Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Բարի Վերադարձ Մեր Սիրելի «Նոր Օր»-ի Տպագիրին

 

Տասներեք շաբաթ դադարելէ ետք, Յունիս 1, 2020 ՌԱԿ-ի ԱՄՆ-ի Արեւմտեան շրջանի երկլեզու պաշտօնաթերթը, տպագիր օրինակով վերսկսաւ  փոստատարով ղրկուիլ մեր բաժանորդներուն։

Մինչ այդ, արդէն «Նոր Օր» առ ցանց լոյս կը տեսնէ եւ տասնմէկ հազար ընթերցողի կը ղրկուի աշխարհի բոլոր ցամաքամասերը հասնելով։

Պսակաձեւ ժահրի յայտնուելէն իվեր մարդկութիւնը ընդհանրապէս եւ ԱՄՆ մասնաւորաբար ահազդեցիկ, տարտամ եւ խճճուած օրեր կ՚ապրին, ընդառաջելով ԱՄՆ-ի դաշնակցային, նահանգային, գաւառային եւ քաղաքային իշխանութեանց ցուցմունքներուն եւ զգուշութեան, «Նոր Օր»ի վարչական պատասխանատուները դադրեցուցին «Նոր Օր» տպագիր օրինակները լոյս ընծայելէ եւ բաւարարուեցան թերթը առ ցանց հրատարակելով։

98 տարինէ իվեր «Նոր Օր» անխափան, որպէս տպագիր մամուլ լոյս տեսած է ԱՄՆ-ի մէջ տնտեսական, քաղաքական եւ բարոյական այլատեսակ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելով, բայց այս օրերուն ողջ մարդկութիւնը պսակաձեւ այս սարսափելի ժահրին առաջ կը գտնուինք եւ չենք գիտեր, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս վերջ պիտի գտնէ այս համաճարակը, որ գլուխը առած է եւ ամէն օր բազմաթիւ կեանքեր կը խլէ։ Այսուհանդերձ, ընդառաջելով մեր թանկագին ընթերցողներու բազմաթիւ հեռաձայնային կոչերուն եւ մտահոգութիւններուն «Նոր Օր»ի վարչական պատասխանատուները յանձն առին այս քայլին դիմելու եւ «Նոր Օր» տպագիր օրինակները ղրկել մեր տեղական բաժանորդներուն, որոնք առ ցանց թերթը կարդալու փորձառութիւն չունին, իսկ ուրիշներ ալ թերթի առ ցանց կարդալու յարմարութիւն չունին։

«Նոր Օր» տպագիր օրինակով հրատարակելը եւ նամակատան միջոցաւ ղրկելը թերթի նիւթական վտիտ գանձին վրայ յաւելեալ ծանր պարտաւորութիւն մը կը դնէ, բայց բարեբախտաբար, ինչպէս միշտ, ապաւինելով մեր թանկագին գաղափարակիցներու նիւթական աջակցութեան եւ «Նոր Օր» թերթի ընթերցողներու լայն շրջանակին վրայ, պատասխանատուները յանձն առին այս մեծածախս քայլը առնելու։

98 տարի «Նոր Օր» եղած է եւ կը շարունակէ մնալ որպէս ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Ափի ազգային կեանքի մաքրամաքուր հայելին հայրենասիրութեան, ազգակերտման եւ ազգային դիմագիծի պահպանման համար անուրանալի ազդակ մը։

Վերջաւորութեան, որքան պիտի փափաքէինք որ մարդկութիւնը եւ մանաւանդ մայր հայրենիքի մեր հայրենակիցները եւ ԱՄՆ-ի ազնիւ ժողովուրդը, օր առաջ ձերբազատուի այս մահաբեր ժահրէն եւ բոլորն ալ օր առաջ վերադառնան իրենց ընտանեկան, ազգային եւ հայրենական Աստուածապարգեւ կեանքին։

 

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ