Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայրենիքին Համար Բոլորս Պատասխանատու Ենք

 

Վերջին ժամանակաշրջանին  երեւոյթ մը կայ, որ կը ստիպէ, մեզի դէմ յանդիման գտնուիլ ոչ այնքան հաճելի իրողութեան մը հետ: Երեւոյթ մը, որ օր օրին աւելի կ՛աճի ու զարմանալիօրէն տեղ կը գտնէ մեր ժողովուրդին մօտ, ըլլան անոնք Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ:  Խօսքս անառողջ քննադատութեան եւ ատելութեամբ լեցուած հրապարակային եւ անձնական խօսքին կը վերաբերի: Այն ինչ կը տեսնենք, թէ՛ մեր շուրջը, թէ համացանցի վրայ եւ թէ՛ լրատուամիջոցներու մէջ, մեզի կը ստիպէ ցաւ զգալ որպէս հայ, այն հայերու համար, որոնք իրենք ալ  չի նկատելով կը վերածուին թունաւոր խօսքի մեծ վարպետներու:

          Հետաքրքրական է, որ հայերս բաժանուած ենք երկու բանակի. անոնք, որոնք հայրենիքը կը պաշտպանեն արտաքին, ներքին թէ մեր առողջութեան սպառնացող թշնամիներուն դէմ եւ անոնք, որոնք անանուն՝ հրապարակաւ կը թունաւորեն, կը քննադատեն, կը պախարակեն, կը վարկաբեկեն, կը ստորնացնեն կամ պարզապէս  անձնական վիրաւորանք կը հասցնեն այլ անձերուն եւ անոնց կատարած աշխատանքին:  Բայց այս ամենը այդքան պախարակելի չէր ըլլար, եթէ այդ ըլլար առերես եւ բաց ճակատով: Այդ կրնար  համարուիլ ազատ խօսքի իրաւունքով խօսող, սեփական կարծիք ունենալու խիզախութիւն  եւ առողջ քննադատութիւն ունեցող մարդու խօսք: Բայց եկուր տես, որ այս՝ «ամեն ինչ գիտցող բժիշկ-քաղաքագէտ-լեզուաբան-միջազգայնագէտները» կը խուսափին իրենց խօսքը ուղղել հրապարակաւ ու բացէ ի բաց: Անոնք իրենց սեւ գործը կ՛ընեն անանուն նամակներու, կեղծ օգտատէրերով ընկերային համացանցի էջերու եւ անստորագիր նամակներու միջոցով:

          Սակայն այս ամեն բանին  մէջ զարմանալի տակաւին այս  չէ, այլ այն հանգամանքը, որ ամենագէտ-քննադատները գործնականին մէջ բացարձակապէս ոչ մէկ ընդհանուր բան ունին իրենց ստեղծած բանաւոր կերպարին հետ, եւ երբ ժամը կու գայ գործելու, օգնելու, որոշելու, փոխելու, յանկարծ բոլոր տեսակ առաջին գիծերուն վրայ կը յայտնուին ոչ թէ վերը նշուած հայու շերտը, այլ այն նուիրեալները, որոնք ամեն տեղ առաջինն են իրենց անձը յառաջ նետող ի շահ հայրենիքին, ըլլայ ան  պատերազմ,  հիւանդութիւն թէ պետութեան պահպանման համար կարեւոր այլ երեւոյթ:

          Եւ ուրեմն ինչը կը  խանգարէ մեզի դադրիլ  զազրախօսութեամբ սեփական անձը մեծարել եւ անոր փոխարէն իրապէս հայրենանպաստ գործով զբաղուիլ: Չէ՞ որ հայրենիքի համար բոլորս պատասխանատու ենք, հայրենիքը բոլորիս սեփականութիւնն է, հայրենիքը  իւրաքանչիւրիս մանկիկն է, որուն պիտի պաշտպանենք ու խնամենք, հայրենիքը մեր ընտանիքն ու տունն է: 

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ