Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ – 3 –

 

Պուրճհամմուտցի ամէն մանուկ եռալեզու դարձած կը դիմաւորէր գիտակցական տարիքը. ան իւրացուցած կ’ըլլար արդի հայերէնը, որ մասնաւորաբար դպրոցին մէջ կիրարկուողն էր,  բարբառ մը, որ յատուկ էր տան մէջ  ապրող մեծհօր մը կամ մեծմօր մը,  եւ թրքերէնը,  որուն մենք նոյնքան  կը տիրապետէինք, որքան հայերէնին,  երբեմն նոյնիսկ աւելի լաւ: Կային տղաք, որոնք միայն դպրոցը հայերէն կը խօսէին, իսկ  ժամանակին մնացեալ մասը  թրքերէն կը հաղորդակցէին թէ՛ տան մէջ, թէ՛  փողոցը, մանաւանդ եթէ կու գային թրքախօս ընտանիքէ:

Ուրեմն կային նաեւ հայախօս ընտանիքներ եւ թրքախօս ընտանիքներ:

Իմս հայախօս էր, եւ չեմ յիշեր որեւէ առիթ, ուր հայրս կամ մայրս կամ մեծմայրս թրքերէն դիմած ըլլային մեզի: Սակայն հակառակ ասոր՝ մենք՝ հինգ քոյր-եղբայր, սահուն կը խօսէինք թրքերէնը, որուն կը տիրանայինք փողոցը եւ մեր շուրջը  գտնուող թրքախօս հասակակիցներէ, հիւրերէ, խանութպաններէ,  փերեզակներէ, արհեստաւորներէ, պատահական անցորդներէ, քիչ մը բոլորէն:

Գալով բարբառներուն, ամէն ընտանիք ունէր իրը, որ կը գործածէր միայն տան մէջ՝ մեծհօր կամ մեծմօր հետ, երբեմն մինչեւ իսկ հօր ու մօր հետ, ու հոն ալ կը մնար ան: Բացառուած չէր, որ մեզմէ ոմանք  յաջողէին սորվիլ նաեւ անմիջական դրացիին տան մէջ խօսուող բարբառը:

Ժամանակին հետ այդ բառբառները հետզհետէ կորսուեցան, երբ զանոնք խօսող երէցները  չմնացին. այսօր ամբողջ սփիւռքի մէջ որոշ կենսունակութիւն ունի  Մուսալեռի բարբառը միայն՝ Անճարի մէջ, իսկ արեւմտահայ միւս  բարբառները   անհետացան: Մօտաւորապէս նոյն ընթացքին հետեւեցաւ թրքերէնը, թէեւ զայն խօսողներ, մանաւանդ գիտցողներ, բաւական կը գտնուին մինչեւ հիմա ալ:

Մեծ բացական արաբերէնն էր, քանի մեր առօրեայէն բացակայ էին իրենք՝ արաբները  եւս: Ամբողջ Պուրճ-Համմուտի մէջ կ’ապրէին երկու  արաբ ընտանիքներ՝ քաղաքապետարանի քարտուղարինը եւ Մար-Եուսեֆ եկեղեցւոյ ժամկոչինը: Մնացեալները մենք էինք ու մերոնք եւ  կ’ապրէինք  մեր եկեղեցիներով, դպրոցներով, ուր բոլոր նիւթերը հայերէն կը դասաւանդուէին, խանութներով եւ   արհեստանոցներով, ուր ծառայողները գրեթէ միայն հայեր էին՝ դերձակներ, կօշկակարներ, ատաղձագործներ, երկաթագործներ, դարբիններ, բրուտներ, մինչեւ անգամ…պայտարներ, այո, պայտարներ,– նոյնիսկ  հեռաւոր ու  մեզի անծանօթ շրջաններէ տեղացիներ իրենց գրաստը կը բերէին եւ Պուրճ-Համմուտի մէջ լուսնել կու տային: Ես մինչեւ հիմա ալ չեմ մոռնար  անոնցմէ մէկը, որ Լեւոն կը կոչուէր:

Չոր, նիհար մարդ մըն էր ան, հաւանաբար 50-ի շուրջ, ունէր տարեկից  օգնական մըն ալ: Այս վերջինը կը վառէր կաւաշէն փոքրիկ  քուրան, որուն մէջ վարպետը կը դնէր մետաղեայ ձող մը, մօտաւորապէս մէկ թիզ երկարութեամբ: Աշկերտը  քուրային կրակը յարատեւ կ’արծարծէր փքոցով մը, եւ ահա երկաթը  հետզհետէ կը շիկանար: Լեւոն մետաղեայ երկարակոթ ունելիով մը կը բռնէր զայն, կը դնէր սալին վրայ, որ հաստատուած կ’ըլլար կոճղի մը գագաթը, մօտ 70-80 սանթիմ բարձրութեամբ,  ու կը սկսէր նախ կիսաշրջանակ ոլորել զայն: Մէջընդմէջ երկաթը կը վերադառնար դէպի քուրայ ու կը վերաշիկանար: Ապա  կամաց-կամաց կը տափակցնէր զայն, եւ այսպէս կը ձեւանար պայտը: Որմէ ետք  դուրի  մը օգնութեամբ, դա՛րձեալ շիկացնելով զայն, կը բանար զանազան ծակեր:

Պատրաստ  պայտերը կը կախուէին պատին վրայ:

Եւ ահա կու գար գրաստատէր մը, ընդհանրապէս ձիապան մը:

Օգնականը կ’անշարժացնէր ձին, կ’ոլորէր անոր առջեւի ոտքերէն մէկը, եւ վարպետը խոշոր աքցանով մը կը քաշէր մաշած պայտին գամերը, որոնք շատ դժուար դուրս կու գային սմբակէն: Ապա կ’անցնէր միւսին…: Քակուած պայտերուն տեղը ձիուն եղունգը  սեւցած ու մաշած կ’ըլլար. Լեւոն կիսաշրջանակաձեւ դանակով մը կը քերթէր եղունգին այդ մասը, որ շերտ-շերտ գետին կը թափէր: Այդ շերտերէն ոմանք երբեմն մինչեւ 7-8 սանթիմ  երկայնք կ’ունենային եւ աւելի քան կէս սանթիմ հաստութիւն:

 

 

Երբ լման հեռացնէր մաշած եղունգը, խոշոր խարտոցով մը կը յղկէր տեղը, կը հարթէր զայն,  որպէսզի հանգիստ նստի նոր պայտը, որմէ ետք կը սկսէր  յարմար չափի մը ընտրութիւնը:  Ասոնք ալ պատրաստելէ ետք կը հասնէր  ամենասոսկալի  արարը, որ էր պայտերու ամրացումը սմբակին վրայ:

Այդ մէկը տեղի կ’ունենար շնորհիւ խոշոր գամերու, մօտ 8-10 սանթիմ քառանկիւն սեպեր, մատիտի տրամագիծով, խոշոր  գլուխներով, որ նոյնպէս  պայտարը պատրաստած կ’ըլլար: Ահա այս գամերն է, որ պարտէր մխրճել ծակերուն մէջ: Ես սոսկումով կը դիտէի այս վերջին գործողութիւնը, քանի ամէն վայրկեան կը կարծէի,– հակառակ փորձառութեանս,– որ ան պիտի մխրճուէր անասունի միսին մէջ, մինչ ան անտարբեր կ’ենթարկուէր վարպետի հարուածներուն:

Սմբակը կոնաձեւ ըլլալուն՝ գամերուն ծայրերը յաճախ մէկ-երկու սանթիմի չափ    դուրս կու գային անկէ. վարպետը կը կտրէր այդ մասերը, խարտոցով կը հաւասարեցնէր եղունգին եւ կ’աւարտէր գործը. խորունկ շունչ մը կ’առնէի ու  կը հանգստանայի, ինծի հետ ալ ձին, որ լիաթոք կը խրխնջէր:

Նոր պայտ ունեցող   ձին կարծես աւելի առոյգ, աւելի աշխոյժ ու կենսունակ երեւոյթ մը կը մատնէր եւ ոտքերով կայտառօրէն կը դոփէր գետինը՝ նոր կօշիկ ստացած մանուկի  գոհունակութեամբ:

*   *   *

Եւ վերջապէս Պուրճ-Համմուտի պղնձագործները…

Արդի հայը  որոշ չափով պատկերացում ունի վերոնշեալ  արհեստներուն մասին, սակայն չեմ կարծեր, թէ ձեզմէ մէկը գիտնայ՝  ի՛նչ է պղնձագործը: Այս արհեստը կիրարկողներու երկար շարք մը հաստատուած էր Արաքս թաղի կռնակը՝ աջին, որ անցած դարու յիսունականներուն ազատ տարածութիւն մըն էր մինչեւ գետը: Պղնձագործները  կ’ունենային ընդամէնը երկթակ մուրճ մը եւ պողպատեայ սալ մը, որ գետնէն հազիւ թիզ մը բարձր հաստատուած կ’ըլլար: Անոնք գետինը նստած կ’աշխատէին, եւ անոնց միակ ատաղձը պղնձեայ թերթերն էին՝ զանազան հաստութեամբ: Այդ թերթերը շրջանակաձեւ կը կտրէին ու կը սկսէին ձեւաւորել՝ սալին վրայ ծեծելով զանոնք: Երկա՜ր  ու տաժանագին աշխատանք մըն էր այս, որուն շնորհիւ անդուլ թակուող պղնձեայ սկաւառակը մեր ապշահար աչքերուն առջեւ կամաց-կամաց ձեւ կը ստանար՝ դառնալու համար բաժակ մը, սրճաման մը,  պնակ մը, տապակ մը, սան մը, խալկին մը, փարչ մը, կաթսայ մը,  տաշտ մը, սկուտեղ մը կամ որեւէ այլ ընդունարան: Ասոնք բոլորը կը ղրկուէին քիչ անդին գտնուող կլայագործներուն,  որոնք բորբ կրակին վրայ լաւ մը կը տաքցնէին զանոնք, ապա անագով կ’օծէին անոնց ներքին  մակերեսը միայն, յետոյ քուրջով մը կը շփէին  զայն, եւ կաս-կարմիր պղինձը կը գունափոխուէր ու կը սկսէր երեսիդ ժպտիլ  պսպղուն հայելիի պէս, որուն մէջ կրնայիր պատկերդ տեսնել:

Ափսո՜ս, քանի մը տարի ետք այդ արուեստն ալ կորսնցուց իր հմայքն ու թափը, երբ ալումինիումէ պատրաստ սպասները ողողեցին շուկան՝ մանաւանդ կանխելով թունաւորումի հաւանականութիւնն  ալ, որ պղինձին մէկ մնայուն վտանգն  էր:

Յատուկ յիշատակութեան արժանի  են նաեւ  հայ շինարարները՝ իրենց վարպետներով ու ճարտարապետներով: Անոնց մեծ մասը կ’ապրէր խրճիթներու մէջ. սակայն  համեստ  օրապահիկի մը սիրոյն կը ծառայէին տեղացիներու քարաշէն բնակարաններու, դղեակներու եւ պանդոկներու կառուցումին: Աւելի ուշ է որ անոնք իրենց տեղը զիջեցան  սուրիացի բանուորներուն եւ ուրիշ օտարականներու:

 

*   *   *

Պուրճ-Համմուտի մէջ կը գործէին չորս մարդասիրական հաստատութիւններ:

Ասոնցմէ մէկը  դարմանատուն մըն էր, Մեսրոպեան վարժարանին կից, որ  կը տնօրինէր ֆրանսացի քոյր մը՝  Mère Blanche անունով.  միջին տարիքի, լեցունկեկ, յաղթանդամ, սնդիկի պէս  շարժուն եւ եռանդուն, համակ ժպիտ ու քաղցրութիւն՝ ան բոլորիս հոգածու հրեշտակն էր, անունին տէրը՝ իսկական մայր մը:

Միւսը Գարակէօզեան հիմնարկն էր,  որ նախախնամական դեր ունեցաւ հայ  մանուկներու սնունդի եւ առողջապահական կարիքներու մատակարարման մէջ:

Ապա՝ Ծերանոց-այրիանոցը եւ Կուրանոցը, Նոր Սիսի եւ Նոր Ատանայի հատման կէտին վրայ, որոնց հիմնադիրները, մատակարարները եւ երկսեռ անձնակազմի վերին շերտը զուիցերիացիներ էին, որոնք սակայն…մաքուր հայերէն կը խօսէին: Այս աւանդոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ այն օրը, ուր զուիցերիացի վերջին հայախօս տնօրէնը՝ Մր. Ցիգլերը, հեռացաւ Լիբանանէն՝ իր հետ տանելով հայ կինն ու հայախօս զաւակները:

 

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ