Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Bonjour Madame

Միյտան Օփերայի ընդարձակ հրապարակին վրայ աղաւնիներ չկային, եւ քաղաքին մէջ ալ, ուրիշ տեղերու պէս, բացավայրերու վրայ եգիպտացորենի հատիկներով աղաւնիներ կերակրելու սովորութիւն չկար:
Բայց փոխարէնը՝ հրապարակի լայն տարածութեան մէջտեղը, կար Մոհամմատ Ալիին պրոնզէ ձիու վրայ հեծած մոխրագոյն արձանը, որուն գլխուն վրայ, հեռուէն եկած կամ յոգնած թռչուններ, ցերեկուայ ժամերուն կ’իջնէին ու պահ մը վարէն անցնող կառքերը դիտելէ եւ հանգստանալէ յետոյ, յանկարծ կը թռէին ու դիմացի ճաշակաւոր շէնքերուն ետեւ կ’անհետանային…:
Ալպանացի Մոհամմատ Ալին, 1800ական թուականներուն կարեւոր անձնաւորութիւն եղած էր Եգիպտոսի մէջ եւ երկար ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան փոխարքայի կարեւոր պաշտօնը վարած էր:
Արձանը քարէ բարձր պատուանդանով պատկառազդու էր, եւ ամառուայ տաք օրերուն, առջեւի շատրուաններէն օդին մէջ բարձրացող ջուրը, որոշ բարձրութեան մը հասնելէ յետոյ, ինքնիր վրայ կը փլէր եւ լոյսին դէմ թափանցիկ ուլունքներու վերածուելով, շռա՜՜փ-շռա՜՜՜փ աւազանին եւ շուրջի մայթերուն վրայ կը թափէր ու շուրջը կը զովացնէր…:
Մոհամմատ Ալիին արձանը, քաղաքին Եւրոպական ոճով շինուած գեղեցիկ շէնքերու մասին մէջ կը գտնուէր եւ իր դիմաց, հրապարակի ձախ կողմի դարձուածքի սկիզբին ալ, Casino Opera անունով շքեղ ճաշարան մը կար, ուր տեղացի կամ օտար ծանօթ երգիչներ, գիշերները մինչեւ ուշ ատեն ելոյթ կ’ունենային եւ իրենց երգերով ճաշարանին յաճախորդները կը զուարճացնէին:
Այն օրերուն, Լիբանանցի երգիչ Ոատիհ Սաֆին ալ , Գահիրէ կու գար եւ ճաշարանին մէջ երգելու համար, տարին մէկ անգամ ամբողջ եղանակ մը հոն կ’անցնէր:
Իր հոն գտնուած ամիսներուն, Քազինօյին տէրը, ճաշարանին մուտքի սանդուխներուն վրայ, երգիչին փայտէ կառոյցով եւ բնական հասակով պատկերը, ճաշարանին առջեւի մայթէն գացող-եկող անցորդներուն հպարտօրէն կը ցուցադրէր:
Պատկերին մէջ Ուատիհը ձեռքին ուտ մը բռնած, դէմքին յաղթական ժպիտով կ’երեւար: Ես չէի սիրեր Ուատիհին այդ պատկերը, ոչ ալ իր երգած երգերը: Անոնց բոլորին ընկերացող իր ուտի խեղդուկ «Տը՛ն, տը՛ն, տը՛ն» ձայնին դիմաց, ես կը նախընտրէի թափող ջուրի
կաթիլներու բարակ ձայնով քանոնը, որ արեւելքի մէջ ուտի չափ գործածուած էր ու Եգիպտոսի մէջ ալ շատ սիրուած:
Բայց ըսողներ կային որ Ուատիհի երգերը գեղեցիկ էին եւ անոնց մէջ արեւելեան գիշերներու ջերմութիւնը կը զգացուէր:
Ուտը Միջինարեւելքի մէջ երաժշտական զգայուն գործիք էր: Անոր լարերու թրթռացումներուն մէջ, անապատներէն փչող հովերու երգող ձայնը կար, որոնց արեւելեան անքուն գիշերներու մէջ պատմուած, սիրոյ երկար պատմութիւններ կ’ընկերանային…: Սակայն ասկէ զատ, ուտը հեռաւոր կարօտներու, ցաւերու եւ այրած սրտերու ալ գործիք էր ու թերեւս ալ այդ պատճառով, Ուատիհի գիշերային ելոյթներուն, Միյտան Օփերայի ճաշարանը դիւրին կը լեցուէր: Բայց ես չէի սիրեր Ուատիհին երգերը, ոչ ալ անոնց բոլորին ընկերացող ուտին ձայնը, որուն խեղդուկ « Տը՛ն, տը՛ն, տը՛ն…» ը հաճելի չէր գար ականջներուս: Անոր դէմ ես կը նախընտրէի քանոնը, որ երբ արեւելեան հանդէսներու ներածական մասերուն մէջ solo նուագուէր, ինծի այնպէս կը թուէր, թէ նուագածուն ձեռքի արագ հարուածներով, լարերուն ձայներովը գործիքին վրայ ասեղնագործի նուրբ աշխատանք կը հիւսէր:
Ես կը սիրէի քանոնի լարերէն ջուրի կաթկթող բարակ ձայնը :
Սակայն ուտը սիրողներ ալ կային եւ մինչեւ իսկ Քազինօ Օփերայի եգիպտացի կամ օտար ուտը սիրող յաճախորդներէն զատ, դեռ Եգիպտահայ գաղութին մէջ ալ այդ նուագարանը սիրողներ ու նուագողներ կային:
Բայց անոնք հին սերունդէն էին եւ յատկապէս արեւելեան երաժշտութիւն կը սիրէին:
Կը յիշեմ մանաւանդ քառասունի երկրորդ կէսերը շատոնց անցած միջահասակ պրն Ժորժը, որ կապոյտ աչքերով, Papillon փողկապ կը գործածէր եւ հարսնիքներու կամ տուներու մէջ եղած խնճոյքներու ժամանակ միշտ կը յիշուէր ու կը կանչուէր: Ան հաստ փորով ուտը գիրկը, առջեւն ալ պզտիկ սեղանի մը վրայ շիշ մը լեցուն խմիչքով եւ շարուած գաւաթներով, կ’երգէր եւ շուրջը նստողները կը զուարճացնէր:
Առաջին երգէն յետոյ շուրջիններու խնդրանքին վրայ, ուրիշներ կը յաջորդէին ու անկէ ետք քանի մը փոքրիկ գաւաթներ քանի մը անգամ պարպուելէ ետք, երբեմն շուրջը նստողներն ալ, քիչ մը վարանոտ ու անվստահ կը մասնակցէին երգին:
Բայց ուտը «տընտընացնողը» եւ ձայներու «առջեւէն քալող»ը պրն Ժորժը կ’ըլլար միշտ:
Բայց պրն Ժորժը Ուատիհին պէս արհեստավարժ երգիչ չէր եւ միայն երբ մասնաւոր առիթներով ընտանեկան շրջանակներու մէջ զինք կանչէին, կու գար ու կ’երգէր: Սակայն իր նուագելու ձեւը եւ երգերը ուրիշ էին Ուատիհէն եւ գործիքի լարերն ալ տարբեր ձայներ կը հանէին իր ձեռքի հարուածներուն տակ: Անոնց իւրաքանչիւրին մէջ, մեր հին երկրի երկինքին վրայ, ամպէ ամպ անցած եւ Եգիպտոս հասած արեւելեան երգերու անուշութիւն մը կար, որ հայութեան ու թրքախօս հօրաքոյրիս հետ կապող թել մըն էր ինծի համար:
Պրն Ժորժը երգերու անվերջանալի ցանկ մը ունէր միտքին մէջ : Խնճոյքներուն ան երկար կը նուագէր, կը քրտնէր եւ միայն պզտիկ դադարներու ժամանակ կը կենար: Այն ատեն գրպանէն ճերմակ թաշկինակով ճաղատ գլուխը կը չորցնէր եւ օղիով լեցուն ապակիէ պզտիկ գաւաթը պարպելու համար երբ գլուխը ետ տանէր, կապոյտ աչքերը սենեակի լոյսին դէմ գրեթէ միշտ կը փայլէին:
Այդպէս էր պրն Ժորժը եւ այդպէս ալ մնացած էր իր պատկերը միտքիս մէջ, երբ գիշեր մը, Նեկտարին՝ մօրաքրոջս աղջկան նշանտուքին եկաւ ու երգեց:
Ես այն գիշերը հազիւ տասը կամ տասնմէկ տարեկան տղայ էի: Բայց անկէ յետոյ օրեր եւ երկար տարիներ անցան, ու ես պրն Ժորժը ուրիշ անգամներ տեսնելու առիթը չունեցայ: Ես գրեթէ մոռցած էի իր լման դիմագիծը, բայց իր ուտը նուագելու ձեւը եւ ձեռքի հարուածներուն տակ, գործիքի լարերուն հանած ձայնը դեռ կը յիշէի:
1957 թուականի Յունիս կամ Յուլիս ամիսներու մէջ, ընտանեկան խնճոյքներէ տարբեր գիշեր մը, ես Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանի Memorial hall անունով սրահին մէջ կը գտնուէի: Այն տարին դպրոցի ութերորդ կարգէն շրջանաւարտ ըլլալու տարիս էր եւ արեւի պէս զօրաւոր լոյսերով վառած բեմին վրայ, Գալուստեան վարժարանի տնօրէն պրն Պապիկեանը, նախակրթարանի եւ միջին կարգերու մեծ թիւով աշակերտներու ներկայութեանը, վկայականներու եւ մրցանակաբաշխութեան հանդէսը կը վարէր: Քովը սեղանի մը վրայ ոլորուած վկայականներ եւ գիրքեր շարուած էին եւ քիչ անդին ալ չորս կամ հինգ բազմոցներու վրայ, հոգաբարձուներ եւ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Մամբրէ Արք. Սիրունեանը բազմած էին:
Հանդէսը բաւական յառաջացած էր, երբ պրն Պապիկեանը սեղանին քով ոտքի կեցած , անուններու ցանկին մէջ
-Պօհճալեան Կարպի՜ս …. կանչեց
Memorial Hallին բեմէն վար մեղմօրէն լուսաւորուած սրահին մէջ ձայնը շրջան ըրաւ: Բայց բեմին վրայ կեցած ընկերներուս շարքը խիտ էր, ուշացայ ճամբայ բանալու:
-Պօհճալեան Կարպի՜ս … կրկնեց պրն Պապիկեանը
Երբ վերջապէս առջեւ հասայ, պրն Պապիկեանը շրջանաւարտութեան վկայականս ինծի յանձնեց եւ իրմէ քիչ անդին գտնուող դպրոցի հոգաբարձուներէն, պատմաբան Արշակ Ալպոյաճեանի « Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ » հաստափոր երկու հատորները մրցանակ ստացայ:

*
* *

Հանդէսէն երկու օր անց, հօրս մասնաւոր կարել տուած պէժ գոյնով երկար տաբատը, սենեակիս հագուստներու պահարանին մէջ կախուած կը մնար եւ պատուհանէն ներս մտնող յետմիջօրէի զով հովը , «Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ» բաց էջերուն հետ կը խաղար:
-Ելի՛ր,- ըսաւ մայրս երբ սենեակ մտաւ,- ելի՛ր տեղ պիտի երթանք…:
Զարմացայ մենք այն օրուան համար մասնաւոր տեղ չէինք որոշած երթալու:
-Ու՞ր,- հարցուցի հետաքրքրուած:
-Ելի՛ր,- կրկնեց մայրս եւ յետոյ սենեակս կարգի դրած ժամանակ, – երբ տեղ հասնինք հարցումիդ ուր ըլլալը կը տեսնես աւելցուց:
Մեր տունէն ոչ շատ հեռու, Միյտան Օփերայի մօտերը, թրամվայներու գիծը քաղաքի Աթապայի գլխաւոր հրապարակէն աջին կը դառնար եւ Մուսքիի, Խան Էլ Խալիլի շուկաներուն եւ Ալ Ազհար մեծ մզկիթին կողմերը կ’ուղղուէր:
Երբ թրամվայը Խան էլ Խալիլի շուկային մօտեցաւ, մայրս
– Պատրաստուէ, յաջորդ կայարանին պիտի իջնենք,- ըսաւ:
Խան էլ Խալիլը Գահիրէի ժողովրդական թաղերու մասին մէջ, նեղ փողոցներով, թուրիստներու հին եւ կարեւոր շուկայ էր:
Հոն քով քովի խանութներու մէջ, արուեստի ձեռային աշխատանքներու, խայտաբղետ գոյներով հագուստներու, կերպասներու, լապտերներու, ալապաստրէ ծաղկամաններու, փղոսկրէ փարաւոնական արձանիկներու, եւ տարբեր մետաղներով ընդելուզուած պղինձէ մեծ, պզտիկ ու միջակ չափերով փայլուն ափսէներու շուկայ էր:
Մենք այն օրը անցանք դուրսը կլոր կամ քառակուսի սեղանիկներու վրայ շարուած կլկլակներ, մետաղէ արձանիկներ, բուրգեր եւ լեցուն ամաններու մէջ ալ, բախտ տուող քարէ կանանչ scarabee՛ ներ ծախող խանութներու առջեւէն ու Էլ Ֆիշաուի անունով հայելիներով զարդարուած հին սրճարանին մօտերը, ցուցափեղկերու մէջ վառած լամպերու դեղին լոյսերու տակ, ոսկիէ զարդեղէններ, վզնոցներ, ապարանջաններ, եւ մատանիներ ծախող խանութի մը առջեւ կանգ առինք:
Ներսէն միջին տարիքով մարդ մը քաղաքավար խնդաց եւ ֆրանսերէնով,
-Bonjour madame,- ըսելով ցուցափեղկին առջեւ մեզի մօտեցաւ:
Սակայն այդպէս էր Գահիրէն այն օրերուն եւ զարմանալի բան չկար: Ան միջազգային քաղաք էր, եւ Խան էլ Խալիլի պէս թուրիստներու շուկային մէջ, վաճառորդները ամէն լեզու կը խօսէին եւ համեմներու բոյրով յագեցած փողոցներուն մէջ ալ, դիւրին էր յաճախ ամէն կողմէ եկող օտար լեզուներու եւ ձայներու հետ, թուրիստներու արաբերէն գիտցած միակ բառը՝ «Շուքրան»ը, եւ վաճառորդներուն ալ «Աֆուան» պատասխանը լսելը:
Մայրս արաբերէնով մարդուն բացատրեց ուզածը, եւ մատով ցուցափեղկին մէջ ցոյց տուաւ ընտրածը: Խանութպանը մեզ անմիջապէս ներս հրաւիրեց, յետոյ բանալիով բացաւ ցուցափեղկին դուռը եւ լամբերու դեղին լոյսերուն տակէն, արեւէն աւելի փայլուն, ոսկիէ դեղին մատանի մը դուրս հանեց:
Ես ապշած մնացի: Շատոնց կ’ուզէի մատիս ոսկիէ մատանի մը ունենալ: Մարդը փորձեց մատանին մատս անցնել, բայց մայրս չձգեց: Առաւ մատանին իր ձեռքով մատս անցուց եւ
-Կարօ, այս մատանիդ ես եմ…զիս երբեք ձեռքէդ չհանես ըսաւ:
Ես գիտէի թէ մայրս այդ մատանիին դրամը մեծ զոհողութիւններու գինով հաւաքած էր եւ այն օրերուն դիւրին չէր մեզի ոսկիէ մատանի գնելը:
Դուրսը մօտիկ Էլ Ֆիշաուի սրճարանին առջեւէն երբ անցանք, ներսը ձեղունէն ծոյլ-ծոյլ դարձող հովահարներու թեւեր, ուտով նուագուած եղանակի մը կտորները, բարակ ցօղի պէս սրճարանէն դուրս կը տարածէին…: Միտքիս մէջ անմիջապէս Միյտան Օփերայի դարձուածքի բարձր մասին վրայի ճաշարանէն եկող Ուատիհի ձայնէն եւ պրն ժորժին Նեկտարին նշանտուքի գիշերուայ երգածներէն կտորներ կեանք առին եւ հոգեբանական անբացատրելի վայրկեանի մը մէջ, երկուքին ուտը յանկարծ հաճելի թուեցաւ ինծի …:
Դեռ լաւ չէր մթնցած երբ արեւի ճառագայթ մը մատանիիս վրայ նստեցաւ եւ փայլ արձակեց: Անկէ յետոյ մայրս ու ես մինչեւ թրամվայի կայարանը քով քովի քալեցինք: Երբ թրամվայը մօտեցաւ եւ մօրս դէմքին նայեցայ, տեսայ որ ուրախ էր:
Խորհեցայ որ այդ ուրախութեան պատճառը միայն իր ձեռքով մատս անցուցած մատանին կրնար ըլլալ, որ ստացած թուղթէ վկայականիս հետ, իրեն համար յատուկ նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ երկուքը զատ զատ, յետագայի կեանքիս մէջ յաջողութեան եւ սիրոյ կրկնակի գրաւական կը նշանակէին:
Մայրս գոհ էր եւ դէմքին վրայ ժպիտ կար: Դժուարութիւններու դէմ շահուած ժպիտ:
Երբ բաւական սպասելէ յետոյ ոտքերնիս թրամվայէն ներս դրինք, ես ուզեցի որ արդէն մեծցած ըլլայի, որպէսզի յաջողութեանս մասին իր ունեցած յոյսերը արդարացնէի….:
Դուրսը փողոցի լոյսերը հիմա արդէն վառած էին եւ թրամվայը ուշացած շոգեկառքի պէս գիծերուն վրայ արագ կը վազէր: Սակայն մենք մտահոգութենէ ազատ էինք եւ մօրս դէմքին վրայ ժպիտը դեռ կը շարունակուէր:
-Միայն թէ այս ժպիտը գոնէ երկար տեւէր ու մինչեւ մեծնալս սիրտին մէջ մնար,- խորհեցայ եւ միտքէս անցածը ինքզինքիս հաստատելու համար, սուրացող թրամվայի աղօտ լոյսին մէջ, անգամ մը եւս մօրս դէմքին նայեցայ …:

 

 

Top of Form

Bottom of Form

 

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ