Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հակիրճ Ականարկ մը Տաճատ Ծ․ Վրդ․ Եարտըմեանի «Հայերէն Լեզուի Ժամանակակից Բառարան»ի Մասին

Վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսաւ Տաճատ Ծ․ Վրդ. Եարտըմեանի աշխատասիրած «Հայերէն Լեզուի Ժամանակակից Բառարան»ը 1021 էջերէ բաղկացած։     

       Եարտըմեան, պատրաստուած հոգեւորական եւ վաստակաւոր մտաւորական մըն է,  որ հեղինակն է գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու և պատմական ուսումնասիրութիւններու։

      Արեւելահայերeն բազմաթիւ բառարաններ հրատարակուած են վերջին տարիներուն՝ հեղինակութեամբ Աղայ-եանի, Էլոյեանի, Խաչատրեանի, Ջահուկեանի, Սուքիասեանի, Պետիրեանի, եւ այլոց, նաեւ Արեւմտահայերէնի բառարաններ որոնք առաւելաբար Միջին Արեւելքի մէջ լոյս տեսան աշխատասիրութեամբ Անդրանիկ Վրդ․ Կռանեանի, Գույումճեանի, Տէր Խաչատուրեանի, Սաքապետոյեանի, Արտեմ Սարգիսեանի, եւ այլոց,  ինչպէս բացատրական, արմա-տական, լիակատար բառարաններ, եւայլն, իսկ վերջին տասը տարիներուն քանի մը հատոր միայն հրատարակուեցան։

           Եարտըմեանի այս բառարանը, լոյս տեսած  2018-ին կարեւոր ներդրում ունի հայերէն լեզուի զարգացման գործընթացին մէջ զանազան պատճառներով։ Արդիւնքն է շուրջ յիսուն տարիներու տքնաջան, դժուար եւ շատ լուրջ աշխատանքի մը, գիտնալով որ յարաբերաբար լրիւ կատարեալ գործ մը պիտի չըլլայ եւ չէ եւ ունի մանր տպագրական թերութիւններ, ինչպէս գրեթէ  բոլոր հրատարակութիւնները ունին։

        Հատորը կը բացուի քանի մը էջերու վրայ բացատրողական ամփոփ բաժինով մը, որ շատ կարեւոր է որովհետեւ  ճիշտ ճանապարհը ցոյց կու տայ բառարանը գործածողին համար։

         Բառարանը ունի շուրջ 20,000 բառերու մեկնաբանութիւն-բացատրութիւն եւ բնականաբար ամէն բառ չկայ այստեղ երբ գիտենք որ Հայերէն լեզուին մէջ կան շուրջ 150,000 բառեր, ինչպէս կը յիշէ նաեւ Եարտըմեան իր բացատրականին մէջ, յայտնելով որ կան բազմաթիւ բառեր որոնք այլեւս չեն գործածուիր  եւ դուրս մնացած են եւ մաս չեն կազմեր այս բառարանին, սակայն կան բազմաթիւ նորակերտ բառեր որոնք ամէն օր կը գործածուին եւ առաջին անգամն է որ մուտք գործած են բառարանի մը մէջ։

Բնականաբար կան նորամուտ բազմաթիւ բառեր որոնք վերջին 40-50 տարիներու  ընքացքին սկսած են գործածուի՝  ինչպէս մետաղներու, բոյսերու,  քարերու եւայլն։

          Պտուղ բառին բացատրութենէն ետք տրուած են բոլոր պտուղներուն անունները՝ դեղձէն մինչեւ կեռաս, յունապէն մինչեւ քիվի, այնքան հեշտացնելով որոնողին աշխատանքը։

         Նոյնպէս շուրջ 40 տարբեր տեսակի բանջարեղէններ դասաւորուած են մէկ էջի վրայ, իւրաքանչիւրին  կողքին Անգլերէնը տալով։

         Կան նաեւ ուշագրաւ այլ եւ այլ դասաւորումներ,  ինչպէս երկու էջի վրայ տրուած են  ձայներու ցանկ մը, շատ գործնական, ինչպէս առարկաներու, գործիքներու, կենդանիներու, հոգեկան վիճակներու, եւայլ – կղկղոց, հծծիւն, քրքիջ, դոփիւն, որնոց, ֆշշոց, ղօղանջ, բզզիւն, սռւլոց  եւայլն։                                                                                              

         Շուրջ մէկ էջ մեր այսօրուան ընթացքին շատ գործածուող  համակարգիչի եւ համացանցի հետ կապ ունեցող նորակերտ բառեր ներառուած են,  բացատրու-թիւններ տրուած են՝  նաեւ Անգլերէնները նշուած են – ինչպէս թուայնացում, ցանցաէջ, չխկոց, բառյարդարիչ եւայլն։

         Կան նաեւ  շատ բառեր որոնք առնուած են օտար լեզուներէ եւ այլեւս այդ բառերը մաս կը կազմեն հայերէն լեզուին  եւ այս հատորին արժանիքը կը բարձրացնեն  որովհետեւ այդ բառերը այլ բառարաններուն մէջ չէք գտներ։ 

          Որեւէ լեզու  անդադար բարեփոխումներու  կ՛ենթարկուի քայլ պասհելու համար կեանքի յառաջդիմութեան հետ, մասնաւորաբար ընկերաբանական,  գիտական, առողջապահական, տնտեսական,

անջրպետային գրեթէ բոլոր մասնագիտութիւններու, շարժումներու նորարարական յառաջընթացին հետ, երբ նորաստեղծ երեւոյթներ եւ նորահնար պայմաններ կը ղեկավարեն մեր կեանքը եւ այդ կապակցութեամբ ստիպուած Ենք նոր բառեր ստեղծել ու եւ գործածելու զանոնք։

        Կարեւոր երեւոյթ մըն ալ այն է որ Եարտըմեան գործակցած է բազմաթիւ մասնագէտներու եւ անձերու հետ՝ լաւ ուսումնասիրելէ  յետոյ, ճշտումներ կատարած եւ ապա օգտագործած է այդ բառերը այս հատորին մէջ։

         Ընթերցողին աշխատանքը հեշտացնելու համար, Եարտըմեան դասաւորած է որոշ բառերու տեսակները, օրինակի համար, ձուկ բառին բացատրողականին տակ                               դասաւորած է շուրջ 70 տեսակի այլեւայլ ձուկերու տեսակներուն անունները – Անձրուկ, կարաբոս, կտին, ձիաձուկ, սրաձուկ եւայլն։ Նոյնը կատարած է բոյսերու պարագային, ծառերու, պտուղներու, համեմներու եւայլն։

      Մեր կեանքին մէջ կ՝օգտագործենք շատ բառեր որոնց իսկական Հայերէնները չկան եւ Եարտըմեան նշած է շատերը, ինչպէս, օրինակի համար – «ափսէ – կլոր կամ քառակուսի տափակ աման՝ որեւէ բան հրամցնելու, մատուցարան, սկուտեղ»,  եւ այլ բառեր։

        Օտար լեզուներէ առնուած են բազմաթիւ բառեր որոնք կը գործածենք այսօր առանց անդրադառնալու որ նորամուտ բառեր են որոնք  սկսած են մաս կազմել մեր լեզուին – ալքոհոլ, ժանր, ելեկտրոնիկ, ռատիոյ, պանքրէաս, սումախ, ռատար,  եւ այլ բառեր։  Նորամուտ բառերուն կողքին յաճախ տպագրուած են Անգլերէն բառերը 

            Բոլոր լեզուներն ալ ուրիշ լեզուներէ բառեր առած են եւ այնքան յաճախ կը գործածեն որ նոյնիսկ երբեմն մէկու մը միտքէն չ՝անցնիր աղբիւրը այդ լեզուին։  Օրինակ, մեր եկեղեցական գրեթէ բոլոր բառերը առնուած են Յունարէնէ՝ սկսեալ եկեղեցի (էգլեզիա), Կիրակի (քիրեաքի) եւ ուրիշներ։

            Օրինակի համար, հանրածանօթ թուրքագէտ, բանաստեղծ, խմբագիր  ու բանասէր Պոլսահայ Խաչիկ Ամիրեան, որ 1963-ին ներգաղթեց Հայաստան եւ  Համալսարանին մէջ դասաւանդեց Օսմաներէն եւ թուրքական պատմութիւն եւ այլ գիրքերու կողքին 1996-ին լոյս ընծայեց, այո,  «Հայերէնից Փոխառեալ Բառեր Արդի Թուրքերէնում» յոյժ կարեւոր ուսումնասիրութիւնը։

       Բառակազմական տեսակէտէն ելլելով, Եարտըմեան կերտած է նաեւ բազմազան բարդ եւ ածանցաւոր  նոր բառեր՝ աւելի խորացնելու համար ընթերցողին գիտակցութիւնը լեզուական հնարաւորութիւններու մասին եւ զարգացնելու համար մեր օգտագործած Հայերէնը։

      Պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել Հայր Տաճատին իր այս

խիստ անհրաժեշտ եւ գործնական Հայոց լեզուի աշխատասիրութեան համար, իր իրագործած ներդրումին համար, նաեւ ի մտի ունենալ որ Հայ լեզուի զարգացման ի նպաստ կարեւոր իրագործում  մըն է որ պիտի նպաստէ մեր մշտնջենականութիւնը  երկարաձգելու։

 

Փրոֆ ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ


 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ