Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Հրաչ Մանուկեանի Յիշատակին

 

Ես ողբացեալ Հրաչ Մանուկեանին ծանօթացայ Փասատինայի մէջ։ Լսած էի թէ ան Պէյրութի մէջ եղած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հաւատաւոր անդամ, գործունեայ վարչական, մարմնամարզի սիրուած ուսուցիչ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն ներս եւ վերջապէս պատասխանատու մարզիչ աղջկանց պասքէթպոլի խումբին։

Կիպրոսի մէջ ան եղած է ՀԲԸ Միութեան Մելքոնեան Կրթական Հաստատութեան հոգաբարձութեան անդամ, իսկ Գալիֆորնիոյ մէջ ան եղաւ մղիչ ուժն ու ժրաջան անդամը Վեթերաններու վարչութեան, որ մշակութային թէ ընկերային ձեռնարկներով վառ պահեց մշակոյթի ջահը, Սան Ֆէրնանտօ հովիտի շրջանին մէջ։

Բայց երկար տարիներու բարեկամութիւնը պայման չէ որ մարդ ճանչնայ մէկու մը նկարագրի բարեմասնութիւնները։ Ան տոգորուած էր ՀԲԸ Միութեան սիրով եւ ոչ մէկ ջանք չէր խնայէր սիրայօժար ծառայելու իր սիրած Միութեան առաքելութեան՝ մշակութային թէ ընկերային գործունէութեանց ճամբով։

Ան միշտ ներկայ կ՛ըլլար ՀԲԸ Միութեան թէ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ընկերային թէ մշակութային ձեռնարկներուն եւ բուռն կերպով կը դատապարտէր անոնք որոնք կամայ թէ ակամայ կը բացակայէին այդ ձեռնարկներէն։ Իր քննադատութիւններն անգամ կ՛ըլլային առանց վիրաւորելու իր բարեկամները, որովհետեւ ան բարի էր նկարագրով ու հեզ՝ խառնուածքով։

Երբ իր ներկայութեան գտնուէի՝ երեւակայութիւնս թռիչք առնելով կը սաւառնէր դէպի նախացեղասպանութեան շրջանի Պոլիսը, ուր Դանիէլ Վարուժան կ՛երգէր «Հացին Երգը» ըսելով,

          Սերմանողն է։ Յաղթահասակ կը կանգնի

          Մայրամուտի շողերուն մէջ ոսկեթոյր։

          Ոտքին առջեւ անդաստաններն հայրենի

          Կը տարածեն մերկութիւննին անպարոյր։

Հրաչին համար անդաստանները իր աշակերտներն էին՝ որոնց սրտերն ու հոգիները ան կը թրծէր ՀԲԸ Միութեան սէրով եւ ազգին համար անսակարկ ծառայելու նուիրումով։

2012 թուականին՝ Հրաչին հետ ծառայեցի ՀԲԸ Միութեան Նաւասարդեան խաղերու վարչութեան մէջ եւ հոն անդրադարձայ որ ան որքան բծախնդիր էր Միութեան ձեռնարկներու յաջողութեան նկատմամբ։

Այսօր՝ իր մահուան վաղորդայնին, ես կը յանդգնիմ ըսելու որ եթէ ՀԲԸ Միութիւնը բանակ մը ըլլար, ողբացեալ Հրաչ Մանուկեանը պիտի ըլլար այդ բանակին առաջին զինուորը եւ անվերապահօրէն պիտի պայքարէր անոր գոյատեւման։

Հրաչ Մանուկեան նաեւ էր ուղղամիտ կուսակցական մը, պատկանելով Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան։ Ան՝ Ռուբէն Հերեան ակումբին գծով նուիրուած էր ծառայելու ազգին եւ իր կարեւոր ներդրումը բերելու գաղութիս բարգաւաճման եւ զարգացման։

Խօսքս վերջացնելէ առաջ, կ՛ուզեմ դիտել տալ որ Հրաչ Մանուկեանը մինչեւ իր կեանքին վերջին օրը մնաց պատնէշի վրայ եւ երբեք չզիջեցաւ իր որդեգրած սկզբունքներէն։ Թող իր յիշատակը անմար մնայ . . .

Թող այս սրտբաց եւ անկեղծ խօսքերը ծառայեն որպէս խունկ ու աղօթք անոր յիշատակին եւ մխիթարութիւն՝ անոր հարազատներուն։

 

 ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ