Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Վախճանման 82-րդ Տարելից Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

Պատանդ Եւ Թիրախ

Հակակրօն Խորհրդային Միութեան

(1930-1945) 

 

 

                                                                                    

 

«Անցկացնելով գաղտնի որոշում այն մասին,  

որ թանկարժէք իրեղէնի գրաւումը եւ մայրավանքերի ու եկեղեցիների կալուածները գրաւուէին անխնայ վճռակամութեամբ,  

անպայմանօրէն, ամենակարճ ժամկէտում՝ կանգ չառնելով ոչ մի բանի առջեւ» 

 

ԼԵՆԻՆԻ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐ ՄԱՐՏ 19, 1922  

Դժնդակ Տարիներ

            Խորէն Ա. Մուրատբեկեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս կ՛ընտրուէր 1932 Նոյեմբեր   12-ին եւ կը գահակալէր վեց կարճ տարիներ, մինչեւ իր եղերական նահատակութիւնը 82 տարիներ առաջ դաւաճան համայնավարներու ձեռքով 1938 թուին։ Հայրապետական գահակալութեան իր տարիները եղան Ստալինեան հակակրօն բռնատիրութեան տարիներ՝ Խորհրդային Հայաստանի պետութեան գործակցութեամբ։ Ստալինի բռնատիրութեան ներքեւ կը հիւծէր եւ հեգնանքի առարկայ կը դառնար կրօնքն ու եկեղեցին։ Անտանելի կացութեան մատնուած էր նաեւ Հայաստանեայց Եկեղեցին՝ սկսեալ Մայր Աթոռէն, եւ սակայն Խորէն Ա. Կաթողիկոսի խոհուն եւ քաջարի իմաստութեան շնորհիւ երեւոյթները երբեմն փրկուեցան, եւ յետագայ պատմաբաններ հիացումով ու զարմանքով հաստատեցին անկարելի նկատուած դրական կարգ մը իրագործումներ, որոնց գլխաւոր ղեկավարը եղաւ միայն ինք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսը։

 

Դրական Երեւոյթներ

      Ստալինի ճնշող իշխանութեան առաջին տարիներուն իսկ Խորէն Ա Կաթողիկոսը կրցած էր Ազգային¬Եկեղեցական Ժողով գումարել Էջմիածնի մէջ եւ յաջողցնել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութիւնը, վերահաստատելով նաեւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի մշտակայ ներկայութիւնը։ Նորընտիր Հայրապետը կրցած էր Մայր Աթոռէն կազմակերպել «Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան 1500ամեակի» յոբելինական հանդիսութիւնները, Հայ Եկեղեցին բարեկարգելու նպատակով ժողովներ գումարած էր   եւ մանրամասնեալ ծրագիր մը «Զեկուցում»  կրճատեալ անունին ներքեւ պատրաստել տուած էր ու ղրկած արտասահման, Երուսաղէմի Պատրիարք Թորգոմ Գուշակեան Արքեպիսկոպոսի բարձր ուշադրութեան։

      Հարց է թէ համայնավար ու անկրօն դրութեան ակնարկէն ի՞նչպէս խուսափեցան  իրար յաջորդող այդ քաջարի քայլերը, Աստուած գիտէ։ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի առաջին եւ յաջորդող երկրորդ տասնամեակներու տարիները մղձաւանջային եղան, որովհետեւ ո՛չ   ոք գիտցաւ թէ  ի՛նչ  կը կատարուէր Մայր Աթոռէն ներս, ինչպիսի՛ մթնոլորտ կը տիրէր Հայաստանի հայ եկեղեցիներէն ներս, եթէ անոնք տակաւին բաց էին, ի՛նչ էին նիւթական խիստ պայմանները, ի՛նչ կապ կար Մայր Աթոռի եւ սփիւռքի միջեւ, Էջմիածնի միաբան¬ ներ հո՞ն կ՛ապրէին, թէ ոչ բանտերու մէջ իրենց վախճանը կը գտնէին, եւ թէ քանի՛ եկեղեցիներ փակուեցան ու եկեղեցականներ աքսորուեցան կամ նահատակուեցան։

      Այս հարցերուն պատասխան տալու համար վերջին շրջանին երեւան ելան վաւերագիրներ որոնք մինչեւ Խորհրդային Միութեան տապալումը խստիւ արգիլեալ կը մնային եւ մեծագոյն մասամբ ալ փճացուցած էին։ Շուտով, 1994-ին ի լոյս բերուեցան արգիլեալ այդ փաստաթուղթերը, սկսելով «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցու Պատմութեան (1921-1938)» անունով, Հայաստանի կառավարութեան առընթեր արխիւային գործերու վարչութեան կողմէ՝ խմբագրութեամբ Սանդրո Բեհբուդեանի։ Բեհբուդեանի աչքառու հատորները հետզհետէ լոյս տեսան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներու թղթածրար¬     ներով՝ Գէորգ Ե. Խորէն Ա. Գէորգ Զ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսներու լիակատար վաւե-րագիրներով, որոնք հիմնովին ճշդեցին, արդարացուցին եւ յայտնաբերեցին առկախ բազմաթիւ հարցեր։ Հայաստանի պետութեան եւ Սանդրո Բեհբուդեանի հսկայ աշխատանքը մեծապէս գնահատուեցաւ պատմաբաններու կողմէ, ընդ որս նաեւ իմ պատրաստած «Ազգապատում»ի Դ հատորի (Բ Գիրք) հրատարակութեան առիթով։

      Անոնց կողքին կան նաեւ անհատական յիշողութիւններ, դառն եւ իրական, որոնց կարգին նոյն ինքն Խորէն Ա. Մուրատբեկեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եղերական վախճանումի մասին։ Եկեղեցիներ Խորհրդային բռնատիրութեան լուծին տակ հալածուեցան հիմնական սա պատրուակով որ եկեղեցին յետադիմական գաղափարախօսութեամբ արգելք կը հանդիսանար ընկերվարական դրութեան։ Իրենց համար եկեղեցին որքան շուտ վերնար մէջտեղէն, այնքան ժողովուրդը կը յառաջդիմէր, որուն   դէմ Հայաստանեայց Եկեղեցին պիտի պայքարէր տառապելով եւ տանջուելով։  Նպատակն էր հեռացնել մարդը Աստուծմէ, ստեղծելով արժէքներու նոր համակարգ, փոխարինելով քրիստոնէական ուսմունքի բարոյականութիւնը անաստուած եւ անմարդ¬ կային հեռանկարներով։

 

Լենինի Հրամանագիրը

      Թէեւ 1917 թուի հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը եկեղեցին բաժնել որոշած էր պետութենէն, այդ եւս ոտնակոխ կ՛ըլլար, ծաղր ու ծանակի ենթարկելով խղճի ազատութիւն ըսուածը, որ միանգամայն հիմն էր կրօնական զգացմունքի եւ միջազ¬ գային հասկացողութեան արժէք կը ներկայացնէր։ Վրայ հասաւ Լենինի 1922 Մարտ     19¬ի հրամանագիրը, որուն ուժով եկեղեցիներուն եւ եկեղեցականներուն դէմ անարգ        եւ  անգութ հալածանք ծայր տուած էր, «անցկացնելով գաղտնի որոշում այն մասին որ թանկարժէք իրեղէնի գրաւումը մայրավանքերի, վանքերի եւ եկեղեցիների կալուած¬   ները գրաւուէին անխնայ վճռակամութեամբ, անպայմանօրէն, ամենակարճ ժամկէտում՝ կանգ չառնելով ոչ մի բանի առջեւ»։ Նոյն հրամանագրով կը պարտադրուէր «գնդակահարել յետադէմ հոգեւորականութեան ներկայացուցիչներին»։ Այս բոլորը կը կարդանք «Հայրենի Եզերք» գրական ամսագրի 1991 թուականի 7¬րդ համարին մէջ։ Ասոնց արդիւնքն էր տխրահռչակ «Ազատ եկեղեցի» կոչուած շարժումը Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսի օրով որ պահ մը ցնցեց Մայր Աթոռը եւ Հայաստանեայց Եկեղեցին։

 

Հալածանք Խորէն Ա. Կաթողիկոսի Օրով

      Խորէն Կաթողիկոսի առաջին տարիներուն հալածանքը հանդէպ Հայ Եկեղեցիին եղաւ բուռն եւ աննախընթաց, մանաւանդ որ հալածողն ու սպաննողը Սովետի կեդրոնի     համայնավար կուսակցութեան հլու հնազանդ հայրենի մեր պետութեան կամակատարներն էին։ Հայեր էին անոնք որոնք խուժեցին Էջմիածին, նեղութեան մատնեցին Կաթողիկոսը, եւ վերջնապէս իր կեանքին սպառնացան։

      Այս բոլորին դժբախտ արդիւնքը այն եղաւ որ Հայաստանի վանքերը փակուեցան, գիւղական եկեղեցիները դադրեցան գործելէ, եւ քահանաներուն մեծ մասը բանտարկուեցան եւ կամ աքսորուեցան։ Մայր Աթոռ մնացին մի քանի եպիսկոպոսներ     որոնք անհնարին զոհողութիւններով պահեցին Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը եւ   վարեցին Մայրավանքի ներքին գործերը ամենայն զգուշութեամբ։ Այսուհանդերձ,       Մայր Աթոռը մերկացաւ իր կրօնաբոյր եւ պատմական շուքէն, եւ հոն աշխարհիկ      տարրն էր որ բռնի բնակութիւն հաստատեց 1914 թուի նորաշէն ու փառաւոր Վեհարանը զինուորական գունդի բնակավայր դարձնելով։

      Մայր Աթոռ մնաց յետին սնանկութեան մէջ, անօգնական, կտրուած սփիւռքի հետ ամէն յարաբերութենէ։ Տէր Գալուստ քահանայի վկայութեամբ որ Խորէն Վեհափառ      Հայրապետին այցի գացած էր Մայր Աթոռ, «երբ մտած է վանքէն ներս, հոն ամայութիւն  էր չորս կողմը»։ Շաթիր Գեղամին հետ Կաթողիկոսին մօտ երթալով զինք «գունատուած եւ ընկճուած» գտած է։ Կէս ժամ տեսակցելէ ետք, կ՛ըսէ Տէր Գալուստ, ներս մտան «կալանքից ազատուած մի խումբ քահանաներ» Վեհափառը տեսնելու եւ անոր           օրհնութիւնը ստանալու։ Ականատեսի վկայութեամբ քահանան կը հաստատէր թէ Կաթողիկոսը «տեսաւ նրանց գզգզուած, վաղուց սանտրի երես չտեսած մազն ու  մօրուքը, պատռտուած զգեստներն ու կօշիկները, չափազանց յուզուեց եւ երեսն առաւ ձեռքերի  մէջ ու լաց եղաւ»։ Ապա յուզուած՝ «իւրաքանչիւրիս հինգ ոսկի տալով ճամբեց»։

 

Յետ Վախճանման Հայրապետին

      Ակնարկեցինք արդէն թէ ի՛նչ եղերական վախճան ունեցաւ նահատակ Տ.Տ. Խորէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 1938 Ապրիլ 10-ին իր բնակարանին մէջ, 65 տարեկանին, իրականին մէջ Ապրիլ 5-6ի գիշերը, «Սրտի կաթուածից», ըսին, Էջմիածնէն Երուսաղէմ ուղղուած ամիս ու կէս անց հեռագրով մը, որուն մահուան պատճառը ա՛յլ էր քան           ինչ որ պաշտօնապէս կրկնած էր Երուսաղէմի «Սիոն» ամսագիրը նոյն թուականի   Ապրիլի թիւին 138-րդ էջին վրայ։ Թորգոմ Պատրիարք այն ատեն խորապէս կասկածելով շատ յապաղած եւ տարտամ տեղեկութեանց վրայ, կը գրէր թէ հեռագիրը թուական իսկ չունէր եւ չէր  յիշեր վախճանման օրն ու ժամը, եւ լման ամիս ու կէս ետք Մայիս 24-ի առաջին թղթակցութիւնը կը հասնէր Երուսաղէմ։

      Խորէն Ա. Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք Հայ Եկեղեցւոյ գործընթացը գրեթէ վերջ գտաւ, բոլոր եկեղեցիները փակուեցան եւ հոգեւորականներ ձերբակալուեցան ու ցրուեցան։ Կաթողիկոսը իր մահէն առաջ, 1936 թուի Ապրիլի 18 թուակիր Կոնդակով,  Մայր Աթոռի Տեղակալ նշանակած էր Գէորգ Արքեպիսկոպոս Չորեքճեանուր կ՛ըսէր «Պատուէր տամք Գերաշնորհութեանդ յետ մահուան Մերոյ, խորհրդակցութեամբ  Գերագոյն Հոգեւոր Խորհրդոյ Ս. Էջմիածնի տալ զընթացս ամենայն գործոց վերաբերելոց հաւատացեալ հօտին Մերոյ եւ Եկեղեցեաց Հայոց»։

      Կաթողիկոսի մահէն ետք Էջմիածնի մէջ Տեղակալի կողքին կար միայնակ Մատթէոս Վարդապետ Աճեմեան որ հոգածու էր օրական ժամապաշտութեան, քանի որ ուրիշ միաբաններ չկային վանքէն ներս։ Յաճախ պետութենէն մարդիկ գալով կը զգուշացնէին Մատթէոս Վարդապետը, կը սպառնային ու կը ծեծէին նոյնիսկ, վերջ տալու իր արարողութիւններուն Մայր Տաճարէն ներս, «սակայն նա յամառօրէն շարունակում էր ու չի թողնում  որ  մեր հաւատքի  կենտրոն Ս. Էջմիածնի Տաճարում առկայծող լոյսը մարի»։ Մատթէոս Աճեմեան Վարդապետ ծառայեց Մայր Աթոռին ցկեանս մինչեւ 1945, հինգ   տարի Ռուսաստանի Հայ Եկեղեցւոյ թեմէն ներս ծառայելէ, եւ ապա Գեղարդի վանքի վանահայրութիւնը կատարելէ ետք։

.

Գէորգ Արքեպիսկոպոս Տեղակալ

      Աստուծոյ նախախնամութիւնը կը հսկէր Հայ Եկեղեցւոյ վրայ։  Իմաստուն Հայրապետը սկիզբէն Գէորգ Արքեպիսկոպոս Չորեքճեանը Տեղակալ նշանակեր էր գիտնալով կացութեան շատ վտանգաւոր ըլլալը։ Չորեքճեան Տեղակալը, նոյնպէս իմաստուն, եղաւ դժուարին ժամանակի իսկական փրկիչը իր քաջարթուն եւ դիւանագէտ յարաբերութեամբը հակակրօն այդ տարիներուն երբ Սովետական Միութեան գլուխն անցած էր բռնակալ Իոսիֆ Ստալին։ Զինք եւս հետապնդեցին, սակայն մնաց իր պաշտօնին վրայ, «Սասունցի Դաւիթ» պիտակով հրասայլեր նուիրեց Կարմիր Բանակին պատերազմի դառն օրերուն, կաշառելով բռնակալ Ստալին, որուն անձամբ կրցաւ ներկայանալ Քրեմլինի մէջ 1945 ապրիլ 19-ին, ներկայացնելով իր խնդրանքները յանուն «Հայ Եկեղեցւոյ Վերազարթօնքին», ստանալով գրեթէ բոլոր իր ուզածները։

      Տեղակալ Գէորգ Արքեպիսկոպոս առաջին հերթին արտօնուեցաւ Ազգային¬ Եկեղեցական ուշացած համագումարը հրաւիրելու 1945 թուականին որ զինք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գէորգ Զ Կաթողիկոս ընտրեց՝ նախագահութեամբ Կիլիկիոյ Տ.Տ. Գարեգին Ա Յովսէփեանց Կաթողիկոսին որ Անթիլիասի իր Կաթողիկոսական կայքէն Մայր Աթոռ ժամանած էր իր արքեպիսկոպոսներու ընկերակցութեամբ։ Գարեգին Հայրապետ եւ ներկայ ութ եպիսկոպոսներ, բոլորն ալ արտասահմանէն, հանդիսաւորապէս կատարեցին Հայրապետական Օծման կարգը։ Նորընտիր Հայրապետը նոյն օրերուն տաս նորընծայ եպիսկոպոսներ ձեռնադրելով ազդանշանը կու տար Հայ Եկեղեցւոյ վերազարթօնքին, բանալով նաեւ Հոգեւոր Ճեմարանը ու հրատարակելով «Էջմիածին» ամսագիրը։

 

 

                          ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ                                                     

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ