Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ապրիլեան Սգատօնը

Ինչո՞ւ դարձեալ սգատօն։ Քսաներորդ դարի առաջին ցեղասպանութեան հարիւրամեակը արժանավայել կերպով նշելէ ետք՝ աշխարհով մէկ, Ապրիլ 24-ը մեզի համար դադրեցաւ սգատօն ըլլալէ, այլ արդար պահանջատիրութեան օր։

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը փառաւոր կերպով նշուեցաւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի կամարներուն ներքեւ, մասնակցութեամբ Սրբազան Պապին եւ մեր երկու Հայրապետներուն։ Խորհրդաւոր էր այդ պահը երբ Սուրբ Պատարագը սփռուեցաւ հեռատեսիլով՝ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ եւ հայեր ամենուրէք յուզումնախառն երկիւղածութեամբ հետեւեցան այդ  հոգեզմայլ արարողութեան։

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին էր դարձեալ որ 1.5 միլիոն մեր անմեղ նահատակները սրբադասուեցան Սուրբ Էջմիածնի բացօթեայ Սուրբ Տրդատայ տաճարի խորանին վրայ, մասնակցութեամբ մեր զոյգ Հայրապետներուն եւ բազմահազար հաւատացեալներուն։

Բայց ինչո՞ւ նորէն սգահանդէս։ Սգահանդէս որովհետեւ մենք այս տարի պիտի չկարենանք պահանջատիրութեան մեր դատը ներկայացնել Նիւ Եորքի Time Square հրապարակին վրայ, բազմահարիւր հայորդիներու մասնակցութեամբ։ Սա մեր խորհրդանիշը դարձած էր տարիներ շարունակ, ուր ելոյթ կ՛ունենային նաեւ քաղաքական կարեւոր անձնաւորութիւններ։

Սգահանդէս՝ որովհետեւ այս տարի մենք պիտի չկարենանք կազմակերպել քայլարշաւ Հալիվուտէն դէպի Ուիլշըր պողոտայ եւ խուռներամ հաւաքուիլ Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ եւ մեր արդար պահանջքները ներկայացնել, որոնք պիտի սփռուէին հեռատեսիլի կարեւոր կայաններուն կողմէ։

Սգահանդէս՝ որովհետեւ հայրենի ժողովուրդը պիտի չկարենայ խուռներամ բազմութեամբ բարձրանալ դէպի  Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցանել մեր անմեղ զոհերուն։

Սգահանդէս՝ որովհետեւ Լիբանանի մեր ազգակիցները պիտի չկարենան բարձրանալ այդ օր Պիքֆայայի բարձունքը եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանել միլիոնաւոր մեր նահատակներուն՝ հոն  զետեղուած Հայկական Ցեղասպանութեան կոթողին առջեւ։

Աւա՜ղ այս բոլոր ձեռնարկները «ջուրը ինկան» ժողովրդական խօսքով, որովհետեւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառաւ՝ արգիլուեցաւ ի մի հաւաքուիլ եւ ձայն բարձրացնել առ որ անկ է . . .

Մէջբերելով հայկական ասացուածքը՝ «թուրքին հացին իւղ քսուեցաւ», այսինքն թուրքը պէտք չունի պայքարելու որ ցեղասպանութեան հարցը պատնէշի վրայ մնայ, որովհետեւ «Քորոնա»-ն հարցը լուծեց ինքնաբերաբար։ Նորէն թուրքը ուրախացաւ եւ շառաչուն ապտակ մըն ալ իջեցուց զինք ամբաստանողներուն երեսին։

Երբ պատերազմ ծագի երկու երկիրներու միջեւ եւ կամ քաղաքացիական ընդհարում տեղի ունենայ երկրի մը մէջ՝ քաղաքական զանազան խմբակներու միջեւ, այդ կռիւները կը մնան անջատուած եւ չեն ազդեր աշխարհի բոլոր երկիրներուն վրայ։

Դժբախտաբար սակայն «Քորոնա» համաճարակը վարակեց աշխարհի բոլոր երկիրները՝ մեծ կամ պզտիկ։ Այդ պատճառաւ՝ հանրային հաւաքները դադրեցան եւ մարդիկ՝ ուր որ ալ ըլլան, մնացին տնային ստիպողական կալանքի տակ։

Այս բոլոր նախազգուշական միջոցներով հանդերձ՝ տակաւին մարդիկ եւ յաճախ ընտանիքներ կը վարակուին այդ ժահրէն եւ ցաւ ի սիրտ, կը մահանան ալ։

Հիմա մեզի ի՞նչ կը մնայ ընել։ Լռելեա՞ն անցնիլ այս տարի անկիւնադարձային այդ կարեւոր դէպքին նկատմամբ՝ զորս 32 երկիրներ ճանչցած են ներառեալ Ֆրանսան, Իտալիան, Գերմանիան, Գանատան եւ Միացեալ Նահանգները։

Ոչ, պէտք չէ լռենք երբեք։ Թող մեր հայրենի կառավարութիւնը, քաղաքական աւանդական երեք կուսակցութիւնները, հոգեւոր պետերն ու մշակութային միութիւններու ղեկավարները կերպ մը մտածեն՝ որպէսզի ըստ արժանւոյն նշենք մեր անմեղ զոհերու անմար յիշատակը։

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ