Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայերէն Լեզուի Ուսուցման Ծրագիր Փասատինայի Կրթական Խորհուրդի Կողմէ. Հարցազրոյց Դոկտ. Էրիք Սահակեանի Հետ

Հայերէն Լեզուի Ուսուցման Ծրագիր Փասատինայի Կրթական Խորհուրդի Կողմէ

Armenian Dual Language Immersion High School Program

Հարցազրոյց Դոկտ. Էրիք Սահակեանի Հետ

 

2020-2021-ի կրթաշրջանի, Փասատինայի Պլէր մեծանուն եւ շատ ծանօթ երկրորդական պետական վարժարանէն ներս, պիտի դասաւանդուի հայերէն լեզու եւ յետագայ տարիներուն պիտի աւելնան հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան դասերը։

Այս նիւթերը պիտի դասաւանդուին Արեւմտահայերէնի եւ Արեւելահայերէնի որակաւորուած մասնագէտ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու կողմէ։

Անշուշտ, ամէնօրեայ հայկական վարժարաններու դերը, ազգակերտման եւ ազգապահպանման տեսակէտով անբաղդատելի են նման ծրագիրներու, կամ՝ շաբաթօրեայ վարժարաններու հետ։

Այսօր, Ամերիկայի Արեւմտեան Ափին վրայ ունինք մօտ 12 ամէնօրեայ վարժարաններ։ Հոն 6-8 հազար հայորդիներ կը յաճախեն։ Անկէ դուրս նուազագոյնը 80 հազարէ աւելի հայ փոքրիկներ ունինք, որոնք պետական կամ ոչ հայկական դպրոց կը յաճախեն, անոնք զրկուած են հայերէն սորվելու առիթէն։

Նման պետական դպրոցներուն կողմէ տրամադրուած ծրագիրը, մեծապէս պիտի օգնէ, որ հայ փոքրիկներէն ոմանք, առիթը պիտի ունենան իրենց մայրենի լեզուն սորվելու եւ շփուելու ոչ հայ աշակերտներու հետ։

Այս առիթով հեռաձայնազրոյց մը ունեցանք Փասատինայի Կրթական Խորհուրդի փոխ վարիչ (Assistant Superintendent)՝ Դոկտ. Էրիք Սահակեանին հետ, այս ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար։

Յիշենք, թէ Փասատինայի Կրթական Խորհուրդը մօտ 25 վարժարաններ եւ 18,400 աշակերտ-աշակերտուհիներ ունի։

Դոկտ. Էրիք Սահակեան հակառակ իր երիտասարդ տարիքին հոյակապ կրթական մշակ մըն է, որ ոչ միայն հայութեան, այլ՝ ողջ ԱՄՆ կրթական շրջանակին հպարտութիւնն է։ Բարձրագոյն վկայականներու արժանացած է, բայց մանաւանդ լայնատարած եւ խորունկ փորձառութիւն կուտակած է՝ Ամերիկեան կրթական ասպարէզին մէջ։

Ան եղած է տնօրէն Կլենտէյլի, Փասատինայի դպրոցներուն մէջ։ Եղած է աշակերտական խորհրդատու, հոգեբանական խորհուրդի անդամ Լոս Անճելըս ու գաւառի կրթական ցանցի, բազմաթիւ եւ կրթական բազմաբնոյթ դասընթացքներու հետեւած է ան։

 

Խաչիկ Ճանոյեան.- Ի՞նչ կը հասկնանք երկլեզու  ծրագիր ըսելով։

Էրիք Սահակեան.- Երկլեզու ծրագիրէն ներս դասաւանդութիւնը կ՚ըլլայ երկու լեզուներով անգլերէն եւ երկրորդ լեզուով մը։ Երկրորդական վարժարանի պարագային աշակերտներուն կը դասաւանդուի օտար լեզու մը, շաբաթը երկու կամ երեք ժամ տեւողութեամբ։

Այս ծրագիրին շնորհիւ աշակերտին միտքը կ՚ընտելանայ երկու լեզուով մտածելու եւ կ՚ունենայ այլ մշակոյթներ գնահատելու յատկութիւնը։

Մեր ծրագիրին նպատակն է պատրաստել երկու լեզու կամ աւելի լեզուներ խօսող, մտածող, ընթերցող եւ գրող անհատներ մեր երկրին համար։ Ճիշդ ասոր համար է, որ Փասատինայի Կրթական Խորհուրդը առաջին խորհուրդն է, որ ողջ Ամերիկայի մէջ նման ծրագիր մը ունի պետական դպրոցի մը համար։

Խ.Ճ.-  Այդ դպրոցը ընդունovելու համար ի՞նչ պայմաններ կան։

Է.Ս.-  Այդ դպրոցը ընդունovելու համար, անհրաժեշտ է որ նախ աշակերտը Փասատինայի բնակիչ պէտք է ըլլայ, կամ հարեւան քաղաքներու կամ որեւէ քաղաքի բնակիչ։ Դիմողը (9-րդ-12-րդ) դասարանի աշակերտ պէտք է ըլլայ։

Մինչեւ Օգոստոս 6, 2020 կարելի է դիմել www.openenrolment.info հասցէին կամ հեռաձայնել (626)396-3606 թիւին։

Խ.Ճ-. Կրթական ծրագիրին մասին խօսինք, ի՞նչ լեզուով դասաւանդութիւններ տեղի պիտի ունենան Արեւելահայերէն կամ Արեւմտահայերէն։

Է.Ս.- Երկու լեզուներն ալ հաւասարապէս պիտի դասաւանդուին։ Աշակերտը մուտքի քննութեան պէտք չունի։

Դասաւանդումը տեղի պիտի ունենայ չորս մակարդակով AI, AII, AIII, A IV։

Անշուշտ հայերէն գիտնալը պայման չէ, որովհետեւ այս դպրոցը գալով աշակերտը կրնայ հայերէն սորվիլ սկսնակ մակարդակին արձանագրovելով, եւ ինչպէս ըսինք հայերէն պիտի դասաւանդուի հայերէն լեզուի որակաւորման եւ մասնագէտ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու կողմէ։

Պլէր դպրոցը իր շէնքով եւ կրթական մակարդակով շատ ծանօթ դպրոց մըն է, որուն բոլոր բարիքները պիտի վայելեն նորեկ արձանագրուող սաները, կը հրաւիրեմ մեր յարգելի ծնողները, ժամադրութեամբ օր մը կարենան այցելել այս դպրոցը եւ տեսնեն թէ ինչպիսի նախանձելի դպրոց մըն է այս կրթարանը։

Խ.Ճ.- Վերջաւորութեան, ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ այս ծրագիրը։

Է.Ս.- Խումբ մը Փասատինա բնակող հայ քաղաքացիներ, մեզի դիմելով հետաքրքրութիւն ցոյց տուին եւ ուզեցին հայերէն սորվեցնող պետական դպրոց մը, որպէսզի իրենց զաւակները պետական վարժարանի ծրագիրին կողքին սորվին նաեւ իրենց մայրենի լեզուն։

Փասատինայի Կրթական Խորհուրդը ուսումնասիրեց այս դիմումը յղացաւ այս ծրագիրը։

Կը յուսամ, որ հայ համայնքի ծնողները պիտի օգտուին այս հնարաւորութենէն եւ իրենց զաւակները կը ղրկեն այս դպրոցը։

Խ.Ճ.- Պրն. Սահակեան սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Փասատինայի Կրթական Խորհուրդը այս եզակի ծրագիրին համար, Ձեզի կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։

Մեր գնահատանքի եւ շնորհաւորութեան խօսքերը բոլոր այդ թանկագին ազգայիններուն ինչպիսի են՝ Տիկ. Մարօ Եագուպեան եւ Տիկ. Արսինէ Շիրվանեան, որոնց տենդագին աշխատանքին եւ հետապնդումին, կրցան Փասատինայի Կրթական Խորհուրդին հետ նման ծրագիրի մը հիմը դնել։

Բոլորին վարձքը կատար։

 

 ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ