Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024

Շաբաթաթերթ

Սուրիոյ Կառավարութիւնը «Քորոնա» Ժահրը Վերահսկողութեան Տակ Առնելու Համար Կը Դիմէ Ռուսիոյ Աջակցութեան

Սուրիոյ կառավարութիւնը «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածման պատճառով օգնութեան համար դիմած է Ռուսիոյ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը տեղեկացնէ Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատ:

Սուրիոյ կառավարութիւնը ժահրին դէմ պայքարելու համար Ռուսիոյ դիմում ներկայացուցած է` ստանալու պաշտպանութեան սարքեր եւ բժշկական մեքենաներ:

Սուրիոյ դեսպանը յայտնած է, թէ իր երկիրը դիմած է Ռուսիոյ առողջապահութեան նախարարութեան` խնդրելով «Քորոնա» ժահրի յայտնաբերման յատուկ սարքեր, ինչպէս նաեւ պաշտպանական հագուստներ, քննութիւններ ու վերլուծումներ կատարելու սարքեր տրամադրել:

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ