Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Իմ Մեծ Մայրս Ալ…

 

Մանուկ ժամանակուայ իմ լսած օրօրոցայիններս Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յուզիչ եւ սրտաճմլիկ պատմութիւնները եղած են:

Պատմողը մեծ մայրս՝ Վարդուհի Մարգարեանն էր…

Վարդուհին՝ հայոց սարսափելի ջարդէն մազապուրծ Հալէպ ապաստանած, ապա 1947-ին Հայաստան ներգաղթած մեծ մայրս, այնքան տպաւորիչ, այնքան յուզիչ կը պատմէր որ ես՝ 5-6 տարեկան պզտիկ մը, իր ձայնի ազդեցութեան տակ իրական սարսափ-շարժապատկերի պէս, կ’երեւակայէի ու, կարծէք, այդ բոլոր վայրագ տեսարաններու ականատեսը կ’ըլլայի:Օր մըն ալ, հերթական պատմութիւններէն մէկն էր. այդ օրը մեծ մայրս կը պատմէր, թէ ինչպէս Եփրատ գետին մէջ բազմաթիւ պարկեր տեսնելով, կարծած են որ սնունդ, հագուստ կամ այլ պիտանի բաներ պիտի գտնեն այդ պարկերուն մէջ: Ատոնցմէ քանի մը հատը որսալով ափ դուրս բերած են եւ… սարսափէն քարացած… հայերու մորթուած մարմիններ գտած են ատոնց մէջ: Ես՝ տարուելով այդ ահասարսուռ տեսարանով, երեւակայելով հայերու կրած տանջանքները, սկսայ մտածել. «Որքան գէշ է. երբ մարդը կը մեռնի, չարերը կրնան ամէն բան ընել անոր մարմինին հետ՝ կտորներու բաժնել, միսը ոսկորէն զատել եւ այլն… Ուրեմն, նոյնը կրնային ընել իմ սիրելի խեղճ հօրս անշունչ մարմինին հետ…. Օ՜, շատ տխուր է…»(այսօրուան պէս կը յիշեմ այդ բոլորը): Եւ սկսայ բարձրաձայն լալ՝ մինչ մեծ մայրս աւարտած էր իր պատմութիւնը: Ան հարցուց՝ ինչո՞ւ կու լամ, իսկ ես պատասխանեցի.«Չեմ ուզեր մեռնիլ, չէի ուզեր հայրս եւ մնացեալ հայերը մեռնէին…»: (Բնական է, ուրիշ ինչ բացատրութիւն կարելի էր սպասել այդ տարիքի պզտիկէն):

Ընդհանրապէս, ես աւելի լաւ ու պայծառ կը յիշեմ մանկութեանս դէպքերը, քան՝ աւելի հասուն տարիքիս պատահածները:

Մեծ մայրս՝ իմ անչափ սիրելի, հոգեհարազատ եւ սրտամօտ մեծ մայրս ու ընկերուհիս, մանաւանդ՝ ընթերցանութեան ընկերուհիս: Մինչ դպրոց յաճախելս, յաճախ կէսօրները ինք ինծի համար գիրք կը կարդար: Իսկ արդէն դպրոցական տարիքիս, մինչեւ դպրոցէն վերադարձս, ան միայնակ՝ իր հռչակաւոր, անփոխարինելի լուսամուտին (իրական ԼՈՒՍԱՄՈՒՏ էր՝ ամբողջ օրուան ընթացքին արեւի ճառագայթներով լուսաւորուած) առջեւ նստած, արդէն բազմաթիւ էջեր կարդացած եւ յոգնած կ’ըլլար: Տուն հասնելուս պէս կը յորդորէր զիս արագ լուացուիլ, հագուստներս փոխել, ճաշել (յաճախ ալ միասին կը ճաշէինք) եւ աճապարել իր քովը, շարունակելու համար ընթերցանութիւնը: Արտակարգ ընթերցասէր, գրագէտ եւ զարգացած կին մըն էր: Հայ եւ օտար դասական շատ գրողներու ստեղծագործութիւններուն (դպրոցական ծրագիրէն առաջ) իր հետ եւ իր համար կարդալով ծանօթացած եմ: Իր նախասիրած գրողներն էին՝ Գրիգոր Զօհրապ, Զապէլ Եսայեան, Աւետիք Իսահակեան, Յովհաննէս Թումանեան, Պետրոս Դուրեան եւ Ճորճ Կորտըն Պայրըն (Թումանեանի թարգմանութեամբ անոր բանաստեղծութիւնները):

Երեք քոյրերէն ես էի իր բաժինը ընդհանրապէս: Ահ ու սարսափի միջով անցած, հրէշաւոր դէպքերու ականատես կինը, բնականաբար՝ միայնակ ապրելով, յաճախ գիշերները վախի զգացումը կ’ունենար, անտրամադիր կ’ըլլար: Մեր տուները քով-քովի էին, կռնակ-կռնակի տուած, մէկ պատով բաժնուած իրարմէ՝ զատ-զատ մուտքերով: Մեծ մայրս յաճախ գիշերը կու գար եւ մօրս կ’ըսէր. «Բաժինս տուր՝ քովս թող քնանայ»: Ու ամբողջ գիշեր զիս գիրկին մէջ ամուր սեղմած կը քնանար: Իսկ ես իր կրկնակզակին (բոխախ) հետ խաղալով կը քնանայի:

Օր մը այնպէս պատահեցաւ որ մեծ մայրս ինձմէ շուտ քնացաւ. ես՝ կամացուկ մը իր տաքուկ գիրկէն դուրս սահելով, դարձայ դէպի պատը եւ քարացայ… ապա սկսայ լալ: Մեծ մայրս արթննալով հարցուց, թէ ինչ պատահեր է, իսկ ես. «Չեմ ուզեր հոս քնանալ, քու տունդ կինօ կայ»: Ուրեմն, այդ գիշեր լիալուսին եղած է եւ զօրաւոր հով, որուն հետեւանքով մեր բակին մէջ՝ ճիշդ մեծ մօրս պատուհանին դիմացը գտնուող հսկայ, գեղեցիկ թթենիի ճիւղերու խաղը արտացոլուած է պատին վրայ, որ «մէկ մատ չոճուխ»ին վրայ սարսափազդու «կինօ»յի տպաւորութիւնը ձգած է:

Երբ զիս հետը իր բարեկամուհիներէն մէկուն տունը կը տանէր, մինչեւ տեղ հասնիլը կը սկսէր խրատական, դաստիարակչական «դասապահը». «Եթէ բան մը հրամցնեն, սկիզբը քանի մը անգամ «չեմ ուզեր, մենք ալ ունինք» կ’ըսես, վերջը կ’առնես՝ մէկ հատ միայն: Եթէ նորէն հրամցնեն՝ կը մերժես»: Իսկ ես՝ մտովի կը նեղուէի. «Հապա եթէ այդքան մերժելէս ետք, նորէն չհրամցնե՞ն» (ինչ-որ իրապէս երբեմն կը պատահէր), սակայն հլու-հնազանդ կ’ենթարկուէի իր կանոններուն:

*   *   *

Ինչ որ կը յիշեմ իր սկզբնական անձնական կեանքին մասին՝ մանկութեանս, ապա պատանեկութեանս տարիներուն մեծ մօրս պատմածներն են: Մեծ մայրս՝ Վարդուհին, կամ՝ սիրելի Վարդուհի մայրիկը, ինչպէս մեր բոլոր դրացիները կ’անուանէին զինք, տանջուած ու ամբողջ կեանքը տառապած մեծ մայրս կը ծնի Կիւրին, Արեւմտեան Հայաստան, բարեկեցիկ ընտանիքի մը մէջ: Ծնողքը 12 տարեկանին զինք կ’ամուսնացնեն: Հարսը փեսայէն տարիքով բաւական պզտիկ ըլլալով, բնականաբար նաեւ հասակով կարճ էր անկէ, հետեւաբար պսակի ժամանակ պզտիկ աթոռակ մը կը դնեն իր ոտքերուն տակ: Հարսանեկան խնճոյքի թէժ պահուն՝ ժամը 9-ի մօտերը, հարսին քունը կու գայ. անոր կը տանին սկեսրոջը ննջարանը քնանալու, իսկ քովի սենեակը հարսանքաւորները կը շարունակեն իրենց ուրախութիւնը: Երկու տարի իբրեւ դուստր կ’ապրի մեծ մայրս նոր ընտանիքին հետ՝ շարունակելով նաեւ ուսումը դպրոցէն ներս, եւ միայն հասուննալէ՝ օրիորդ դառնալէ ետք կ’ամուսնանան նորապսակները:

Մեծ մայրս երբեք չըսաւ իր առաջին ամուսնոյն անունը (ի ցաւ սրտիս). միայն «ամուսինս,…ամուսինս» ըսելով,կը պատմէր որ ան գեղեցկադէմ, յաղթանդամ, հսկայ, ֆէտայի էր եւ միշտ լեռները կը բարձրանար ընկերներուն հետ: Համատեղ ամուսնական կեանքի ընթացքին անոնք կը բախտաւորուին երկու մանչ եւ մէկ դուստր զաւակներ ունենալով:

Օր մըն ալ ամուսինը տուն կու գայ՝ արագ-արագ որոշ բաներ կ’առնէ եւ կնոջը կ’ըսէ որ զգոյշ ըլլայ, տունէն շատ դուրս չելլէ եւ՝ առաւել եւս պզտիկները (մանչերը միշտ իրենց բակը կը խաղային, իսկ դուստրը տակաւին գիրկի երախայ էր) չձգէ դուրսը խաղալու երթան, որովհետեւ թուրքը ծրագրած է կոտորել հայերը: Եւ ինք դարձեալ լեռները կը բարձրանայ…. այդ անգամ՝ յաւիտեան…

Որոշ ժամանակ անց Վարդուհին իր սիրելի ամուսնոյն մահուան գոյժը կը ստանայ անոր ընկերներէն մէկուն միջոցով, իսկ ատկէ քանի մը օր վերջ իրենց դրացի թրքուհին, որ բարեկամացած էր մեծ մօրս ընտանիքին հետ, կու գայ եւ կ’ըսէ որ մեծ մայրս տունէն միայն դրամներն ու ոսկեղէնը արագօրէն առնէ ու իր տունը փոխադրուի զաւակներուն հետ: Այդպէս քանի մը օր՝ ցերեկները թոնիրին մէջ պահուըտելով, գիշերուան ուշ ժամերուն միայն տունին մէջ մնալով, կ’ապրի դրացիին քով: Բայց շուտով կը լսեն որ կատաղի թուրք զինուորները կը ստուգեն նաեւ թուրք ժողովուրդին տուները եւ ան, որ հայուն ապաստան տուած է իր երդիկին տակ, դաժանաբար պիտի պատժուի: Ուստի գիշեր մը, մեծ մայրս առնելով զաւակները, նախ կ’երթայ իր ծնողներուն տուն, ուր ողջ կը գտնէ միայն իր պզտիկ քոյրը (ցաւօք անունը չեմ յիշեր), որմէ կ’իմանայ որ հայրն ու մայրը գազանաբար սպաննուած են, իսկ քոյրը՝ պահուըտելով, հրաշքով ողջ մնացած է:

Ուրեմն մեծ մայրս, անոր ալ հետը առնելով, լուսաբացէն շա՜տ առաջ ճամբայ կ’ելլէ՝ դէպի լեռները: Սակայն, դժբախտաբար, լոյսը բացուելուն պէս անոնք կ’իյնան ոճրագործներուն ճանկը եւ կը միացուին տարագիրներու կարաւանին:

Դէպի Տէր Զօր երկա՜ր, չվերջացող եւ անմարդկային խոշտանգումներով լեցուն ճանապարհին, կարգով կը մեռնին մեծ մօրս երեք զաւակները: Բռնկուած վարակիչ համաճարակի ժամանակ, երբ կարաւանը կ’անցնի սխտորի դաշտի մը քովէն, մեծ մայրս իր մօտ մնացած վերջին ոսկեայ զարդը զինուորի մը տալով, կը յաջողի որոշ քանակութեամբ սխտոր հաւաքել, ապա իր հագուստի քղանցքէն դերձան քաշելով՝ սխտորներով երկու շարան կը կազմէ ու կը կախէ քրոջը եւ իր վիզը, այդպիսով ազատուելով վարակէն: Մահասփիւռ ճանապարհին տարբեր բոյսեր, խոտեր, սատկած կենդանիներու (ձի, էշ եւ այլն) միսեր ուտելով, երբեմն օրերով անօթի ու ծարաւ մնալով, կիսաողջ եւ միայն «կաշի-ոսկոր» վիճակով Տէր Զօր հասնողներու խումբին մէջ կ’ըլլան նաեւ այս երկու քոյրերը: Սակայն, արիւնարբու թուրքը որոշած էր տարբեր ձեւերով ոչնչացնել նաեւ հոն հասած հայերը: Հոն, սուրիացի բարձրաստիճան եւ հարուստ սպայ մը կը տեսնէ երկու գեղեցկուհի քոյրերը, կը խօսի հետերնին, կը հարցաքննէ եւ կ’առաջարկէ իր օգնութիւնը՝ խոշոր գումարով մը ազատելու զիրենք, բայց պայմանով որ պզտիկ քոյրը համաձայնի ամուսնանալ իր հետ: Անմարդկային տանջանքներ կրած եւ անխուսափելի մահը իրենց աչքին առջեւ ունեցող քոյրերը, քիչ մը ծանրութեթեւ ընելէ ետք, կը համաձայնին:

Ահա այսպէս մահէն հրաշքով կ’ազատին երկու քոյրեր: Պզտիկ քոյրը կ’ամուսնանայ սուրիացի սպային հետ եւ կրօնափոխ կ’ըլլայ, իսկ մեծ մայրս կը սկսի ինքնահաստատումի՝ երկրորդ կեանքի ուղին փնտռել: Երկար ժամանակ մը վերջ, երկրորդ անգամ կ’ամուսնանայ Մեծ Եղեռնէն նոյնպէս մազապուրծ սեբաստացի Առաքել Մարգարեանին հետ, որ անձնական ջրաղաց մը կ’ունենայ: Վարդուհին կրկին երեք զաւակ լոյս աշխարհ կը բերէ, դարձեալ երկու մանչ՝ Նազար, Յարութիւն եւ աղջիկ մը՝ Ազատուհի: Առջինեկ որդին՝ Նազարը հայրս կ’ըլլայ: Որոշ ժամանակ վերջ, մեծ հայրս (յայտնի չէ ինչ պատճառներով) կը յորդորէ մեծ մօրս զաւակներն առնել եւ Հալէպ հաստատուիլ, խոստանալով վերջը միանալ ընտանիքին: (Ինք չէ կրցած ընտանիքին հետ մեկնիլ, քանի որ՝ լաւ ջաղացպան ըլլալուն համար, թուրքերը ըսած են, թէ շատ պէտք ունին իրեն):

Հալէպի մէջ մեծ մայրս կը սկսի աշխատիլ հռչակաւոր բժիշկ Ալթունեանի հիւանդանոցէն ներս եւ դժուարաւ միայնակ կը պահէ զաւակները:

Բաւական ժամանակ անց լուրը կը հասնի մեծ մօրս, թէ Առաքել Սեբաստիոյ մէջ ուրիշ կնոջ մը հետ (պոսնիացի) ամուսնացած է եւ արդէն զաւակներ ունի: Վարդուհին շատ ծանր կը տանի ամուսնոյն դաւաճանութիւնը, չի ներեր անոր, եւ հարկադրուած հայրս եւ հօրեղբայրս Քեսապի մանկատունը կը դնէ: Օր մը մանկատունին մէջ լուր կը տարածուի, թէ մեծահարուստ կիներ պիտի գան եւ հայ մանուկներ պիտի տանին իրենց տուները: Երկու եղբայր, չուզելով օտարին ձեռքը իյնալ եւ զատուիլ իրարմէ, մանկատունէն կը փախչին. որոշ ժամանակ ոտքով բաւական տեղ քալելէ վերջ, ճամբան՝ բակէ մը աքլոր կը գողնան, որ ինքնաշարժի վարորդի մը՝ դրամի փոխան տալով, կը խնդրեն մօրը տուն հասցնել զիրենք:

Այսպիսով մայր եւ զաւակներ դարձեալ կը մէկտեղուին: Ժամանակ մը վերջ, մեծ հայրս՝ զղջալով իր սխալին համար, Հալէպ կու գայ, սակայն կ’արժանանայ մեծ մօրս արհամարհանքին միայն: Իր հարազատ եղբայրը՝ զօրավար,աժդահայ, նախկին ֆէտայի եւ տիպիկ հայու կերպարանքով Արամ «չավուշ»ը, աղուոր ծեծ մը կու տայ պզտիկ եղբօրը՝ ինչպէս ընտանիքիդ հետ այդպէս դաւաճանօրէն կը վարուիս ըսելով: Իսկ Վարդուհին, այդպէս ալ չկարենալով ներել դաւաճանութիւնը, կ’ապրի միայնակ իր զաւակներուն հետ: (Երկրորդ ամուսնոյն մասին խօսելով, մեծ մայրս չէր գործածեր «ամուսինս» բառը, այլ միայն կ’ըսէր՝ «Նազարին հայրը», «Յարութին հայրը»…): Եւ երբ ծայր կ’առնէ դէպի Հայրենիք ներգաղթը, Վարդուհին՝ կ’որոշէ զաւակներով ապրիլ Հայաստան, սակայն Յարութը նաւու վրայէն կը փախչի՝ պոլշեւիկի, համայնավարի «կարմիր Հայաստան» գալ չեմ փափաքիր ըսելով: Ու մինչեւ կեանքին վերջ հօրեղբայրս հաւատարիմ մնաց իր այդ սկզբունքին:

Քիչ մը հօրս հօրեղբօր մասին. Արամ ամմօս ինծի համար բացառապէս հերոսական կերպար մըն էր: Անվախ, քաջարի եւ հերոս ֆէտայի մը, զոր ցեղասպանութենէն կարճ ժամանակ անց գացած է Սեբաստիա, փնտռած՝ գտած եւ հաշուեյարդար տեսած է իր հօրը սպաննողին հետ՝ անոր իսկ տունին մէջ:

Արամ Մարգարեան: Դպրոցական տարիքէս մինչեւ այսօր, երբ հերոս ֆէտայիներու, քաջ զինուորներու մասին կը կարդամ, աչքերուս առջեւ կը յառնէ լուսահոգի Արամ ամմոյիս պայծառ եւ բարի կերպարը, որուն հետ բախտը ունեցայ անմիջական շփում ունենալ, երբ ընդամէնը 10 տարեկան էի: Արամ ամմօս եւ իր կինը՝ Ճամիլա մայրիկը կարճ ժամանակի մը համար Հայաստան այցելեցին: Մինչ այդ հեռուէ-հեռու՝ միայն նկարներով տեսածս հերոսը յանկարծ իրական դարձաւ եւ ես հնարաւորութիւն ունեցայ խօսելու, շփուելու, ձեռքը բռնելու՝ մինչ այդ զիս անհասանելի թուացող այդ բարի հսկային: Իսկ, ո՜վ մեծ ուրախութիւն, որքան անսահման եղաւ իմ հրճուանքս ու յուզմունքս, երբ ան օր մը մօրմէս խնդրեց գիշեր մը զիս իրենց քովը՝ «Արմենիա» պանդոկը ձգել: Կարծես երազ մըն էր…. Ամբողջ գիշեր զիս՝ իր յաղթակազմ բազուկներուն մէջ ամփոփած այդ հսկան կու լար՝ «Նազարիս կարօտը քեզմէ կ’առնեմ չոճուխս»,-ըսելով: (Ես՝ լոյս աշխարհ գալով, չիմացայ ալ, թէ աշխարհին վրայ հայր կ’ըլլայ, քանի որ հայրս, 33 տարեկանին զոհ գացած էր աշխատանքի վայրը պատահած դժբախտ արկածի մը՝ մինչեւ իմ ծնիլս: Ես ծնած եմ ճիշդ իր քառասունքին օրը): Այդ նոյն այրող, անվերջանալի արցունքները կը հոսէին նաեւ հօրս շիրմաքարին առջեւ անշարժացած ամմոյիս այտերն ի վար:

Մեծ մայրս բազմիցս ըսած էր, թէ ամմօս շա՜տ կը սիրէր հայրս…

Հալէպ վերադառնալով, ժամանակ մը անց Արամ ամմօս հրաժեշտ տուաւ կեանքին, ծանր հիւանդութենէ վերջ…. Կարծես իր բոլոր երազանքները իրականացած համարելով, մեկնեցաւ իր սիրելիներու հոգիներուն միանալու…

Մեծ մայրս՝ հաստատուելով Հայաստան, անչափ սիրելով իր հայրենիքը, բնաւ չփորձեց խօսիլ արեւելահայերէն: Սկզբունքային կին էր:

Երբ առաջին անգամ ընթերցեցի Ֆէթհիյէ Չէթինի «Մեծ Մայրս» գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը, ամէն մէկ տողին հետ իմ հրաշալի մեծ մօրս, իմ սրտամօտ ընկերուհիիս կերպարանքը կ’ուղեկցէր զիս, եւ կարծես կ’ըսէր.«Կը յիշե՞ս, նման բաներ իմ հետս ալ պատահած է, պատմած եմ քեզի»: Եւ անդադար կ’ըսէի.«Այո՛, իմ մեծ մայրս ալ…»: Վստահ եմ, շատեր ունեցած են այդ զգացումը՝ «Մեծ Մայրս» կարդալով:

Այսօր, երբ երկար տարիներ թաւալած են, երբ տարածութեամբ եւ ժամանակով շատ հեռացած ես ինձմէ՝ իմ անուշ մեծ մայր, շատ աւելի մօտ եւ հոգեհարազատ կը զգամ քեզ, եւ շատ աւելի կ’արժեւորեմ հետդ անցուցած պահերս… ու անբացատրելի, աներեւակայելի կարօտը հոգիս կը մաշէ՝ իմ Վարդուհի տատիկս… Դուն ալ սրբացար մեր միլիոն ու կէս զոհերու կարգին. դուն իմ Սուրբն ես…

Թող որ լոյսերու եւ խաղաղութեան մէջ հանգչի քու լուսաւոր հոգին…

Թող որ լոյսերու եւ խաղաղութեան մէջ հանգչին հօրս եւ մօրս լուսաւոր հոգիները…

Թող որ լոյսերու եւ խաղաղութեան մէջ հանգչին Արամ ամմոյիս եւ Ճամիլա մայրիկիս, հօրեղբօրս ու հարս քոյրիկիս, հօրաքրոջս, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր նահատակներուն լուսաւոր հոգիները…

ԽՈՒՆԿ ԵՒ ԱՂՕԹՔ ՁԵՐ ԲՈԼՈՐԻ ՇԻՐԻՄՆԵՐՈՒՆ…

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ



ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ