Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Սնապաշտութիւն (Superstition)

 

Սնապաշտութիւնը հետեւեալ ձեւով կը բացատրուի բառարանին մէջ։

Սնապաշտութիւնը համոզում մը կամ գործադրութիւն մըն է հիմնուած մէկու մը վստահութեան՝ բախտի կամ անտրամաբանական, ոչ-գիտական կամ գերբնական ուժի վրայ։ Սնապաշտութիւնը յաճախ ծնունդ կ՛առնէ տգիտութենէ, գիտական սխալ մեկնաբանութենէ, ճակատագրի կամ կախարդութեան հաւատալէ եւ վերջապէս անծանօթի վախէն։

Սնապաշտութեան ընդհանրական երեւոյթներէն  են սեւ կատուին եւ թիւ 13-ի ազդած վախը։ Շէնքեր կան որոնք 13րդ յարկ չունին, վերելակներ կան որոնք թիւ 13-ը չունին, պանդոկներ կան որոնք թիւ 13 սենեակ չունին, իսկ մարդիկ կան որոնք  ամսուան 13րդ օրը չեն ճամբորդեր։ Իսկ աւելի վախնալիքը այն է երբ թիւ 13-ը կը զուգադիպի Ուրբաթ (տես նկարը) օրուան . . .

Կան նաեւ սնապաշտութիւններ որոնք յատուկ են հայերուն համար։ Այս բոլորը ես կը յիշեմ մանկութեան օրերէս եւ վստահաբար կան ուրիշներ ալ որոնք ենթակայ եղած են նոյն սնապաշտութիւններուն, իրենց մանկութեան շրջանէն։ Օրինակ՝ մեզի կ՛ըսէին,

  • Գիշեր ատեն մազ չեն սանտրեր։ Ինչո՞ւ, չեմ գիտեր։
  • Գիշեր ատեն հայելիին չեն նայիր։ ինչո՞ւ,  չեմ հասկցած։
  • Գիշեր ատեն եղունգ չեն կտրեր։ Ինչո՞ւ, բացատրութիւն չկայ։
  • Մկրատին շեղբերը միշտ պէտք է գոց կը պահել։ Այս մէկը հաւանաբար ապահովութեան համար է որ սխալմամբ փորձանք մը չպատահի։
  • Եթէ այրած հաց ուտես՝ դրամ կը գտնես։ Այս մէկը շատ տրամաբանական կը գտնեմ որովհետեւ քիչ մը այրած հացը եւ կամ այրած տապկուած գետնախնձորը ո՞վ պիտի ուտէ . . . Անշուշտ փոքրերը։

Ասոնցմէ դուրս կայ նաեւ «ակռայի հատիկ»-ի տօնախմբութիւնը։ Երբ երեխայ մը առաջին անգամ ըլլալով ակռայ կը հանէ, մայրը պէտք է հաւաքոյթ մը կազմակերպէ եւ հրաւիրէ կնքամայրն ու մեծ մայրերը եւ անմիջական մօտիկ ազգականները։

Աւանդական կերուխումէն ետք, սաւան մը գետին կը փռուի ու վրան կը դնեն մի քանի տեսակի առարկաներ՝ օրինակ մատիտ, գիրք, մկրատ, սանտր, դանակ, դգալ, պուպրիկ, խաղալիքէ փոքրիկ ինքնաշարժ մը եւ այլն։

Ապա կը թողուն որ երեխան ընտրէ անոնցմէ մէն։ Հետեւեալը հոն հաւաքուած կիներուն մեկնաբանութիւնն է թէ երեխան երբ մեծնայ՝ ի՞նչ պիտի դառնայ։

  • Եթէ երեխան ձեռքը մկրատին երկնցնէ՝ դերձակ պիտի դառնայ ան, կը բացականչեն հրաւիրեալները։
  • Եթէ երեխան սանտրը ընտրէ՝ սափրիչ պիտի դառնայ ան բարձրաձայն կ՛աղաղակեն անոնք։
  • Եթէ երեխան մատիտը ընտրէ՝ գրող պիտի դառնայ ան, կ՛ըլլայ վճիռը։
  • Եթէ երեխան գիրք մը առնէ ձեռքը՝ ուսուցիչ պիտի ըլլայ ան, կ՛ըսեն անոնք եւ կը տխրին, քանի ուսուցչութիւնը փնտռուած ասպարէզ մը չէ երբեք։
  • Դանակ ընտրողը անպայման պիտի դառնայ վիրաբոյժ բժիշկ, կ՛ուրախանան բոլորը։
  • Դգալ ընտրողը պիտի ըլլայ յայտնի խոհարար։
  • Իսկ խաղալիքէ ինքնաշարժ ընտրողին ապագան բնականաբար վարորդութիւնն է։

Վերոյիշեալ նախատեսութիւնները անցողական երեւոյթներ են միայն, քանի տարիներ ետք՝ երբ երեխան մեծնայ, ոչ ոք կը յիշէ թէ ինչ էր անոր նախընտրութիւնը եւ եթէ ան հասաւ իր նպատակին կամ ոչ։

Ուրեմն երեխային առաջին ակռան մեծ հանդիսութեամբ կը նշուի, իսկ «կաթի» առաջին ակռային տեղէն ելլելն ալ ուրիշ նշանակութիւն կ՛ստանայ, որը նորէն սնապաշտութեան մաս կը կազմէ։ Իսկ ի՞նչ է այդ, հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Երբ «կաթի» առաջին ակռան իյնայ, մայրն է որ երեխային կը յանձնարարէ իր բարձին տակ դնել զայն՝ որպէսզի հրեշտակը գայ եւ առնէ . . .  Այս մէկը ուրկէ եկաւ եւ որքանով ճիշդ է չեմ գիտէր, բայց առկայ էր մեր մանկութեան ժամանակ։

Ուրիշ սնապաշտութիւն մըն ալ սուրճի գաւաթի նայիլն է։ Միջին Արեւելեան երկիրներուն մէջ մենք գիտենք որ մարդիկ գործի կ՛երթային, իսկ կիներն ալ տուն կը մնային եւ կերակուր կը պատրաստէին ընտանիքի անդամներուն համար։ Առտուները՝ իրենց օրական գնումները կատարելէ ետք, անոնք յաճախ իրարու տուն կ՛այցելէին, գաւաթ մը սուրճ խմելու։ Սուրճը խմելէն ետք, սովորութիւն դարձած էր որ գաւաթը դարձնէին եւ իրենցմէ մէկը գաւաթին նայելով՝ գուշակութիւն ընէր։ Ահաւասիկ գուշակութիւններէն մի քանին։

  • Երեք օրէն կամ երեք շաբաթէն լուր մը պիտի առնես՝ եւ շատ պիտի ուրախանաս։
  • Մէկ ամիսէն կամ երեք ամիսէն՝ օդանաւային ճամբորդութիւնով մը պիտի միանաս հարազատներուդ։

Հաւանաբար հիմա այս բոլոր սնապաշտութիւնները ժամանակավրէպ դարձած են՝ գիտութեան յառաջդիմութեան պատճառաւ, եւ այլեւս ոչ ոք կը կիրարկէ զանոնք եւ անոնց հաւատք ընծայող ալ չէ մնացած թերեւս։ Է՜հ, ժամանակը կը փոխէ ամէն բան, չէ՞ . . .

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ


 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ