Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Նիւ Եորքը Անշարժացած

Բառին իսկական առումով, եռուզեռի այս խառնարանը, շուրջ ութը միլիոն բնակչութիւն հաշուող այս կղզին շաբաթէ մը ի վեր կազմալուծուած է, դատապարտուած բացարձակ անշարժութեան:

          Հարուստն ու աղքատը, սեւն ու ճերմակը դեղինն ու սրճագոյնը հաւաքական սարսափով եւ խոր մտահոգութեամբ ծուարած են իրենց բնակարաններէն ներս: Լայնանիստ եւ ճոխ պողոտաները, շքեղ վաճառատուները, միշտ խճողուած ճաշարանները որբացած են: Անորոշութեան եւ վախի զգացումը վարակած է այս կղզիին բոլոր բնակիչները անխտիր:

          Խճողուած մայթերը եւ բեռնէ բերան լեցուն գետնուղիներն ու պասերը, ի զուր կը սպասեն յարատեւօրէն աճապարանքի մէջ եղող Նիւ Եորքցիներուն: Շարժակառքերու վրայ ճաշ վաճառող «խոհարարներու» զօրաբաժինը լքած է իր դիրքերը: Յիրաւի, քաղաքին ամենէն բանուկ փողոցներուն անկիւնները տեղադրուած այս շարժուն խոհանոցները ճաշ կը սպասարկէին Նիւ Եորքցիներուն: Զանազան զրոյցներու համաձայն, խոհանոց- շարժակառքերու աւելի քան տասը հազարի հասնող այս ցանցին տէրն ու տիրականը եգիպտացի մըն է:

          Տարեկան 50 միլիոն զբօսաշրջիկներու հոսանքն ալ կասեցուած է: Երբ ուղիղ ամիս մը առաջ յայտարարուեցաւ նշանաւոր Պրոտուէյի ելոյթներուն առկախումը՝ ցնոր տնօրէնութիւն, Նիւ Եորքի տնտեսական-ընկերային զարգացումներուն հետեւող մեկնաբաններ հնչեցուցին ահազանգը գալիք արհաւիրքին: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ կարելի չէ պատկերացնել Նիւ Եորքը առանց Պրոտուէյի: Եթէ Նիւ Եորքը օրրանն է  արուեստի եւ զուարճութեան, այս քաղաքը նաեւ կորիզն է աշխարհի տնտեսութեան կառոյցին:

          Հասկնալի է պատճառը Նիւ Եորք քաղաքի անշարժութեան. երկու չարաշուք բառեր՝ Քորոնա Ժահր: Նիւ Եորքցիները սարսափի մատնուած են: Աւելին, անստոյգ ապագան առաւել եւս կը մտահոգէ այս կղզիին համակ բնակչութիւնը:

          Երկու շաբաթ առաջ երբ տակաւին համաճարակը համատարած ահ ու դողով չէր համակած Նիւ Եորքցիներու հոգիները, ֆիլիփինցի դիւանագէտ մը վարակուեցաւ քորոնայով: Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան Նիւ Եորքի կեդրոնատեղին՝ ուր այս դիւանագէտ տիկինը կը ներկայացնէր իր երկիրը, ձեռք առաւ անմիջական եւ կտրուկ նախազգուշական քայլեր: Յաջորդ օրն իսկ ՄԱԿը փակեց իր կեդրոնատեղիին դռները եւ յանձնարարեց իր շուրջ վեց հազար պաշտօնեաներուն իրենց տուները վերադառնալ եւ հետեւիլ Նիւ Եորքի քաղաքապետին կողմէ բանաձեւուող յանձնարարութիւններուն՝ կրճատելու համար այս համաճարակին արագավազ փոխանցումը:

          Շէն եւ շարժուն այս քաղաքը դարձած է սգաւոր փարթամ երկնաձիգ շէնքերը կորսնցուցած են իրենց նախանձ շարժող հրապոյրը: Փողոցներու մայթերուն վրայ լսուող բարձրաղաղակ խօսակցութիւնները դադրած են:

          Չինաստանի մէջ ծնունդ առած այս մահասփիւռ համաճարակը երբ սկսաւ իր աւերը գործել, խլելով հազարաւոր չինացիներու կեանքը, Նիւ Եորքի նահանգապետը, Անտրու Քուոմոն ահազանգ հնչեցուց: Քանի մը շաբաթ ետք, երբ Իտալիան դարձաւ թատերաբեմը մարդկային զանգուածային այս ողբերգութեան, նահանգապետը զօրաշարժի կոչ ըրաւ՝ պատրաստելու իր նահանգը մօտալուտ վտանգին: Զօրաշարժի այս կոչը սակայն տակաւին լրիւ արձագանք գտած չէ Ուաշինկթընի մէջ:

          Նիւ Եորք եւ Գալիֆորնիա նահանգները Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան 25 առ հարիւրը կը ներկայացնեն: Երկու նահանգապետերը, երիտասարդ եւ ազատամիտ՝ ձեռնհասօրէն կը պատրաստեն իրենց նահանգները մօտեցող պատուհասին: Տնտեսական հաւանական անկումը արգիլելու դրդապատճառէն մղուած նախագահ Թրամփ ատեն մը ընդիմացաւ Ամերիկայի բնակչութիւնը իրենց տուներէն ներս պահելու որոշումին: Ինչպէս բացայայտուեցաւ Չինաստանի, Հարաւային Քորէայի եւ Իտալիոյ մէջ, համաճարակին արագ տարածումին դանդաղեցման ամենէն ազդեցիկ միջոցը կը կայանայ բնակչութիւնը մեկուսացնելու մէջ:

          Սակայն երբ տնտեսութիւնը սկսի կքիլ եւ անգործութիւնը՝ ինչպէս տնտեսագէտներ կը նախատեսեն, հասնի բանուորական մարդուժին 25 առ հարիւրը, այս կացութիւնը կրնայ մահացու հարուած մը տալ Թրամփի վերընտրութեան:

          Միացեալ Նահանգներու գրեթէ բոլոր մեծ եւ մարդաշատ նահանգներու կառավարիչները, առանց սպասելու Սպիտակ Տան որոշումներուն շաբաթէ մը ի վեր արդեն իրենց քաղաքացիներուն հրահանգած են արգելափկուիլ իրենց տուներէն ներս՝ չվարակելու կամ չվարկուելու համար մահասփիւռ այս հիւանդութենէն:

Նիւ Եորք, ԱՄՆ

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ