ Միութեան Հովիւ

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ