Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Ծննդեան101ամեակ 1919-2020 Տ. Թորգոմ Պատրիարք Մանուկեան Բազմարդիւն Առաջնորդ Արեւելեան Թեմին Ի Յուշ Ծննդեան 101ամեակին

Դար Մը Արդէն

            Անցեալ տարուան Փետրուար 16-ին նշուեցաւ Ամեն. Թորգոմ Պատրիարք Մանուկեանի ծննդեան հարիւրամեակը, ու այսօր մեր վրայ երախտիքի պարտք կ՛իյնայ յիշել Երջանկայիշատակ Պատրիարք Հայրը յատկապէս իր Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Թեմակալի իր երկարամեայ նուիրեալ եւ արդիւնաշատ պաշ- տօնավարութեան առիթով։

            Որպէս գործակից հոգեւորական Նորին Սրբազնութեան 24 տարիներու բեղուն աշխատանքին, սոյն տողերը սիրով եւ երախտագիտութեամբ կ՛ընծայեմ Պատրիարք Հօր։ Իմ առաջին հանդիպումը Սրբազան Հօր հետ տեղի ունեցաւ 1962 թուի ամրան երբ նոր Միացեալ Նահանգներ ժամանած էի եւ ինք, տակաւին վարդապետ, կ՛ուսանէր Քէյմպրիճի Եպիսկոպոսական Աստուածաբանական Ճեմարանէն ներս։ Արդէն ընտրեալ Առաջնորդն էր Արեւմտեան Թեմին, երբ նոյն տարին Թորգոմ Վարդապետ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն կը ստանար Երջան Տ.Տ. Վազգէն Ամենայն Հայոց Հայրապետէն, եւ չորս տարիներ ետք 1966-ին կ՛ընտրուէր Առաջնորդ Արեւելեան Թեմին։

 

Հաւատարիմ Միաբանը

            Ծնած Պաքուպա, Իրաք, 1919-ին, Դիլիջանցի հօրմէն եւ Աղբակեցի մօրմէն, Աւետիք Մանուկեան տասներկու տարեկանին Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարան կ՛ընդունուէր  Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքի օրով որ կը դառնար իր մտատիպար Հոգեւոր Հայրն ու ուսուցչապետը, ուսանելով անոր արմաշական շունչին տակ մինչեւ Պատրիարքի վերջին շունչը, եւ իրմէ սարկաւագ ձեռնադրուելէ ետք պատրաստ էր քահանայ ձեռնադրուելու իր Հոգեւոր Հօր ձեռամբ։ Սակայն մի քանի ամիս առաջ, 1939-ի փետրուարին կը վախճանէր Թորգոմ Ա Պատրիարք եւ քսանամեայ Աւետիք սարկաւագ Մեսրոպ Պատրիարքի ձեռամբ նոյն տարին, ուղիղ 81 տարիներ առաջ, ընկերովի կը ձեռնադրուէր Ս. Յակոբեանց Տաճարին մէջ  ժառանգելով իր անունը եւ յետագային դառնալով Թորգոմ Բ Պատրիարք Երու- սաղէմի։

            Նորընծայ Թորգոմ աբեղայ վարդապետական չորս աստիճանները կը ստանար Կիւրեղ Բ Պատրիարքէն ու Վանքէն ներս կը դառնար ընտիր, ուսում- նասէր, երաժշտասէր, մարմնակրթանքի եւ մարզախաղերու առաջնահերթ հա- մակրելի միաբանը։ Տասնամեակ մը չանցած 1946 թուին Ամերիկահայ Թեմի Առաջնորդ Տիրան Արքեպիսկոպոս Ներսոյեանի հրաւէրովն ու իր մեծաւորին        Տ. Կիւրեղ  Բ Պատրիարքի արտօնութեամբ Միացեալ Նահանգներ կը ժամանէր ու իր կենսունակ երիտասարդական 45 տարիները մինչեւ 1990 բարւոք ծառա-յութեամբ կ՛ընծայէր զոյգ թեմերուն, յատկապէս Արեւելեան Թեմին։

 

Թեմակալ Առաջնորդը

            Արեւմտեան Թեմի չորսամեայ առաջնորդական շրջանը հազիւ աւարտած, Թորգոմ Եպիսկոպոս Մանուկեան Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ կ՛ընտրուէր 1966 թուին ու կը փոխադրուէր Նիւ Եորք, յաջորդելով Սիոն Արքեպիսկոպոս Մանուկ- եանի որուն օրով աւարտած էր առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր Տաճարի համալիրին կառուցումը՝ պատրաստ օծման Ամենայն Հայոց Հայրապետի ձեռամբ։    Յիրաւի Թորգոմ Սրբազանի առաջնահերթ պարտականութիւնը կ՛ըլլար պատրաստութիւն տեսնել Տաճարի օծման հետ կապուած ներքին եւ արտաքին յարաբերութեանց հետ կապուած դիւանական գործերով, հետապնդելով յատ-կապէս պետական եւ միջ-կրօնական կապերու հաստատումը որոնք նախապէս անտեսուած էին։ Մեր հովուական գործերուն առընթեր, երբ նաեւ մաս կը կազմէի Թեմական Խորհուրդին որպէս ատենադպիր, կը տեսնէինք այդ նշանակալից տարբերութիւնը՝ ճշդուած եւ յարատեւ յարաբերութիւնը Նիւ Եորքի քաղաքա-պետարանի եւ միջ- կրօնական հաստատութեանց հետ։

            Յայտնի կը դառնար ամէն ինչ երբ կարճ ժամանակի ընթացքին, 1968-ին, Տ.Տ. Վազգէն Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր երկրորդ հայրապետական այցելութիւնը կը շնորհէր Թեմին, այս անգամ օծելու համար Նիւ Եորքի նորակերտ Մայր Տաճարը։ Օծման ներկայ էին քաղաքապետն ու Նիւ Եորքի Կարտինալը, Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ, Եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ ինչպէս նաեւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու Առաջնորդները, ու Հայ Եկեղեցւոյ նախկին եւ գործող Առաջնորդ եպիսկոպոսները, կրօնական այլ պետեր եւ զոյգ թեմերու բոլոր հայ հոգեւորականները։ Հոն էի նաեւ ես Ֆիլատելֆիայէն որպէս գաւազանակիրը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական պատարագի մատուցման ընթաց- քին՝ կարգադրութեամբը Առաջնորդ Թորգոմ Եպիսկոպոսին։

            Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նոյն օր Թորգոմ Եպիսկոպոսին կը շնորհէր արքեպիսկոպոսութեան տիտղոսը։ Նոյն օր բացումը կը կատարուէր Կիւլլապի Կիւլպէնկեան Կեդրոնին եւ Հայկ եւ Ալիս Գավուգճեան հանդիսասրահին, որոնք Մայր Տաճարին հետ միասնաբար պիտի դառնային մեծագոյն Նիւ Եորքի հայկական պատկառելի եւ գործօն հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոնը։ 

 

Արդիւնալից Աշխատանք

            Առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի շնորհիւ Ս. Վարդան Մայր Տաճարը թեմի բազմահազար հայորդիներու լոյսի եւ յոյսի փարոսը պիտի դառնար, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի եւ օտար շրջանակներուն ծանօթ առաջին եւ միակ կեդրոնը, ուրկէ Հայ Եկեղեցին պիտի բացուէր աշխարհին։ Քաղաքապետներն ու յարան- ուանութեանց պետեր պիտի այցելէին հանդիսաւոր առիթներով, մինչ Առաջնոր- դարանի ներքին կառոյցները կ՛ուռճանային ուսումնական եւ ակադեմական մասնաբաժիններով եւ ծրագիրներով։

            Առաջնորդը ինքն էր որ հաստատեց Գրիգոր Զոհրապի յիշատակին Հայագիտութեան Հետազօտութեան յատուկ բաժինը Առաջնորդարանէն ներս՝ բարերարութեամբ Զօհրապի դստեր Տոլորըս Զոհրապ Լիպմընի, բազմացնելով նաեւ առաջնորդարանի անձնակազմը։ 1967 թուի  140,000 տոլարի տարեկան պիւտճէն 20 տարի ետք արդէն բարձրացած էր երկու միլիոնի։ Միջեկեղեցական յարաբերութիւնները զարգացան յաճախակի փոխ այցելութիւններով, մինչ Ամերիկայի Եկեղեցեաց Խորհուրդին որպէս վարչական Առաջնորդ Սրբազանը իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէր։

            Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեան շրջանին Գանատայի թեմն ալ առանձին թեմ եղաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրահանգով եւ 1984 թուի Կոնդակով բաժնուելով Արեւելեան թեմէն։ Առաջնորդ Սրբազանը աննախընթաց թիւով քահանաներ ձեռնադրեց Արեւելեան թեմի համայնքներուն համար, թէ՛ ոմանք արտասահմանէն հրաւիրելով, եւ թէ՛ մանաւանդ թեմի Ս. Ներսէս Շնորհալի Ճեմարանի շրջանաւարտներէն 10 թեկնածուներու իր կատարած ձեռնադրութ- եամբ։  

            Աննախընթաց ըլլալով, Սրբազանը օծեց 16 եկեղեցիներ թեմէն ներս, առաջինը Ֆիլատելֆիոյ Ս. Երրորդութիւն նորակառոյց եկեղեցին որուն հոգեւոր հովիւն էր այն ատեն տողերս գրողը՝ Զաւէն Ծ. Վրդ. Արզումանեան։ Նոյն հա-մայնքին հին եկեղեցւոյ հովւութիւնը ինք Սրբազանը կատարած էր Երուսաղէմէն Ամերիկա առաջին գալուն 1946 թուին։ Իսկ վերջին եկեղեցին զոր Թորգոմ Սրբազան օծեց Երուսաղէմ մեկնելէն երկու տարի առաջ 1988-ի մարտ ամսուն Ֆլորիտայի նորաշէն Ս. Դաւիթ Եկեղեցին եղաւ որուն հովիւ կարգած էր զիս 1984 թուականին, հարաւային Ֆլորիտայի հայ համայնքը կազմակերպելու եւ շինարարութեանց ձեռնարկելու եւ աւարտելու համար։

 

Հայաստանի Ճգնաժամը

            Առաջնորդ Թորգոմ Սրբազանի կենսական գործերէն մին եղաւ անմիջական եւ մնայուն գրասենեակներով օգնութեան հասնիլ Հայաստանի մեծ երկրաշարժին հասցուցած ահաւոր կոտորածին։ Գրասենեակները որոնք մինչեւ այսօր Առաջնոր- դարանէն ներս կը մնան իրենց գործունէութեան մէջ աշխոյժ եւ հաստատ, մեծ օժանդակութիւն բերին եւ կը բերեն Հայաստանի, FAR (Fund for Armenia Relief) անուան տակ, շնորհիւ Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի խնամեալ ծրագիրներուն՝ պետական ճանաչումով՝ ի պատիւ իրեն որպէս հայրենասէր հոգեւորական։

            Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր վերջին հայրապետական այցելութեամբ Նիւ Եորք ժամանեց, երկրաշարժէն ճիշդ ամիս մը ետք յունուարին, այս անգամ արցունքը աչքերուն, իր շուրջ հաւաքելով համազգային բարերարներ արտասահմանի չորս ծագերէն,  որոնք Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ լսեցին Հայրապետին կոչը եւ անմիջական կարիքները հոգացին  բնակարաններ կառուցանելու, դեղորայք եւ զգեստներ հասցնելու համար։ Առաջնորդ Սրբազանին անմիջական աջակիցը եղաւ մեծ բարերար եւ շինարար Գէորգ Յովնանեան որուն միջոցաւ Ստեփան- աւանի մէջ առաջին առիթով շարք մը տուներ կառուցուեցան։ Վեհափառ Հայրապետի ներկայութեան համազգային հանգանակութիւն տեղի ունեցաւ։

 

Թորգոմ Պատրիարք Երուսաղէմի

            1990 թուի փետրուարի առաջին օրը յանկարծամահ կ՛ըլլար Երուսաղէմի Եղիշէ Տէրտէրեան Պատրիարքը, եւ Թորգոմ Արք. Մանուկեան որպէս պատասխա- նատու միաբան ուխտին, Երուսաղէմ կը մեկնէր Լուսարարապետ Գարեգին Արք. Գազանճեանի կողքին անմիջական կարգադրութեանց համար։

            Միաբանական Ժողովը նախ տեղապահ կ՛ընտրէր Թորգոմ Արքեպիսկո- պոսը, եւ նոյն տարւոյ մարտ 22-ին՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք, զոր    Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Տ.Տ. Վազգէն Ա «անհուն ուրախութեամբ» կ՛ողջունէր։ Ընտրութեան կը հետեւէր յուլիս 29 թուակիր Յորդանանի Արքայական Հրո- վարտակը եւ նորընտիր Թորգոմ Բ Պատրիարք Մանուկեանի գահակալութիւնը տեղի կ՛ունենար 1990 հոկտեմբեր 17-ին։

 

Տեղապահ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան

            Թորգոմ Պատրիարքի պիտի վիճակուէր տակաւին աւելի բարձր պատաս-խանատու պաշտօն երբ Ամենայն Հայոց Հայրապետ Վազգէն Ա կը վախճանէր 1994-ի Օգոստոս 18-ին։ Նոյն ամսու 25-ին Մայր Աթոռի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը նիստի կը հրաւիրէր երիցագոյն անդամ Յուսիկ Արք. Սանթուրեան, որուն կը մասնակցէին նաեւ թեմակալ եպիսկոպոսներ։ Ժողովին ատենապետեցին Հայ Եկեղեցւոյ զոյգ Պատրիարքները՝ Թորգոմ Մանուկեան Երուսաղէմի եւ Գարեգին Գազանճեան Կ. Պոլսոյ։ Ժողովը մեծամասնութեան քուէներով Մայր Աթոռի Կաթո- ղիկոսական Տեղապահ ընտրեց Երուսաղէմի Թորգոմ Պատրիարքը, որ մինչեւ ապրիլ 3 վարեց զոյգ պաշտօնները մինչեւ յաջորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութիւնը։ Իր տեղապահութեան շրջանին սեպտեմբեր ամսուն այցելեց Սիւնեաց թեմ, եղէգնաձոր, Գորիս եւ Տաթեւ։

 

Անձն եւ Գրական Վաստակը

            Իր աւելի քան 40 տարիներու պաշտօնավարութիւնը արտասահմանի մեծագոյն թեմէն ներս Թորգոմ Պատրիարք իր շնորհները դրսեւորեց որպէս երա- ժշտասէր եւ գրասէր հոգեւորական, բանաստեղծ «Շէն Մահ» ծածկանունով, երբ իր առաջին գերզգայուն բանաստեղծութիւնը կ՛ընծայէր իր Հոգեւոր Հօր Թորգոմ Ա  Գուշակեան Պատրիարքին անոր վախճանման վաղորդայնին՝ 1939 թուին։ Թորգոմ Պատրիարք կարեւոր բաժին յատկացուցած է խղճամիտ կերպով Արեւելեան թեմին Դպրաց Դասերու Կազակերպութեան՝ անոր հիմնադիրը ըլլալով, եւ հրատարակելով զոյգ մը ձայնագրեալ հատորներ հայ եկեղեցւոյ շարականներուն ճշգրիտ երգեցողութեան համար, կատարմամբ երաժշտագէտ Վարդան Սարգս- եանի։ Ան յատուկ սէր տածած է Կոմիտաս Վարդապետի նկատմամբ եւ հրատարակած զոյգ մը հատորներ՝ «Կոմիտասի Հանճարը», համադրելով ու մեկնաբանելով Մեծն Կոմիտասի անկորնչելի աւանդը։

 

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ 


 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ