Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Ցեղասպանութիւնը եւ Ազգային Պահանջատիրութիւնը՝ Արտագին եւ Ներքին Գործօններ

«Ցեղասպանութիւնը հայուն տուաւ պատկանելիութեան գիտակցութիւն,

մշակութային վերածնունդ եւ պատմութեան շարունակականութիւն»

Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան

 

Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ գաղութ որ կայցելեմ կ՚ապրիմ Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը։ Եւ այս իմ վերջին երեսուն եւ աւելի երկար տարիներու աշխատանքային ճամբորդութիւններու ընթացքին, ուր առիթը ունեցայ ճանչնալու շատ մը հայկական իրականութիւններ՝տարածուած աշխարհի բոլոր կողմերը։ Եւ հայկական սփիւռքը իր խոշոր համեմատութեամբ արդիւնք է Ցեղասպանութեան։ Եւ սփիւռքահայ գաղութներ տեսնելով կարելի չէ չ՚անդրադառնալ հայուն ապրած «սպանդը» եւ անոր որպէս հետեւանք իր հողէն արմատախիլ ըլլալով տարածուիլը աշխարհով մէկ տեղ։

 

Բայց Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը միայն մարդկային զոհը չէ։ Ոչ ալ միայն մեծ տարածութեամբ սեփական հողը եւ աշխարհագրական տարածքը, որ հայը կորսնցուց։ Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը նաեւ կը կայանայ հոն, որ հայը իր հողէն անջատուելով կորսնցուց իր ազգային մշակոյթը։ Եւ հողը կորսնցնելով հայը կորսնցուց իր կերտած կեանքի արժէքը, ինքնութիւնը ու տակաւին։ Եւ մշակոյթը կ՚իմաստաւորուի նոյն հաւաքականութեան ապրած հողին եւ այդ հողին շնորհած տուեալներուն հետ։ Եւ այս տուեալները հայուն ապրած պատմութեան ժառանգն է եւ որուն վրայ հայը իր կեանքը կը շինէր, կը կերտէր եւ կը շարունակէր։ Ահա այս հսկայական «ժառանգն» է, որ հայը կորսնցուց։ Հոն ուր հայը պիտի շարունակէր ապրի՞լ։ Այս իմաստով, Ռոպէր Ատալեան իրաւացի է երբ կըսէ. «մէկ տարուան ընթացքին հայը կորսնցուց իր երեք հազարամեայ պատմութեան ժառանգը։ Հայը կրցաւ պահել միայն այն որ կու գար իր հաւաքական յուշերէն։ Եւ յուշերուն մէջ կար իր լեզուն, բանաստեղծութիւնը, երգը եւ ողբերգական ճակատագիրը»։

 

Բայց տարագիր հայուն ապրելու կամքը գերիվեր էր իր ողբերգական ճակատագիրէն։  Հայը այդ յուշերը՝ թէկուզ կոտրտուած եւ բզկտուած, կրցաւ քով քովի բերելով՝ վերաշինել եւ վերակենդանացնել իր ազգային մշակոյթը։ Եւ Ցեղասպանութենէն ետք իւրաքանչիւր սփիւռքահայ օճախ դարձաւ «փոքրիկ հայաստան» մը իր ազգային մշակոյթով։ Եւ հայը իր ապրած իւրաքանչիւր սփիւռքեան երկրին մէջ եւ մինչեւ այսօր եւ շատ մը մտահոգութիւններու եւ հարցերու ընդմէջէն կը փորձէ պահել այդ «փոքրիկ հայաստանները» իր  ազգային մշակոյթով։ Եւ տարիներու վրայ երկարած՝ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայը՝ երկրորդ, երրորդ եւ այսօր չորրորդ սերունդ, իր բոլոր կենցաղային ու պատկանելիութեան տարբերութիւններուն մէջէն, երբ իւրաքանչիւր երկրի մէջ կազմաւորուած սփիւռք՝ նոյն հայուն տուաւ այդ երկրին դրոշմը եւ որ դարձաւ ու տակաւին անխուսափելի իրականութիւն։ Երեւի պարտադրուա՞ծ։

 

Այո։

 

Բայց սփիւռքահայը եւ հայկական սփիւռքները իրենց բոլոր տարբերութիւններուն մէջէն ունեցան Ցեղասպանութիւնը որպէս միացնող օղակը՝, որ դարձաւ հայուն հաւաքական ինքնութիւնը։ Ըստ Փիթըր Պալաքեանի, Ցեղասպանութիւնը «հաւաքական ինքնութիւն է։ Ազգային, համազգային, կրօնական, քաղաքական, գաղափարախօսական, ընկերա-տնտեսական եւ սերնդական տարբերութիւններով հանդերձ, Ցեղասպանութեան այս ինքնութիւնը դարձաւ ու կը դառնայ հասարակ յայտարարը միացնելով բոլորը»։

 

Եւ սփիւռքեան իւրաքանչիւր գաղութի ծանօթանալով ու տակաւին ապրելով, կը տեսնեմ Ցեղասպանութեան ահաւորութենէ ետք հայուն  կերտած պատկանելիութեան գիտակցութիւնը։ Այն հայը, որ կը խօսի հայերէն՝ լաւ թէ կտրուկ։ Ու տակաւին հայուն մշակութային վերածնունդը։ Լմա՞ն հայ՝ հօրենական ու մօրենական ծնունդո՞վ։ Կէս թէ՞ քառորդ։  Հայն է ամէն տեղ, որ կ՚ուզէ ապրիլ իր կեանքը իր մշակութային ինքնութեամբը։ Եւ այս բոլորը, որովհետեւ հայը հաւատաց ու տակաւին մինչեւ այսօր՝ իր սեփական պատմութեան շարունակականութեան։ Ահա թէ ինչու եւ ինչպէս է, որ «Ցեղասպանութիւնը հայուն տուաւ պատկանելիութեան գիտակցութիւն, մշակութային վերածնունդ եւ պատմութեան շարունակականութիւն» (Ռիչըրտ Յովհաննիսեան)։ Եւ հայուն պահանջատիրութիւնը եթէ այսօր կայ՝ քանի նոյն տարագիր հայը կրցաւ իր տարագրուած վիճակին մէջէն՝ իմմա «փոքր հայաստան»ներէն վերակենդանացնել իր այս հաւաքական ինքնութիւնը եւ դնել զայն իր բայց նաեւ համաշխարհային պատմութեան շարունակականութեանը մէջ։

 

 Ցեղասպանութիւնը եւ անոր պահանջատիրութիւնը պիտի դիտել որպէս հայուն կեանքին ամբողջական իրականութիւն եւ վեր առնել անոր արտաքին եւ ներքին գործօնները։ Այդ բոլոր գործօնները, որ կը դնեն հայուն պահանջատիրութիւնը կեանքի քարտէսին վրայ որպէս ապրող վկայութիւն։

 

Արտաքինը՝ Ցեղասպանութեան իրականութեան յիշելու եւ պահանջելու հրամայականը։ Իսկ ներքինը՝ հայուն մշակութային ժառանգի պահպանումը եւ անոր հետ ապրելու գոհունակութի՞ւնը։ Առանձնաշնորհո՞ւմը։ Եւ ինչու չէ իրաւո՞ւնքը։ Եւ արտաքին ու ներքին գործօնները իրարու հետ առընչուած եւ շաղկապուած են եւ կարելի չէ տարանջատել զանոնք։ Եթէ արտաքին ճակատի վրայ պիտի յիշենք եւ պահանջենք, այդ պիտի ենթադրէ, թէ պէտք ունինք ներքին ամուր դրուածք։ Հոն ուր հայը իր ինքնութեան եւ մշակութային ժառանգի տուեալներուն մէջ՝ իր սեփական բերդը ամուր կը պահէ։ Եւ ամուր բերդով է՝ իմմա ներքին գործօնով, որ կարելի կ՚ըլլայ լաւագոյնս մշակել ազգային պահանջատիրութեան արտաքին ռազմավարութիւնը։

 

Հայուն ազգային պահանջատիրութիւնը՝ գէթ արտաքին գործօնը, կամայ թէ ակամայ տեղադրուած է միջազգային բեմահարթակի վրայ եւ աղերսուած համաշխարհային քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային շատ մը գործօններու հետ։ Պիտի ուրախանանք, որ  յիշելու եւ պահանջելու մեր ռազմավարութեան մէջ եւ միջազգային գետնի վրայ ունեցանք  յառաջխաղացքներ ու տակաւին Ցեղասպանութիւնը եւ անոր ճանաչում-դատապարտումը ձեռք ձգեց բաւական յաջողութիւններ։  

 

Ցեղասպանութիւնը հայուն համար սրբութիւն է։ Ահա թէ ինչու մեր նահատակները սրբադասուեցան։ Բայց այս սրբութիւնը  գործածուեցաւ եւ  կը գործածուի որպէս խաղաքարտ միջազգային ու միջ-պետական քաղաքական հաշուարկումներու մէջ, նոյնիսկ երբ այդ կը դառնայ հայուն ի նպաստ։ Եթէ ընդունեցինք այս սակարկումները եւ հաշուարկումները՝ թէկուզ սրտցաւ, քանի մեր ազգային պահանջատիրութիւնը մտած է ու պիտի շարունակէ մտնել միջազգային քաղաքական պարունակին մէջ։ Երեւի պիտի սորվինք նաեւ համոզուինք, թէ պիտի թիավարենք մեր պահանջատիրութիւնը այս բոլոր քաղաքական հաշուարկումներուն եւ անոնց սակարկութիւններուն մէջ։ Եւ ասոր համար պիտի շարունակենք կերտել քաղաքական միտք ու ռազմավարութիւն՝ կերտելու համար մէկ կողմէ յաջողութիւն եւ յառաջխաղացք, բայց նաեւ տեսնելու համար թէ ինչպէս պէտք է առընչուիլ այս հաշուարկումներուն եւ անոնց սակարկութիւններուն եւ տարբեր քաղաքական խաղաոճերուն մէջ։

 

Բայց այս բոլոր դիտանկիւններուն դիմաց, անհրաժեշտ է ներքին ամուր կառոյց մը, որ պիտի կարենայ դիմագրաւել այս արտաքին մեծ եւ երբեմն ահաւոր գործօնները։ Իսկ ներքին գործօնը՝ մեղմ եւ պարզ ըսած, հայը հայ պահելն է։ Իսկ հոս եւ մեր ներ-հայկական ու համա-գաղութային ու սփիւռքահայ իրականութիւններուն մէջ կան բաւական մարտահրաւէրներ։

 

Եւ դարձեալ իմ երկար տարիներու սփիւռքահայ իրականութիւններու հետ իմ հանդիպումներու մէջէն տեսած եմ, թէ ինչքան մեծ դժուարութիւններով եւ զոհողութիւններով գաղութներ կը փորձեն հայը հայ պահել։ Եւ այս պահելու գործընթացքին մէջ յոգնութեան նշաններ սկսած են երեւնալ։ Կը տեսնենք, թէ ինչպէս հայը ու հայկական գաղութներ՝ տարիներու վրայ երկարած, սկսած են մաշիլ՝ իրենց ազգային ինքնութեան առումով։ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը՝ Հայաստան-Սփիւռք վերջին համաժողովին՝ 2017 թուականին, իր խօսքին մէջ մատնանշեց. «Սփիւռքը կը մաշի»։ 

 

Այս մաշող սփիւռքի իրականութեանը դիմաց կան զարգացող նոր տուեալներ։ Այսօր առկայ են համաշխարհային նոր իրավիճակներ, ուր քաղաքական, քաղաքացիական, ընկերային, եւ տնտեսական կարգավիճակներու մէջ սկսած է դուրս ցցուիլ հաւաքական արթնութիւններ՝  յատկապէս փոքրամասնութիւններու պարագային եւ անոնց մշակութային ժառանգի պահպանումի՝ երեւի վերապահպանո՞ւմի։ Եւ այս աշխարհով մէկ տեղ ապրող տարբեր փոքրամասնութիւններու պարագային։

 

Ընկերաբաններ այսօր կը տեսնեն համաշխարհայնացումը, որ մէկ կողմէ կը ստեղծէ միացնող ուժ բայց միւս կողմէ քաղաքական ինքնութեան ձգտումներ։ Եւ նոյն ընկերաբանները կը փորձեն տեսնել քաղաքական ինքնութիւնը որպէս հակազդեցութիւն՝ ներկայ օրերու համաշխարհայնացումի յառաջացուցած ազատութեան ու տակաւին որպէս տկարին պաշտպանութիւն օտար թափանցումներէ։ Եւ այս իմաստով համաշխարհայնացումը «կը ստեղծէ տեղակայնացման ենթահող եւ մէջտեղ կուգան ազգային եւ անջատողական ինքնութիւններ, որոնք կը գիտակցին իրենց լեզուին, մշակոյթին, կրօնքին ու ցեղային ինքնապահպանման կանոններուն» (Ռոլանտ Ռապըրթսըն)։ Եւ հոս է, որ ներկայ օրերուն կը զարգանայ քաղաքական եւ ազգային ինքնութեան հասկացողութիւնը, որ «առընչուած է հին աւանդէ վերապրած իրականութեան հետ՝ կրօնական, ցեղային եւ կամ տեղական կապուածութեան» (Ռոլանտ Ռապերթսըն)։

 

Ահա թէ ուր պէտք է տեսնել ներկայ օրերու հայկական սփիւռքին եւ այդ սփիւռքին մէջ հայկական նոր սերունդին վերապրելու իրականութիւնը։ Կայ այսօր սփիւռքահայ իրականութեան մէջ մեծցող ու մեծցած սերունդ մը, որ կը գիտակցի եւ կ՚անդրադառնայ այս քաղաքական ինքնութեան կարեւորութեան։ Եւ այս քաղաքական ինքնութիւնը՝ իմմա հայկական, սկսած է դառնալ հասարակաց զգացում մը։ Եւ այս զգացումին մէջ հայը սկսած է տեսնել իր ժառանգը կորսնցնելու փորձառութիւնը եւ կ՚ապրի գիտակցութիւնը զայն պահելու։

 

Եւ պահելու այս գործընթացքին մէջ կայ նոյն հայուն գտնելու ու վերագտնելու իր ազգային կեանքի ապահովութիւնը։  Եւ այս ազգային կեանքի ապահովութեանը եւ զայն գտնելու-վերագտնելու իրականութեան մէջ իր շատ կարեւոր ներդրումը կ՚ունենան մեր զոյգ հայրենիքները-հանրապետութիւնները՝ Հայաստան եւ Արցախ։ Սփիւռքահայը այսօր իր մշակութային ու ազգային ժառանգը եւ ինքնութիւնը կը վերագտնէ ու տակաւին կ՚ամրացնէ Հայաստանով եւ Արցախով։ Եւ այս շեշտուած կերպով  սփիւռքահայ նոր սերունդին պարագային, անկախ այն երեւոյթէն թէ ինչքան կը տիրապետէ մայրենիին։ Մեր զոյգ հայրենիքներու-հանրապետութիւններու ներդրումը այս իմաստով կարեւոր գրաւականներ կը դառնան։

 

Ներկայ օրերու տնտեսագիտութեան եւ առեւտրական գիտութեան ակադեմական կաճառներուն եւ անոնց ուսուցմունքներուն մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէ մարդ անհատին ու անոր կեանքին կարեւորութիւնը եւ զարգացումը։ Տնտեսական ու ֆինանսական յաջողութիւններու մէջ կարեւոր գրաւական դարձած է մարդուն եւ անոր զարգացումին նկատմամբ հոգածութիւնը։ Տեսաբաններ սկսած են շատ աւելիով արժեւորել մարդկային վարկածը եւ ներկայ տնտեսական աշխարհին ու անոր յառաջխաղացքին մէջ մարդուն կարեւոր ներդրումը։ Ներկայ օրերու ուսուցմունք-տեսլականները շատ աւելիով կը կեդրոնանան մարդուն եւ անոր կազմած հաւաքականութեան բարօրութեանը եւ յառաջխաղացքին եւ թէ ինչքան անհրաժեշտ է կարեկցիլ անոր՝ իմմա մարդուն, անոր կազմաւորումին եւ արժեւորումին։ Նոյն տեսութիւնները կը վկայեն, թէ մարդկային ու հաւաքականութեան կեանքի նկատմամբ խնամքը ու կարեկցութիւնը միայն քսանմէկերորդ դարու մարդկային արժէք չէ, այլ շատ կարեւոր գործօն նոյն հաւաքականութեան եւ անոնց առաջնորդութեանը կազմաւորումի եւ յառաջխաղացքի հիմք։ Եւ մարդուն եւ անոր կեանքին համար տածած արգահատանքը նոյն հաւաքականութեան յառաջխաղացքին համար կը դառնայ կարեւոր երաշխիք, որ անպայմանօրէն կ՚արդիւնաւորուի (Էյմի Պրատլի)։

 

Եւ ներկայ օրերու հայուն մէկ մեծ պարտականութիւն-մարտահրաւէրը։

 

Եթէ մեր ազգային պահանջատիրութիւնը՝ իր արտաքին եւ ներքին գործօններով պիտի տանիլ յառաջ եւ անպայմանօրէն այո, այս պիտի նշանակէ, թէ պիտի կարեկցինք իւրաքանչիւր հայուն եւ անոր կեանքին։

 

Իւրաքանչիւր հայ եւ հայկական կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽ է։ Եւ այս դրամագլուխն է, որ պիտի պահէ եւ զարգացնէ հայուն ժառանգը՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ։ Եւ ազգային պահանջատիրութիւնը կը տանինք պատմութեան շարունակականութեան մէջ ու մէջէն, երբ հայը եւ հայուն կեանքը կը կերտենք՝ կարեկցանքով եւ գուրգուրանքով։ Եւ հայը ու հայուն կեանքը, որ կը կազմաւորուին կարեկցանքով եւ գուրգուրանքով, պիտի կարենայ ոչ թէ միայն իւրացնել ազգային իր ժառանգը եւ աւանդը, բայց նոյնքան նաեւ արդիականացնէ զայն։ Եւ այս նոյն հայը պիտի կարենայ կամրջել աւանդը, որ ժառանգած է եւ այն որ ինք արդիականացուցած՝ հիմնելով մշակութային եւ սերնդական յարաբերութիւն եւ փոխանցում մը, ուր հայուն պատմութիւնը պիտի երթայ հորիզոնէն անդին։ 

 

Հայուն պահանջատիրութիւնը։ Արտաքին եւ ներքին գործօնները։ Հայ ու հայկական կեանքեր շինելն է։

 

Որուն հիմքը կարեկցութիւնն է։

 

Կարեկցիլ հայուն։ Կարեցիլ հայ կեանքեր ստեղծելու։

 

Եւ այս կեանքերն են, որ մեր ազգային պահանջատիրութիւնը պիտի տանին պատմութեան շարունակականութեանը։

Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ