Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Լիպիացի յետ-յեղափոխութեան Առաջին Վարչապետ Դոկտ. Մահմուտ Ժապրիլի Անակնկալ Մահը

Լիպիոյ Միապետական վարչաձեւի արիւնալի տապալումէն ետք 2011 թուականին, ցաւալի մէկ օղակը «Արաբական Գարուն» շարժումին, առաջին նորակազմ վարչամեքենային գործադիր տնօրէնը՝ Դոկտ. Մահմուտ Ժապրիլ վաղաժամ, իր մահկանացուն կնքեց Ապրիլ 5-ին, զոհ երթալով Քորոնա ժահրին: Ան Գահիրէի մէջ, պետական հսկողութեամբ՝ Բժշկական առաջնակարգ խնամքի եւ հոգատարութեան տակ կը գտնուէր: Սակայն մահացու այս քովիտ-19 վարակը հիւծեց եւ քանի մը շաբթուան ընթացքին զգետնեց յետ-յեղափոխական Լիպիոյ ամենէն կարկառուն. զարգացած, պարկեշտ եւ հեռատես ղեկավարը: Դոկտ. Ժապրիլ բախտորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ միապետ Քատտաֆիի բռնատիրական վարչաձեւի փլուզումին մէջ: Ան խորապէս համոզուած էր թէ յատկապէս արեւմուտքը կրնար սատարել Լիպիոյ միահեծան ղեկավարին անկման, ինչպէս նաեւ քաջալերել եւ նեցուկ կանգնիլ այդ երկրին մէջ դեմոկրատական կարգեր հաստատելու գործընթացին մէջ: Այս երկու նպատակակէտերը իրագործելու առաքելութեան շրջագիծէն ներս, Դոկտ. Ժապրիլ սերտօրէն գործակցեցաւ արեւմուտքի ղեկավարներուն հետ: 2011-ի Մարտ ամսուն, խորհրդակցելէ ետք Ֆրանսայի այդ օրուայ նախագահ Սարքոզիի հետ, անձնական՝ գլուխ գլխի խօսակցութիւններ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու (ԱՄՆ) նախկին Պետական քարտուղար Հիլըրի Քլընթընի հետ, որ այս նպատակին համար Ուաշինկթընէն եկած էր Փարիզի մէկ արուարձանը ուր իբրեւ ֆրանսական պետութեան հիւր, Դոկտ. Ժապրիլ իջեւանած էր: Փարիզէն ետք Լոնտոնի մէջ ան խորհրդակցեցաւ նաեւ վարչապետ Տէյվիտ Քամերընի հետ, ուրկէ ուղղուեցաւ Թուրքիա եւ Ծոցի երկիրները՝ միշտ հետապնդելով նոր Լիպիա մը ստեղծելու իր տեսիլքը:

            Համեստ Ուարֆալա ընտանիքի զաւակ եւ Լիպիոյ ամենաբազմանդամ ցեղախումբի (tribe) աչքառու անդամ, մտային փայլուն կարողութիւններով օժտուած ՝ ան երիտասարդ տարիքին արդeն արժանացած էր դոկտորայի տիտղոսին Փիթցպըրկի համալսարանէն, մասնագիտանալով տնտեսագիտութեան մարզէն ներս: Կարճ ժամանակ դասախօսելէ ետք Ամերիկայի մէջ, վերադառնալով Միջին Արեւելք ան հիմնեց մեծապէս շահաբեր ընկերութիւններ Տուպայի՝ ապա ճիւղաւորուելով Սինկափուրի, Մալիզիոյ եւ ասիական այլ երկիրներու մէջ:

            Իբրեւ անխոնջ եւ պայծառամիտ քաղաքական հմուտ գործիչ, Դոկտ. Ժապրիլ փորձեց Լիպիոյ մէջ իրար հակադրուող զինեալ եւ քաղաքական խմբաւորումներ (որոնք բազմաթիւ եւ բազմատեսակ են) մէկտեղել՝ նպատակ ունենալով Հիւսիս Ափրիկեան արաբական այս երկիրը փրկել մեծածաւալ եւ աւերիչ քաղաքացիական պատերազմէ, առյաւէտ հետապնդելով աշխարհիկ (secular) եւ ո՛չ կրօնադաւան վարչակարգով՝ դեմոկրատական պետական կառոյցի մը առաջադրանքը:

            Տեսիլք ունեցող անշահախնդիր եւ լուսամիտ քաղաքագէտ մըն էր, Դոկտ. Ժապրիլ, որ երկրին գերագոյն շահերը միշտ գերիվեր գնահատեց ի’ր իսկ անձնական շահերէն: Ան օժտուած էր սուր դատողութեամբ. Ունէր գործնական միտք եւ շատ յստակ էր իրեն համար լիպիական ներկայ քաոսային իրավիճակը լուծելու մօտեցումը:

            Զօրաւոր անհատականութեան տէր ան չէր հանդուրժեր միջակութիւններ եւ նեղմիտ անձեր: Ան կարելի եղածին չափ ինքզինք միշտ շրջապատած էր կարող եւ ուղղամիտ ու պարկեշտ գործընկերներով:

            Անձնական շփումներու ընթացքին, Դոկտ. Ժապրիլ խանդաղատանքով կ’արտայայտուէր հայերու մասին յատկապէս Լիբանանահայերու, որոնց հետ գործակցած էր: Կը դրուատէր անոնց ուշիմութիւնն ու գործին նուիրումը՝ աշխատասիրութեան առընթեր: Քաջածանօթ Հայկական Ցեղասպանութեան՝ ան նողկանքով կը խօսէր Օսմանեան կայսրութեան կողմէ փոքրամասնութիւններու դէմ կիրարկուած խտրականութիւններու մասին:

            Դոկտ. Մահմուտ Ժապրիլ խոր յարգանք կը վայելէր  դիւանագիտական շրջանակներէ ներս: Իր անժամանակ մահուան առիթով Ապրիլ 5ին, Լիպիոյ մօտ Միացեալ նահանգներու դեսպանը հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնը հրապարակեց, ուր ի միջի այլոց ան ըսաւ. «Մահմուտ Ժապրիլ անվհատ գործեց հաստատելու համար դեմոկրատական, ապահով եւ բարգաւաճ իրավիճակ մը լիպիացի ժողովուրդին համար: Վերջին անգամ հանդիպում մը ունեցայ Մահմուտին հետ. երբ ան աշխուժօրէն լծուած էր զանազան լիպիացի խմբաւորութիւններէ բաղկացած համագումար մը կազմակերպել երկխօսութեան միջոցաւ խաղաղութիւն բերելու երկրին»:

            Յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք, երբ ան ստանձնեց Լիպիոյ ղեկավարութիւնը՝ վարչապետի հանգամանքով, Լիպիացի ժողովուրդը ունենալով խոր հաւատք երկրին կացութիւնը կայունացնելու եւ բարգաւաճ դարձնելու Դոկտ Ժապրիլի կարողութեան, իր անվերապահ նեցուկը հայթայթեց անոր: Սակայն երբ արկածախնդիր զինեալ տարրերը իսլամիստ խմբաւորումներու հետ, մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ քաոսային եւ անապահով կացութիւն ստեղծեցին, Դոկտ. Ժապրիլ հարկադրաբար լքեց իրեն վստահուած պատասխանատուութիւնը: Այս վտանգաւոր տարրերը իր սաղմին մէջ խեղդեցին դէպի կայունութիւն, իրար հասկացողութիւն եւ բարգաւաճում երթը Լիպիոյ, Դոկտ. Ժապրիլի լուսամիտ առաջնորդութեամբ: Իր միակ «տկարութիւնը»՝ ան օտար ուժերու կողմէ Ֆինանսաւորուող զինեալ ջոկատներ չունէր եւ միշտ ալ մերժած էր օտար երկիրներէ եկած որեւէ օժանդակութիւն՝ որ պայմանաւորուած էր:

            Քաղաքագէտ ըլլալով հանդերձ, ան սկզբունքային մարդ էր:

            Յարգանք իր յիշատակին:

Նիւ Եորք

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ