Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Տիկին Վեհանոյշ Մելիտոնեան-Պետիրեանի Շիջման Տխուր Առիթով

Ոչ եւս է լիբանանահայ նախկին երկարամեայ կրթական մշակ և հայ մշակոյթի ամբողջանուէր ծառայ Տիկին Վեհանոյշ Մելիտոնեան-Պետիրեան (այրին` բանաստեղծ, պատմաբան և երախտաշատ ուսուցիչ Լևոն Վարդանի), որուն թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 21 Մայիս 2020-ին, Լոս Անճելըս։

Հանգուցեալը դուստրն էր բարեհամբաւ տէր և տիկին Հրանդ Մելիտոնեան ընտանեկան յարկին։ Մեր ծանօթութիւնը կը կրէ յիշատակները 1947-ական թուականներու` տարածուելով մինչև իր մեկնումը Լոս Անճելըս։

Ուսումնառութիւնը` Պէյրութ` Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վարժարան, ապա` Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան և հուսկ` կ՚ըլլայ ՀԲԸՄ-ի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի առաջին շրջանաւարտուհիներէն, երբ նոյն տարիներուն կը պաշտօնավարէր ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի Դարուհի Յակոբեան աղջկանց երկրորդական վարժարանէն ներս։

Իր պատանութեան գրական փորձեր կատարած էր, որոնք հետագային իրենց արտայայտութիւնը գտան մշակութային մարմիններէ ներս ունեցած գլխաւոր դերակատարումներով, յատկապէս` ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան Կեդրոնի Մշակութային յանձնախումբի և Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումէն ներս։

Արդարև, տիկին Վեհան Պետիրեանի ազգային-հասարակական բեղուն գործունէութիւնը արժանի է արդար գնահատանքի. յատկապէս, իր ամուսնոյն՝ Լևոն Վարդանի պատմագիտական անտիպ մնացած երկերուն հրատարակութեան անփոխարինելի ու նախանձախնդիր գործին մէջ։

Կը հաւատամ, որ բարի օր մը պիտի ողջունենք ամբողջական մատենագիտութիւնը Լևոն Վարդանի գրական-պատմագիտական բազմաճիւղ և հարուստ ժառանգութեան։

Անշուշտ, նոյնպիսի մօտեցումի պիտի արժանանայ նաև ողբացեալ տիկին Վեհան Պետիրեանի տարած աշխատանքը։ Վկայ` լիբանանահայ մամուլի էջերէն քաղուած ընտրանիի մը մատուցումը իր ընթերցողներուն ու բարեկամներուն։

Այս տխուր առիթով, մեր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնենք ողբացեալին վշտակիր որդւոյն` Վարուժանին և իր ընտանիքին, կրտսեր եղբօր՝ բժիշկ Յովիկ Մելիտոնեանին եւ համայն հարազատներուն, երբեմնի գործակիցներուն ու բարեկամական շրջանակին։

Երկրաւոր կեանքը տիկին Վեհանին եղաւ «օրինակելի» բառին ամբողջական իմաստով։ Հետամուտ` հայերէն լեզուին ուղիղ գործածութեան, հայ գիրին ու գրականութեան հանդէպ իր անմնացորդ սիրոյն ու գուրգուրանքին, եւս առաւել` հայ եկեղեցւոյ ու մեր բարոյական ըմբռնումներուն հաղորդակից իր հոգին պիտի մնայ զինք մօտէն ճանչցողներուն քով իբրև «մնայուն յիշատակ»։

Յաւերժ Լոյս և Խաղաղութիւն քու «հայութեամբ տառապող հոգիիդ» մեր թանկագին հարազատ Վեհան։

Բարի յաւերժաերթ քեզի` Ամբողջական Հայուհի։

Երկնային լոյսերու մէջ թող հանգչի հոգիդ և յիշատակդ մնայ ջինջ ու պայծառ։

 

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ