Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Պատանեկան Յուշերէս. «Այս Ո՞րքան Գիր Կարդացողը Կը Յոգնի Հապա Գրո՞ղը»

Արմաշի Յուշամատեանը

            Պատանի էի, հազիւ 13 տարեկան, երբ հայրս Եղիա Արզումանեան, իր գրադարանէն գիրք մը  բերելով կը բանար եւ ինծի ցոյց կու տար եկեղեցականներու խմբանկար մը որ Արմաշի Դպրեվանքի առաջին ձեռնադրեալ եօթը հոգեւորականներու հունձքը կը ներկայացնէր, կեդրոնը նստած Վերատեսուչ եւ ձեռնադրիչ Մաղաքիա Եպիսկոպոս Օրմանեան։ Կ՛ըսէր որ անոնք եօթը նորընծաներն էին Արմաշու Դպրեվանքին, ու «այս մէկը կը յիշեմ տեսած եմ երբ ես պատանի էի Էվէրէկի Ս. Թորոս եկեղեցիին մէջ», ցոյց տալով Բաբգէն վարդապետ Կիւլէսէրեանը, որ Անկիւրիոյ Առաջնորդ եղաւ, եւ յետոյ՝ Աթոռակից Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։

            Գիրքը Արմաշու Դպրեվանքի 25-ամեակին յատուկ Յուշամատեան մըն էր 1914 թուին պատրաստուած Թորգոմ Եպիսկոպոս Գուշակեանի խմբագրութեամբ որ իմ մօտ տակաւին կը պահուի հօրս թողած հազուագիւտ գիրքերու շարքին։ Խմբանկարը տպաւորիչ էր եւ իմ յիշողութեան մէջ մնաց սեւազգեստ վեղարաւոր հայ երիտասարդ հոգեւորականներու խումբը՝ ձեռնադրուած 1895 թուին։                                  

                                                                                                   

Բաբգէն  Ա. Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան 

            Յետագային հայրս կը պատմէր թէ Համաշխարհային Ա Պատերազմէն տարի մը առաջ Բաբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեան որպէս թեմի Առաջնորդ Էվէրէկ կ՛այցելէր ու եկեղեցւոյ մուտքին կը դիմաւորուէր խուռներամ հաւատացեալներուն կողմէ, եւ պատանի Եղիայի յիշողութեամբ, որ առաջին անգամն ըլլալով հայ եպիսկոպոս մը կը տեսնէր, «երբ ան ձիէն իջնելով, իր ոտքերու փոշին կը թօթափէր եկեղեցւոյ վրան առջեւ, եւ եկեղեցի մտնելով կու տար իր քարոզը»։ Հայրս զարմանալիօրէն կը յիշէր նաեւ եպիսկոպոսին տուած քարոզին բնաբանը՝ «մի կալ հակառակ չարին»։

           

Օրմանեան Պատրիարքի «Խոհք եւ Խօսք»ը

            Շատ չանցած հայրս գիրք մը եւս ձեռքս կուտար որ թղթատեմ, այս անգամ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի «Խոհք եւ Խօսք» անուն իր վերջին գիրքը։ Լաւ կը յիշեմ իմ նիհար հայերէնովս շատ բան չհասկնալս, էջերը արագ արագ դարձնելս, եւ հայատառ լատիներէն բառ մը կրկին եւ կրկին անգամ կարդացած ըլլալս։ Բառն էր «րեվերսուրուս»։ Երբ հօրս հարցուցի թէ ինչ կը նշանակէ, չեմ գիտեր ըսաւ։ Յետագային մտքիս մէջ արձանագրուած այդ բառը նախ հաստատեց փոքր տարիքիս այդ գիրքը եւս իրապէս ձեռքս առած ըլլալս, եւ ապա կրկին կարդալով ու հասկնալով անոր օրուան Սրբազան Պապին Կոնդակին խորագիրն ըլլալը։

            Տարի մը ետք երբ Գահիրէի Գալուստեան Ազգային Վարժարանի վեցերորդ կարգ անցայ, տնօրէնութենէն շրջանաւարտ երիտասարդ մը Շահան Բագրատունի դասարան մտնելով հաղորդեց մեզի թէ արտօնուած էինք դպրոցին գրադարանը մտնել եւ գիրք մը առնել արձանագրելով մեր անունը, զայն տուն տանիլ ու կարդալ, եւ անպայման ապահով վերա-դարձնել գրադարան։ Լսեցինք իբրեւ հպարտ եւ առանձնաշնորհեալ դասարանի աշակերտ-ներ, եւ սակայն կարեւորութիւն չտուինք։ Մեր դասագիրքերը հազիւ կը կարդայինք, մնաց որ յաւելեալ գիրք մըն ալ շալկէինք եւ տուն տանէինք։ Նոյն երեկոյեան հօրս անցողակի ըսի թէ այս տեսակ բան մը ըսին մեզի։

 

Օրմանեան Պատրիարքի «Ազգապատում»ը

            Առաւօտուն հայրս ըսաւ, «եթէ գրադարան երթաս հարցուր որ «Ազգապատում» անունով գիրքը ունի՞ն։ Գրողն է Օրմանեան Պատրիարք»։ Ինձ համար այդ անունները մտովի մինչեւ դպրոց եւ գրադարան հասցնել շատ դժուար պիտի ըլլար։ Միայն մականուններու նմանութիւնը միտքս պահելով եւ Օրմանեան անունը մտաբերելով հասայ եւ գրադարանի օրիորդին հարցուցի եթէ այդ անունով գիրք մը ունէին թէ ոչ։ Փնտռեց ցանկին մէջ եւ ըսաւ որ կայ։ Բերաւ հսկայ հատոր մը։ Ինք զարմացաւ, ես սարսափեցայ։

 

           

«Այս խոշոր գի՞րքը պիտի կարդաս։ Տո՞ւն պիտի տանիս։ Ապահով կրնա՞ս վերա-դարձնել»։ Ուզեմ չուզեմ շալկեցի գիրքը, տուն տարի, եւ հօրս յանձնեցի իր ուզած եւ չտեսած Օրմանեան Պատրիարքի «Ազգապատում»ի հատորներէն մին։ Հիացած, հայրս սկսաւ թղթատել մեծ գիրքը, «ա՛յս է եղեր Ազգապաումը, ի՝նչ մեծ գիրք է», եւ ես հերոսաբար կը հետեւէի անհամբեր թէ ինչ նկարներ պիտի տեսնէի։ Էջերը կը թաւալէին, ոչ իսկ մէկ պատկեր այդ խոշոր հատորին մէջ։ Գիրով գիր, մինչ հայրս հիանալով կը կարդար տող մը ասկէ տող մը անկէ, եւ ատեն մը ետք ըսաւ՝           

            «Այս ո՞րքան գիր, կարդացողը կը յոգնի, հապա գրո՞ղը»։ Գիրքը մի քանի օր տուն մնաց եւ հայրս ըսաւ զգուշութեամբ վերադարձնել զայն գրադարան։ Կը կարծեմ թէ այդպէս ալ ըրի։ Սակայն ինք չկարծեց որ սա «մեր տղան», ինչպէս Էվէրէկցիները սովոր են ըսել, օր մըն ալ այդ «Ազգապատում»ը շարունակողը պիտի ըլլար յիսնամեակ մը ետք, անձամբ պիտի շարեր անհատնում գիրերը, ինք պիտի չյոգնէր գրելէն եւ շարելէն, սակայն պիտի յոգնեցնէր զայն ընթերցողը։

 

«Ազգապաում»ին Շարունակութիւնը

            Լուռ մարգարէութիւն մըն էր կարծես եղածը։ Հայրս ապրեցաւ մինչեւ 87 տարեկան եւ սակայն չհասաւ տեսնելու Տէր Զաւէնին, իր զաւկին աշխատասիրութիւնը որ երեք ստուար հատորներով կազմեց շարունակութիւնը Օրմանեան Պատրիարքի երեք մեծածաւալ հատորներուն։ Նոր հատորներուն իսկական նախաբանը «գրողը» հայրս եղաւ։ Ուրկէ՛ ուր։

            Անցած է քսանամեակ մը երբ առաջին հատորը լոյս տեսաւ, որուն յաջորդեց երկրորդը, եւ աւելի ուշ՝ երրորդ գիրքը, միասնաբար կազմելով քսաներորդ դարու Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգին փոթորկալից պատմութիւնը, հալածանք, ցեղասպանութիւն, Սովետական բռնատիրութիւն, բռնագաղթ, յետոյ աւելի թոյլատու վիճակ եւ վերջապէս պետական անկախութիւն։ Այս բոլորը հետեւողութեամբ մեծանուն պատմաբան Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի «Ազգապատում»ին որպէս միացեալ Դ Հատորը՝ գլխակարգութեամբ չորս մեծագործ Հայրապետներու՝ Գէորգ Ե Սուրէնեանց, նահատակ Խորէն Ա Մուրատբէկեան, Գէորգ Զ Չորեքճեան եւ Վազգէն Ա Պալճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներու։

            Նորագոյն երեք հատորները հրատարակուեցան Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի հովանաւորութեամբ, Հայրապետական Օրհնութեան Գիրովը Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ Կաթողիկոսի, հրամանաւ Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի եւ մեկենասութեամբ «Զգօն Եպիսկոպոս Տէր Յակոբեան» գրական 

 

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ


 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ