Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Որպէս Խունկ Ու Աղօթք Յարութ Տեմիրճանի Յիշատակին

 

Յարութի մահով՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը կորսնցուց իր հաւատաւոր անդամներէն եւ երկար տարիներ կամաւոր կերպով ծառայող զինուորներէն մին եւս։

Ես Յարութը ճանչցայ Փասատինայի մէջ՝ երբ ան ՀԲԸ Միութեան մարզական պատասխանատու եւ աղջկանց պասքէթպոլի խումբի մարզիչն էր։ Ան ջանք չէր խնայէր աղջկանց խումբը մարզելու եւ պատրաստելու որ մասնակցին Միութեան կազմակերպած Նաւասարդեան խաղերուն։

Նաւասարդեան խաղերէն առաջ, Յարութը կը կազմակերպէր ձեռնակներ որպէսզի անոնցմէ գոյացած հասոյթը յատկացնէր մարզիկներու մասնակցութեան սակին։ Ան աղջկանց պասքէթպոլի խումբով մեկնեցաւ Հայաստան, Գանատա, Արժանթին եւ մինչեւ իսկ հեռաւոր Աւստրալիա։

Յարութը հանդիսացաւ նաեւ մղիչ ուժը՝ ՀԲԸ Միութեան Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան հիմնադրութեան Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ։ Յարութին նուիրումը եւ ծառայասիրութիւնը վարակիչ դարձաւ եւ ներառեց շատ մը պատանիներ ու երիտասարդներ՝ Միութեան շարքերէն ներս։

Երբ Յարութին կեանքին վրայ ակնարկ մը նետեմ՝ կը մտաբերեմ այն սիրայօժար ծառայողը որ մնաց շուքի մէջ, ինչպէս ամերիկացին պիտի բնութագրէր զայն որպէս unsung hero։

Unsung hero, որովհետեւ Յարութը չէր փնտռէր փառք ու պատիւ, այլ հաւատալով իր սիրած միութեան առաքելութեան՝ ան կ՛աշխատէր նորանոր բարձունքներու հասցնել զայն, արձանագրելով աննախընթաց նուաճումներ։

Սիրելի Յարութ, վարձքդ կատար եւ թող այս մի քանի սրտաբուխ տողերը ծառայեն որպէս խունկ ու աղօթք՝ քու թարմ շիրիմիդ վրայ, օտար այս ափերուն մէջ։ Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ