Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Շնորհաւորական գիրը` Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին

ԱՀ Նորընտիր Նախագահ
Տիար Արայիկ Յարութիւնեանին

Մեծարգոյ Պրն. Յարութիւնեան,

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անունով կու գանք շնորհաւորելու Ձեզ՝ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի բարձր ու պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ:

Արցախը ամբողջ հայութեան համար ապահովութեան, գոյատեւման ու զարգացման հիմնական երաշխիքն է: Այս առումով, քաջ վստահ ենք, որ դուք յատուկ պատասխանատուութեամբ պիտի ստանձնէք ԱՀ նախագահի պաշտօնը եւ Ձեր երկարամեայ պետական փորձը առաւելագոյն կերպով ի գործ դնելով, յաջողութեամբ առաջ պիտի տանիք Արցախի անվտանգութեան, պետականութեան ամրապնդման, երկրի խաղաղ ու բնականոն զարգացման ապահովման գործը:

Առաջնորդուելով մեր պատմական առաքելութեամբ եւ սկզբունքներով, որպէս առաջնահերթ յանձնառութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կիզակէտը միշտ եղած է իրաւական եւ ժողովրդավարական արժէքներով ամրապնդուած ազատ եւ անկախ հայրենիքի կերտումը: Այս ուղղութեամբ կուսակցութիւնս, Արցախի իր կառոյցով, պատրաստ է երկար տարիներու կենսափորձը ծառայեցնելու յանուն արցախահայութեան բարօրութեան եւ Արցախի ամրացման եւ հզօրացման:

Կրկին կը շնորհաւորենք Ձեզ ու կը մաղթենք յաջողութիւն եւ բազմաթիւ ձեռքբերումներ:

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր                Մայք Խարապեան | Ատենապետ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ