Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հ.Բ.Ը.Մ.ը Կը Սգայ Իր Աշխարհատարած Շրջանակներուն Կողմէ Սիրուած Եւ Յարգուած Բարերարուհի Արտեմիս Նազարեանի Կորուստը

 Ապրիլ 9-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, Քորոնավիրուսի պատճառած առղջական բարդութիւններու եւ կարճատեւ հիւանդութեան իբր հետեւանք, կեանքին հրաժեշտ տուաւ Արտեմիս Նազարեան, որ հայաշխարհին ծանօթ էր իբր բարեսրտութեամբ, ջերմ հոգածութեամբ եւ արատաձեռնութեամբ փայլող ազնուականութեան տիպար: 

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան այս առթիւ կը նշէ, թէ «կարելի չէ պարզ խօսքերով արտայայտել այն խոր վիշտը եւ յուզումը որ Արտեմիսի մեկնումը կը պատճառէ բոլոր անոնց, որոնք  անձնական թէ ընդհանրական բազմաթիւ ջերմ յուշերով կապուած էին իրեն:  Միշտ իր ամուսնոյն,  մեծ բարերար եւ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի նախկին անդամ Նազար Նազարեանի կողքին, անոր արատաձեռնութեան բարիքները վայելած են շատ շատեր, տարբեր համայնքներու, սերունդներու, աշխահամասերու եւ Հայաստանի մէջ:»                                                                   

 Արտեմիս Թօփճեան Նազարեան (1932-2020) 

 

Ծնեալ Թօփճեան, 1932-ին Հալէպ, Սուրիա, նախախնամութեամբ որոշուած իր կեանքի հետագայ ուղին, իր լայնասրտութիւնը, ազնիւ բնաւորութիւնը եւ նախաձեռնութեան ոգին, զինք պիտի դարձնէին իր անմիջական համայնքին մէջ թէ աշխարհի տարածքին, հազարաւորներու վրայ իր յատուկ դրոշմով ճանչցուած անձնաւորութիւն մը: Ան իր ներդրումը ունեցաւ անթիւ յանձնախումբերու, եկեղեցասէր տիկնանց խմբակցութիններու, իր բնակավայր Էնկըլվուտի Կանանց Ակումբի,  որոնց շարքին նաեւ այլ ընկերային եւ մշակութային ձեռնարկներու մէջ: Իր պատմելու բնատուր հակումին անսպառ նիւթ կը հայթայթէին մարդասիրական նպատակներէ մղուած իր բազմաթիւ եւ յաճախակի ճամբորդութիւններն ու արկածախնդրութիւները:

Հօրենական ընտանիքը Ամերիկայ փոխադրուած էին երբ ինք տակաւին երախայ էր: Մեծցած եւ կազմաւորուած էր Ուոթըրթաունի մէջ, Մէսէչուսեց եւ աւարտած Պոսթընի Համալսարանը որպէս գերազանց ուսանող, հաշուագիտութեան ճիւղին մէջ: Ամուսնացած էր ապագայ մեծ բարերար Նազար Նազարեանի հետ, զաւակը Լիբանանի հանրածանօթ բարերարներէն Լեւոն Նազարեանի, որ մասնագիտացած իբր դեղագործ, միացած էր ընտանիքի Պէյրութի մէջ հիմնուած հիւսուածեղէնի միջազգային ընկերութեան:

 

Ընկերութեան Ամերիկայի մէջ ծաւալած գործարարական փայլուն յաջողութիւնը առիթ ընձեռած էր Նազարեան զոյգին, յառաջ տանելու Նազարեան ազնուական գերդաստանի ընկերային ծառայութեան փայլուն աւանդութիւնը, զիրենք դարձնելով բարեգործութեան հզօր եւ ազդեցիկ գոծօն մը, որուն բարերար ազդեցութիւնը իր դրսեւորումը պիտի գտնէր հայկական համայնքային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, Հայ Եկեղեցիէն եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի վարժարաններէն մինչեւ ընկերային կեդրոններ, արուեստի գործունէութիւններ, առողջապահական յառաջադէմ կառոյցներ եւ մարդասիրական օգնութեան նախաձեռնութիւններ աշխարհի տարածքին:

 

 

Արտեմիս եւ Նազար Նազարեան 

 

Ըլլալով կրթութեան կենսական դերին խորապէս հաւատացող եւ արուեստները հովանաւորող անձնաւորութիւն մը, Արտեմիս Նազարեան լայն աջակցութիւն բերած էր Հ.Բ.Ը.Մ.ի ուսանողներու տրամադրուած բարձրագոյն ուսման կրթաթոշակներուն, աշխարհի տարածքին: Իր այս տեսլականին մէկ այլ դրսեւորումն էր Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լոս Անճէլըսի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի նախամանկապարտէզի բաժինին կառուցումը:

 

Հայ Եկեղեցին նոյնպէս իր կեանքի բաղկացուցիչ մէկ մասը կը կազմէր: Իր անվերապահ նուիրումը եւ անխախտ հաւատարմութիւնը Էջմիածինի Կաթողիկոսութեան, ան կը վերագրէր իր Սիւլահեան մօրենական ընտանեկան ճիւղին, որմէ բազմաթիւ կօնաւորներ սերած էին: Ընտանիքի այլ անդամներ գործօն եղած էին քաղաքական կեանքի մէջ, ուրկէ եւ իր հետաքրքրութիւնն ու աշխոյժ մասնակցութւնը հայ կեանքէն ներս զանազան ընկերային եւ համայնքային գործունէութիւններու:

 

Նիւ Եորքէն Էջմիածին, Պէյրութէն Լոս Անճէլըս, Պուէնոս Այրէսէն Հալէպ, անպայման կարելի է գտնել յուշատախտակ մը, անուանակոչուած շէնք մը, կամ յուշանկար մը, որ կը ներկայացնէ Արտեմիսի գոհունակ մասնակցութիւնը Կեդրոնի մը, դպրոցի մը կամ առողջապահական ծառայութեան կեդրոնի մը բացման արարողութեան, կամ զինք գնահատելու համար կազմակերպուած ձեռնարկի մը լուսանկարը, ուր ան կը տեսնուի շրջապատուած հայկական տարբեր կառոյցներու հոգեւոր կամ քաղաքական առաջնորդներով ու պաշտօնական անձնաւորութիւններով:

 

Պերճ Սեդրակեան իր ակնարկութեան մէջ նաեւ կ’ընդգծէ, թէ «Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Էջմիածինի նկատմամբ շեշտուած հետաքրքրութեան առընթեր, Արտեմիսի էութիւնը կը կազմէին ամուսնոյն Նազարի եւ իրենց զաւակներուն հանդէպ անոր բուռն ու անսակարկ նուիրումը: Ան կարծես ներշնչման աղբիւր էր իր ամուսնոյն համար, շարունակ անոր ուշադրութիւնը սեւեռելով այս կամ այն ծրագիրին կամ նախաձեռնութեան վրայ, զորս կարեւոր կը սեպէր արժանացնելու ընտանիքի բարոյական կամ նիւթական աջակցութեան:»

 

Արտեմիս Նազարեան շրջապատուած իր սիրելի հարազատներով, ամուսինը՝ Նազար, զաւակները՝ Սեդա, Լեւոն եւ Քլոտիա, թոռները՝ Ուիլիըմ, Մէթիու, Նիքըլըս, Տանիէլա եւ Կրէկըրի

 

Ան յայտնապէս իր բարի օրինակով, իր ազգին եւ համայնքին ծառայելու գոհուակութեան ոգին փոխանցած էր իր զաւակներուն Լեւոնին եւ Սեդային, ինչպէս նաեւ իր հինգ թոռներուն, Ուիլիըմի, որ ներկայիս ատենապետն է Նիւ Եորքի Երիտասարդ Արհեստավարժներու Խումբին եւ անոր եղբօր Նիքըլըս Ալպրախթի, ինչպէս եւ Մաթիու, Կրէկըրի եւ Տանիէլա Նազարեաններուն: Տոքթ. Լեւոն Նազարեան մաս կը կազմէ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի ծրագիրներու մշակման յանձնախումբին, իսկ անոր կինը, Քլոտիա Նազարեան, անդամ է եւ գլխաւորած է միութեան մէկէ աւելի յանձնախումբեր:

 

Նկատի ունենալով որ ներկայի արտակարգ իրադրութեան մէջ, ընտանիքի անմիջական անդամներ պարտադրուած են առանձինն սգալու իրենց կորուստը, զրկուած իրենց ազգականներու եւ բարեկամներու սերտակցութեան ընձեռած սփոփանքէն, Հ.Բ.Ը.Մ.ը ստեղծած է յատուկ կայք մը, ուր համայնքի անդամներ կրնան իրենց վշտակցութիւնը յայտնել Նազարեան ընտանիքին. rememberingartemis.com

 

Պերճ Սեդրակեանի խօսքերով, «Մինչ հետագային աւանդական յուշահագրութիւններ եւ գնահատանքի ձեռնարկներ վստահաբար արդար տուրք պիտի մատուցանեն Արտեմիսի բարերարութիւններուն եւ ազգասիրական ամբողջանուէր արարքներուն, իր կեանքի ապրող օրինակը, որպէս ներշնչման աղբիւր եւ խօսուն վկայութիւն պիտի շարունակէ մնալ Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Հայոց ժամանակակից պատմութեան էջերուն վրայ:»

 

Ընտանիքին փափաքով, յարգելու համար իր խոր համակրանքը եւ աջակցութիւնը երիտասարդ տաղանդներու, կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կատարողական Արուեստներու Արտեմիս Նազարեան Կրթաթոշակի Ֆոնտին հետեւեալ հասցէին. agbu.org/artemisnazarian  

 

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս,  Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը:

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ