Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

90-Ամեակ Դպրեվանքի. Շահէ Արքեպիսկոպոս Գասպարեան Վերատեսուչ Կիլիկիոյ Աթոռի Անթիլիասի Դպրեվանքին (1882-1935) 

«Արմաշի երիցագոյն աշակերտը այդ օր եպիսկոպոս կը ձեռնադրէր Արմաշի կրտսերագոյն իր աշակերտներէն մին, սերտ կապ մը հաստատելով երկու նոյնանման հաստատութեանց միջեւ, Արմաշի եւ Անթիլիասի Դպրեվանքներուն, առաջինին փակումէն 15 տարիներ ետք, եւ երկրորդին բացման վաղորդայնին» 

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ 

 

Ընտիր Հոգեւորականը

            Արմաշական միջին սերունդի ընտիր հոգեւորականներէն մին էր Շահէ Արքեպիսկոպոս Գասպարեան, ծննդեամբ Այնթապցի եւ սննդեամբ Արմաշու Դպրեվանքի վերատեսուչ Եղիշէ Եպիսկոպոս Դուրեանի շունչին տակ, որմէ 1904 թուին քահանայական ձեռնադրութիւն կը ստանային Չարխափանի Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճարին մէջ չորս օծակիցներ միասին։ Դուրեանի Զմիւռնիոյ առաջնորդութեան ընթացքին պատահեցան չորսերու ձեռնադրութիւնը, երբ Սրբազանը յատկապէս Արմաշ եկաւ իր աշակերտները ձեռնադրելու։ Աւաղ սակայն Շահէ Արք. եպիսկոպոս Գասպարեանի կեանքի տարիները կարճ եղան, երբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին կատարած իր առաջին այցելութեան 1935 թուին, Երեւանի իր պանդոկին մէջ յանկարծամահ կ՛ըլլար։

            Ծնած Այնթապ 1882.ին, Արմաշու Դպրեվանք ընդունուած 1899-ին, աւարտաճառի նիւթը եղած է «Քրիստոսի բնութեանց խնդրոյն մասին Հայ Եկեղեցւոյ կարծիքը»։ Նախ վարեց Հալէպի եւ ապա Ատանայի առաջնորդութիւնը «ընդհանուր համակրութեամբ եւ արդիւնաւոր գործունէութեամբ» ինչպէս կը վկայէր Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան իր «Խոհք եւ Խօսք» գիրքին մէջ։ Բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար Շահէ Վարդապետ կանուխէն Ամերիկա կը մեկնէր 1914-ին Պոսթոնի մօտ Քէյմպրիճի եպիսկոպոսական աստուածաբանական ընծայարան, վարելով միանգամայն Պոսթոնի հայահոծ գաղութին հովւութիւնը։ Իր ուսման շրջանին 1914 Փետրուար 23 թուակիր արժէքաւոր յօդուած մը գրած է «Վերածնութեան Ճամբուն Վրայ» վերնագրով, յիշեցնելով հայոց ուրացուած պայքարը եւ անոնց պարտականութիւնը հանդէպ իրենց եկեղեցիին եւ կրօնքին, լոյս տեսած «Արմաշի 25-ամեայ Յոբելեանի Յուշամատեան»ին մէջ։

            Շահէ Ծ. Վարդապետ Գասպարեան 1917-1920 վարած է Ամերիկայի թեմին առաջնորդական տեղապահի պատասխանատու պաշտօնը՝ թելադրութեամբ Բաբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեանի որ տասնամեակ մը Ամերիկայի թեմէն ներս գործող անպաշտօն միակ եպիսկոպոսն էր։ Դարձեալ ըստ Օրմանեանի «Շահէ Գասպարեան ապագային համար արժանաւոր եւ օգտակար զարգացեալ եկեղեցական գործիչ մը ըլլալու սահմանուած կը տեսնուի»։

Վերատեսուչ Դպրեվանքի

            1931 Մայիս 24.ին Կիլիկիոյ նորընտիր Աթոռակից Բաբգէն Ա. Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան կը կատարէր իր անդրանիկ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը որ եղաւ նաեւ առաջինը Անթիլիասի նորահաստատ կայքին մէջ։ Ձեռնադրութեան կը նախագահէր Տ.Տ. Սահակ Բ. Կաթողիկոս Կիլիկիոյ, եւ խարտաւիլակութեան պաշտօնը կը կատարէր ձեռնադրեալին ուսուցիչ եւ Եգիպտահայ թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան, որ նոյն տարին Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռի Հայոց Պատրիարք կ՛ընտրուէր։ Ձեռնադրեալը՝ Շահէ Ծ. Վարդապետ Գասպարեան վարկ եւ անուն կերտած էր որպէս վարչագէտ եւ ուսումնական անբասիր հոգեւորական թէ՛ Հալէպի եւ թէ՛ Ամերիկայի մէջ, առաջինին որպէս առաջնորդ, եւ երկրորդին որպէս Պոսթոնի համայնքին հոգեւոր տեսուչ 17 բեղմնաւոր տարիներ։ 1930 Հոկտեմբերին կը հրաւիրուէր Բաբգէն Ա Աթոռակից Կաթողիկոսէն Լիբանան մեկնելու եւ ներկայ ըլլալու Դպրեվանքի բացումին եւ ստանձնելու իր վերատեսուչի նոր պաշտօնը։

            Շահէ Արքեպիսկոպոս Գասպարեան Դպրեվանքի վերատեսուչի իր հնգամեայ պատասխանատու պաշտօնը պատուով եւ արդիւնքով կատարեց, ընծայելով եկեղեցիին ու ազգին առաջին երախայրիքը՝ Տ. Զարեհ վարդապետ Փայասլեան, յետագային Տ.Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Կիլիկիոյ, եւ Տ. Դերենիկ վարդապետ Փոլատեան, յետագային Եպիսկոպոս եւ Վերատեսուչ Դպրեվանքին, որոնց ձեռնադրութիւնը ինք կատարեց 1935 թուին։

 Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւնը

            Կիլիկիոյ Աթոռակից Բաբգէն Կաթողիկոս նոր հաստատուած էր Կիլիկեան Աթոռ, եւ Շահէ Ծ. Վարդապետ պիտի դառնար իր գործակիցը, ուսուցիչ եւ աշակերտ, երկուքն ալ ազգակիցներ Այնթապէն, որոնք տարիներ գործակցած էին Ամերիկայի թեմէն ներս։ Անթիլիաս հասնելուն չորրորդ օրը Բաբգէն Կաթողիկոս կը գրէր Շահէ Ծ. Վարդապետին «Հալէպէն սկսելու աշակերտներ հաւաքելու կենսական գործը» ուր նախապէս վարած էր առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը, «մեծ կարեւորութիւն ընծայելով առաջին դասարանի կազմութեան»։ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն ու իր Աթոռակիցը լաւագոյն թեկնածուն ընտրած էին եւ հարկ տեսած զինք եպիսկոպոսացնել 1931.ի Հոգեգալստեան կիրակին՝ Մայիս 24-ին, Անթիլիասի նորաօծ Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցիին կից ընդարձակ փայտաշէն տաղաւար եկեղեցիին մէջ։

            Առժամեայ Խորանին հիւսիսային կողմը եօթնաստիճան սեղան մը պէտք էր օծուէր զոր կատարեց Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան, ուր կատարեցին եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առաջին մասը՝ եմիփորոնի տուուչութեամբ։ Ձեռնադրութեան առիթով Եգիպտահայ թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս յատկապէս կու գար նաեւ որպէս ընծայեալին Արմաշական ուսուցիչը, կատարելու համար խարտաւիլակի պաշտօնը, «իր իսկ ձեռքով ներկայացնելով Արմաշական ընտրեալը եւ գիտակցաբար վկայելով անոր արժանաւորութեան մասին»։

            Հոգեգալստեան օրը իրենց պաշտօնին եւ աստիճանին համեմատ զգեստաւորուեցան բոլորը, կաթողիկոսէն մինչեւ դպիր եւ Ս. Թարգմանչաց եկեղեցիէն թափօրով ուղղուեցան դէպի տաղաւար, ըստ ցուցման Մաշտոցին։ Ձեռնադրիչն էր Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսը ընթերակայ ունենալով Եղիշէ Կարոյեան եւ Խադ Աջապահեան եպիսկոպոսները։ Երբ ձեռնադրող Հայրապետը գոչեց, ըսելով «ածէք զդա այսուհետեւ ի վերայ արծւոյն», իսկոյն ընծայեալը արծուենշան կաթողիկոսական գորգին վրայ ծնրադիր՝ բարձրաձայն կարդաց իր ուխտագիրը, տուաւ իր հաւատոյ դաւանանքը, յայտարարեց իր ուղղափառութիւնը, պատասխանելով Կաթողիկոսի հարցումներուն։

            Շահէ Վարդապետին տրուեցաւ եմիփորոն եւ եպիսկոպոսական խոյր, մինչ Ճաշու Գիրքի ընթերցումէն առաջ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս «արծաթապատ փոքրիկ Աւետարան մը կը դնէր ծնրադիր ընծայեալին ծոծրակէն վար՝ թիկունքին վրայ», բանալով Ղուկասու չորրորդ գլխու «Հոգի Տեառն ի վերայ իմ» համարները։ Ձեռնադրիչ Կաթողիկոսը իր ձեռքը կը դնէր Շահէ Վարդապետի գլխուն վրայ ու կը կարդար յատուկ աղօթքը, ապա կ՛երգէին «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» մաղթերգը։

Օծումը

            «Ողջոյն»էն առաջ ծերունի Սահակ Կաթողիկոս որ նոր մտած էր եկեղեցի, ուզեց մասնակցիլ սրբազան ծէսին։ Բեմ բարձրանալով օծեց ճակատը նորընծայ Շահէ Եպիսկոպոսին «ի նշան իր հայրական սիրոյն, ի գնահատումն իր արժանիքներուն եւ ի գոհացումն իւր իսկ սրտին բաղձանաց»։ Բաբգէն Կաթողիկոս օծեց Շահէ Եպիսկոպոսին աջ ձեռքին փթամատը, կարդալով եպիսկոպոսական իշխանութեան աղօթքը, տալով անոր եպիսկոպոսական գաւազանը եւ մատանին։ Ձեռնադրութեան ուշագրաւ կէտն այն էր որ Արմաշի երիցագոյն աշակերտը Արմաշի կրտսերագոյն իր աշակերտը եպիսկոպոս կը ձեռնադրէր, սերտ կապ մը հաստատելով երկու նոյնանման հաստատութեանց միջեւ, Արմաշի եւ Անթիլիասի դպրեվանքներուն, առաջինին փակումէն ուղիղ 15 տարիներ ետք, եւ երկրորդին բացման վաղորդայնին։ Նոյն օր Արմաշի հոգեւորականներէն հինգ հոգի ներկայ էին եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ