Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ-ի Երախտաւորները Վարուժան Խաչատուրեան (1924, Լաթաքիա – 2012, Կլենտէյլ)

Երախտաւոր Վարուժան Խաչատուրեան ծնած է Սուրիոյ ծովեզերեայ Լաթաքիա քաղաքը, 24 Ապրիլ 1924-ին, Կիլիկիոյ պարպումէն ետք Հաճընէն տեղահան եղած Արթին եւ Թշխուն  Խաչատուրեանի համեստ յարկին տակ: Փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ հայրը ու կ’ապաւինի իր մօրեղբայրներու խնամքին, որոնք Հաճնոյ ծանօթ Կոստանեան գերդաստանէն էին, եւ նոյնպէս եկած էին Լաթաքիա:

Ծովեզերեայ այս քաղաքը դարձած էր կիլիկեցիներու համար առաջին կայանը, ուր սկսած էր կազմակերպուիլ փոքրաթիւ համայնք մը, իր նախակրթական վարժարանով: Այնտեղ գոյութիւն ունէր նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղ մը, որ  կազմուած էր Ալեքսանտրեթէն հոն հաստատուած միութենական անդամներէ:

Վարուժանը իր հասակակիցներուն հետ կը յաճախէ տեղւոյն Յակոբեան նախակրթարանը: Միութենական կեանքի հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը պատանի տարիքէն զինք կը մղէ դառնալու անդամ՝ տեղւոյն Բարեգործականի (Հ.Բ.Ը.Մ.) մասնաճիւղին, որպէս պատանի անդամ, ուր սկսած էին յաճախել նաեւ իր հասակակից դպրոցական ընկերները:

1939-ին, երկրորդական իր ուսումը շարունակելու նպատակով կը մեկնի Կիպրոս, մուտք գործելու Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն, ուր տարի մը առաջ մեկնած էր երէց եղբայրը՝ Արամը:

Մելգոնեանի մէջ ան իր հետաքրքրութիւնը աւելի շատ կը կեդրոնացնէ առեւտրական դասընթացքներուն վրայ: Որպէս Բարեգործականի հաստատութիւն, Մելգոնեանէն ներս գործող մարզական ու արիական շարժումները  աշակերտութիւնը խանդավառ մթնոլորտի մէջ կը պահէր, մանաւանդ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի շրջանին, եւ այդ խանդավառութենէն անմասն չի մնար նաեւ Վարուժան եւ կ’ընդունի իր մասնակցութիւնը բերել Արիական խումբին, դառնալով Արիական շարժումի առաջնորդներէն:

Այդ ընթացքին, Խաչատուրեան ընտանիքի հարազատները Լաթաքիայէն արդէն տեղափոխուած էին եւ հաստատուած էին Լիբանան: Վարուժանն ալ Մելգոնեան հաստատութիւնը աւարտելէ ետք՝ 1944-ին, կու գայ Պէյրութ, միանալու իր հարազատներուն: Իր նախասիրած առեւտրական ճիւղին մէջ հմտանալու համար, ան շուրջ տարի մը կը պաշտօնավարէ Archer հաստատութեան մօտ:

1945-ին, եղբօր Արամի հետ կը հիմնէ Khachadourian Trading Company առեւտրական հաստատութիւնը, Պէյրութի մէջ: Խաչատուրեան եղբայրները հագուստեղէնի մեծաքանակ արտածման կը ձեռնարկեն, ու իրենց հիմնած առեւտրական հաստատութիւնը կարճ ժամանակի ընթացքին մեծ յաջողութեան կը հասնի: Հաստատութեան կողմէ արտածում կը կատարուի մերձակայ գրեթէ բոլոր արաբական երկիրները:

Վարուժան, որպէս միութենական, իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հ.Ե. Ընկերակցութեան Պէյրութի մէջ ծաւալող շարժումներուն: Գաղափարական իր համոզումով, 1945-ին մուտք կը գործէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերը, միանալով իրեն սերնդակից երիտասարդ շարքայիններուն, որոնցմէ շատեր Մելգոնեանէն ներս եղած էին իր դպրոցական ընկերները: Հետզհետէ ընդարձակելով իր ազգային հասարակական գործունէութիւն, ան իր խանդավառ մասնակցութեամբ մաս կը կազմէ նաեւ Բարեգործականի տեղական վարչական մարմիններուն, որուն անդամագրուած էր դեռ պատանի տարիքէն, Լաթաքիոյ մէջ:

Արամ եւ Վարուժան Խաչատուրեան եղբայրներու առեւտրական հաստատութիւնը սկսած էր կերտել փայլուն յաջողութիւն: Իրենց գործունէութեան առաւել զարգացման նպաստելու նպատակով աշխատանքային յաճախակի ճամբորդութիւններու ընթացքին,  Վարուժան առիթը բաց չէր թողեր ծանօթանալու միջինարեւելեան երկիրներու գաղութներուն մէջ ծաւալող ազգային ու հասարակական եռուզեռին:

Պէյրութի մէջ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ձեռնարկած ծրագիրներուն եւս Վարուժանն ու եղբայրը՝ Արամը, կը նպաստեն իրենց անվերապահ ներդրումով: Արամը կը դառնայ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ, երկար տարիներ:

1957-ին, Վարուժան կեանքի ընկեր կ’ընտրէ Սեդա Մեյմարեանը, ու անոնք կը բախտաւորուին երկու մանչերով՝ Վիգէն եւ Սեւակ եւ դուստրով մը՝ Մարալ: Սեդան ալ իր հերթին Պէյրութի մէջ իր ժրաջան մասնակցութեամբ երկար տարիներ մաս կը կազմէ եւ կը ծառայէ Տիկնանց միութենական կազմերուն աշխատանքներուն:

Խաչատուրեան ամոլը իրենց երեք զաւակները կ’ուղարկեն Պէյրութի Բարեգործականի վարժարանները, ուր անոնք հասակ կ’առնեն հայկական միջավայրի մէջ ու կը հետեւին իրենց ծնողաց օրինակին:

Երախտաւորին հասարակական կեանքը աւելի կը հիմնաւորուի, երբ ան մաս կը կազմէ ՌԱԿ-ի Լիբանանի շրջանակի ղեկավարութեան ու մօտէն կը գործակցի Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու մարմնի անդամներուն, ՌԱԿ-ի երախտաւոր Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի, Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի, Գերսամ Ահարոնեանի, Յակոբ Դաւիթեանի եւ Հայկաշէն Ուզունեանի հետ:

Վարուժանի ստանձնած պատասխանատու պաշտօնները, Պէյրութի մէջ, զինք կ’առաջնորդեն որ ինքն ալ մաս կազմէ Հ․Ե․Ընկերակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան, 1972-ին: Այս շրջանին Պէյրութի արեւմտեան շրջանէն ներս արդէն բացումը կատարուած էր «Ալեք Մանուկեան» գեղակերտ կեդրոնին, ուր կը գործէր Բարեգործականի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովը, իր կրթական յանձնախումբով: 1968-ին ալ Վարուժան եւ եղբայրը՝ Արամ, արժանացած էին Հ.Բ.Ը.Միութեան վարժարանի վկայականին:

1975-ին սկիզբ կ’առնէր Լիբանանի եղբայրասպան քաղաքացիական բախումները, ու Լիբանանահայութեան երբեմնի հասարակական աշխոյժ եռուզեռը կը նուազէր, գտնուելով անորոշ կացութեան մը առջեւ:

Այդ օրերուն Խաչատուրեանին կը վստահուի Լիբանանի ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան ատենապետութիւնը: Անոր առաջին պարտականութիւնը կ’ըլլայ ապահովել ՌԱԿ-ի շրջանակի մասնակցութիւնը Պէյրութի միջ-համայնքային եւ կուսակցական մարմնին: Ատենապետի հանգամանքով ան յաճախակի կապի մէջ կը մտնէ մերձակայ արաբական երկիրներու հետ, մանաւանդ Պարսից Ծոցի փոքրաթիւ, բայց ունեւոր գաղութին հետ, բան մը, որ կարելի կը դարձնէ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ ուղարկուած պատուիրակութեան միջոցաւ շօշափելի օժանդակութիւն ապահովել Լիբանանահայ գաղութին: Շրջանային Վարչութեան երկամեայ շրջանը բոլորելէ ետք, Խաչատուրեան 1977-ին կը միանայ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան կազմին, ու այդ հանգամանքով կ’ուղարկուի ՌԱԿ-ի զանազան շրջանակներ (1977-82):

Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու մարմնի կազմը, որ կորսնցուցած էր իր անդամներէն երեքը, 1986-ին կը համալրուի նոր անդամներով, որոնց մէջ էր նաեւ երախտաւորը: Ան իր խանդավառ մասնակցութեամբ կը սատարէ եւ մեծ ներդրում կ’ունենայ Թ.Մ.Մ.-ի նոր ծրագիրներուն: Իր հասարակական այս պաշտօնին վրայ ան կը մնայ շուրջ 12 տարի:

Խաչատուրեան, 1998-ին, իր կողակցին հետ վերջնականապէս կը տեղափոխուի Լոս Անճելըս, ուր արդէն տարիներ առաջ  մեկնած էին իր զոյգ մանչերը, ուսանելու նպատակով եւ հաստատուած էին Գալիֆորնիա:

Լոս Անճելըսի մէջ եւս, անկախ յառաջացած տարիքէն, երախտաւորը նոյն եռանդով հետեւողական հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէր, մօտէն հետեւելով  եւ մասնակից դառնալով տեղւոյն հասարակական կեանքի եռուզեռին:

Երախտաւորը, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, իր աչքերը կը փակէր Կլենտէյլի մէջ՝ 2012-ի Դեկտեմբերին:

 

***

Խաչատուրեանի եղբօր որդին՝ Նարը, եւ փեսան՝ Տօքթ. Յովիկ Վարդանեանը, Պէյրութի մէջ անդամ  են Թ.Մ.Մ.ի Հիմնադիրներու մարմնի կազմին։

 

ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ