Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամէն Բանի Ժամանակը Կայ

Երբ մտածեմ այս օրերու համաշխարհային թագաժահրի համաճարակին պատճառած անձկութեան մասին, որ կը սպառէ մարդկային միտքն ու հոգին, եւ այն առիթը՝ որ այսօր կը հրաւիրէ մեզ յիշատակելու Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակը, կը մտաբերեմ իմաստութիւնը, որ կը բխի Աստուծոյ Խօսքէն (Ժողովողի 3) ուր կ՛ըսէ.

«Ամէն բանի ատենը կայ,

Ու երկինքի տակ եղող ամէն գործի ժամանակը։

Ծնանելու ժամանակ եւ մեռնելու ժամանակ։

Լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ։

Գրկելու ժամանակ ու գրկելէ հեռանալու ժամանակ։»

Անցնող քանի մը ամիսները մեր բոլորին համար եղան սպառիչ, թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ հոգեպէս, այս ցամաքամասին վրայ, մեր հայրենիքին մէջ եւ  աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ուր այս աննախադէպ եւ անհաւատալի համաճարակին իրականութիւնը կլանեց ամբողջ աշխարհը՝ թելադրելով կեանքի նոր կանոններ։

Ողբերգութիւնը շօշափելի է: Մենք ականատես ենք մարդկային քրտնաջան հոգածութեան՝ հոգալ տուժածները, պայքարիլ՝ անհրաժեշտ փրկարար սարքաւորումներ ձեռք բերելու համար, մարտնչիլ՝ սահմանափակելու ախտին տարածումը եւ սգալ զոհերը, չկարենալով անոնց տալ արժանի յարգանքի վերջին տուրքն իսկ։

Մինչ բիւրաւորներ կ՛ենթարկուին այս  գարշելի եւ ահազդու պատուհասին, հազարաւոր շտապ օգնութեան ծառայողներ, բժիշկներ, բոյժքոյրեր, պետական ծառայողներ, բարի սամարացիներ, կամաւորներ եւ ոչ-պետական կազմակերպութիւններ օրն ի բուն կը խնամեն, կը բուժեն, յոյս կը ներշնչեն եւ շատ մը պարագաներու կեանք կը պարգեւեն մահիճներու վրայ գտնուող հիւանդներու՝ ըլլան անոնք հիւանդանոցներու կամ շտապօրէն կառուցուած բժշկական կեդրոններուն մէջ։

Հուռա՛, բոլոր անոնց, որոնք կոչումը ունին, նուիրաբերումը կամ պատասխանատուութեան զգացումը իրենց օգնութեան ձեռքը երկարելու։

Հարիւր հինգ տարիներ առաջ Օսմանեան Թուրքիա կոչուած մէկ այլ ժանտախտ՝ կանխամտածուած պետական ծրագիրով, ֆիզիքական ոչնչացման ենթարկեց կայսրութեան բնակչութեան մէկ հատուածը: Անոնք, իրենց պապենական հողերուն վրայ խաղաղութեամբ կ՛ապրէին հազարաւոր տարիներէ ի վեր՝  ետին մահ եւ ոչնչացում սփռող թրքական արշաւանքներու դէպի Մերձաւոր Արեւելք խուժումէն շա՜տ առաջ։

Ամէն բանի ժամանակը կայ։

Այսօր, թագաժահրի այս ողբերգութեան մէջ, պէտք է կանգնեցնել ժամացոյցներու սլացքները, յարգելու յիշատակը եւ յարգանքի տուրք մատուցանելու մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, որոնք անմարդկային ամենադաժան միջոցներով նահատակուեցան։ Իր պատմական հողին վրայ ապրող մեր ժողովուրդը թիրախ դարձաւ պետականօրէն կազմակերպուած ոճիրի մը, որ արդիւնքն է պետական անհանդուրժողութեան՝ հանդէպ իր պապենական հողին վրայ ապրող խաղաղ, բարգաւաճ, ստեղծագործ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան մը։

Տեսախցիկներ չկային, արձանագրելու համար մտրակի ուժով պարտադրուող տեղահանութիւնները։ Լրատուամիջոցներ չկային, ահազանգելու համար «ազգի մը սպանութիւնը»։ Շտապ օգնութեան միջոցներ չկային հասնելու համար փշոտ դաշտերուն մէջ, ժայռոտ լեռնային ճանապարհներու վրայ, անապատի կիզիչ աւազին, վտանգաւոր եւ ամայացած  ճամբաներուն վրայ կամ մութ ու սարսափազդու քարանձաւներու մէջ, մահուան սպառնալիքին ենթարկուող տեղահան ժողովուրդին: Շտապ օգնութիւն չկար հասնելու երկունքի մէջ գտնուող մօր մը կամ ոսկրացած որբ մանչուկի մը կոչին: Շտապ օգնութիւն չկար աղերսելու կաթիլ մը ջուր պապակող ակօսուած շրթներու կամ հացի փշրանք մը հայցող սովահարին: Շտապ օգնութեան կոչերու պատասխանող չեղաւ փրկելու խեղդամահ մանկամարդուհի մը կամ բոցերու մէջ կրակի տրուած հարս մը, որոնք դիմադրած էին լորձնաշուրթն բարբարոսներուն։

Այսօր՝ երախտագիտութեամբ կ՛ողջունենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին կողմէ երկա՜ր սպասուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Բայց հակառակ թաւալած մէկ դարաշրջանին, Մեծ Ոճիրին ժառանգորդները տակաւին անտարբեր կը մնան իրենց յանցապարտ  ուրացումով։

Այսօր, անոնք ալ կը տառապին նոյն թագաժահրով։ Իմ աղօթքն ու մաղթանքն է, որ ինչպէս ամբողջ աշխարհը, յանցապարտ Թուրքիան, նոյնպէս ապաքինի այս հիւանդութեան հետեւանքով յառաջացած աւերէն եւ հոգեվարքէն ու խաղաղութիւն գտնէ։

Ամէն բանի ժամանակը կայ կ՛ըսէ Աստուածաշունչը։

Այսօր ես առաջնորդուած եմ Աստուծոյ խօսքով՝ Բ. Օրինաց 32. 35 համարով, որ կ՛ըսէ. «Վրէժխնդրութիւնը իմս է, ես պիտի հատուցանեմ:»

Ամէն բանի ժամանակը կայ։

Այսօր ժամանակն է խոնարհելու եւ մեր յարգանքի տուրքը մատուցանելու ինկածներուն՝ վերահաստատելով մեր հաւաքական ձգտումը արդարութեան:

 

ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ