Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն

«Քորոնա» ժահրէն՝ Ցնծութի՞ւն . . .

 

Ցարդ ամբողջ աշխարհ «Քորոնա» ժահրի յոռի հետեւանքներէն կլանուած է՝ անգործութիւն, աղքատութիւն, տնային կալանք, հիւանդութիւն եւ յոռեգոյնը՝ մահ։

Երբ հեռատեսիլի կայաններէն լուր կ՛ուզես առնել՝ միայն ու միայն տրուած տեղեկութիւնները կը կեդրոնանան այդ համաճարակէն վարակուածներու եւ մեռնողներու թիւին վրայ։ Տխրահռչակ այդ լուրերը կ՛ազդեն մարդկային հոգեբանութեան վրայ եւ կամայ-ակամայ քեզ կ՛առաջնորդեն յուսահատութեան։

Լուրերու հաղորդումը այն աստիճան բացասական երեւոյթ մը ստացած է որ մարդիկ դադրած են լուր մտիկ ընելէ, որը այպանելի չէ երբեք։ Ոմանք ալ «Քորոնա» ժահրը կարծես անմահացուցած են, չես գիտէր՝ ի՜նչ, ի՜նչ պատճառներով . . . Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Ուրեմն այս դէպքը պատահած է Հնդկաստանի Նիւ Տէլհի քաղաքին մէջ։ Մարտ ամսուան վերջաւորութեան ամուսին մը եւ իր կինը բախտաւորուած են զոյգ մը զաւակներով՝ մանչ մը եւ աղջիկ մը։ Մինչեւ հոս ոչ մէկ արտասովոր երեւոյթ, սակայն անոնց անուանակոչութիւնն է որ զարմանք յառաջացուցած է ամէնուրեք։

Արդարեւ Վինի Վերմա եւ իր 27 կինը՝ Փրիթի, իրենց մանչ զաւակը անուանած են Covid եւ աղջիկ զաւակը Corona։ Մենք գիտենք որ «Քորոնա» ժահրը կը կոչուի նաեւ Covid 19, որովհետեւ 2019-ի Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին էր որ Չինաստանի մէջ ի յայտ եկաւ այդ համաճարակը։

Ինչո՞ւ այս տարօրինակ անունները նորածին երեխաներուն։ Արդեօք արդա՞ր է որ այս երեխաները կրեն այդ տարօրինակ անունները, որոնք դրօշմուած պիտի մնան անոնց վրայ մինչեւ մահ։ Հաւանաբար անոնք քմծիծաղի առարկայ ալ պիտի դառնան իրենց ընկերներուն կողմէ։

Եթէ դիտէք գցուած նկարը, պիտի տեսնէք նորածինները իրենց մօր գիրկը։ Իսկ մօրը քով կեցողն ալ հաւանաբար նորածիններուն մեծ եղբայրն է։ Ինչ որ է, մեր գիտնալիքը չէ, ինչպէս որ ամերիկեան ասացուածքը արդարօրէն կ՛ըսէ, “To each, his own.” Եւ վերջ։

Կենդանինե՞րն ալ կը Վարակուին «Քորոնա» Ժահրէն . . .

 

Ցարդ գիտէինք որ «Քորոնա» ժահրէն կը վարակուին մարդիկ՝ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ։ Կը կարծէինք նաեւ որ կենդանիները չեն վարակուիր այդ համաճարակէն, որովհետեւ անոնց ախտամերժութեան դրութիւնը  (immunity system) աւելի զօրաւոր է քան մարդկանցը։

Սակայն նոր յայտնութիւն մը եկաւ ժխտելու մեր կարծիքը եւ փաստեց թէ կենդանիներն ալ կրնան վարակուիլ այդ ժահրէն։ Ուրեմն ի՞նչ է այդ դէպքը որ լոյս սփռեց կենդանիներու վարակման՝ «Քորոնա» ժահրէն։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Ուրեմն Նիւ Եորքի Bronx կենդանաբանական պարտէզի բնակիչներէն չորս տարեկան Մալէզէական (Malayan) վագր մը՝ (տես նկարը) Նատիա անունով, չոր հազի մը բռնուած է եւ սկսեր է ախորժակն ալ կորսնցնել։ Երբ անասնաբուժը՝ Dr. Paul Calle, քննութեան ենթարկած է զինք, յայտնաբերուած է որ կը տառապի «Քորոնա» ժահրէն։

Աւելին, երեք այլ վագրեր եւ երեք առիւծներ ալ նոյն ախտանշանները ցոյց տուած ըլլալով, Տոքթ. Calle նմուշներ (samples) առած է Նատիայէն եւ զանոնք ախտաճանաչման համար ղրկած է Նիւ Եորքի Գորնէլ համալսարանի եւ Իլլինոյի համալսարանի անասնաբուժական գոլէճներն ու Այոուայի ազգային անասնաբուժական ծառայութեանց տարրալուծարանը։ Բոլորին ալ պատասխանը եղած է նոյնը՝ դրական։

Զարմանալի չէ՞, կենդանիները որոնք առանձնացած են իրենց որջերուն մէջ, ինչպէ՞ս կրնան վարակուիլ այդ ախտէն։ Անոնք միջոց չունին մարդոց հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու, ի բաց առեալ իրենց հոգածութեան նշանակուած արհեստավարժ ծառայողներէ։

Մեզի կ՛զգուշացնեն դուրս չելլել, մարդոց հետ յարաբերութեան չմտնել եւ միայն անհրաժեշտ կարիքներ հոգալու համար երթալ՝ դեղարան, շուկայ եւ կամ դրամատուն։

Բայց ինչպէ՞ս բացատրել ան հանգամանքը՝ որ կենդանիներն ալ որոնք իրենց տեղէն չեն շարժիր, կրնան վարակուիլ այդ ախտէն։ Եթէ բացատրութիւն մը գտնէք, հաճեցէք իմաց տալ եւ խորին շնորհակալութիւն . . . 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ


 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ