Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Քորոնա Ժահրի (վայրըսի) COVID-19-ի Համաճարակը Իսկական Վտանգի Առումով՝ «Ծրագիր՝ ID2020»

Ներքեւի  յօդուածը կը ներկայացնեմ ընթերցողին, իր կամքին թողելով անոր եզրակացութիւնը:

            Ներկայ աշխարհատարած «քորոնա վայրըսի», ժահրի հետեւանքները համարեա անդամալուծած են աշխարհի ժողովուրդներ: Թեր ու դէմ կարծիքները բազմաթիւ են: Շատեր կ՝առարկեն թէ չափազանցուած եւ քօղարկուած պարագայ մըն է այս, որովհետեւ քորոնա ժահրը պարզապէս տենդախառն հարբուխի մէկ տեսակն է, որուն զոհ կը դառնան ընդհանրապէս շատ տարեցներ, հիւանդներ, առողջական դիմադրականութիւնը կորսնցուցած անհատներ եւ շնչառութեան դժուարութիւն ունեցող անհատներ, ինչպէս որ է պարագան հարբուխին, ուր տարեկան 12000-30000 անձիք կը մահանան միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ: Սակայն, կայ նաեւ պետութիւններու  թեման այս հարցով, մանաւանդ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ, որոնց բնակիչները խստիւ կ՝ազդարարուին մաքրութեան, իրենց բնակարաններու մէջ արգելափակման, հետեւելու առողջապահական ազդարարութիւններուն, բոլոր ընկերային հաւաքներէ զերծ մնալ, իսկ հիւանդներուն, նոյնիսկ անոնք որոնք չնչին անհանգստութիւնը կ՝ունենան, կը խնամուին անոնց համար արդէն նոյնիսկ հիւանդանոցներու վերածուած պանդոկներու մէջ: Դեղորայքի պակաս, դիմակներու պակաս, առողջապահական մարզի աշխատակիցներու պակաս եւ այլ պակասութիւններ որոնք ահ ու դողի մատնած են պետութիւնները իրենց բոլոր մարզերով:

            Այնպէս կը թուի թէ՝ որքան յաճախակի դառնան գրութիւնները, քորոնա ժահրին եւ  պատճառներուն մասին, այնքան կը բազմանան զանոնք քօղարկող քարոզչութիւնները եւ վախ ու սարսափ տարածող վաճառորդներու հեւքը: Ժահրի իրականութեան, ծնունդին, տարածման եւ անոր դէմ պայքարի հարցերուն եւ քննարկումներուն ընթացքը կորսուած է լիրբ եւ անզուսպ քաոսի մէջ: Բայց արդեօ՞ք այդ չէ փափաքն ու նպատակը այս համաճարակի ստեղծման ետին թաքնուած «Սեւ Մարդ»-ոց ծրագիրը, ստեղծած քաոսը, սարսափը, ժողովրդային յուսահատութիւնը որ կը տանի դէպի մարդկային խոցելիութեան եւ որսի յատկութեամբ մոլորուած ժողովուրդի մը հեշտ  ղեկավարութեան:

            Այսօր, (WHO) Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութիւնը կը յայտարարէ թէ քորոնա ժահրը COVID-19-ը դարձած է համաճարակ, երբ տակաւին ամենաչնչին նշոյլն իսկ չկայ անոր: Համաճարակի դրութիւն մը կը հաստատուի երբ մեռեալներուն թիւը երկրի մը մէջ կը գերազանցէ 12 տոկոսը: Միակ վտանգաւոր կացութիւնը, այսօր, Եւրոպայի մէջ է, մանաւանդ Իտալիա, ուր մահացածներուն թիւը հասած է այսօրուան նշումով՝ 12.428 անձերու, իսկ արդէն կացութիւնը հսկողութեան տակ է: Չինաստան, ուր մի քանի շաբաթ առաջ Ուհան քաղաքի մահացածներու թիւը հասած էր 3 տոկոսի, այսօր արդէն նուազած է .07 տոկոսի, եւ երկիրը զսպած է ժահրի տարածումը եւ գտած ԲՈՒԺՈՒՄԸ՝ համեստօրէն անտեսուած եւ չխօսուած դեղի մը միջոցաւ, որ 39 տարիներ առաջ Գուպայի մէջ զարգացուած էր, այդ դեղը կը կոչուի՝ Interferon Alpha 2B (IFNrec): Այս դեղը ունի ազդեցիկ բուժման յատկութիւն ժահրերու եւ այլ հիւանդութիւններու դէմ, բայց մնացած էր աշխարհին անծանօթ, Միացեալ Նահանգներու Գուպայի տնտեսական անօրէն տնտեսական շրջափակումին պատճառով: Այսպիսով՝ դեղը չէր կրցած հասնիլ միջազգային շուկայ:

            WHO, (ՀԱԿ)-ը շատ հաւանաբար իր հրահանգը ստացած էր «վերէն», որոնք կը ղեկավարեն նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ միւս Եւրոպական Միութեան «ղեկավարները» եւ անոնց անդամ երկիրները. անոնք են՝ որոնք կը միտին աշխարհը ոյժով ղեկավարել- «Մէկ Աշխարհ Մէկ Օրէնքով»:

            Այս գաղափարը հետապնդուած ծրագիրներու գերագոյն նպատակը եղած է տարիներէ ի վեր: Վերջին որոշումը անոր գործադրութեան առնուած էր այս տարուան, 2020-ի Յունուարին, Տավոս-ի մէջ, Համաշխարհային Տնտեսական Ատեանի ընթացքին, ամրօրէն փակ դռներու ետին: The Gates, GAVI, (պատուաստի քարոզչութեան ընկերութիւն մը), Rokefellers, Rothchilds, et al, Նշուած  ընկերութիւններն են այս որոշումին՝ (Agenda ID2020)-ի գործադրութեան հիմնադիրները:

Տեսնել նկարը:

            Համաճարակի պաշտօնական հռչակումէն ետք, յաջորդ քայլն էր,  ՀԱԿ-ի յանձնարարութեամբ կամ անհատական երկիրներու կողմէ, ժողովրդային պարտադիր պատուաստումը զինուորական կամ բանակի հսկողութեան ներքեւ: Անոնք որոնք պիտի մերժեն այս ընթացքը, պիտի պատժուին բանտարկութեամբ կամ տուգանքներով եւ բռնի պատուաստումով:

 

 

            Այս պարագային, երբ բռնի պատուաստում կիրարկուի ժողովուրդին վրայ, որ դեղորայքի ընկերութիւններու յաղթանակը պիտի ըլլայ, ժողովուրդը տեղեակ նոյնիսկ պիտի չըլլայ պատուաստումին բաղադրութիւնէն, որ շատ հաւանաբար կրնայ բազում առողջապահական եւ կենցաղային նոր եւ անսովոր պարագաներ ստեղծել երկրին վրայ ինչպէս՝ անբուժելի հիւանդութիւններ, մարդկային արգաւանդի հատում եւ այլն: Աշխարհի մէջ այսօր, արուեստագիտական կենսաբանական ոլորտին մէջ, Միացեալ Նահանգներ, Անգլիա, Իսրայէլ, Գանատա եւ Աւստրալիա հասած են ծայրագոյն գիտութեան աստիճանի ուր կարող են անսանձ գործադրել իրենց գիտութիւնը աշխարհի մէջ:

            Մէկ այլ պարագայի մէջ, հաւանական է նաեւ թէ՝ ստեղծուած խառնաշփոթութիւնը պարզապէս վարկած մըն է, բայց կրնայ իրական ըլլալ, պատուաստումի կողքին, համայն մարդկութեան մորթին ներքեւ ներմուծելու արհեստական (chip) տաշեղ մը, ճամբայ հարթելու համար (digital) միաթուային դրամին, ուր «անոնք» պիտի կարենան հսկել, փոխել եւ ղեկավարել ժողովուրդի իւրաքանչիւրին կենցաղին եւ ապրուստին, առողջութեան եւ նիւթականին տուեալները: Շատ հաւանաբար նաեւ պատիժի ենթարկել ըմբոստ կամ ընդիմադիր անհատ մը, անոր տուեալները սառեցնելով: Անիմաստ չէր տոքթ. Թէտրոս-ի յայտարարութիւնը (ՀԱԿ)-էն, երբ կ՝ըսէր թէ թուղթէ դրամանիշերը մի գործածէք այլեւս, քորոնայի ժահրի վարակումը կանխելու համար, սկսէք գործածել քրէտիթ քարթերը: Յայտարարութիւնը արդեօք կանխազգուշացու՞մ էր: Որովհետեւ՝ Չինաստանի եւ Սկանտինաւեան երկիրներու մէջ արդէն իսկ սկսած են գործադրել դրամանիշի այդ կերպարը:

            Աշխարհ ուղղուած է դէպի ամբողջատիրական պետութիւն, եւ անիկա (Agenda ID2020)-ի մասնիկն է: Այս քայլը ժամանակ առաջ պատրաստուած ծրագիր մըն էր որուն փորձարկումը  կիրարկուեցաւ 18 Հոկտ. 2019-ին, Պոլթիմորի մէջ, Մէրիլէնտ, Ս. Հաբքինզ հիւանդանոցին մէջ, հովանաւոր ունենալով Պիլ եւ Մէլինտա Կէյթց զոյգը եւ WEF (Համաշխարհային Շրջապատի Ֆոնտ)  հաստատութիւնը, որ կը ներառէ զանազան քաղաքական, տնտեսական, ակադեմական, եւ այլ կազմակերպութիւններ, որոնց նպատակներէն է աշխարհի բնակչութեան նուազումը, զսպումը,  տնտեսական կեդրոնացումը եւ երկիրներու ղեկավարումը:

            Պիլ Կէյթց վերոյիշեալ ծրագիրներու առաջին ջատագովներէն է, մանաւանդ՝ Ափրիկէի մէջ, միատեղ աշխատակցելով Ռոթչայլտզ, Ռվքըրֆէլլըր, Մօրկըն եւ այլ համաշխարհային հսկաներու հետ, նպատակ ունենալով՝ աշխարհի վրայ աւելի նուազ բնակչութիւն, որպէսզի մնացեալը կարենայ աւելի առողջ եւ ապահով ապրի մայր երկրի բնական հարստութեամբ:

            Այս գաղափարը ծնունդ առած էր 1960 եւ 1970 թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հէնրի Քիսինճըրի կողմէ, Նախագահ Նիքսընի ժամանակ, որը օգնական ճարտարապետն էր Վիէթնամի, Քամպոտիայի պատերազմներուն (ուր միլիոնաւորներ զոհուեցան ցեղասպանութեան հետեւանքով), համադրուած յեղափոխութիւնը Չիլիի մէջ, 1973-ին եւ 9/11-ի Գաղտնի սպասարկութեան հետ ծրագրուած գործունէութիւնը:

            Ուրեմն՝ ի՞նչ է այս ID2020 կոչեցեալը: Ան ծրագիր մըն է ուր  աշխարհի ժողովուրդը պատուաստելով, անոնց ինքնութիւնը  թուայնացնել է: Իսկ այս ծրագրին հովանաւորներն են (ՀԱԿ)ն ու GAVI-ն (Միջազգային Դաշնութիւն Պատուաստի եւ պատուաստանիւթի) եւ անշուշտ՝ դեղորայքի ընկերութիւնները: Սոյն ծրագրի գործադրութիւնը արդէն սկսուած է Պէնկլատէշի մէջ որպէս՝ «մարդկային նպաստ», առաջնահերթ սկզբնաւորութեամբ: Պէնկլատէշի   այս ծրագրի պատասխանատուն կը նշէ թէ՝ «իրենք ապագայի մօտեցումով է որ կը կիրարկեն ժողովուրդի թուայնացման այս ծրագիրը, որպէսզի ժողովուրդը կարենայ իր անձնական տեղեկութիւնը հակակշռէ, անոնք կարողանան պետական եւ կենցաղային ծառայութիւններու  վերահասու ըլլալ եւ օգտուիլ անկէ, իսկ պետութիւնը՝ հետամուտ է նման մօտեցումներու:

            Մէկ այլ արարով՝ մեծ թիւով գիտնականներ եւ համաշխարհային համացանցի աղբիւրներու մասնագէտներ կ՝ըսեն թէ՝ այս պատահարը ո՛չ քորոնա ժահր է եւ ո՛չ մէկ այլ ժահր, եւ ո՛չ ալ որեւէ փոխանցիկ հիւանդութիւն, այլ՝ պարզապէս աշխարհի վրայ նորանոր հնարուած 5G, (5th Generation), համացանցի փորձարկումն է, որուն գործածութիւնը պիտի ընդհանրանայ հաղորդակցութիւններու, հեռաձայնային կապերու, համակարգերու, բոլոր ձեռքի արուեստական գործիքներուն, բնակարաններու սարքերուն, պիտի կարենայ կապ պահել նաեւ մարդկային մարմիններուն մէջ սրսկուած պատուաստներուն հետ, կապ պիտի կարենայ ունենալ բոլոր դրամատուներու, հիւանդանոցներու եւ պետական կառոյցներու տեղեկութիւններուն, որպէսզի կարենան հսկել եւ ղեկավարել ժողովուրդը: Իսկ այդ բոլորը՝ «կարգ մը» շնորհեալ անձերու կամ խմբակներու կողմէ:

 

            Վերադառնալով քորոնայի համաճարակին: Այժմ, երբ համայն Եւրոպան կալանքի տակ է, մարդկութիւնը փակուած է բնակարաններու եւ հիւանդանոցներու մէջ, Նոյնպէս նաեւ Մ.Ն եւ Գանատա: Իսկ ինչո՞ւ Չինաստան, ուրկէ ծնունդ առաւ այս ժահրը, արդէն թօթափած է ժողովրդային քարանթինը, մեռնողներու թիւը անհետացած. կամ՝ Իսրայէլի մէջ ինչպէ՞ս բնաւ չէ արձանագրուած ոեւէ մեռեալ. իսկ ինչո՞ւ այս երկիրներու ժողովուրդները տակաւին կը մնան քարանթին վիճակի մէջ:

            Քորոնա Ժահրի ծնունդէն ի վեր շրջանառութեան մէջ էր այն տեղեկութիւնը թէ՝ ան ընդհանրապէս ասիական ցեղը խոցող  ժահր մըն է եւ անկէ վարակուածներուն 99 տոկոսը ասիոյ ժողովուրդն էր: Եթէ այդպէս էր պարագան, այդ ժահրը ինչպէ՞ս հասաւ Իրան, Իտալիա եւ աշխարհի տարբեր երկիրներ: Հետեւեալ բացատրութիւնը կարելի է տալ :

            Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ տարածման պատճառը նկատուած է պարզապէս հանրային ուշադրութեան շեղեցում մը Չինաստանէն, որպէսզի այս արարքը չկոչուի որպէս քիմիական պատերազմ ուղղուած Չինաստանի դէմ:

            Իրանի պարագային: Շատ հաւանական է որ այս նոյն ժահրը գործածուած էր Սէուտական Արաբիոյ մէջ 2012 թուականին, իսկ այժմ՝ Իրանի մէջ, թիրախ ըրած՝ մարդկային գեները, ժանրը: Իրանի դէմ ճակատ բացուած էր արդէն տարիներ առաջ, զայն տնտեսապէս ընկճելու համար: Այնպէս որ երկիրը մատնուած էր տնտեսական ճգնաժամի, արեւմուտքին կողմէ շրջափակման ենթարկուելուն պատճառով, սակայն տակաւին կը տոկար մինչեւ քորոնա ժահրին ներմուծումը երկրին մէջ: Իրանի տնտեսութիւնը պիտի փլուզուի՞ արդեօք:

            Իտալիա: Իսկ ի՞նչն էր պատճառը Իտալիոյ վարակումին: Մարդիկ այն կարծիքին են թէ՝ այս պատահարը, Իտալիան պատժելու քայլ մըն էր, Մ.Նահանգներու եւ Պրիւքսէլի կողմէ, որովհետեւ Իտալիոյ կառավարութիւնը համաձայնութիւն մը ստորագրած էր (BRI) Belt and Road Initiative, կազմակերպութեան մը հետ որ գլխաւորուած է Չինաստանի կողմէ, 152 երկիրներու հետ տնտեսական եւ կառուցողական գործակցութեան նպատակներով: Այս պարագան նաեւ Յունաստանի կը վերաբերէր, սակայն արեւմուտքը չէր ուզեր որ գիտցուի թէ Չինաստանը օգնութեան ձեռք երկարեց Յունաստանի երբ Գերմանիան, Ֆրանսան եւ կարգ մը Եւրոպական Միութեան երկիրներ ջանացին կործանել զայն:

            Ինչո՞ւ Իտալիոյ մէջ մահացածներու թիւը գերազանցեց այլ երկիրներ: Արդեօ՞ք այնտեղ սերմանուած ժահրը աւելի հզօր էր: Սակայն սովորական տենդախառն հարբուխին եւ քորոնա ժահրին մինչեւ  մեծ տարբերութիւն չկայ. Թերեւս՝ ան եկած էր տարբե՞ր քիմիական հետազօտական աղբիւրէ: Ուքրանացի թղթակից մը կը յայտնէր թէ այնտեղ կան 5 բարձր հսկողութեան տակ գտնուող Մ.Ն-ի քիմիական հետազօտական հաստատութիւններ, որտեղ տարօրինակ հիւանդութիւններ ի յայտ կուգան յաճախ: Սակայն ոչ ոք կը համարձակի խօսիլ այդ մասին: Պարագան նոյնն է նաեւ Վրաստանի մէջ:

            Վերոյիշեալին պատկերը աչքի առաջ ունենալով, կը կարծենք թէ աւելի պղտոր կացութիւն մը ստեղծուած է աշխարհի մէջ քորոնա ժահրին կամ զայն ստեղծողին պատճառով:

Ժողովուրդներու տանջանքով որոշ շահոյթի  աղբիւրներ ստեղծուած են կարգ մը շրջանակներու մօտ: Բայց որքա՞նով պիտի կարենայ գոյատեւել այս կացութիւնը, քաջ իմանալով որ այսօր Չինաստան կը մատակարարէ աշխարհի 80 տոկոսի պիտոյքները: Իսկ աւելին՝ առողջապահական եւ բժշկական պիտոյքներուն կարեւորագոյն եւ անհրաժեշտ պահանջքները:

Եթէ Չինաստանի տնտեսութիւնը քայքայել էր նպատակը այս շարժումին, աշխարհը մէկ օրէնքի ներքեւ պահել, ժողովուրդները պատուաստել հնազանդութեան եւ հլու հետեւողականութեան պատուաստներով, կարելի չէ գուշակել, որովհետեւ՝ Չինաստան արդէն շաբաթէ մը ի վեր վերսկսած է աշխարհի մատակարարումը իր նաւերով: Իսկ եթէ, այսօրուան հաշուով, մօտ 22 հազար մեռեալ վերագրուած է քորոնա ժահրին վրայ, հապա ներքեւի ցանկին վրայ մեռեալներուն մասին ինչո՞ւ ոեւէ մէկը ձայն չի բարձրացներ:

 

 

Սիրելի ընթերցող, սոյն քաոսի վերածուած թատերգութեան արարները մեզի անծանօթ են տակաւին, ուրեմն՝ ի՞նչ կրնայ պատահիլ երբ այս քաոսը աւարտի:

Մարդիկ ի՞նչ կրցան սորվիլ այս քարանթինայի օրերուն: Պիտի կարենա՞ն պահել այն բոլոր մաքրութեան, բարեացակամութեան, յարգանքի, համբերութեան եւ խնայողութեան պայմանները, որ պարտադրաբար կիրարկեցին այս նեղ օրերուն:

Ապագան ցոյց կու տայ:

 

  ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ