Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

«Կորսուած Հնարաւորութիւններ Իրաքահայերի Հայրենադարձութիւնը 2003-2008 Թուականներին». Հեղինակ՝ Անուշ Բեժանեան

Քանի մը շաբաթ առաջ, անհուն ուրախութեամբ եւ երախտագիտական զգացումներով հեղինակէն ստացայ վերոյիշեալ խորագիրը կրող հատորը։

Երախտագիտական զգացումներով ըսինք, քանի որ այս 260 էջնոց հատորը կարդալով, որպէս իրաքահայ, անձամբ շատ բան սորվեցայ եւ իմացայ այս գիրքին միջոցաւ իրաքահայ գաղութի մասին։ Հեղինակը արհեստավարժ ձեւով ներկայացուցած է իրաքահայ գաղութի հին եւ նոր եկուորները, անոնց առօրեային մասին տեղեկութիւններ տալով։ Եկեղեցիներուն, դպրոցական եւ միութիւններուն տարած պատուաբեր աշխատանքները, յատկապէս հայապահպանման եւ ազգակերտման ծիրէն ներս։

Անուշ Բեժանեան, այս գիտական գործը պատրաստելու համար օգտագործած է բազմաթիւ հայ եւ օտար լեզուներու աղբիւրներ։

35 հեղինակային յօդուածներ

31 տպագիր գրականութիւն

11 կազմակերպութիւններու կայքէջեր

40 արխիւային փաստաթուղթեր

46 պաշտօնական գրութիւններ եւ փաստաթուղթեր

17 օտար լեզու աղբիւրներ

57 միջազգային աղբիւրներ

Անուշ Բեժանեան ծնած է Հայաստան, իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանէն։ Իր աւարտաթէզի խորագիրն է «Իրաքահայերը Սատտամ Հիւսէյնի Տապալումից Յետոյ, Արտագաղթ թէ Հայրենադարձութի՞ւն»

Սոյն թէզի պատրաստման ղեկավարն եւ ուղղութիւն տուողը եղած է Հայաստանի ժամանակակից  մեծանուն պատմաբաններէն Արմէն Այվազեան։

Յետագային Անուշ Բեժանեան ԱՄՆ անցնելով որպէս Արտաքին Գործոց նախարարութեան Էտմոնտ Մասքիի կրթաթոշակառու, կը հետեւի Հարաւ Գարոլայնա համալսարանի միջազգային յարաբերութեան դասընթացքներու եւ կ՚արժանանայ Մագիստրոսի վկայականին, հեղինակը այժմ իր ամուսինին հետ Զուիցերիա կ՚ապրի։

Հեղինակը ունի յօդուածներու շարք մը սփիւռքի հայութիւնն ու հայրենադարձութեան մասին։ Նմանապէս հայերէնի թարգմանած է վաստակաշատ ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Ազգային եւ Միջազգային Իրաւունքի Երկակի Հիմնախնդիրը» հատորը։

Անուշ Բեժանեանէն մեզի հասած հատորը լոյս տեսած է Երեւանի «Մագաղաթ» հրատարակչատունէն եւ հեղինակը այս հոյակապ աշխատասիրութիւնը նուիրած է թանկագին ծնողքին։

Գիրքի խմբագիր՝ Հրաչուհի Փալանդուզեան մուտքի գրութեան մէջ կը գրէ. («Այս գիրքի հեղինակը 2003-ի իրաքեան պատերազմի լոյսին ներքոյ, քննութեան է առնում, իրաքահայերի հայրենադարձութիւնը, Հայաստանում նրանց հանդէպ իրականացուած քաղաքականութիւնը։ Այս գիրքին մէջ արծարծուած են հայրենադարձութեան մասին հիմնական տեսութիւնները, իրաքահայ համայնքի մարտահրաւէրները, հայոց մէջ հայրենադարձութեան տարիներէն եւ դրանից յետոյ անոնց իրավիճակը։

Գիրքը նախատեսուած է սփիւռքագէտներին, միջազգայնագէտներին, քաղաքագէտներին, պատմագէտներին, մարդաբաններին եւ ընթերցող լայն հասարակութեան»)։

Իրաքահայ հայրենադարձութիւնը, 2003-2008 թուականներէն նուիրուած այս հատորը ունի հինգ բաժիններ (գլուխներ), որոնց մէջ հեղինակը շատ խոր ուսումնասիրութիւններով եւ հաւաստի աղբիւրներու վրայ հիմնուած տեղեկութիւններով, տուած է իրաքահայ համայնքի մօտ 400 տարուայ պատմութիւնը։ Հին եւ նոր եկուորներու պատմութիւնը անոնց ծաւալած ազգային, եկեղեցական, կրթական եւ հասարակական, հայապահպանման, ազգակերտման աշխատանքին, նաեւ տուած է այս համայնքի մեծ հայրենադարձութեան օրերուն, եկեղեցական տագնապի շատ հետաքրքրական եւ պատմական բարեխիղճ տեղեկութիւնները։

Մեծ հայրենադարձութեան օրերուն անոր դէմ ու թեր կարծիքները եւ այլն, իսկ ամէնէն հետաքրքրական բաժինը այն է 2003-2008 թուականներուն Հայաստան վերադարձած հայութեան հետ ունեցած հարցազրոյցները, պատրաստած վիճակագրութիւնները։ Նմանապէս հայրենի կեցուածքը այս հայրենադարձներու հանդէպ։

1947-ի մեծ հայրենադարձութեան պայմանները հիմնովին տարբեր էին 2003-2008 եւ մինչեւ օրս ալ իրաքահայութեան կամ Սուրիոյ հայութեան հայրենադարձութեան պատճառները։

1947-ի վերադարձողները առաւելաբար  Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերն էին, կամ անոնց զաւակներն էին, որոնց համար հայրենիքի յուզական, ազգային, կրօնական մեծ արժէք եւ իմաստ ունէր, հակառակ անոր որ 1947-ի հայերը հազիւ տուն տեղ եւ իրենց գործերը գտած էին, բայց անոնց մէջ տակաւին հայրենասիրական անմար կրակ մը կար, որ տարաւ անոնց իրենց հայրենեաց երկիր։

2003-2008 վերադարձողները, կեանքի, ինչքի եւ ապրուստի խիստ վտանգաւոր օրերու վախ ունէին եւ ստիպուած էին հեռանալ Իրաքէն, բազմահազար հայեր դէպի Սուրիա, Յորդանան, Եգիպտոս, Թուրքիա ու մանաւանդ ԱՄՆ, Աւստրալիա եւ Գանատա անցան քանի որ Իրաքի մէջ որպէս քրիստոնեայ հայերուն համար այլեւս շատ վտանգաւոր էր հոն ապրիլը։

Գիրքին յաջորդ բաժինը հեղինակը կը ներկայացնէ ինչպէս ըսինք Հայաստան դարձած հայերուն կարծիքները եւ տպաւորութիւնները Հայաստանէն եւ հայրենի ժողովուրդէն, իրաքահայ մը Իրաքի մէջ կեանքը նկարագրելով ըսած է. «Դժբախտաբար կեանքէն համ չէինք առներ» միւսը ըսած է. «Ինչ որ ըլլայ հոս մենք եւ մեր զաւակները (24) հայերէն կը խօսինք ազատ եւ հպարտօրէն»։

«Հայաստանը շատ ապահով է մեզի համար, ոչ առեւանգում կայ, ոչ զաւակդ, հարազատդ սպաննել կայ», իսկ դժգոհութիւն յայտնողներ ալ կան ըսելով. «Հոս ալ Իրաքի պէս ամէն տեղ կաշառքով կ՚ըլլայ», եւայլն խօսքեր եւ կարծիքներ, որոնք հարազատօրէն տուած է հեղինակը։

Գիրքին միւս բաժինին մէջ հեղինակը տուած է սպառիչ տեղեկութիւններ Հայաստանի մասնակցութիւնը Իրաքի ապահովական ուժերուն, ուր 40 հայ զինուորներ մաս կազմեցին ՄԱԿ-ի ղեկավարութեամբ գործող Իրաքի ապահովագրական գործին մէջ։ Հեղինակը տուած է այդ քայլը առած օրերուն հայրենիքի քաղաքական, հասարակական կամ զինուորական մարդոց կարծիքը եւ արդարացումները։

2003-2008 տարիներուն Հայաստան դարձած հայերու մեծ մասը գոհ էր հայրենիքի մէջ ապրելէն, անշուշտ որոշ փոքրամասնութիւն մը կար, որ դժուարութիւն ունեցած էր ժողովուրդին հետ շաղուելու կամ գործ գտնելու հարցին մէջ, ուրիշներ ալ անոնք Հայաստան երթալով, որպէս Եւրոպա կամ այլ երկիրներ երթալու համար Հայաստան որպէս ժամանակաւոր հանգրուան գործածելով։ Հասկնալի էր, որ հայրենի պետութիւնը, երկրաշարժ տեսած, Սովետ Միութենէն անջատման դժուարութիւններով, պատերազմական վիճակով, երկու սահմանները փակուած ըլլալով եւ տնտեսական բնական հարստութենէ զուրկ էր այդ տարիներուն, հայրենիքի ծով կարիքներուն հասնիլ չկարողանալով, դժուար պիտի ըլլար զբաղիլ արտասահմանէն Հայաստան վերադարձող հայրենակիցներուն կարիքները ամբողջութեամբ հոգալու։ Այսուհանդերձ այս գիրքին մէջ, այս հատորին գլխաւոր պատգամն է, հայրենիքի բազմակարօտ ժողովուրդին կենսական ապրուստը հոգալու կողքին հայրենիքի մեր իշխանաւորները պէտք է հայրենադարձութեան համակարգ մը ստեղծեն, որպէսզի սփիւռքէն հայրենիք վերադարձողներուն կեանքը դժուարութիւններուն նուազագոյնը ունենան։

Գիրքի վերջաւորութեան հեղինակը հարցազրոյց մը դրած է Լոս Անճելըսի մէջ գործող Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան նախագահ՝ Խաչիկ Ճանոյեանին հետ։ Այս Միութիւնը 2005-2007 տարիներուն 135 իրաքահայեր Հալէպ տեղափոխելով, անկէ Հայաստան օդանաւով տեղափոխած է։ Անոնց կահաւորուած վարձու յարկաբաժիններու մէջ տեղաւորած են եւ անոնց լման մէկ տարի օրապահիկը ապահոված է։ Իւրաքանչիւր անհատի ամսական 100 տոլար ղրկելով։ Այսինքն հինգ հոգինոց ընտանիքի համար լման տարի մը ամսական 500 տոլար ղրկուած է։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Անուշ Բեժանեանը այս խիստ շահեկան աշխատանքին համար եւ իրաքահայերու նուիրուած այս աւարտաթէզի եւ ուսումնասիրութիւնը ընտրելու համար, մաղթելով իրեն նորանոր հրատարակութիւններ։

 

Յ.Գ.

Գիրքէն օրինակ մը ունենալու համար կարելի է դիմել հեղինակին՝ anush.bezhanyan@gmail.com

  ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ