Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Հոզէ Անթոնիօ Կուրիարան։ Թուրքիա Իրաւունք Չունի Քաղաքակիրթ Երկիրներու Մաս Կազմելու

Համաշխարհային քաջածանօթ Սպանացի հեղինակ եւ լրագրող Հոզէ Անթոնիօ Կուրիարան Դեկտեմբեր 29, 1980 թուականին Մատրիտի «Ժողովուրդը» թերթի խմբագրատունէն դուրս ելաւ եւ պատէն կախուած փողոցի հեռախօսով կնոջ հետ խօսելու ատեն յանկարծ ռումբեր պայթեցան։ Կուրիարան ինք եւ ինը հոգիներ վիրաւորուեցան քաղաքի կեդրոնական հրապարակի  Կրան Վիա փողոցին վրայ։ Բարեբախտաբար մարդ չմահացաւ։

       Հայաստանի Ազատագրման Հայ Գաղտնի Բանակի (ASALA) տղաքը ռումբեր զետեղած էին օդանաւի երկու ընկերութիւններու կեդրոնական շէնքերուն մէջ (Swissair եւ TWA) ։

       Վիրաւորեալները հիւանդանոց փոխադրուեցան, նաեւ ինքը։ Երկու ոտքերը ահռելի վիճակի մէջ՝  մնաց հիւանդանոց եւ մինչեւ կեանքին վերջ անթացուպ գործածելով դժուարութեամբ քալեց։

      Հիւանդանոց եղած շրջանին, տակաւին վէրքերը չբուժուած սկսաւ կարդալ գիրքեր եւ յօդուածներէ իմանալու Հայաստանի եւ Գաղտնի Բանակին մասին եւ փոխանակ այպանելու այդ կազմակերպութիւնը,  ի վերջոյ իր կեանքին այնքան վնաս պատճառեց, 1982 ին անթացուպով մեկնեցաւ Լիբանան ուր Գաղտնի Բանակի ղեկավարներուն հետ հարցազրոյցներ ունեցաւ, աւելի մանրամասնօրէն տեղեկանալու Հայաստանի,  հայոց պատմութեան եւ կազմակերպութեան գործունէութեան մասին։

      «ԱՍԱԼԱ-ի անդամներուն հանդիպեցայ։ Դիմածածկոյթ եւ զէնք ունէին։ Իրենց նուիրեցի Մարթին Լուտէրի մէկ Հատորը։ Թուրք կառավարութիւնը  կոյր կը ձեւանայ եւ քաջութիւնն ու համարձակութիւնu չունի իր նախորդներուն գործը ճանչնալու։ Հակառակ այս ընթացքին, կան մտաւորականներ որոնք կu դատապարտեն Ցեղասպանութիւնը, օրինակ Օրհան Փամուքն ու Թանէր Աքչամը»։

        Փոխանակ թշնամանալու Գաղտնի Բանակին դէմ, 1982ին ան հրատարակեց  310 էջերէ բաղկացեալ «La Bomba» (Ռումբը) հատորը, ուր լայնօրէն անդրադարձաւ կազմակերպութեան գործունէութեան եւ նոյնիսկ զօրավիգ կանգնեցաւ անոր նպատակներու իրագործման։ Այս հատորը Սպանախօս համաշխարհային զանգուածներու սիրտերուն մօտեցուց հայոց պատմութեան այս հանգրուանը  եւ գիրքին գտած ժողովրդականութիւնը առիթ ստեղծեց որ ան հրատարակուի քանի մը անգամ, նաեւ թարգմանուի Անգլերէնի եւ Հայերէնի։

        «Ես ոչինչ գիտէի Հայկական Ցեղասպանութեան մասին մինչեւ ինծի պատահած այդ դէպքը 1980ին եւ առաջին անձը որուն հետ խօսեցայ ֆրանսահայ երգչուհի Ռոզի Արմէնն էր հարցազրոյցի մը ընթացքին եւ ինքն էր որ ինծի որոշ բացատրութիւններ տուաւ։» 

          Այդ դէպքէն ետք, Կուրիարան եղաւ հայ դատի կարեւոր պաշտպաններէն մէկը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումի յուսաբեր եւ հայեցողական աշխատանքին  լծուեցաւ տարիներով ։

       Իսկ յաջորդ տարին Սպանիոյ Ազգային Մամուլը զինք պատուեց Մարիանօ Հոզէ Լարրա մրցանակով։

         Ֆրանսահայ շարժանկարի ծանօթ ղեկավար Ռոպէր Կետիկեանն ալ այս առիթով պատրաստեց “Une histoirde fou” (Խենդի Պատմութիւն Մը) Կուրիարանի երկին վրայ հիմնուած շարժապատկերը, որ լայն ժողովրդականութիւն վայելեց մանաւանդ Եւրոպայի մէջ ու մանաւանդ ցուցադրուեցաւ Քաննի Շարժանկարի Փառատօնին ։

        Կուրիարան շարունակեց իր ուսումնասիրութիւնները եւ 2009ին լոյս ընծայեց լայնածաւալ  318 էջերէ բաղկացեալ  «Armenios: el Genocidio olvidado” (Հայաստան։ Մոռցուած Ցեղասպանութիւնը) հատորը, կարկինը  աւելի լայն  բանալով՝  մասնաւորաբար Սպանախօս ժողովուրդին ծանօթացնելով հայոց պատմութեան այս էջը՝ մանաւանդ լայնօրէն ներկայացնելով Եղեռնէն վերապրողներու համայնքը Սպանիա եւ այլուր։ Սկսած Լեւոն 6րդէն (որ 14րդ դարուն կը տիրէր Մատրիտի մէջ),  ուշագրաւ ակնարկներ ունի Ազնաւուրի, Սարոյեանի, Միկոյեանի, Խաչատուրեանի եւ այլոց բերած նպաստը քաղաքակրթութեան։ Այս գիրքն ալ լայն ժողովրդականութեան արժանացաւ, թարգմանուեցաւ զանազան լեզուներու, նաեւ Ռուսերէնի։ Այսօր Սպանիոյ մէջ կ՛ապրին 50,000ի շուրջ Հայեր:

             Հայոց պատմութեան հինահարցերուն նուիրուած  Կուրիարանի հատորները Ամազոն գրքատարածման ընկերութեան ցանկին վրայ ամէնէն արագ սպառողներէն եղան։   

        Հայոց պատմութեան մասին Սպաներով գրուած շատ քիչ գիրքեր կան։

Մէկը Կոնզալօ Կարչ «Լա Թեսթամենթօ Արմէնի»ն է, նաեւ Վըրճինա Մենտոզա Պենաւենթէի, որուն «Էրիտաս տէլ Վիենթօ»ն առաւելաբար իր Հայաստան ճամբորդութեան մասին է։  Իսկ վերջերս ալ Սպանական մամուլի մէջ սկսան լոյս տեսնել երիտասարդ քաղաքագէտ եւ Միջին Արեւելքի պատմութեան դասախօս Իվան Կազթանեակայի քանի մը յօդուածները ։                            

        Կուրիարան ծնած է Վալտէօրաս, Սպանիա, Յուլիս 7, 1938ին, ուսանած է լրագրութիւն եւ իրաւաբանութիւն։ Աշխատակցած է զանազան լրագիրներու եւ եղած է խմբագիր զանազան թերթերու – Արիպա,  էլ Տիարիօ եւ այլ հրատարակութիւններու։ Մահացաւ Մարտ 31, 2019ին Մատրիտ, Սպանիա,  80 տարեկանին։ Գրած է 7 գիրք,  2 հատը հայերու մասին:

        2015ին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը եւ Պարսելոնայի Հայ Մշակութային Միութիւնը պարգեւատրեցին զինք Կարպիս Փափազեան Մրցանակով։

         Կուրիարան այցելած է Հայաստան եւ ծաղկեպսակ զտեղած է Ծիծեռնակաբերդի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ։

       Նաեւ այցելած է Լոս Անճելըս ուր ի պատիւ իրեն կազմակերպուած էր շքեղ ընդունելութիւն մը։ Ես ալ խօսք առի այդ առիթով եւ մտերմացանք այս կարեւոր անձնաւորութեան հետ։ 

 

Փրոֆ ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ