Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Մանուկեան Վարժարանի Յիսուներորդ Յոբելենական Հունձքը

 Միշիկընի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանը, ինչպէս աշխարհի բոլոր դպրոցները, արտասովոր կրթաշրջան մը բոլորեցին այս տարի:

Միշիկընի նահանգապետին որոշմամբ, Ուրբաթ Մարտ 13-ին, նահանգին դպրոցները փակուեր էին: Այս՝ անակնկալ եւ աննախադէպ իրավիճակը, խառնաշփոթ առաջացուցեր էր դպրոցներու պատասխանատուներուն մօտ: Առաջին երեք չորս շաբաթը, նոյնիսկ հազարաւոր աշակերտներ ունեցող դպրոցական շրջաններ (districts), սպասողական վիճակի մէջ էին չկողմնորոշուելով թէ ինչպէ՞ս պիտի կազմակերպէին ու աւարտին հասցնէին դպրոցական տարեշրջանը:

Այսպիսի անյստակ կացութեան դիմաց Մանուկեան վարժարանի Երկրորդական բաժնի տնօրէն Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանի նախաձեռնութեամբ, Մարտ 13-ի յաջորդ շաբաթն իսկ, առցանց շարք մը ժողովներ գումարուեցան:

Օգտագործելով բոլոր առցանց հարթակները եւ մանաւանդ zoom-ի ընձեռած դպրոցներուն համար օգտագործման ձրի հնարաւորութիւնը, Դոկտ. Թորոսեանին յաջողուեցաւ զօրաշարժի ենթարկել դպրոցիս ուսուցչական կազմը, հոգաբարձութիւնն ու գաղութի ազգայինները: Արդէն Երկուշաբթի, Մարտ 23-ին պաշտօնական ելեկտրոնային նամակներով աւելի քան չորս հարիւր ծնողներու հաղորդուեցաւ թէ ինչպէս դասաւանդութիւնները առցանց պիտի ընթանային: Մանրամասն ներկայացուեցաւ դասացուցակը, ժամերը, գրաւորներու եւ գնահատականներու որդեգրուած քաղաքականութիւնը: Դպրոցը նաեւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէր օգնելու այն բոլոր ծնողներուն որոնք համակարգիչի կարիք ունէին:

Այսպիսով վարչարարական հարցերը լուծելէն ետք, Երկուշաբթի, Մարտ 30-ին Մանկապարտէզէն 12-րդ դասարան, առցանց կանոնաւոր դասերը վերսկսան: Դոկտ. Թորոսեանի կանոնաւոր առցանց հանդիպումները ուսուցիչներուն, ծնողներուն, աշակերտներուն եւ հոգաբարձուներուն հետ, վերահսկելի դարձուց ամբողջ գործընթացը: Բոլորին համար հասկնալի ու յստակ էր թէ յառաջիկայ երեք ամիսները ինչպէս պիտի ընթանային: Նոյնիսկ տարեվերջի Երկրորդականի քննութիւնները՝ նշանակուած Յունիսի կէսերուն, անցան սահուն, որոնց պատրաստման ու իրագործման մէջ մեծ դեր ունեցաւ տնօրէն Թորոսեանին համալսարաններու մէջ առցանց դասաւանդման փորձառութեան կիրարկումը:

Այստեղ անշուշտ ծագեցաւ աւարտական հանդիսութիւնը ինչպէս կազմակերպելու հարցը: Դարձեալ առցանց ժողովներ, այս անգամ սակայն տնօրէնութիւնը ստիպուած էր մեկնիլ դպրոց կազմակերպելու Մանուկեանի պատմութեան մէջ առաջին բացօդեայ աւարտական հանդէսը:

Արդարեւ Երկուշաբթի Յունիս 1, 2020-ին Մանուկեանի 37 շրջանաւարտները իրենց ինքնաշարժներով հաւաքուեցան դպրոցիս կայանատեղին, Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ շուքին ներքոյ: Յատուկ պատրաստուած «պատուանդան»ին վրայ էր տնօրէն Թորոսեան, ներքեւը իրեն կ’ընկերակցէին Նախակրթարանի եւ Միջնակարգի տնօրէնուհի Տիկ. Սօնա Գալֆայեան եւ Երկրորդականի աւագ ուսուցչուհի Ճուտիթ Գատրի: Տիկին Գատրի կը հրաւիրէր իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ստանալու իր վկայականը, մինչ ինք կը կարդար տուեալ աշակերտին ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները:

Դոկտ. Թորոսեան իր հակիրճ բայց յոյժ տպաւորիչ ճառին մէջ անդրադարձաւ Հայուն ու Ամերիկացիին նկարագրին բնորոշ լաւատեսութեան, աննկուն կամքին եւ դժուարութիւններէն չյուսահատելու բնաւորութեան: Ի վերջոյ դպրոցիս բարերար Հ.Բ.Ը.Մ.ի ցկեանս նախագահ Ալեք Մանուկեանին օրինակը ծանօթ էր բոլորին: Մեր աշակերտները լաւ գիտէին, որ Պրն. Մանուկեան քսան տարեկանին հասնելով Ամերիկա իր գրպանին մէջ ունէր միայն քսան տոլար: Ան կը խօսէր քանի մը լեզուներ բայց ոչ անգլերէն: Սակայն իր լաւատեսութիւնը, աշխատասիրութիւնը եւ զօրաւոր կամքը դարձան իր յաջողութեան գրաւականը:

Տնօրէն Թորոսեան իր խօսքը ամփոփեց անգլերէն մէկ բառով՝ GRIT. Այս բառը Հայերէն կրնայ թարգմանուիլ որպէս նպատակասլացութիւն, նաեւ՝ յարատեւութիւն: Այս դժուար օրերուն դուք հետեւողականօրէն հետամուտ պիտի ըլլաք ձեր նպատակի իրականացման: Մանուկեան վարժարանին մէջ մենք ձեզի ուսման կողքին սորվեցուցինք նաեւ ըլլալ նպատակասլաց ու հաստատակամ, իր խօսքը եզրափակեց տնօրէնը:

Վկայականներու բաշխումէն ու տնօրէնին խօսքէն ետք, աշակերտներու ինքնաշարժներու շարասիւնը, գլխաւորութեամբ Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի դրօշակակիր ինքնաշարժին, հպարտօրէն անցան ծնողներու, հոգաբարձուներու եւ ուսուցիչներու առջեւէն: Ամբողջ շրջապատը լեցուած էր ինքնաշարժներու շչակներու ձայներով, աշակերտներու ուրախութեան բացագանչութիւններով եւ անշուշտ՝ ծնողներու արցունքներով:

Այսպիսով Մանուկեան վարժարանը տուաւ իր յիսուներորդ հունձքը: Ալեք Մանուկեանի հիմնած այս կրթական հաստատութիւնը հաստատուն քայլերով ու լաւատեսութեամբ կ’ուղղուի դէպի ապագան:

 

Թղթակցութիւն Դպրոցէն          

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ