Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր Աւիւնով Շարունակել Մեր Պահանջատիրական Արշաւը

                Մեր երիտասարդական շրջանի իրադարձութիւնները կը կերպարանաւորեն մեր կեանքի յետագայ ընթացքը: Անոնք երբ կը պատահին նախանշեալ շրջանին՝ կը թուին անկարեւոր ըլլալ, որոշ պարագաներուն՝ մինչեւ իսկ սովորական: Անոնց կարեւորութիւնը կը սկսինք գնահատել այն ատեն միայն, երբ որոշ փորձառութեամբ կ՛օժտուինք:

            Ամրան եղանակները, զորս անցուցած եմ հօրենական մեծ հօրս՝ Կարապետին հետ՝ Շթորա, Լիբանան եւ իմ մայրական մեծ հօր Ստեփանին հետ՝ Պէյրութ, իմ կեանքիս վրայ դրոշմած են անմոռանալի ազդեցութիւն: Մեր պատմական ծննդավայրերուն հայկական կեանքին մասին մեծ հայրերուս ինծի փոխանցած պատմական տեղեկագրութիւնները պայմանաւորեցին եւ կերպարանաւորեցին հայ համայնքին հանդէպ իմ նուիրումս: Անոնք ինծի ցոյց տուին, թէ ինչպէ՛ս անոնց հաւատքը հանդէպ Աստուծոյ, ծաւալած յարատեւ չարքաշ աշխատանքը, քաջարի ճիգերն ու սխրագործութիւնները ամրապնդած են մեր ժողովուրդի իւրայատուկ արմատները՝ պահպանելով մեր դարաւոր մշակոյթը ապագայ սերունդներուն համար: Անոնք հոգիիս մէջ ամրապնդեցին սէրը հրիտակին, որուն համար ընտանիքիս անդամները իրենց արիւնը թափեցին, որպէսզի ես կարենայի վայելել անոնց յանձն առած զոհաբերութիւններուն պտուղը:

            Իմ ծնողներս եւ ազգականներս իմ մէջս արմատացուցած են խոր յարգանքի փոխանցում մը: Կրնայի փոխել անունս եւ այլազան ձեւերով զիս ներառել ընդհանուր բնակչութեան մէջ: Իմ ծնողներս ինծի ջամբած են խոր յարգանքի զգացում հանդէպ իմ ժողովուրդիս նուիրագործումներուն: Հետեւաբար, ես պահպանած եմ հայկական հիասքանչ ժառանգութիւնս եւ միշտ ջանադիր եղած եմ ցոյց տալու իմ զաւակներուս եւ ընդհանրապէս հայ երիտասարդութեան, որ աւելի քան 3,000 տարիներու ընթացքին, մեր նախահայրերը իրագործած են աւելի՝ քան ինչ որ ուրիշ ազգեր կրցած են կատարել նոյն ժամանակաշրջանին՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելով աշխարհի քաղաքակրթութեան զարգացումին:

            Ամբողջ կեանքիս տեւողութեան, լսած եմ ցնցիչ ու ոգեւորիչ պատմութիւններ մեր մեծ ծնողներուն եւ անոնց բնակած չքնաղ երկրին մասին՝ Կիլիկիոյ եւ պատմական Արեւմտահայաստանի տարածքին: Այդ պատմութիւններէն իւրաքանչիւրը կը նկարագրէ ազգիս հայոց քաջութիւնն ու նուիրագործումը կեանքի մէջ, անոնց անգնահատելի ճիգերը յաղթահարելու համար կեղծիքը, անոնց անսակարկ նուիրումը քրիստոնէական հաւատքին եւ անոնց զոհաբերական աշխատանքը պահպանելու համար մեր ժառանգութիւնը ինծի, եղբայրներուս, քրոջս եւ իմ սերունդի հայրենակիցներուս համար առհասարակ:

            Ինծի փոխանցուած այս պատմութիւններէն տեղեկացայ, թէ ինչպէ՛ս իմ հարազատներս իրենց տուներէն իրաւազրկուելով տարուեցան դուրսի ցուրտին եւ ձմրան ինկան անպատսպար՝ ցորենի դաշտերը:

            Քառասունհինգ հոգի իմ անմիջական ազգականներէս չկրցան դիմանալ այս վայրագութեան. անոնց մէջն էր իմ հօրենական մեծ հօրս հայրը, Խարբերդի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ նուիրեալ քաջարի հովիւը՝ արժանապատիւ Տէր Եղիա Աւագ Քահանայ Տէր Եղիայեան: Թէեւ վերապրեցաւ իր հարսը, իմ մեծ հօրաքոյրս՝ Վառվառը, մեզի պատմելու մեր պապենական հողերուն, կատարուած բարբարոսութիւններուն եւ իր սեփական երեխայ դստեր եղերական մահուան մասին:

            Այս սրտաշարժ պատմութիւնները հոգիիս մէջ յառաջացուցին պահանջը՝ այցելելու մեր պատմական հողերը: Կ՛ուզէի սեփական աչքերով տեսնել, թէ իմ մեծ հայրս, իր ծնողները եւ նախահայրերս ո՜ւր ապրեր են դարեր շարունակ: Կ՛ուզէի տեսնել այն տունը ուր իմ մեծ հայրս ապրած էր մանկութենէն մինչեւ երիտասարդութիւնը, տեսնել այն եկեղեցին, որուն ան ծառայած էր իբրեւ իր քահանայ հօր օգնական՝ տարիներ շարունակ, քալել այն փողոցներէն ուրկէ ան անցած էր:

            Կ՛ուզէի գտնել իմ արմատներուս աւանդական ժառանգութիւնը –  Արարատ լեռը – անմիջականօրէն տեսնել այն հողը որուն վրայ իմ նախահայրերս ստեղծած էին հարուստ մշակոյթ մը՝ որ իր կարգին դրականօրէն ազդած է համամարդկային պատմութեան վրայ:

            Մեծ գոհունակութեամբ բազմաթիւ անգամներ այցելած էի Հայաստան, բայց տակաւին չէի տեսած Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած մեր պատմական հողերը: 1987-ին, բացառիկ առիթը ստեղծուեցաւ այցելելու պատմական Արեւմտահայաստան եւ Կիլիկիա, որոնք այսօր կը գտնուին Թուրքիոյ տարապարտ տիրապետութեան տակ:

            Խորքին մէջ այս այցելութիւնը ուխտագնացութիւն մըն էր: Վերջապէս՝ ականատես եղայ, թէ ուր ապրած էր իմ ընտանիքս: Իրենց ներկայացուցած վիճակներով՝ լուսանկարեցի մեր կիսաքանդ եկեղեցիները, դպրոցաշէնքերն ու այլ պատմական կոթողները: Պատմութեան հետ ժամադրութիւնովս, ես վերագտայ իմ հոգեւոր տունս: Զարմանալի էր, որ դիտումներուս մէջ՝ շարունակ ուժեղ էին զգացական հակազդեցութիւնները: Թէեւ Պէյրութի մէջ տարիներով ապրած էի աւերումի ու խռովայոյզ պայմաններու մէջ՝ Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ առաջ, այսուհանդերձ, պատրաստուած չէի իմ վրաս կրելու ազդեցութիւնը մեր պատմական հողերու աւերածութեան: Յատկապէս զիս զարմանքի մատնած էին «արցունքներս»: Չէի խորհեր, որ այդպէս՝ ուրախութեան, տխրութեան եւ ափսոսանքի արցունքներ պիտի թափէի: Կու լային հաւասարապէս՝ մարմինս, սիրտս, հոգիս: Ես ինքզինքս գտայ խորապէս միախառնուած: Իմ յուզապրումային միախառնումս՝ չափով մը կը յիշեցնէր ինծի, որ ես ուխտաւոր մըն էի, կ՛այցելէի իմ նախահայրերուս թողած հրիտակին:

            Դէպի մեր պապենական հողերը կատարած առաջին ուխտագնացութիւնս նոր թռիչք տուաւ իմ յոյզերուս եւ յոյսերուս, ներշնչելով զիս, որ Մաշտոց Գոլէճի կազմակերպութեամբ առիթն ընծայեմ հայրենակիցներուս, որոնք կը փափաքին ժամադրուիլ իրենց արմատներուն հետ, հոգեկան ու ֆիզիքական աչքերով դառնալու ականատեսները մեր դարաւոր պատմութեան, ինչպէս նաեւ մեր նահատակներուն եւ վերապրողներուն հերոսական կեանքին եւ անոնց սխրագործութիւններուն:

            Կատարած ուխտագնացութիւններուս մանրամասն նկարագրականը մամուլի էջերէն, ինչպէս նաեւ հինգ գիրքերով լոյս ընծայուած են անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով եւ որոնք աւելի մօտէն ծանօթացուցած են մեր հերոս ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը, անոնց յանձն առած աներեւակայելի զոհողութիւնները, մեր կրած անգնահատելի կորուստները, ինչպէս նաեւ մոխիրներէն յարութիւն առած մեր ժողովուրդին ներկան ու փայլուն ապագան:

 

+ + +

 

            Ոմանք հարց կու տան ըսելով թէ ինչո՞ւ պէտք է կառչինք մեր տխուր անցեալին, պատմութիւն մը, որ մեր ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ խոր վիշտի եւ որ լի է սահմռկեցուցիչ տեսարաններով, անսուաղութիւնով, բռնաբարութիւններով, աւարառութիւնով, կտտանքով, սարսափով, տեղահանութիւնով, ջարդերով ու Ցեղասպանութիւնով: Արդեօք իմաստութիւնը չի՞ պահանջեր, որ մոռացութեան մատնենք անցեալն ու մեր յիշողութենէն դուրս վանենք մեզ կեղեքող փուշերը:

            Մահը եղերական բնոյթ ունի, սակայն մահէն ետք եթէ մեզի ըսուի, թէ մենք բնաւ չենք ապրած, այդ արդէն նախատական ու հայհոյական բնոյթ կը կրէ: Մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը ապրեցան ու նահատակուեցան ու անոնց ողբերգական մահով այսօր կը շարունակեն ապրիլ: Անոնց արտասանած վերջին բառն էր՝ ՅԻՇԵՑԷՔ: Կիկերոն ըսած է. «Անգիտանալ այն ինչ որ պատահեցաւ քու ծնունդէդ առաջ, կը նշանակէ շարունակաբար մնալ երեխայ: Մեր երեխաները արժանի չեն մանկականացուելու:

            Յիշողութիւնը անոնց յաւերժական իմաստութիւնն է: Անոնք պէտք է պատրաստ ըլլան ապրելու իսկական աշխարհին մէջ: Մեր նահատակները դարձան ականատեսներն աշխարհը խլացնող լռութեան, աշխարհ մը, որ իր աչքերն ու ականջները փակեց անօգնական ժողովուրդի մը ճիչերուն առջեւ: Լռութիւնը աստիճանական օրհասականն է խղճահարութեան, իսկ ուրացումը՝ անձնասպանական արարքի: Եթէ անցեալը մոռնանք՝ զոհած կ՛ըլլանք մեր ապագան: Ցեղասպանութեան ուրացումն ու ճշմարտութիւններու հերքումը ոչ միայն ներկայի պակուցիչ վտանգն է, այլ նաեւ՝ ապագայի: Մեր ժողովուրդի թշնամիները ջանացած են, կ՛աշխատին ու պիտի փորձեն պառակտել մեզ: Մեր պատմութեան ընթացքին մեր երազներուն եղեռնագործները հետապնդած են բաժանում ստեղծելու այս քանդիչ ստորին առաքելութիւնը:

 

            Այսօր, կոչ կ՛ուղղենք քաղաքակիրթ աշխարհին, հարց տալով թէ արդեօք ունի՞ն լայն սիրտեր զգալու ու բաժնելու մեր խոր վիշտը: Արդեօք անոնց արցունքի կաթիլները չորցա՞ծ են, որ արդարութեան սիրոյն կաթիլ մ՛իսկ չեն կրնար հեղուլ: Արդեօք անոնց գութն այնքան սահմանափա՞կ է, որ անկարող են իրենց ձեռքերը երկարելու մեզի: Մեր անցեալը անվերաշրջելի է:      Մեր նահատակները մեկնած են այս աշխարհէն ու դատապարտուած՝ լռութեան: Բայց մենք որպէս անոնց հպարտ ժառանգորդները, այսօր կ՛ապրինք. ունինք աչքեր տեսնելու, ոտքեր՝ քալելու, ականջներ՝ լսելու եւ լեզու արտայայտուելու: Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի մենք կարիքն ունինք հերոսներու. հերոսներ, որոնք ոչ միայն կը պատկանին մեր ժողովուրդին, այլ նաեւ քաղաքակիրթ ազգերու, եւ որոնք պարկեշտութեամբ, համարձակութեամբ, խիզախութեամբ իրրենց սիրտերը միացնելով մեր սիրտերուն՝ պիտի պայքարին յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան:

 

* * *

 

            Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 105-րդ ամեակը մեզ անգամ մը եւս կը մղէ խորհրդածութեան, քննարկումի, վերանորոգ նուիրումի եւ մեր Դատը շարունակելու ռազմավարական նոր միջոցներու գործադրութեամբ: Այս առիթով, հետեւեալ խորհրդածութիւններն ու առաջարկները կը յանձնեմ մեր ժողովուրդի սեփականութեան, այն յոյսով ու մաղթանքով, որ անոնք կը ստեղծեն առիթ մը նոր աւիւնով շարունակելու մեր պահանջատիրական արշաւը:

            1. Մեր աւանդական կուսակցութիւններն ու քաղաքական կազմակերպութիւնները անգնահատելի աշխատանք ծաւալած են Հայ Դատը միջազգային մակարդակով մօտէն ծանօթացնելու առաքելութեան մէջ: Սոյն անյեղլի առաքելութիւնը վստահօրէն դրական ազդեցութիւն ունեցած է հանրային դրական կարծիք ստեղծելով ու դաշնակիցներ ապահովելով ի նպաստ Հայ Դատին: Որպէս նահատակ սերունդի ժառանգորդներ, մեզմէ կ՛ակնկալուի աջակից հանդիսանալ ծաւալուող բոլոր աշխատանքներուն: Ու վերջին հինգ-վեց տասնամեակներու ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն հաշուետուութիւնը եթէ կատարուի՝ այդ պարագային է, որ կրնանք քննարկել ու վերլուծել ցարդ գործադրութեան դրուած ջանքերուն արդիւնքն ու ի պահանջեալ հարկին զանոնք վերատեսութեան ենթարկելու՝ ռազմավարական նոր ու մասնագիտական մօտեցումով շարունակելու մեր սրբազան առաքելութիւնը:

            2. Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչումէն շատ աւելի կարիքն ունի պահանջատիրութեան եւ հատուցումի ի նպաստ կատարուող աշխատանքներու: Պատմական իրականութիւններ կարիքը չունին ճանաչումի, անոնք փաստուած դէպքեր են, եւ որոնք արդէն օրինականօրէն միջազգային ճանաչումի արժանացած են:

            Հայրենի եւ սփիւռքահայ եւ միջազգային վարկ վայելող պատմաբաններու, քաղաքագէտներու եւ իրաւաբաններու մասնագիտական մասնակցութեամբ մենք պէտք է պատրաստենք մեր Պահանջատիրութեան Թղթածրարը ներկայանալու արար աշխարհի, որպէս մէկ ժողովուրդ, մէկ արդար ու անժամանցելի դատով եւ պահանջատիրական աննկուն ոգիով: Սոյն թղթածրարին տուեալները արդէն գոյութիւն ունին ու զանոնք համադրելով եւ ամբողջական դարձնելով ներկայանալու ենք միջազգային մարմիններու առջեւ պահանջելով մեր իրաւունքները: Մեր թղթածրարը պատմական եւ օրինական տուեալներով մանրամասնելու է մեր իրաւունքներն ու պահանջը, ինչպէս նաեւ մեր ապագայ ազգային ծրագիրը, երբ մեր անյետաձգելի Դատը գտնէ իր արդար լուծումը:

            3. Նահատակ սերունդին անմիջական ժառանգորդ սերունդը պատմութեան առջեւ պէտք է ըլլայ յանձնառու՝ ստանձնելով Հայոց Ցեղասպանութեան արդար Դատի լուծումի պատասխանատւութիւնը: Մենք չենք կրնար սպասել Ցեղասպանութեան ամեակներու, ակնկալելով »հրաշքներ«: Թրքական ռազմավարութիւնը հետզհետէ սկսած է աւելի յստականալ դիմելով ժամավաճառութեան, որպէսզի երբ Հայաստանն ու Թուրքիան մաս կազմեն Եւրոպական Միութեան՝ այդ պարագային իրենց համար արդէն լուծուած կ՛ըլլայ Հայկական Հարցը: Այս ռազմավարութիւնը անընդունելի է ու վճռականօրէն պէտք է զայն մատնել ձախողութեան:

            4. Հինգ տասնամեակներու ընթացքին տեղի ունեցած քաղաքական զարգացումները եկան յանգելու այն եզրակացութեան, որ մեր ժողովուրդը պէտք է յենի իր սեփական ուժերուն վրայ, ստեղծելով ազգային միահամուռ համագործակցութիւն՝ յստակ ծրագրով եւ հետեւողական ջանքերով հետապնդելու մեր գերագոյն նպատակները: Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ գնահատելի թիւով պետական ներկայացուցիչներ թիկունք կանգնած են մեր ժողովուրդի արդար Դատին, սակայն բոլորս ալ իրազեկ ենք այն ճշմարտութեան, թէ երկիրներու ազգային շահերը գերակայ են մեր արդար իրաւունքներէն ու անոնք շատ լաւ գիտեն, թէ իրենց թիկունք կանգնելու քաղաքական սահմանը մինչեւ ուր կրնայ երկարիլ: Այսօր մենք կարիքն ունինք ազգային համագործակցութեան, ապահովելով նաեւ նեցուկը կայուն դաշնակիցներու, որոնց համար սկզբունքային արժէքները գերակայ են տարբեր շահերէ:

            5. Ամէն տարի Ապրիլ 24-ի օրը Միացեալ Նահանգներու նախագահը, ինչպէս նաեւ քաղաքական ականաւոր դէմքեր, հռչակագրերով եւ յայտարարութիւններով իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն հայ ժողովուրդին, ընդգծելով 1915-ի եղեռնագործութեան աննախընթաց ահաւորութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահները բուռն ու խիստ բովանդակութիւն կրող հռչակագրերով շարունակաբար դատապարտած են մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած »Եղեռնը«, »Ջարդը«, »Սպանդը« եւ արհաւարլից դէպքերը: Սոյն հռչակագրերուն բովանդակութիւնը պէտք է զայրոյթ յառաջացնէ թրքական կառավարութեան մօտ, սակայն երբ մենք մեր զայրոյթը կ՛արտայայտենք խծբծելով այդ հռչակագրերու հեղինակները, որոնք կը թերանան »Ցեղասպանութիւն« յորջորջելու պատմականօրէն փաստուած իրականութիւնը՝ առիթը կ՛ընծայենք թշնամիին հոգեբանական արշաւ ծաւալելու մեր ժողովուրդին դէմ: Հարիւր հազարաւոր նամակներով մենք մեր գնահատանքը յայտնելու ենք մեր արդար Դատին սատարող հռչակագրերու հեղինակներուն՝ մեր նամակներուն մէջ շեշտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերահաստատող անոնց դիրքորոշումը, նոյնիսկ եթէ Ցեղասպանութիւն բառը անոնց կողմէ անտեսուած է քաղաքական պատճառներով: Այս դիրքորոշումը վստահօրէն ձախողութեան պիտի մատնէ թրքական ռազմավարութիւնը:

            6. Անհրաժեշտ է, որ տնտեսապէս եւ հաւաքականօրէն մաս կազմենք ամերիկեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ կապ հաստատելով հանրային կարծիքը կոփող ղեկավարներու հետ ի նպաստ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն: Ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուիլ տարբեր համայնքներու կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներու ու մեր գործօն մասնակցութեամբ երաշխաւորելու անոնց համագործակցութիւնն ի նպաստ մեր Հայ Դատին:

            7. Պատրաստել հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ ստանձնելու համայնքային պատասխանատու պաշտօններ եւ իրենց երիտասարդական խանդով, համալսարանական ուսումով եւ դիւանագիտական ճկունութիւնով ստեղծելու հաստատուն կամուրջներ  բազմամշակութային մակարդակով: Քաղաքական գիտութեան, դիւանագիտութեան, լրագրութեան, մանկավարժութեան եւ այլ մասնագիտութիւններէ ներս պէտք է հաստատենք կրթանպաստի հիմնադրամներ օգտակար հանդիսանալու մեր երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւ ամերիկեան բազմաթիւ համալսարաններու մէջ պաշտօնավարող մեր բազմահարիւր դասախօսներուն անհատական տաղանդները պէտք է վերածենք հաւաքական ուժի ի նպաստ մեր Դատին:

            8. Մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին կատարած ենք հսկայ նուաճումներ, նպաստելով համաշխարհային քաղաքակրթութեան: Մշակութային, կրթական, տնտեսական, քաղաքական ու այլ մարզերէ ներս մեր ժողովուրդը արձանագրած է ցայտուն վերելք: Հայոց Ցեղասպանութեան սահմռկեցուցիչ էջերը մեր պատմութեան պէտք է շարունակաբար շաղկապենք մեր ժողովուրդին կատարած սխրագործութիւններուն՝ ազգային պարծանքի ոգին արմատացնելով մեր նոր սերունդին մէջ: Այսօր, բազմաթիւ գաղութներու մէջ մեծ ուրախութեամբ ականատես կ՛ըլլանք հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու կողմէ ծաւալուած հսկայ աշխատանքներուն ի նպաստ մեր Դատին: Որպէս յանձնառու ջահակիրներ, անոնք ապագայի մեր յոյսն ու երաշխիքն են եւ արժանի մեր գնահատանքին, քաջալերութեան ու թիկունքին:

            9. Մեր կատարած ուխտագնացութիւններու ընթացքին, շարունակա-բար հանդիպած ենք թուրք մտաւորականներու, համալսարանական երիտասարդ-երիտասարդուհիներու, դպրոցական աշակերտներու, ինչպէս նաեւ պարզ քաղաքացիներու, որոնց հետ մեր ունեցած զրոյցները եղած են չափազանց օգտաշատ: Զարկ պէտք է տանք հանրային դիւանագիտական աշխատանքներու, ժողովրդական մակարդակով զարգացնելու մեր հետապնդած նպատակները:

            Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութեան ընթացքին հազարաւոր թուրքեր հրապարակ իջան իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու մեր ժողովուրդին: Արեւմտեան Հայաստանի Կիլիկիոյ եւ Կապադովկիոյ բազմաթիւ քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ հանդիպած ենք թուրքերու, որոնք իրազեկ են պատմական ճշմարտութիւններու: Պէտք չէ անտեսել այս կարեւոր ուժը ու հանրային դիւանագիտական միջոցներով ազդելու ենք հանրային կարծիքին վրայ: Վերջին երեք տասնամեակներուն, գնահատելի  թիւով թուրք պատմաբաններ, ականաւոր դասախօսներ ու համալսարանական երիտասարդներ համարձակօրէն արտայայտուելով ու նաեւ դիրքեր հեղինակելով կը պաշտպանեն մեր արդար Դատը: Բողոքի այս հսկայ ալիքը վստահօրէն պիտի ալեկոծէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ժողովրդականացնելով արդար բողոքի այս անընկճելի ձայնը:

            10. Զօրաշարժի պէտք է ենթարկենք մեր բոլոր ուժերը՝ մասնագիտական մակարդակով մշակելու եւ անմիջական գործադրութեան դնելու մեր արդար իրաւունքներուն վերատիրանալու յստակ ծրագիր մը: Մեր 1.5 միլիոն նահատակներու ուսերուն վրայ այսօր մենք կարիքն ունինք բարձրացած տեսնելու 1.5 միլիոն կտրիճ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնց համար մեր արդար Դատին անմիջական լուծումը ազգային կոչում եւ սրբազան առաքելութիւն է: Մեր նոր սերունդը այսօր պատրաստ է ստանձնելու այս անյետաձգելի պատասխանատուութիւնը: Անոնք կը սպասեն մեր մարտակոչին:

            Երբ մեր ինքնաշարժը կը վարենք, կեդրոնական հայելիէն յաճախակիօրէն ետեւ կը դիտենք ապահովելու համար մեր գնացքը: Մեր պատմութիւնը մեր ինքնաշարժի հայելին է, որ կ՛ապահովէ մեր ներկան ու ապագան:

            Այսօր որեւէ ժամանակէ աւելի, մենք անյետաձգելի հրամայականի առջեւ կը գտնուինք ազգային համագործակցութիւն ստեղծելու, որպէսզի ապահովենք մեր յաղթանակը: Մեր ազգային դաշտին մէջ գնդակը օդը բարձրացնելով չենք կրնար դարպասէն ներս կէտեր արձանագրել, այլ դաշտին վրայ իւրաքանչիւր մարզիկ պէտք է ստանձնէ իրեն յանձնուած կարեւոր դերին պատասխանատուութիւնը ու միայն այն ատեն է, որ կրնանք արձանագրել շռնդալից յաղթանակներ: Մեր ազգային նաւակը միասնաբար թիավարելու համար, կարիքն ունինք յստակ ուղղութեան, ապահով մեր նաւահանգիստը հասնելու խնամուած ծրագրով, յանձնառու մարդուժով եւ հաւաքական աշխատանքով:

            Մեր անմեռ նահատակներուն արտասանած վերջին բառը իր մէջ կը խտացնէ յարատեւ պայքարի, աննկուն կամքի, անխախտ հաւատքի, անվերջ յոյսի եւ սիրոյ պատգամը:

            Ապրիլեան Եղեռնի 105-րդ ամեակը թող անգամ մը եւս պատգամէ մեր սիրտերուն ու մեր հոգիներուն՝ աննահանջ շարունակելու մեր պայքարը մինչեւ որ Արաքսը անգամ մը եւս հոսի Հայաստանի հողին մէջ, մինչեւ որ Արարատը վերադառնայ իր իսկական տէրերուն, ու հաւաքուելով Արարատի լանջին, անգամ մը եւս ձեռք-ձեռքի, ուս-ուսի, սիրտ-սիրտի տուած,  խաչը մեր ձեռքին բարձրանանք Արարատի զոյգ գագաթները, հաւատքի եւ ազգապահպանումի կատարները, որպէսզի կանգնենք հոն հաւատքի մեր ջահը Լուսաւորչեան եւ հայկական դրօշը Եռագոյն, եւ մեր բանաստեղծին հետ անգամ մը եւս ազգային հպարտութեամբ, պողպատեայ հաւատքով ու անմեռ յոյսով կրկնենք. «Մենք կանգ, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»: Վասն Քրիստոսի, վասն հայրենեաց:

 «Ով Հայ ժողովուրդ քո միակ փրկութիւնը քո միասնական ուժի մէջն է»:

ԴՈԿՏ. ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ