Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2024

Շաբաթաթերթ

Դէպի 100ամեակ. «ՆՈՐ ՕՐ»

Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը Ֆրեզնոյի մէջ 1919-ին կը հրատարակէր «Արօր» թերթը։ Նոյն ատեն Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը կը շարունակէր հրատարակել Հայկակ Էկինեանի «Նոր Կեանք»ը, որ 1920-ին կը միանար 1918 թուականէն ի վեր լոյս տեսնող «Սիսուան» շաբաթաթերթին՝ անուանափոխուելով «Նոր Կեանք-Սիսուան»ի։ ՌԱԿ-ի գոյառումով կը միանան նաեւ «Նոր Կեանք-Սիսուան» եւ «Արօր» թերթերը՝ վերածուելով «Նոր Կեանք-Արօր»ի, որպէս պաշտօնաթերթ ՌԱԿ-ի Գալիֆորնիոյ Շրջանակի։ Թերթը 1922-ին կը դառնայ «Նոր Օր», որ լոյս կը տեսնէ շաբաթը երկու անգամ, ապա կը վերածուի շաբաթաթերթի,  եռօրեայի, ապա դարձեալ շաբաթաթերթի։

            1925-1933 թթ. թերթին սեփականատէրն ու հրատարակիչը եղած է Արամ Ամիրխանեանը, որ սակայն պահպանած է թերթին կուսակցական ուղեգիծը։ 1937-ին թերթը դարձեալ լոյս տեսած է որպէս պաշտօնաթերթ ՌԱԿ-ի Գալիֆորնիայի շրջանին։

 1945-ին թերթին սեփականութիւնը վերջնականապէս փոխանցուած է ՌԱԿ-ին։ 1964-ին թերթը ֆրեզնոյէն փոխադրուած է Լոս Անճելըս։

 «Նոր Օր»ը յաջորդաբար խմբագրած են.-

           

            -Արամ (Համբարձում) Ամիրխանեան (1922-1931)

            -Վահէ Հայկ (1922-1925)

            -Նորայր (Մկրտիչ) Անդրէասեան (1925- Մի Քանի Ամիս)

            -Աղան Ենկոյեան (1931-1937)

            -Անդրանիկ Անդրէասեան (1937-1957)

            -Անդրանիկ Փոլատեան (1957-1958)

            -Նուպար Պէրպէրեան (1958-1960)

            -Պետրոս Փապուճեան (1960-1963)

            -Միսաք Հայկենց (1963-1968)

            -Օշին Քեշիշեան (1968-1970)

            -Անդրանիկ Անդրէասեան (1970-1977)

            -Վաչէ Սեմերճեան-Օշին Քեշիշեան (1977-1978)

            -Ասատուր Տէվլէթեան (1978-1981)

            -Նուպար Ակիշեան Վ. Սեմերճեան-Ա. Տէվլէթեան (1981-1986)-Անահիտ Օրջանեան- Լութֆի Թապագեան-(1981-1984)-Սահակ Միքայէլեան-Խաչիկ Ճանոյեան (1984-1986)

            -Փայլակ Ահարոնեան (1985-1986)

            -Սարգիս Մինասեան (1986-1990)

            -Յակոբ Պօղոսեան (1990-1996)

            -Լ. Թապագեան-Փ. Ահարոնեան-Մինաս Գոճայեան-Գրիգոր Գրիգորեան-Խաչիկ Ճանոյեան- (1996-1998)

            -Փայլակ Ահարոնեան (1997)

            -Վաչէ Ղազարեան (1998-1999)

            -Վաչէ Սեմերճեան (2000- ) («ՌԱԿ-ի Մամուլի Խմբագիրները» գիրքը, որուն «Նոր Օր»ին վերաբերող հատուածն է, որ կը ներկայացնենք, հրատարակուած է 2005 թուականին երբ տակաւին Վ. Սեմերճեան կը պաշտօնավարէր – խմբ. -)

 

***

Արամ  Ամիրխանեան

            Ծնած է 1882-ի Մայիս 23-ին, Չմշկածագ քաղաքի Հազարի գիւղը, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ Ուսումը շարունակած է Պոլսոյ մէջ՝ հետեւելով թրքական համալսարանի իրաւաբանական բարձրագոյն դասընթացներուն։ 1905-ին անդամ ընտրուած է Խալաթիոյ Բարձրագոյն դատարանի։ Աւելի ուշ անդամ նշանակուած է Մամուրէթ-Իւլ-Ազիզի կուսակալութեան Վճռաբեկ Ատեանին եւ այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ հայկական ջարդերու սկիզբը։

Եղեռնի օրերուն, իր ընտանիքով ապաստան գտած է Տերսիմ, բարեկամ քիւրտերու պաշտպանութեան տակ։ Օգտուելով ռուսական բանակի առաջխաղացումէն, անցած է Երզնկա, Կարին եւ ապա Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրի)։ Որոշ ժամանակ նուիրուած է հազարաւոր արեւմտահայ գաղթականներու հոգածութեան։

Արամ Ամիրխանեան 1919-ին փոխադրուած է Ֆրեզնօ եւ ստանձնած է նախ «Նոր-Կեանք-Սիսուան»ի եւ ապա «Նոր-Օր»ի խմբագրութիւնը, պաշտօնավարելով մինչեւ 1931։ Խմբագրական եւ հանրային գործունէութեան զուգընթաց գրած ու հրատարակած է հետեւեալ հատորները.-«Ռուս-Թուրք Զինադադար», «Սիրոյ Զոհեր» եւ «Հայ Ազատագրութեան Ճամբին» գործերը։

Ան մահացած է 1933-ի Յուլիս 5-ին, Ֆրեզնօ։

 

Վահէ Հայկ

Գրող, պատմաբան, բանասէր եւ խմբագիր։ Աւազանի անունով Վահէ Տինճեան։ Ծնած է 1896-ին, Խարբերդ։ Նախակրթութիւնը ստացած է Ս. Ստեփաննոսի վարժարանին մէջ։ Շրջանաւարտ եղած է Խարբերդի Եփրատ Քոլէճէն։ Առանձին դասեր առած է Թլկատինցիէն։ Եղեռնի ժամանակ, երբ գաւառներու մէջ սկսած են հալածանքները, յաջողած է հասնիլ Պոլիս։ Քանի մը ամիս ետք սկսած հայկական զանգուածային տեղահանութիւններուն ու հալածանքներուն հետեւանքով երեք տարի պահուած մնացած է հայ ընտանիքի մը մօտ, Հայկ անունով պոլսեցի  պատանիի մը ծննդեան թուղթով, կոչուելով Վահէ Հայկ։ Ուսած է Պոլսոյ պետական համալսարանին մէջ, ուրկէ սակայն դուրս մնացած է մինչեւ զինադադար։

 Գրել սկսած է Ե. Տէր Անդրէասեանի «Նոր Կեանք» թերթին (1918), Վահան Շահրիկեանի «Արագած» շաբաթաթերթին (1919) եւ «Ժամանակ» օրաթերթին (1919-1920) մէջ։ 1919-ին արժանացած է «Ժամանակ»ի գրական մրցանակին։ Պատրիարքարանի կողմէ Ազգ. Խնամակալութեան մէջ իբրեւ թարգման այցելած է Իզմիր եւ Պարտիզակ, իսկ քեմալական շարժումի սկզբնաւորութեան անցած է Աթէնք, ուր ծառայած ու օգնած է հայ տարագիրներուն։

1920-ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ եւ Պոսթոնի համալսարանին մէջ հետեւած է գրականութեան, իրաւագիտութեան եւ պատմութեան դասընթացներու։ Աշխատակցած է Ամերիկայի եւ արտասահմանի հայ մամուլին։ Խմբագրած է «Հայաստանի Կոչնակ» եւ «Նոր Կեանք-Արօր»ը, որ յետագային պիտի վերածուէր «Նոր Օր»ի։ Մինչեւ 1925 վարելէ ետք «Նոր Օր»ի խմբագրութիւնը յաջորդող տարիներուն նոյնպէս օգնած է թերթին խմբագրական աշխատանքներուն։

Վահէ Հայկ շուրջ 60 տարի ապրած ու գործած է Ֆրեզնոյի մէջ, մասնակցելով ՌԱԿ-ի, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, ՀԲԸՄ-ի եւ հայրենասիրական այլ կազմակերպութիւններու գործունէութեանց։ Քանի մը առիթներով հրաւիրուած է Խ. Հայաստան, ուր մասնակցած է Գրողներու Միութեան համագումարին եւ յոբելինական հանդիսութեանց։

Իր ազգային-կուսակցական բազմակողմանի գործունէութեան զուգընթաց, գրած ու հրատարակած է տասնեակ մը արժէքաւոր հատորներ։ Անոր գլխաւոր երկերն են.- «Հայրենի Ծխան» պատմուածքներու շարքը, հինգ հատորով, որուն վերջին հատորը լոյս տեսած է Պէյրութի մէջ, 1970-ին, ինչպէս նաեւ «Լուսաւոր Դէմքեր Մեր Օրերուն Վրայ», «Հայաստանի Մանկական Աշխարհը եւ Անոր Մանկական Գրականութիւնը» գործերը։ Պատմական եւ ազգագրական արժէքաւոր գործեր են Վահէ Հայկի «Խարբերդ եւ Անոր Ոսկեղէն Դաշտը» մեծածաւալ երկը 1500 էջերով, «1500-Ամեակ Վարդանանց Պատերազմի», «Յուշարձան Եոզկաթի», «Ֆրեզնոյի Հայ Գաղութը եւ Հայաստանեայց Եկեղեցին» եւ «Պատմական Այցը Ամենայն Հայոց Վեհ. Կաթողիկոսին Գալիֆորնիոյ Հայութեան»ը։ Վահէ Հայկի գրական ծածկանունն էր Ս. Վաղինակ եւ Անցորդ։

Վահէ Հայկ մահացած է 1983-ին, Ֆրեզնոյի մէջ։

 

Աղան Ենկոյեան

Ծնած է 1900-ին, Մուշ, որբանալով մանուկ տարիքին։ Բարերար անձերու օգնութեամբ ղրկուած է Պոլիս, ուր աւարտած է Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանը։ Զինադադարէն ետք անցած է Մ. Նահանգներ, նախ հաստատուելով Սան Ֆրանսիսքօ եւ ապա Ֆրեզնօ, ուր գործած է «Նոր Օր»ի տպարանին մէջ։

Ան ամուսնանալով թերթին խմբագիր Արամ Ամիրխանեանի աղջկան հետ, յետագային, աներհօր մահուընէ ետք, վարած է թերթին խմբագրութիւնը, մինչեւ 1937, երբ «Նոր Օր» փոխանցուած է ՌԱԿ-ին՝ դառնալով անոր Գալիֆորնիոյ պաշտօնաթերթը։ Թերթը, պարտքերու պատճառով, 1925-ին կուսակցութենէն գնած էր Արամ Ամիրխանեան, սակայն հաւատարմօրէն հետեւելով կուսակցութեան ուղեգիծին։

Աղան Ենկոյեան գրաշարութիւն եւ առաքման գործեր ըրած է թերթին մէջ։ Ուսումնասիրած է նաեւ հայոց պատմութիւնն ու հայ ազատագրական պայքարի դէպքերն ու դէմքերը։ Ունեցած է հարուստ գրադարան մը, զոր նուիրած է Հայաստանի Ազգային Գրադարանին։

Հրատարակած է «Հարազատ Պատմութիւն Տարօնոյ» եւ «Պատասխանատուները Տարօնի Եղեռնին» հատորները։ Գործածած է Աղան Տարօնեցի գրչանունը։

Աղան Ենկոյեան մահացած է 1976-ին, Ֆրեզնոյի մէջ։

 

Անդրանիկ Անդրէասեան

            Գրող, խմբագիր եւ ազգային-կուսակցական գործիչ։ Ծնած է 1909-ի Հոկտեմբեր 4-ին, Չմշկածագ քաղաքի Հազարի գիւղը։ Եղեռնին եւ յաջորդող տարիներուն գաղթականներու հետ 5-6 տարի անցուցած է որբանոցներու մէջ,-Տերսիմ, Էրզրում, Կովկաս, Պոլիս, Յունաստան եւ Ֆրանսա։ 1928-ին հասնելով Նիւ Եորք միացած է իր ծնողներուն։

1937-ին փոխադրուած է Ֆրեզնօ, իբրեւ խմբագիր «Նոր Օր» շաբաթաթերթին եւ Վարիչ-քարտուղար ՌԱԿ-ի Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանին։ Վերոյիշեալ պաշտօնները քսան տարի վարելէ ետք 1957-ին հրաւիրուած է Պոսթոն խմբագրելու «Պայքար» օրաթերթը։ Միեւնոյն ատեն հինգ տարի խմբագրած է «Պայքար» գրական եռամսեան, ծառայելով նաեւ իբրեւ Վարիչ-քարտուղար ՌԱԿ-ի Ամերիկայի Արեւելեան  Շրջանային Վարչութեան։ 1970-ին կրկին հրաւիրուած է Լոս Անճելըս, վարելու համար «Նոր Օր» եռօրեայի խմբագրութիւնը, որ շարունակած է մինչեւ 1977 թ.։

Անդրանիկ Անդրէասեան աւելի քան կէս դար ծաւալուն գործունէութիւն ունեցած է սփիւռքի ազգային-քաղաքական եւ գրական-մշակութային կեանքին մէջ։ Մասնակցած է նաեւ «Նոր Գիր» գրական ամսագրի հրատարակութեան աշխատանքներուն, շրջան մը խմբագրելով զայն։ Բազմիցս այցելած է Հայաստան եւ սփիւռքահայ գաղութուներ։ Ան ՌԱԿ-ի կողմէ ստորագրած է այն Յուշագիրը, որ Ամերիկահայ Ազգային Խորհուրդին անունով յանձնուած է ՄԱԿ-ին, 1945-ին։ Մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Ֆրեզնոյի մէջ «Նոր Օր»ի նոր խմբագրատան շինութեան, ՌԱԿ-ի սեփական ակումբի ձեռքբերման, ինչպէս նաեւ Ուոթըրթաունի «Պայքար»ի շէնքի գնման։

Ան գրած եւ հրատարակած է տասնեակ մը գիրքեր, որոնցմէ են.-«Սպիտակ Արդարութիւն», «Կարմիր Ասպատակի Օրագրէն», «Վերջին Կայանը», «Տարագիր Երկինքի Տակ» պատմուածքներու հաւաքածոները, «Երկար Գիշերին Մէջէն» վէպը, «Խոհեր» գրական, ազգային ու հասարակական նիւթեր Ա. Բ. եւ Գ. հատորներով։ Իր բեղուն գրիչին կը պատկանին նաեւ «Հայկական Դատին Նոր Հանգրուանը», «Համազգային Առաքելութիւն, ՀԲԸ Միութիւն», «Պատմութիւն ՌԱԿ-ի Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանակի» աշխատութիւնները, «Սփիւռքը եւ Հայրենիքը» տպաւորութիւններ եւ դատումները, ինչպէս նաեւ «Փլուզում եւ Վերածնունդ» երեք հատորներով վէպը եւ «Անմարմին Սէրը» պատումածքները։

Անդրանիկ Անդրէասեան մահացած է 1996 թուականի Յուլիս 3-ին, Լաս Վեկաս։ Անոր աճիւններէն մաս մը 1997-ին յանձնուած է հայրենի հողին։

 

Անդրանիկ Փոլատեան

            Գրող, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ։ Ծնած է Քրըք Խան (Ալեքսանտրէթի շրջան) 1929-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Մեսրոպեան վարժարանէն։ 1950-ին աւարտած է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Վարժապետանոցի բաժինը։ 1954-ին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, վկայուելով Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսով, պատմութեան ու քաղաքական գիտութեանց մէջ։ Նոյն տարին փոխադրուած է Մ. Նահանգներ՝ նուիրուելով կուսակցական, միութենական, խմբագրական եւ գրական ասպարէզներուն։

1954-1955-ին խմբագրած է «Պայքար» օրաթերթը, իսկ 1957-1958-ին վարած է «Նոր Օր»ի խմբագրութիւնը։ 1957-էն մինչեւ 1993 թ. պաշտօնավարած է ՀԲԸՄ-ի մէջ։ Շուրջ 40 տարի խմբագրած է միութեան «Յուշարար-Միութիւն» պաշտօնաթերթը։ Մելգոնեանի մէջ եղած է «Այգ» ուսանողական հանդէսի խմբագիրը։ Պէյրութի ուսանողական շրջանին վարած է ՀԵԸ-ի Վարիչ-քարտուղարի պաշտօնը։ Աշխատակցած է «Զարթօնք»ին, «Արեւ»ին, «Հայաստանեայց Եկեղեցի»ին, «Հայաստանի Կոչնակ»ին եւ այլ թերթերու։ Երեք շրջան (1954-55-էն եւ 1969-1972) եւ 1983-էն մինչեւ 1995 խմբագրած է Մարաշի Հայրենակցական Միութեան «Գերմանիկ» պաշտօնաթերթը։ 1983-1995 թթ. եղած է Մարաշի Հայրենակցական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը։ 1988-ին վերահրատարակած է «Մարաշ» պատմագիրքը։ Ան նախաձեռնակ եղած է հայերէն լեզուով օֆսէթ տպագրութեան, որմէ օգտուող առաջին հայերէն թերթը եղած է «Պայքար»ը։

 ՀԲԸՄ-ի կողմէ այցելած է սփիւռքահայ գաղութները։ 1971-1979 թթ. ատենապետած է ԹՄՄ-ի Ամերիկայի եւ Քանատայի Կեդրոնական Վարչութեան։ Զոյգ միութեանց կրթական եւ մշակութային բազմաթիւ ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու գլխաւոր կազմակերպիչներէն եղած է։

Փոլատեան խմբագրած է «Պատմութիւն Արաբկիրի Հայոց» ստուար հատորը, շուրջ 1100 էջ (Նիւ Եորք, 1969) եւ գրած է «Խրիմեան Հայրիկ» (հայերէն եւ անգլերէն) գիրքը։ Խմբագրած, յառաջաբանը գրած եւ հրատարակած է արեւմտահայ եւ արեւելահայ գրականութեանց ծանօթ դէմքերու հատընտիր գործերը (արձակ եւ չափածոյ), շուրջ 10 հատոր, որոնք լոյս տեսած են Պէյրութի մէջ, 1950-1954-ին, Էտվան հրատարակչականին կողմէ։

Անդրանիկ Փոլատեան ներկայիս կը բնակի Նիւ Եորք։

 

Պետրոս Փապուճեան

            Ծնած է Չնգուշի մէջ, 1895-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Խարբերդ։ Պատանի տարիքին գաղթելով Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է Պոսթոն։

Ան երիտասարդ տարիքին միացած է ՌԱԿ-ին՝ լծուելով հանրային ու կազմակերպական ծառայութեան։ Երկար տարիներ եղաց է «Պայքար» օրաթերթի գրաշար, ինչպէս նաեւ ստորագրած է քաղաքական բովանդակութեամբ յօդուածներ։

1938-ին Պոսթոնէն փոխադրուած է Ֆրեզնօ եւ շուրջ 20 տարի ծառայած է «Նոր Օր»ին իբրեւ գրաշար եւ գործակատար։ Աղան Ենկոյեանէն գնելով «Նոր Օր»ի տպարանը, աւելի ուշ զայն վաճառած է կուսակցութեան։ 1961-1962 տարիներուն վարած է թերթին խմբագրութիւնը։ Երկար տարիներ «Նոր Օր»ին մէջ գրած է Մ. Նահանգներու քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական կեանքին մասին յօդուածներ։

Մահացած է Ֆրեզնոյի մէջ, 1972-ին։

 

Միսաք Հայկենց (Ինքնակենսագրական)

 Պահեր Եւ Պաստառներ (Յիշողութեանս Վարագոյրին Ետեւ)

 

Ըստ անվիճելի աղբիւրներու, տասնամեակներ ետք, այսօր, յիշատակէս մնացած պիտի ըլլար այնքան բան որքան մնացած է Աղեքսանդրիոյ իտալական հիւանդանոցին աղբէն։

Առաջին անկումս աշխարհին ճուոցով ծանուցուելէ կէս ժամ առաջ միանձնուհին դուրս գալով՝ սրահին մէջ ինծի սպասող մարդուն կուտայ չսպասածը-Կի՞նդ կþուզես, թէ զաւակդ։ Հայրս անվարան կþարձակէ մահավճիռս-Կի՛նս կþուզեմ։ Բայց կը փրկուինք մայր ու տղայ։ Քանի մը տարի, Օգոստոսի 19-րդ օրը, հայրս կողքիս, տուփ մը շոքոլայ տուեր եմ սորելլային։

Պօղոսեան Ազգ. Վարժարանին մէջ հազար անհոգ բերաններէն մէկն ալ ես եմ-«Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա», «Սովետական ազատ աշխարհ Հայաստան», «Տրակտորիստ տղին մի տես»։ Բերանները շատ պակսած են Տիկնանց Խնամակալութեան կէսօրուան ճաշի սեղաններէն. ու՞ր գացին-Հայաստանի ոսկի խաղող ուտելու, կþըսեն։ Իրենք ալ հոն մեզի պէս կþերգե՞ն «Լռեց։ Ամպերը եկան ծածկեցին երկինք», «Լօ, լօ, լօ, լօ… Սէգ Սիփանայ սարին վերայ»։

Զատկին, քանի մը թմբուկ Եռագոյնը կը քալեցնեն մինչեւ «շէն մնաք»ի պնակը։ Գայլիկ եմ, թմբուկ չեմ։ Ամէն կիրակմուտքի մէկ վարդապետ, չորս քահանայ եւ երկու պառաւ ինծի մտիկ կþընեն. « Ապրեցո զիս, Տէր, ի մարդոյ չարէ, յառնէ անիրաւէ փրկեա զիս»։ Ուրարս գետնէն թիզ մը վեր է։ Երբեմն Եռագոյնը դագաղներու վրայ կը մրափէ։ Մերը, մետաքսեայ, մեծադիր, նորակառոյց մենաւոր շէնքին առագաստը, հօրս որոշումով պահարան մտեր էր եւ կը քնանար փեսայութեան սմոքինկին քով նաֆթալինի ճեփ-ճերմակ, կլոր աչքերուն տակ։ Այդ տարին մոլուցքը Եռագոյնին պլլուած դաշոյն եղած էր Նիւ Եորքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, այլուր՝ մախաթ եւ մահակ։

Հայկական միջնաբերդին կեդրոնը կը գտնուի Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին, որուն կապտաւուն քառանկիւն երկնքին վրայ գիշեր-ցերեկ աստղեր կը ցոլան, հրեշտակներ կþերեւին եւ նոյն տեղէն Աստուած կը նայի բոլորիս։ Ինք եւ ես, առտուն, Արեւագալին, կը տեսնենք հայր սուրբը, պսակը եկեղեցական դասուն։ Եկեսցէին հոն չէ։ Իրարանցում։-Եկան, առին, տարին։ Ինչո՞ւ։ Երուսաղէմի վարդապետը կարմի՞ր էր։ «Կա՛մ մեզի հետ, կա՛մ մեզի դէմ»։ Մոլուցքը Եռագոյնով պլլուած կարմիր կը ներկէ։ Ֆարուք թագաւոր այնքան ուրախ է իր հայ լուսանկարչին ռըթուշներէն որ հաւատարիմ հայոց եգիպտահպատակութիւն կը բաշխէ Եռագոյնին Գահիրէի մեհեանէն։ Պիլա՜տի, պիլա՜տի։ Հրդեհ կայ ամէն տեղ-փողոցը, դպրոցը, մարզադաշտը, տունը։

Յօդուած գրելու սկսայ այբուբեն չսորված, 1949-ին։ Առաջինը 8 տող, հայ ժողովուրդին ուղղուած միասնականութեան կոչ մը։ Դիւրին էր։ Մէկ ընթերցող ունեցայ-մեծ հայրս, Տէր Մեսրոպը։ Կարծեցի որ կեանքին մէջ այդ տեսակ բան չէր կարդացած։ Վստահաբար։

Յաջորդ տարի բանաստեղծութիւն փորձեցի. շարադրութեան կապոյտ տետրակիս մէջ, փոխանակ սահմանեալ նիւթին, ոտանաւոր մը։ Դասի պահուն ծերունի ուսուցիչս՝ Գարեգին Պօյաճեան, բոլորին տետրակները բաժնեց։ Երբ կարգը ինծի եկաւ, ուզեց որ կէսօրուան դադարին զինք տեսնէի։ Կը սպասէի որ ինծի տաղաչափութիւն սորվեցնէր։ Տղայ, ըսաւ, եթէ այսպիսի շնորհ ունիս, ինչո՞ւ մարդավարի շարադրութիւն չես գրեր։ Շարադրութիւն չսիրեցի, տաղաչափ չդարձայ, բանաստեղծութիւն փնտռեցի քիչ մը ամէն տեղ, քիչ մը ամէն բանի մէջ։

1937-ին ճիշդ պահուն շրջուած չէի եւ միանձնուհին, անզօր բժիշկէն նախաձեռնութիւնը վերցնելով, զիս մութէն հանած էր լոյսին։ 1953-1963 Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Տիգրան Երկաթ Ակումբը լոյսով կերակրեց զիս եւ սորվեցուց լոյս սպասարկելով գոհանալ։- Արտասանութիւն, քարտուղարութիւն, վարչութիւն Ուսանողաց Միութեան, Պատի Թերթի խմբագրութիւն, դերասանութիւն, դասախօսութիւն, ճառախօսութիւն, «Արեւ»ի աշխատակցութիւն, ուսուցչութիւն, խմբագրութիւն եւ հրատարարակութիւն «Յուշամատեան Աղեքսանդրիոյ Հայ Ուսանողական Միութեան 1916-1956»։

Թեմական սուր եւ ծանր ընտրապայքար. քրմապետը Աղեքսանդրիան հռչակած է ազատատենչներու Սարդարապատ։ Եթէ միայն գուշակած ըլլար արդիւնքը։ Մահրուսա զբօսանաւը Ֆարուքը յանձնած էր Եւրոպայի ծովափներուն եւ քազինոներուն։ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը կանչուած էր, բայց 35 տարի չէր յայտնուած։ Ազատատենչութիւնը չէր կրնար առիթը փախցնել եւ ան Եկեղեցիին վրայ քալեց պարսից Փահլեւի եւ յունաց Պօղոս արքաներուն սմբակներով։ Ազգային աղէտ։ Կամաւորներու գունդին մէջ եմ։

1963-1968 ՌԱԿ Գալիֆորնիոյ Շրջանակի գործիչ եւ խմբագիր «Նոր Օր» Եռօրեայի միջնադարեան պայմաններու տակ՝ հին, հաւատաւոր ընկեր-ընկերուհիներու եւ քանի մը երիտասարդներու անգտանելի եւ անկրկնելի խրախոյսով։ Գնում Լոս Անճելըսի մէջ կալուածի մը եւ փոխադրութիւն Ֆրեզնոյէն, հիմնում Հայ Երիտասարդաց Մշակութային Միութեան, այժմ՝ Թէքէեան Մշակ. Միութեան Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ։ Այցելութիւն, հանդիպում, հանգանակութիւն, ժողով, հանդէս, ճառախօսութիւն, դամբանախօսութիւն։

1968-1970 Տիթրոյիթ, Միշիկըն, Ալեք Մանուկեանի թախանձագին խնդրանքով եւ ՌԱԿ Կեդրոնի հրահանգով։ Հաշուապահ «Մասքօ» ընկերութեան մէկ բաժանմունքին եւ անձնական քարտուղար Բարեգործականի Նախագահին։ Ալեք Մանուկեան Մշակ. Հիմնադրամի կանոնագրի մշակում եւ գործի դասաւորում։ Հ. Բ. Ը. Միութեան զուիցերիական իրաւավիճակով ընկերակցութեան վերակազմութեան աշխատանքներ։ Ժողով, հանդէս, հանգանակութիւն։

1970-1986 Ընդհանուր Տնօրէն Հ. Բ. Ը. Միութեան, Նիւ Եորք եւ Նիւ Ճըրզի։ Առօրեայ վարչութիւն։ Տեղեկագիրներ, մասնաւոր եւ ընդհանուր։ Պրակներ։ Կազմութիւն գրադարանի։ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա, Միջին Արեւելք եւ Եւրոպա կրթական եւ մշակութային օճախներու ցանցին ընդարձակում. դպրոցները 13-էն 22, կեդրոնները 17-էն 34, անդամակցութիւնը 16600-էն 22400։ Իրական եւ գործող 120 մասնաճիւղեր, յետ միացումներու։ Դրամագլուխը 18.5  միլիոն տոլարէն 90 միլիոն տոլար։ 1930-ական թուականներէն ետք առաջին անգամ ըլլալով ուղղակի օժանդակութիւններ Սովետական Հայաստանի արուեստի, գիտութեան, մշակոյթի եւ կրթական հիմնարկներուն։

Խմբագրութիւն եւ հրատարակութիւն «Սիմոն Սամսոնեանի Նկարչական Աշխարհը» (անգլերէն)։ Բարեգործականի 75-ամեակին առթիւ՝ «Համազգային Առաքելութիւն» (հայերէն եւ անգլերէն, աշխտ. Անդրանիկ Անդրէասեան, թրգմն. Ասատուր Տէվլէթեան) եւ «Հ. Բ. Ը. Միութիւն Սէր, Ծառայութիւն, Երազ» (աշխտ. Զարեհ Մելքոնեան)։

Կտրականապէս դէմ՝ Երուսաղէմի Պատրիարքը գահընկեց ընելու Բ. Քննիչ Յանձնախումբին խօլ արշաւին։ Վիրաւոր բարերարը, Ռամկավար ղեկավարը եւ վեղարը միացան՝ ռաբբիին զգայուն հոգածութեամբ ազգին հիւանդ ոչխարը անօթի գայլին դատաստանին յանձնելու։

1993-1998 Պայքար՝ ծանօթացնելու Հ. Բ. Ը. Միութեան սպառնացող վտանգը, վերջ տալու քմահաճ տնօրինումներուն եւ վերահաստատելու կազմակերպութեան ուժական կառուցուածքը։

1995-2001 Աշխատակցութիւն «Անկախութիւն» Երկշաբաթաթերթի, «Նոր Օր» Շաբաթաթերթի, «Սիոն» Եռամսեայի, «Տի Արմինեըն Րիփորթըր»ի։ Վարիչ Տնօրէն Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Բարեկամներու Ընկերակցութեան։ Տոլորէս Զօհրապ Լիպման Հիմնադրամի նպատակներուն գործադրութեան ձեւաւորում եւ հրատարակչական յայտագրին պատասխանատու. լոյս տեսան, ըստ կտակին, անգլերէն լեզուով 8 եւ, բացառաբար, հայերէն 3 գիրք. հրատարակելի՝ անգլերէն 13, հայերէն՝ 4 գիրք, բոլորը հայ մշակոյթի, գրականութեան, աստուածաբանութեան եւ հայոց պատմութեան վերաբերող։

Ժառանգականութեան մէկ թե՞լը, թէ այլ բաներ-պէտք է քիչ մը աւելի երկար յամենամ վարագոյրին ետեւ-թոյլ չտուին որ ըլլամ հօրս սպասածը։ Ես՝ 10 տարեկան, ինք՝ սրտէն առաջին հարուածը ստացած, խանութէն տուն ճամբուն վրայ բանաձեւեց փափաքները. վաճառականութիւն՝ ո՛չ. ազգային գործ՝ երբե՛ք։ Պէտք է շուտով կռնակ ըլլայի իրեն։

Գրուած էր որ վերջին երկուքը չյարգէի։ Կարծեմ ինք ալ պատասխանատուութեան բաժին մը ունէր եթէ ոչ մութին մէջ ճիշդ պահուն շրջուած չըլլալուս, բայց անպայման լոյսի տակ ճիշդ պահերու շրջուիլ չկարենալուս մէջ։ Հոն, վերը, անշու՛շտ վերը, Վերինին հետ, հայրս դժգոհ չէ։ Գրեթէ վստահ եմ։     

Փետրուար 25, 2002 

 

Օշին Քեշիշեան

                        Ծնած է 30 Նոյեմբեր 1934-ին, Երուսաղէմ, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ 1948-ի արաբ-իսրայելեան պատերազմի հետեւանքով փոխադրուած է Ամման, ուր մէկ տարի մնալէ ետք փոխադրուած է Պէյրութ։ Երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին մէջ։ Այդ շրջանին խմբագրած է նաեւ «Զարթօնք-Սփոր»ը։

1956-ին փոխադրուելով Լոս Անճելըս, աւարատած է Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի մարդաբանութեան եւ ամերիկեան գիտութեանց բաժինը։ Լա Վըրնի համալսարնէն մագիստրոսի վկայական ստացած է երկլեզուեան դաստիարակութեան մասնագիտութեան մէջ։ Երկու տարի ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ։ Խմբագրած է Կլենտէյլ Քոլէճի անգլերէն թերթը։

Միսաք Հայկենցի մեկնումէն ետք, 1968-ին, ստանձնած է «Նոր Օր»ի խմբագրի պաշտօնը, զոր վարած է մինչեւ 1970։ Նոյն տարին հրատարակած է «The Armenian Observer» անգլերէն շաբաթաթերթը, զոր կը շարունակէ խմբագրել մինչեւ այսօր։ 1978-ին, կարճ ժամանակուան համար, Վաչէ Սեմերճեանի հետ, յօժարակամ վարած է «Նոր Օր»ի խմբագրութիւնը։ Տարբեր համալսարաններու մէջ մասնակցած է գիտաժողովներու եւ դասախօսած է հայ մշակոյթի եւ գրականութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ։ Աշխատակցած է «Շիրակ» եւ «Նաւասարդ» գրական ամսագրերուն։ Անդամ է ԹՄՄ-ի Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական Վարչութեան։

Ան 1990-ին արժանացած է Ս. Սահակ- Ս. Մեսրոպ շքանշանին՝ ձեռամբ Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ 2002-ին արժանացած է Կլենտէյլի քաղաքային Քոլէճի կողմէ իրեն շնորհուած Գործակից Փրոֆեսորի կոչումին։

 

Ասատուր Տեվլէթեան

                        Ծնած է 1945-ին, Կիպրոս։ Աւարտելէ ետք տեղւոյն Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, իրաւագիտութիւն ուսած է Լոնտոնի համալսարանին մէջ եւ ապա՝ հայոց լեզու եւ գրականութիւն Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ։

Երեք տարի պաշտօնավարելէ ետք Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ իբրեւ հայագիտական նիւթերու դասաւանդ ուսուցիչ, մեկնած է Պոսթոն եւ ստանձնած՝ ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Պայքար» օրաթերթի (1976-1978), ինչպէս նաեւ «The Armenian Mirror-Spectator» շաբաթաթերթի փոխ-խմբագրի պաշտօնները։ Ապա ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Նոր Օր» եռօրեայի խմբագրի պաշտօնը վարելու համար հրաւիրուած է Լոս Անճելըս։ Երեք տարուան պաշտօնավարութեան շրջանէ մը ետք (1978-1981), անցած է ազատ ասպարէզ, բայց, խմբագրի բացակայութեան պատճառաւ, Նուպար Ակիշեանի եւ Վաչէ Սեմերճեանի հետ, հինգ տարի շարունակ, ամբողջացուցած է խմբագրական մարմնի եռեակը, որուն շնորհիւ կանոնաւոր կերպով շարունակած է լոյս տեսնել թերթը։

1982-1986 պաշտօնավարած է Լա Վըրնի համալսարանին մէջ իբրեւ դասախօս ժամանակակից արեւմտահայերէնի եւ հայկական սփիւռքագիտութեան։ Անոր հիմնումէն (1981) սկսեալ, մինչեւ Միացեալ Նահանգներէն իր մեկնումը, տասը տարի շարունակ, մաս կազմած է ԹՄՄ-ի Լոս Անճելըսի Արշակ Տիգրանեան վարժարանի Կրթական Յանձնախումբին։

1985-1991 եղած է անդամ ԹՄՄ-ի Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական Վարչութեան, շրջան մը ստանձնելով նաեւ փոխ-ատենապետի պաշտօնը։ 1981-1991 եղած է անդամ ՌԱԿ-ի Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան, վերջին երեք տարիներուն վարելով նաեւ անոր ատենապետութիւնը։

1991-էն ի վեր վերահաստատուած է իր ծննդավայրը՝ Կիպրոս։ Անդամ ընտրուած է ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան (1988-1991 եւ 1995-2001), երկրորդ շրջանին վարելով նաեւ ատենադպիրի պաշտօնը։

 
Նուպար Ակիշեան

 

Գրող, հրապարակագիր եւ ՌԱԿ-ի մամուլի երկարամեայ աշխատակից։ Ծնած է Հալէպ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանը։ Կանուխէն սկսած է աշխատակցիլ սփիւռքահայ մամուլին, գրութիւններ ստորագրելով «Հայ Միտք»ի եւ «Արեւ»ի մէջ։ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան վեցամեայ շրջանը աւարտելէ անմիջապէս ետք, 1956-ին հրաւիրուած է «Արեւ»ի գործակից խմբագրի պաշտօնին։ 1957- ին հաստատուած է Մ. Նահանգներ, ուր մասնագիտանալով բնագիտութեան մէջ ստացած է պսակաւոր եւ մագիստրոս գիտութեանց վկայականներ, 1961-ին եւ 1965-ին։

Աշխատակցած է «Պայքար», «Արեւ» եւ «Զարթօնք» թերթերուն։ 1961-ին ստանձնած է «Պայքար»ի գործակից խմբագրի եւ վարչական պատասխանատուի պաշտօնները։ Կանուխէն սկսած է աշխատակցիլ «Շիրակ», «Պայքար Տարեգիրք» եւ «Պայքար Եռամսեայ» գրական հանդէսներուն։ 1967-ին հեռանալով «Պայքար»էն, նուիրուած է գիտութեան՝ կապը չկտրելով սակայն մամուլին հետ։ 1978-էն մինչեւ իր մահը մաս կազմած է «Նոր Օր» եռօրեայի խմբագրական կազմին եւ Մամլոյ Դիւանին, յաճախ գլխաւորելով խմբագրական կազմերը եւ կատարելով խմբագրի պաշտօնը։

Հատորներով իր հրատարակած գործերն են.-«Հոսանքն Ի Վեր» (պատմուածքներ, 1976), «Անարգուած Մարդիկ» (պատմուածքներ, 1978), «Շահան Շահնուր» (մենագրութիւն, 1982), «Գաղթականները» (վէպ,1983), «Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան» (մենագրութիւն, 1984), «Օտար Անցորդը» (պատմուածքներ, 1988), «Մարդը Հողին Վրայ» (պատմուածքներ, «Սովետական Գրող» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1987), «Մեծերէն Տասը» (կուսակցական գրականութիւն, 1990), «Փախուստը» (վէպ, 1990)։ Արժանացած է ԹՄՄ-ի «Վարդգէս եւ Ռիթա Պալեան» մամլոյ մրցանակին, 1990-ին։

Նուպար Ակիշեան մահացած է Ֆրեզնոյի մէջ, 1994-ին։

 

Սարգիս Մինասեան

Ծնած է 1933-ին, Դամասկոս։ Կանուխէն ընտանեօք Լիբանան փոխադրուած ըլլալով, նախակրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Collge St. Gregoire-ի եւ ապա ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարաններուն մէջ։ Աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, վկայուելով Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսով՝ եւրոպական արդի պատմութեան մէջ։

1957-էն սկսեալ երեսնամեակ մը վարած է ՀԲԸՍ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի Վարիչ Տնօրէնի պաշտօնը, միաժամանակ ղեկավարելով միութեան Լիբանանի աւելի քան տասնեակ մը մասնաճիւղերուն գործունէութիւնները։ Տարիներով մաս կազմած է ՀԵԸ-ի մշակութային-թատերական շարժումներուն։ Եղած է ՀԵԸ-ի Վահրամ Փափազեան թատերախումբի հիմնադիրներէն։ 1964-1973 տարիներուն վարած է ՀԲԸՍ-ի Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Խօսնակ» ամսագրի խմբագրութիւնը։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, 1975-1984, վարած է ՀԲԸՄ-ի եւ ամերիկեան կառավարութեան (A.I.D) նպաստաբաշխումի աշխատանքները իբրեւ պատասխանատու գանձապահ։ «Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամ»ի հիմնումէն ի վեր, օժանդակած է Լիբանանի մէջ կատարուած տարեկան յատկացումներու-անօգնական ուսուցիչներու, գործիչներու, արուեստագէտներու, մտաւորականներու-գործադրութեան։ 1960-ականներու սկիզբէն վարած է ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան գործերը Լիբանանի մէջ։

            Սարգիս Մինասեան 1986-ին ընտանեօք հաստատուած է Լոս Անճելըս, դառնալով «Նոր Օր» եռօրեայի պատասխանատու-խմբագիրը մինչեւ 1990։ Ազգային-քաղաքական յօդուածներով աշխատակցած է «Զարթօնք»ին եւ «Նոր Օր»ին։ Անտիպ ունի քրոնիկագրութիւն մը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի մասին։

            Ներկայիս գրադարանապետ է Los Angeles Unified School District-ի պետական մէկ դպրոցին մէջ։ Վարիչ-քարտուղարը եղած է ՀԲԸՄ-ի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մասնաճիւղին 1993-1998։ Անդամ եղած է Լոս Անճելըսի Չորք-Մարզպանի Հայրենակցական Միութեան Հիմնադիր Մարմինին։   

 

Յակոբ Պօղոսեան

            Ծնած է 1936-ին, Ռայաք, Լիբանան։ Նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն ազգային վարժարանին մէջ։ 1946-ին փոխադրուած է Պէյրութ, ուր յաճախած է Մեսրոպեան վարժարանը, զոր աւարտած է 1949-ին։ Ուսումը շարունակած է ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանին մէջ, զոր աւարտած է 1955-ին։

Աշխատած է Պէյրութի Խանամիրեան առեւտրական հաստատութեան մէջ որպէս հաշուապահ։ Բարձրագոյն ուսման համար ընդունուած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինը, զոր յաջողութեամբ աւարտած է 1960-ին Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսով։

Վկայուելէ ետք, աշխատած է Լիբանանի օդանաւային ընկերութեան՝ MEA-ի մէջ որպէս Planning engineer, 1987-ին։ Աշխատանքային տարիներու ընթացքին թղթակցութեամբ հետեւած է նաեւ Լոնտոնի Համալսարանի միջազգային լրագրութեան բաժնի դասընթացներուն եւ վկայուած որպէս լրագրող։ Երբ MEA ընկերութիւնը բացած է դէպի Հայաստան ուղիղ թռիչքը 1975-ին, Պօղոսեան դարձած է առաջին մասնակիցը այդ թռիչքին։ Իր պնդումներով եւ աշխատանքով է որ հրապարակուած է Լիբանանի պետական դրոշմաթուղթը՝ նուիրուած Պէյրութ-Երեւան ուղիղ թռիչքին։ Դրոշմաթուղթը կը կրէր Մասիսի նկարը եւ որ տարածուած էր Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ։

Յակոբ Պօղոսեան համալսարանական տարիներուն արդէն նուիրուած էր լիբանանահայ գաղութի հասարակական կեանքին՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Համալսարանականներու Միութեան, Պէյրութի Համալսարանականներու Միութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Գրական Շրջանակի վարչութիւններուն մէջ։ Միութենական գործունէութեան կողքին, աշխատակցած է Պէյրութի «Յառաջ»ին, «Յառաջ Գրական»ին եւ «Զարթօնք» թերթերուն։

1989-ին ընտանեօք փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ։ 1990-ին ստանձնած է «Նոր Օր» եռօրեայի խմբագրի պաշտօնը մինչեւ 1996 թուականը։ Լրագրական իր աշխատանքին առընթեր, մեկնաբան եղած է Լոս Անճելըսի հեռատեսիլի հայկական կարգ մը ծրագիրներու։ 1997-ին արժանացած է ԹՄՄ-ի Ռիթա եւ Վարդգէս Պալեան Մամլոյ մրցանակին։ Ան ստանձնած էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի Գալիֆորնիոյ Յանձնաժողովի վարիչ-քարտուղարի պաշտօնը։

Յակոբ Պօղոսեան մահացած է Օգոստոս 2001-ին, Լոս Անճելըս։

 

Լութֆի Թապագեան

                        Ծնած է Հալէպ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Վարդանեան եւ ՀԲԸՄ-ի Լ. Նաճարեան- Գ. Կիւլպէնկեան վարժարաններուն մէջ։ 1959-ին ընտանեօք փոխադրուած է Պէյրութ, ուր ուսումը շարունակած է Մխիթարեան վարժարանին մէջ։

1968-ին աւարտած է Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական ինստիտուտի դերասանական բաժինը։ Պէյրութի մէջ, կարգ մը գործակիցներու հետ, հիմնած է Վարդան Աճէմեան թատերախումբը, ուր թատերական գործունէութիւն ունեցած է լիբանանահայ բեմի վրայ։ 1970-ին հիմնադիր խմբագիրներէն եղած է Պէյրութի «Երիտասարդ Հայ» երկշաբաթաթերթին։ Ան 1978-ին փոխադրուած է Լոս Անճելըս։ 1978-1990 տարիներուն, մինչեւ թերթին դադրեցումը, վարած է տեղւոյն «Լրաբեր» շաբաթաթերթի պատասխանատու-խմբագրի պաշտօնը։

1981-1984 եղած է վարիչ-խմբագիրը «Նոր Օր»ին, խմբագրական կազմ ունենալով Նուպար Ակիշեանը, Վաչէ Սեմերճեանը եւ Անահիտ Օրջանեանը։ 1986-ին պարգեւատրուած է Խ. Հայաստանի Խաչատուր Աբովեանի Մամլոյ եւ ազգային-մշակութային գործունէութեան շքանշանով։ 1996-ին մաս կազմած է «Նոր Օր»ի խմբագրական մարմինին (Փայլակ Ահարոնեան, Տոքթ. Գրիգոր Գրիգորեան եւ Մինաս Գոճայեան)։ Ան 1996-ի կէսերէն մինչեւ 1998-ի աւարտը վարած է «Նոր Օր»ի պատասխանատու-խմբագրի պաշտօնը։

Ան 2000-էն սկսեալ անդամ է «Նոր Օր»ի խմբագրական մարմինին։

 

Փայլակ Ահարոնեան

Ծնած է Պէյրութ, 1928-ին։ Նախակրթութիւնը ստացած է Թրիփոլիի Խրիմեան-Նուպարեան վարժարանին մէջ։ Աւարտած է Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը։

Վերադառնալով Լիբանան, 1947-1966 տարիներուն իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է Թրիփոլիի Խրիմեան վարժարանին մէջ։ 1966-1979 թթ. եղած է Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի աւագ ուսուցիչ եւ ապա փոխ-տնօրէն։

1979-ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ։1981-1990 թթ. եղած է «Նոր Օր»ի  Վարիչ-տնօրէնը։ 1984-1986 մաս կազմած է թերթի խմբագրական մարմինին։ 1997-ին վարած է թերթին պատասխանատու-խմբագրի պաշտօնը։

 

Վաչէ Ղազարեան

            Ծնած է Հալէպ, 1954-ին։ Նախակրթութիւնը եւ երկրորդական ուսումը ստացած է ՀԲԸՄ-ի Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ։ Կանուխէն մասնակից դարձած է միութենական շարժումներու՝ նախ ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան, ապա՝ ԹՄՄ-ի եւ վերջապէս՝ ՌԱԿ-ի մէջ։

1977-ին, աւարտելէ ետք Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժինը, երկու տարի վարած է «Զարթօնք» օրաթերթի օգնական խմբագրութիւնը։ Այնուհետեւ, շուրջ երկու տարի, եղած է Վարիչ-քարտուղարը ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան։

1983-ին, Երեւանի մէջ Վահան Թէքէեանի կեանքին եւ գրականութեան մասին աւարտաճառը պաշտպանելէ ու Բանասիրական Գիտութիւններու Դոկտորի կոչում ստանալէ ետք Գիտութիւններու Կաճառի Գրականութեան Հիմնարկէն, պաշտօնի կոչուած է իբրեւ Վարիչ քարտուղար ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան. պաշտօն՝ որ պատուակալ կերպով շարունակած է 1988-ին Նիւ Ճըրզի հաստատուելէ ետք։

1983-1988 տարիներուն, Լիբանան գտնուած շրջանին, վերոյիշեալ պաշտօնին առընթեր, եղած է՝ գործադիր խմբագիր «Շիրակ» ամսագրի, հայագիտական նիւթերու դասախօս ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանի եւ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի (որուն տեսչութիւնն ալ տարի մը վստահուած է իրեն), արձակագիր եւ կուսակցական գործիչ Հայկ Նագգաշեանի հետ գործակցաբար հիմնադիր «Զարթօնք» տպարանի, որ յիշեալ հինգ տարիներու ընթացքին լոյսին բերած է աւելի քան երեք տասնեակ գիրք, եւ վերջապէս անդամ զանազան կուսակցական եւ միութենական մարմիններու։

1988-1992 տարիներուն վարած է ՀԲԸՄ-ի կրթական բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնը ի Նիւ Ճըրզի։ Այդ տարիներուն այցելած է զանազան գաղութներ եւ օգտակար դարձած Պուլկարիոյ մէջ ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղերու վերահաստատումին։ Նոյնպէս այս շրջանին է որ, Հայաստան բազմաթիւ այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին, քանի մը գործակիցներու հետ հիմնադրած է ՌԱԿ-ի Երեւանի «Ազգ» պաշտօնաթերթը։

1993-1994 Ուոթըրթաունի մէջ գործած է իբրեւ Վարիչ տնօրէն ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, որուն անդամակցած է մինչեւ 1994 թ., երբ դադար տուած է կուսակցական իր գործունէութեան։

Հասարակական-խմբագրական գործունէութիւնը այնուհետեւ կեդրոնացուցած է «Անկախութիւն» թերթին (1995-1998) եւ տարի մըն ալ «Նոր Օր» շաբաթաթերթին շուրջ (1998-1999), վերջինը՝ երկլեզու։

1995-ին հիմնած է Մայրենի Հրատարակչութիւնը, որուն միջոցով լծուած կը մնայ թարգմանական եւ հրատարակչական աշխատանքներու։

Հեղինակ է ինքնագիր, թարգմանեալ եւ թարգմանածոյ աւելի քան երեք տասնեակ հատոր-հատորիկներու։

 

Վաչէ Սեմերճեան

 

Ծնած է Պէյրութ, 1938-ին։ Շրջանաւարտ է ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն։ Քիմիագիտութեան Պսակաւոր Գիտութեանց վկայականին արժանացած է 1960-ին՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն։

            Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան եւ լիբանանեան վարժարանի մը մէջ պաշտօնավարելէ ետք որպէս հայերէնի, քիմիագիտութեան եւ բնագիտութեան ուսուցիչ (1960-1964), բրիտանական մասնագիտական վարժարանէ մը վկայուած է որպէս կաշուեմշակութեան Վարպետ. ապա տասնամեակ մը պաշտօնավարած է Եթովպիոյ եւ ԱՖղանիստանի մէջ (1966-1976) որպէս կաշուեմշակութեան մասնագէտ։

            Եթովպական եւ միջին արեւելեան քաղաքական անկայունութիւններու պատճառով 1976-ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ։ Ամերիկայի կաշիի ճարտարարուեստին մէջ քսան տարի մը ծառայելէ ետք՝ վերադարձած է իր առաջին սիրոյն՝ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցումին։

            Բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է ՌԱԿ-ի մէջ, մանաւանդ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակէն ներս։ Զանազան պատասխանատուութիւններ ստանձնած է նաեւ Լոնտոնի, Ատիս Ապեպայի եւ Լոս Անճելըսի հայ գաղութներուն մէջ։ Իսկ ԹՄՄ-էն ներս ունեցած իր գործունէութիւնը կը շարունակէ տակաւին։ Անցնող տասնէ աւելի տարիներուն վարած է եւ կը շարունակէ վարել ԹՄՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ատենապետութիւնը։

            Ան քառասնամեակ մը ամբողջ նուիրուած է ռամկավար ազատական մամուլին՝ աշխատակցութեամբ եւ կազմակերպչական գործով։ 1978-էն մինչեւ 1994 ծաւալուն գործունէութիւն մը ունեցած է «Նոր Օր» եռօրեայի Մամլոյ Դիւանէն ներս որպէս խորհրդական եւ ղեկավար։ ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով 2000-ին ստանձնած է «Նոր Օր» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը, պաշտօն մը որ սիրայօժար կը կատարէ մինչեւ այսօր։

            Յօդուածներ, առաջնորդողներ, ուսումնասիրութիւններ եւ թղթակցութիւններ ստորագրած է «Զարթօնք», «Զարթօնք Սփոր», «Արեւ», «Պայքար», «Միութիւն», «Նոր Օր» եւ «Նոր Կեանք» թերթերուն մէջ 1956-էն մինչեւ այսօր։ Սփիւռքահայ եւ երեւանեան մամուլը յաճախ արտատպումներ կատարած է իրմէ։

Խմբագրած է «ՌԱԿ 60-ամեակ» ստուար հատորը՝ Լոս Անճելըս, նուիրուած կուսակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձին (1981), Անդրանիկ Անդրէասեանի լրագրական գործունէութեան 50-ամեակին նուիրուած հաւաքածոյ մը (1978), Ալեք Գլըճեանի «Թափառիկ Խոհեր» ստեղծագործութիւններու հատորը (1998) եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Արեւմտեան Կողմն Աշխարհի» յուշագրական հաւաքածոն (1999)։ 2000 թուականին լոյս տեսած է Վաչէ Սեմերճեանի «Ապրուած Սփիւռքը» հատորը, որ կը մէկտեղէր հրապարակագրին սփիւռքի կեանքին ու տագնապներուն առընչուող յօդուածներուն ընտրեալները։

  

                             Հատուած՝  «ՌԱԿ-ի Մամուլի Խմբագիրները» գիրքէն

Երեւան, Տպ. Տիգրան Մեծ հրատարակչատուն, 2005,131 էջ

 

ՅՈՎԻԿ, ԷՕՐՏԷՔԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ