Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Պահանջատիրութիւնը՝ Անբեկանելի Մեր Մտասեւեռումը

 Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի այս օրերը, անգամ մը եւս, արտասովոր յոյզեր կ’առթեն իւրաքանչիւր հայու ներաշխարհէն ներս:   Միւս կողմէ, ժամանակէ մը ի վեր, շրջանառութեան մէջ դրուած են մտածողութեան որոշ մոլար ուղղութիւններ, որոնք կը նկրտին սայթաքեցնել եւ/կամ ջլատել ազգային մեր միասնականութիւնը:

Հաւանօրէն ռազմավարական ընդհանուր ծրագրի մը իբրեւ արտայայտութիւն, մասնաւորաբար Թուրքիոյ մէջ, երեւան սկսած են գալ «անցեալին գործուած սխալներուն անդրադառնալու» նորայայտ խմորումներ: Հանրային կարծիքի վրայ ներգործութիւն ունեցող շօշափելի թիւով անձեր (համալսարանի դասախօս, լրագրող, գրագէտ, քաղաքական դէմք) – առաւել կամ նուազ չափով – ժամանակէ մը ի վեր,

կ’ակնարկեն անցեալին պատահած տխուր դէպքերը այլեւս չուրանալու, անոնց մասին ցաւ յայտնելու եւ ապագան քէնէ եւ թշնամական զգացումներէ զերծ պահելու կարեւորութեան մասին: Թերեւս կարելի է դրական զարգացումներ համարել անոնցմէ ոմանք: Կան սակայն միտումի յստակ դասակարգումներ, որոնցմէ գլխաւորներն են հետեւեալները.

ա)  Պատերազմի շրջան էր. հայերը դրդուած եւ լարուած Թուրքիոյ թշնամի Ցարական Ռուսաստանի կողմէ, զինեալ ապստամբութիւն կամ նոյնիսկ պետական հարուած կը կազմակերպէին (կ’ակնարկուի, անշուշտ, ինքնապաշտպանութեան մեր մարտերուն), որոնց ընթացքին, բացայայտ է որ պիտի ըլլային եւ եղան մահացողներ, երկու կողմերէն ալ: Քրիստոնեայ օտարազգի քարոզիչներու կատարած աշխատանքներն ալ, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով, պատճառ դարձան որ բեւեռացումներ եւ ծայրայեղական զգացումներ զարգանան մահմետական մեծամասնութեան եւ քրիստոնեայ հայ փոքրամասնութեան միջեւ, մանաւանդ նկատի ունենալով որ, մեծաւ մասամբ, անուս եւ տգէտ էին յատկապէս երկրին արեւելեան շրջաններու բնակիչները (ակնարկելով, մասնաւորաբար, քիւրտերուն). անխուսափելիօրէն պատահեցան տխուր բախումներ, որոնց ընթացքին մահացան նաեւ թուրքեր: Իշխանութիւնները հայերու ապահովութեան համար զիրենք տեղափոխեցին Օսմանեան կայսրութեան նուազ վտանգաւոր շրջանները (իմա՝ Տէր Զօրի անապատը). պատերազմական վիճակ էր. ծայր տուած էին սովը եւ համաճարակը. դժնդակ այս պայմաններուն տակ, բազմաթիւ մարդիկ մահացան: Ցաւալի է պարագան, բայց պէտք չէ արտօնենք որ պատմութեան տխուր էջերը անհարկի կերպով նախապաշարումներով կամ ատելութեամբ լեցնեն մեզ:

բ)  Պատմականօրէն տակաւին յստակ չէ դարձած, ուստի նաեւ չէ սահմանուած, թէ ճշգրիտ կերպով ինչեր պատահած են տխրալի այդ շրջանին (երկուստեք գոյութիւն ունին զիրար հակասող տեսակէտներ): Հետեւաբար, պատմաբաններու կողմէ թող մանրամասնօրէն ուսումնասիրուին մասնաւորաբար՝ թրքական արխիւները (որոնք այժմ արդէն տրամադրելի դարձած են, շնորհիւ թրքական իշխանութիւններու գովելի բարեացակամութեան): Եւ, ի վերջոյ, պատմաբանները թող վճռեն թէ «անցեալի տխուր պատահարները» ի’նչ տարողութիւն ունեցած են եւ թէ ինչպիսի որակումներով պէտք է սահմանել զանոնք:

գ)  Սարսափելի ոճիր էր գործուածը, ահաւոր կոտորած: Հարկաւոր է ճանչնալ շատ ցաւալի այս իրողութիւնը եւ զայն երբե’ք չմոռնալ, որպէսզի անգամ մըն ալ չպատահին նման տխրալի եղելութիւններ: Անպայմանօրէն անհրաժեշտ չէ 1915-ի ողբերգութիւնը «ցեղասպանութիւն» կոչելը (թերեւս ալ, առ հասարակ, պէտք է խուսափիլ այդ որակումէն՝ բոլորովին չխրտչեցնելու համար թուրքերը):  Էականը ճանչնալը եւ ընդունիլն է եղերական այդ արարքին պատահած ըլլալը: Երբ իրագործուի բաղձացուած այդ (սոսկական) ճանաչումը, եւ բոլորը արտայայտեն չարաղէտ դիպուածին նկատմամբ իրենց վիշտն ու կսկիծը, այլեւս կարելի կ’ըլլայ ընդմիշտ փակել պատմութեան այդ սեւ էջը – որպէսզի, այլեւս, վերջնականապէս դադրեցուի ետ նայիլը ու սկսի կերտուիլ նոր ապագայ: (Թերեւս ալ, Վանի մէջ, կամ այլուր, յուշակոթող մը կը կանգնի՝  ի յիշատակ բոլոր – եւ ոչ միայն հայ – նահատակներուն):

Որեւէ այլ անդրադարձէ առաջ, հարկաւոր է նշել թէ ծայր աստիճան վրդովեցուցիչ է, անշուշտ, որ մեր ազգակիցներէն ոմանք մինչեւ իսկ հանգամանաւոր անձնաւորութիւններ, «ազատամիտ» կերպով կ’անդամակցին մտածողութեան երրորդ այս «դպրոց»ին, ամբողջովին անգիտանալով այդ կեցուածքին ծանրակշիռ հետեւանքները կամ ալ՝ անփոյթ ձեւանալով անոնց նկատմամբ: Թէ ի’նչ կամ ինչեր կրնան եղած ըլլալ նման ապիկար դիրքորշման դրդապատճառ(ներ)ը, դժուար չէ կռահելը կամ ենթադրելը:

Այնքա՜ն անհեթեթ են կարծիքներու առաջին խմբաւորումին առաջադրած վարկածները որ բացարձակապէս չ’արժեր անոնց մասին որեւէ այլ ակնարկութիւն կատարել:

Իսկ  ինչ կը վերաբերի երկրորդին՝ ոչինչ կայ որ պատմականօրէն չէ յստակացած եւ  105 տարի ետք տակաւին կը կարօտի ուսումնասիրութեան: Միացեալ Նահանգներու Թուրքիոյ մօտ այդ ատենուան դեսպան Հենրի Մորկընթաուի, ինչպէս նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Վայքաունթ Պրայսի դիւանագիտական պաշտօնական տեղեկագիրներէն սկսեալ, բրիտանական, գերմանական, աւստրիական, ռուսական եւ այլ պետական արխիւներէ քաղուած պատմական աւելի քան սպառիչ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններէ ետք, լուսաբանութեան կարօտող ո’չ մէկ բան մնացած է այլեւս: Յատկապէս թրքական այլափոխուած եւ խեղաթիւրուած արխիւները նոր լոյս չեն կրնար սփռել պատմական անհերքելի եւ սահմռկեցուցիչ իրողութիւններուն վրայ:

Թուրք իշխանութիւններու կողմէ, 1915-ի Ապրիլէն սկսեալ, հայերու դէմ գործադրուածը կանխամտածուած ցեղասպանութիւն էր, քաղաքական յստակ նպատակներ հետապնդող: Մեր ժողովուրդին գազանային սպանդը եւ զանգուածային տեղահանութիւնը, կանխածրագրեալ կերպով, ի կատար ածուեցան, որպէսզի, պապենական մեր հողերու հայաթափումով, կարելի ըլլայ իրականացնել քաղաքական ծայր աստիճան ազգայնամոլ ծրագիր մը՝ թրքալեզու ցեղերու միաձուլումով գոյանալիք փանթուրանական կայսրութեան խելացնոր երազի մարմնաւորումը:

Հետեւաբար հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան ակնարկելով՝ «անցեալի», «արիւնալի», «տխուր», «պախարակելի» դէպքերու մասին ցաւ յայտնելը, «երանի թէ պատահած չըլլային» ըսելը, ողբերգական եղելութիւնները նոյնիսկ «ամօթալի» կամ աւելի ծանր ածականներով որակելն ու զանոնք բնութագրելը որպէս «եղեռն» կամ «կոտորած» բացարձակապէս ո’չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն, եթէ միայն այդքանն է որ պիտի ըլլայ:

Հաշտութիւնը ազնիւ ձգտում մըն է, գիտակից ամէն մարդու կողմէ բաղձալի: Բայց հաշտութեան համար անսակարկելի նախապայման է որ յանցագործը ամբողջովին գիտակցի իր գործած սխալին, զղջալով ընդունի զայն եւ մանաւանդ՝ յօժարի ստանձնել համապատախան տոյժ, որպէսզի երաշխաւորուի որ տուեալ սխալը այլեւս երբեւէ պիտի չկրկնուի:

Աւելին. ցեղասպանութիւնը համայն մարդկութեան դէմ գործուած քրէական մեծագոյն յանցագործութիւն է, որ չի» կրնար անպատիժ մնալ եւ պէտք չէ մնայ:

Հետեւաբար, ուղղել ցեղասպանութեան պատմականօրէն խիստ ծանրակշիռ սխալը, ինքնաբերաբար կը նշանակէ ո’չ միայն իր ամբողջական տարողութեամբ ընդունիլ ճանաչումը գործուած ահագնագոյն ոճիրին, այլ մանաւանդ՝ յանձնառութիւնը այդ առնչութեամբ անխտիր բոլոր պարտաւորութեանց, տրամաբանական կերպով գոհացուցիչ հատուցումներ կատարելով մարդկային մեր հսկայական կորուստին, ազգովին մեզմէ յափշտակուած եւ անվերադարձ կերպով աւերուած մշակութային հարստութիւններուն, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին կալուածային, ինչքի, ստացուածքներու եւ աստղաբաշխական արժէքով այլ  կորուստներուն դիմաց, բայց մասնաւորաբար՝ վերադարձնելով բռնագրաւեալ մեր հողատարածքները:

Անկարելի ըլլալու աստիճան դժուար պիտի ըլլար, անշուշտ, ճշգրիտ կերպով կատարել գնահատումը հայկական բոլոր կորուստներուն: Սակայն միջազգային հասարակութիւնը, ստեղծած է – քիչ թէ շատ – տրամաբանական նախընթացներ, ըստ որոնց, որոշ ուսումնասիրութենէ ետք, կարելի է յանգիլ եզրերու եւ բանաձեւումներու, որոնցմով կարելի կ’ըլլայ գտնել ընդունելի լուծումներ: Այս պարագային ոչ մէկ այլընտրանք ունինք, բացի այդպիսի եզրայանգումներու ապաւինելէն:

Թրքական պետութիւնը մեզմէ խլած ու բռնագրաւած է ՆԱԵՒ աւելի քան երկու հարիւր հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ հող. այսինքն՝ գրեթէ եօթը անգամ աւելի մեծ՝ քան Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ տարածքը: Արդար պիտի ըլլար, անշուշտ, որ այդ ամբողջութիւնը վերադարձուէր մեզի: Բայց իրատեսութիւնը մեզի կը թելադրէ որ սահմանափակենք մեր ախորժակները, որպէսզի մեր պահանջքը ո’չ միայն տրամաբանական եւ իրագործելի թուի, մանաւանդ օտարներուն, այլ՝ ունենայ նաեւ իրաւական յստակ հիմք: Ճիշդ պիտի չըլլար, անշուշտ, այս հանգրուանին, բանավէճ ստեղծել պահանջուող հողատարածքներուն եւ անոնց սահմաններուն մասին: Միւս կողմէ, սակայն, սխալ պիտի ըլլար այս առնչութեամբ բացարձակապէս ոչ մէկ կողմնորոշում ունենալը: Ժամանակն է արդէն, որ սկսուի պատրաստութիւնը այս կապակցութեամբ ուսումնասիրուած ամբողջական թղթածրարի մը: Առ այդ՝ հաւանօրէն իրաւական աւելի քան յստակ հիմք ունեցող եւ միանգամայն տրամաբանական հողային պահանջք կրնան ներկայացնել Ուիլսենեան Սահմանները, այսինքն՝ շուրջ 68,500 քառակուսի քիլոմեթր ծաւալով հողատարածք մը: Այլ խօսքով, մօտաւորապէս մէկ երրորդը թուրքերու կողմէ մեզմէ բռնագրաւուած հողերուն:

Ինչպէս ծանօթ է, Համշխարհային Առաջին Պատերազմի աւարտէն ետք, խաղաղութիւնը վերահաստատող պայմաններու կայացման համար, Դաշնակից Պետութիւններու եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը, 1920 Օգոստոս 10-ին: Ծանօթ է նաեւ թէ, ըստ յիշեալ դաշնագրի 89-րդ, 90-րդ եւ 91-րդ յօդուածներուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի իրաւարարութեան յանձնուեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հասարակաց սահմաններու ճշդումը: Յաջորդող քանի մը ամիսներուն, մասնագէտներու ուսումնասիրութենէն ետք, իրականացաւ յիշեալ սահմանագծումը եւ նոյն տարուան, այսինքն՝ 1920-ի Նոյեմբեր 22-ին հրապարակուեցաւ «Ուիլսընեան սահմաններով» Հայաստանի քարտէսը:

Գիտենք, անշուշտ, թէ այս որոշումը երբեք չգործադրուեցաւ: Աններելի միամտութեամբ մը զինք քաջալերող սովետական իշխանութեան օգնութեամբ եւ ֆրանսացիներու ու բրիտանացիներու հաճութեամբ, Քեմալական Թուրքիան յաջողեցաւ պատռել Սեւրի դաշնագիրը: Հայկական Հարցն ալ, երեք տարի եւս քաշկռտուելէ ետք, հաշուեյարդարի ենթարկուեցաւ 1923-ի Յուլիս 24-ին ստորագրուած Լոզանի Դաշնագրով: Ճիշդ է, թէ հոն ճանաչում շնորհուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ բռնի ուժով պարտադրուած բոլոր կարգադրութիւններուն, որոնք ընդունուեցան իբրեւ կատարուած իրողութիւն: Բայց ո’չ Լոզանի դաշնագրով, ոչ ալ որեւէ այլ առիթով հերքուեցաւ Սեւրի որոշումին արդարութիւնը, հակասուեցաւ հայերու հողային պահանջքին իրաւականութիւնը, կամ ալ՝ առարկութիւն բերուեցաւ թէ Ուիլսընեան Սահմանները չէին հիմնուած պատմական իրաւունքի վրայ: Այլ խօսքով, Լոզանի Դաշնագրով, հակառակ որ, փաստօրէն, ջնջուեցան Սեւրի շարք մը որոշումները եւ կարգադրութիւնները, յամենայն դէպս երբեւէ չխախտեցաւ մեր հողային պահանջքին իրաւական հիմքը:

Իբրեւ եզրակացութիւն, մեր ժողովուրդի յատկապէս արեւմտահայ հատուածին համար, ազգային արդար մեր բոլոր իրաւունքներուն ամբողջական պահանջատիրութիւնը ո’չ միայն բացարձակապէս անսակարկելի է, այլեւ՝ անբեկանելի մտասեւեռում է, որ անպայմանօրէն, մնայուն կերպով մաս պէտք է կազմէ ցեղասպանութեան շուրջ  անխտիր բոլոր տեսակի խորհրդակցութիւններու եւ բանակցութիւններու օրակարգերուն:

 

ԱՍԱՏՈՒՐ  ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ


Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ