Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Մելքոն Կիւրճեան՝ Մեծ Զոհերէն Հայոց Ցեղասպանութեան (Բալու, Հաւաւ, Բալահովիտի գաւառ, Սեպտեմբեր 1859 – Նահատակուած 1915-ին)

Գրեթէ չուսումնասիրուած՝ չըսելու համար մոռացութեան տրուած գրական դէմք մը, որ 19-րդ դարու վերջին քառորդին իջաւ հրապարակ՝ Իրապաշտ շարժումի տղոց փաղանգին մէջ, առանց տիրական ներկայութիւն մ’ըլլալու անոնցմէ շատերուն հետ՝ Արուեստագէտ Սերունդ յորջորջումը կրող գրական անդաստանէն ներս:

       Առաւելապէս Հրանդ ծածկանունով (նաեւ Շահէն, Աւօ, Պոնտացի, Թղթակից ի Պոնտոս ծածկանուններով) ծանօթ Մելքոն Կիւրճեանի յիշեալ դարու 80-ական թուականներու հրապարակագրական յօդուածները, իր թարգմանական ճիգի արդիւնք հրապարակուած բանաստեղծութիւններն ալ, կը հաստատեն իր գրաբարամոլ կրքոտ կատաղանքը, ինչ որ կը վկայեն իր ժամանակի «Երկրագունդ» հանդէսի էջերը, որոնք այլ թերթերու առընթեր գրկաբաց հիւրընկալեցին հակընդդէմ գրապայքարը գրաբարի եւ աշխարհաբարի կողմնակիցներու:

       19 տարեկանին արդէն գրաբար լեզուի ուսուցիչ է Մելքոն Կիւրճեան, որ կը դասաւանդէ հայ հին մատենագիտութիւն, գրականութիւն եւ հայոց պատմութիւն՝ տարբեր դպրոցներու մէջ: Մանկավարժութիւնը՝ ուրկէ շեշտուածօրէն դուրս կու գայ իր գաւառական ծագումէն բուրող Բալուի անաղարտ հայկական կնիքը,Կիւրճեանի նկարագիրին ընդմէջէն կը դրսեւորուի արտակարգ բարեխղճութիւն ու համակ եռանդ ա՛յն աստիճան, որ աշակերտութիւնը ամբողջ սիրտով սիրած է զինք՝ ինչպէս կը վկայէին իր ժամանակակիցներէն շատերը:

       Եթէ ուսումնասիրութեան արդար լոյսը սփռենք Կիւրճեան մանկավարժի 18 տարիներու (1878-1896) վաստակին վրայ, յետագայ էջերով համակրական խոր արտայայտութիւններու կը հանդիպինք մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի իսկ կողմէ, որ աշակերտելով Կիւրճեանին՝ Սամաթիոյ դպրոցի բարձրակարգ դասարաններուն մէջ, բարձր գնահատանքով խնամուած ընտրութիւն մ’ըրած է յատո՛ւկ Մեծ Եղեռնի զոհ գրողին՝ իր մէջ մթերուած տպաւորութիւններու հոյլով:

Տարիներ ետք,պատահական չէ որ Հրաչեայ Աճառեան՝ իր «Արմատական Բառարան»ի վերջին հատորին սկիզբը, հայերէն լեզուի իր ուսուցիչներու նկարներու շարքին երկրորդ տեղը յատկացուցած է իր դաստիարակին, գրաբար եւ հայերէն լեզուի իր սիրելի ուսուցիչին՝ Մելքոն Կիւրճեանին:

 

       Մելքոն Կիւրճեանի գրական-հրապարակախօսական փորձերը, առաջին յօդուածներն ու ազգային-դաստիարակութեան հարցերուն նուիրուած գրութիւնները կոփուեցան ու իրենց զարգացումը ապրեցան Պոլսոյ թաղային վարժարաններու մէջ՝ իր ուսուցչական տարիներուն, նախ դուռը բախելով «Հայրենիք» օրաթերթին՝ 1883-ին: Բայց իր տաղանդին հոգեբուխ անդրանիկ բոմբիւնները բարձրացուցին ու ներկայացուցին Պոլսոյ «Արեւելք» օրաթերթը, ապա «Մասիս» շաբաթաթերթը, երբ իրարու ետեւէ լոյսի բարիքին եկան Կիւրճեան գրողին շարք մը յօդուածները, ակնարկներն ու քրոնիկները՝ զինք արժանաւորապէս յարդարելու 80-ականներու Իրապաշտ շարժումի գրողներու փաղանգին մէջ: Այդ շարժումի ռահվիրաներէն Արփիար Արփիարեանն էր, որուն ոգեւորուած սիրտը ընկալեց գրական առաջին սարսուռները Կիւրճեանի «Պանդուխտի Կեանքէն» նամակաշարին (1888-1892), զայն խրախուսելով որ շարունակէ գրական ուղին:

 

       Արիւնայեղց ժամանակաշրջան մը ցաւագինօրէն անփարատելի ու հայոց սեւ տարեգրութենէն անջնջելի՝ Համիտեան ջարդերու արհաւիրքովը անհունացած, Կիւրճեանն եւս 1896-ի Օգոստոսին կը նետէ գիրկը Եւրոպայի, ուր օրդ. Արմէնուհի Մինասեանի հետ կը հիմնեն «Արծրունեան» վարժարանը՝ ուսում հայթայթելու կոտորածներէն փախուստ տուած գաղթականներու զաւակներուն: Արդ, Երուխանի «Շաւիղ» թերթը կ’ըլլայ գրական հանդիպումներու բեմը Կիւրճեանին համար, որ յիշեալ լրագիրին կ’աշխատակցի զանազան ծածկանուններով: Բայց այստեղ չընտելանալով միջավայրին ու խորհելով թուլցած ըլլալ օղակը Համիտեան սեղմումներուն, 1898- Օգոստոսին կը վերադառնայ Պոլիս, ուր անմիջապէս ան կը ձերբակալուի եւ կը դրուի բանտ, ուրկէ կը ղրկուի նոր աքսորավայր մը – Գասթեմունի քաղաք, հոն մնալով տաս տարի, մինչեւ 1908-ի Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումը, որուն ստապատիր լոզունգները մեր միւս մտաւորականներուն հետ զինք նորէն կը կանչեն Պոլիս, ուր այս անգամ մանկավարժական գործունէութիւնը նոր աւիւն կու տայ Կիւրճեանին, որ կը դասաւանդէ նախ Ղալաթիոյ Կեդրոնական, ապա Սկիւտարի Կարապետեան եւ Պէրպէրեան վարժարաններուն մէջ՝ վայելելով համայն աշակերտութեան անհուն սէրն ու համակրանքը: Այնուհետեւ լոյս կ’ընծայէ իր պատմուածքները Պոլսոյ «Բիւզանդիոն», «Ազատամարտ» եւ «Երկունք» թերթերուն մէջ: 1910-ին, կաթողիկոսական ընտրութեան մասնակցելու համար կ’ընտրուի պատգամաւոր: Էջմիածինէն վերադարձին, «Արեւելք» օրաթերթին մէջ ան հրատարակութեան կը յանձնէ իր տպաւորութիւնները:

       Ի՜նչ կանխատեսումով, այլեւ հաստատ գիտակցութեամբ է որ Կիւրճեան կը խօսէր Պէրպէրեան վարժարանի իր աշակերտներուն իր ձերբակալման շուրջ ծրագրուող դաւերու մասին ու կ’ըսէր անոնց. «…Բոլորիս ցանկը առնուած է մէկիկ-մէկիկ. իմ անունս ալ կայ մէջը. անձամբ կարդացի. տասնհինգերորդն եմ շարքին. դատապարտուած ենք. կրնանք ձերբակալուիլ մէկ օրէն միւսը. ի՞նչ կրնանք մտածել. ի՛նչ որ ըլլայ այս բազմութիւնը՝ մենք ալ անոր հետ…»:

       Ու վերջապէս, Կիւրճեան իր անձը դէմ յանդիման գտաւ զինք կրծող այն իրականութեան, որ գեհենակուլ մահուան արհաւիրքովը իջաւ գլխուն արեւմտահայութեան եւ Այաշի բանտի դժոխային ճիրաններուն մէջ ան գտաւ Հայրենիքի կարօտով մեռնելու իր հուսկ բաղձանքը…:

 

       Մելքոն Կիւրճեանի «Խոնարհ Խաւերու Մէջ» պատմուածքներու շարքը կը փնտռէ հոգին հասարակ ու խոնարհ մարդոց՝ անոնց կեանքի զանազան կողմերով: Ապա ան կը հակի վիպագրութեան, իր ուժերը կը փորձէ «Ճախճախուտին Մէջ՝ Երկու Առանցքի Վրայ» վէպին մէջ, որ նախ կը սկսի լոյս տեսնել «Սուրհանդակ» օրաթերթին մէջ՝ 1899-ի Սեպտեմբեր 18-էն, անստորագիր: Վէպը՝ որ ունի «Վէպի Հերոսներուն» խորագիրը կրող ընծայագիր մը, կը նշէ թէ ընկերութեան արդի պայմաններու մէջ կնոջ կեանքն ու պատիւը դեռ անոր ձեռքերուն մէջ չեն:

 

       Գիւղագիր, հրապարակագիր Մելքոն Կիւրճեանի գործերը կը պատկերեն հասարակ ու պարզ մարդոց վիշտն ու տառապանքը, պանդխտութեան, գաղթականութեան աղէտներն ու բարքերու այլասերումը, որոնց գողտր զգացողութիւնը կը թաւալի իր «Պոլսական Նամակներ» (1908-1909) եւ «Կէս-շինականի Նամականի»ի շարքերուն մէջ, ուր պարզորոշ ուրուագծուած են իրական կեանքի տիպական երեւոյթներ ու դէմքեր: Ու եթէ չանտեսենք իր լաւագոյն պատմուածքներն ու վիպակները, անոնց շարքին պէտք է յիշատակենք «Չորս Անիւներու Վրայ», «Թաթիկը Զսպանակի Վրայ», «Սեւերուն Մէջ», «Արիւնոտ Փետուրը», «Մահուան Ութօրէքը», «Կլկլակը, Որ Չի Ծխար», «Առանց Փիլոնի Քահանան», «Բարի Ճանապարհ», «Խանին Վերին Յարկը», «Կեանքի Մը Քայքայումը», «Պատիժը», «Երկու Վերմակի Տակ» ստեղծագործութիւնները, որոնք մեզի կը պատմեն մեր դարաւոր զգացումներէն, խռովքներէն, պանդուխտի ողբերգութիւններէն, Հայրենիքէն ու գաւառի հողէն՝ մերկացնելով մեղքերը ընկերութեան կառոյցներուն մէջ բոյն դրած անարդարութիւններուն :

       Հազիւ 56 տարեկանին, Մելքոն Կիւրճեան եւս, մեր բիւրաւոր մտաւորականներուն՝ Թլկատինցիի, Զօհրապի, Սիամանթոյի, Վարուժանի, Սեւակի, Երուխանի, Զարդարեանի եւ շատ շատերու հետ ձերբակալուեցաւ երիտթուրք դահճապետերու հրահանգով ու դաժանօրէն սպաննուեցաւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան դժոխային օրերուն…:

 

*****

 

Պանդուխտի Կեանքէն

(Հատուած)

 Պալըգլըի հո՜ղ… շաբաթ չ’անցնիր,  չի մարիր շատ անգամ, ուր հողին մէջ փոս մը չբացուի եւ երիտասարդ մը չդնեն հոն. «պանդխտութեան մէջ հիւանդանալն ու մեռնիլը գաղտ կը լինի». ասոնք ո՛չ թերթ ունին եւ ո՛չ յայտարարութիւն: Իմացա՞ր մեր Գարեգինի մահը: Այս ամսոյ մէջ Ուրբաթ օր մըն էր, ըստ մեր Շաքարեանի՝ (1) արցունքի եւ մահու նախասահմանեալ օր. Կէտիկ Փաշայի եկեղեցին (2) լցուած էին Վասպուրականցի երիտասարդներ. Գարեգին սեւ ծածկոյթին տակ կ’երկարէր. քսանեւհինգ տարեկան հասակ եւ եռանդուն տիոց յոյսեր կը սառէին հոն: Ներս մտաւ յանկարծ պանդուխտներու Մեծը: Քուզկունճուքի (3) հեղձուցիկ օդին ճնշումն ու վշտի ծանրութիւն՝ թերեւս ոչ մէկ անգամ այնչափ զգալի եղած էր ծերունի Զատիկի (4) վրայ. պաղ քրտինքն ալ կ’ողողէր իր դէմքն: Եկած էր Գարեգինի ողջերթն ըսելու: Ո՛չ փիլոն ուզեց, ո՛չ վեղար. գաւազանն (5) ալ չշողաց իր ձեռքին մէջ: Իր իսկական ձեւովը դարձաւ մեզ: Ես միտքս դրեր էի չկաշկանդել ինքզինքս. ուստի աղաչեցի զՇաքարեան որ դամբանականին համառօտութիւնն ինքն ընէ որչափ կարելի է, եւ ահա նոյնը կը դնեմ հոս. «Մէկ ժամ առաջ լսեցի անբախտ Գարեգինի մահը. ա՜հ, պանդխտութեան մէջ, հիւանդութիւն ու մեռնել գաղտ կը լինի: Դեռ չորս օր էր որ Գարեգին հիւանդ էր ինկած. իսկ այժմ իր ցուրտ մարմինը կը տեսնեմ ահա. իր հայրը քսան տարի մաշուելով հազիւ ճողոպրեցաւ պանդխտութեան ճանկերէն, եւ հոս թողուց իր երկու նորատի զաւակներ: Գարեգինի տէր իր մերձաւոր ազգականներէն մին եղաւ. տասնեւհինգ տարի աշխատեցաւ եւ օր մըն ալ ցոյց չտուաւ. զարմանալի համբերող ոգի ունէր: Չյաջողեցաւ իրեն հայրենիք երթալ. տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ նամակ ստացայ իր ծերունի հօրէն որ կ’աղաչէր թէ ինչո՞ւ նամակ կ’ուշացնեն, չըլլայ թէ բան մը պատահած է: Եւ ահա պատահեցաւ: Կ’աղաչէր որ իր զաւկըներէն մին գէթ հայրենիք ղրկենք եւ իր ծերութիւնն անմխիթար չթողունք: Ա՜հ, ո՞վ պատասխան պիտի տայ. ո՞վ կը լինի անոր գուժկան: Ես կը գրեմ թէ ահա Վահանը քե՛զ ղրկեցի, իսկ Գարեգինը՝ երկի՜նք: Բայց ո՛չ, ես գուժկան չեմ կարող լինել. ես կը խնդրեմ որ հօրեղբայրն զՎահան ղրկէ. թող նա յանկարծ երթայ տուն մտնէ, եւ երբ հայրն հարցնէ թէ ո՞ւր է Գարեգին, Վահան թող ըսէ. ե՛ս եկայ, հա՛յր, Գարեգինը մի՛ հարցներ: Աղօթենք որ Աստուած յաջողութիւն տայ եւ մեր տուները դառնանք. թող անօթի մեռնինք, աղքատ մեռնինք, բայց մեր սիրելեաց գրկին մէջ մեռնինք»:


ՀՐԱՆԴ

(«Պանդուխտի Կեանքէն»)

 

1.Շաքարեան = Վանեցի գրող մը, որ Պոլիս ապրած շրջանին ստորագրած է արժէքաւոր էջեր:

2.Կէտիկ Փաշա = Պոլսոյ հայաշատ թաղերէն մէկը:

3. Քուզկունճուք = Պոլսոյ Վոսփորեան նաւամատոյցներէն մէկը, Սկիւտարի մօտ:

4. Ծերունի Զատիկ = Հաւանաբար գրաքննութեան պատճառով Խրիմեան Հայրիկի անունը փոխուած է այս տարազին:

5.Գաւազան = Եպիսկոպոսները քարոզի ատեն գաւազան կը գործածեն:

6.Հայրիկ = Խրիմեանի տիտղոսը, Հայոց Հայրիկ:

 

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ