Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Օժանդակութիւնը Կենդանութիւն Կ՚ապահովէ Լիբանանի Մէջ

Հակառակ օրէ օր զարգացող դժուարութիւններու եւ ծառացած մարտահրաւէրներու, Լիբանանի Հայ Աւետարանական Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Աւետարանչականի օժանդակութեան բաշխումի ծրագիրի առաջին փուլը յաջողութեամբ աւարտած է։

          Սնունդի եւ կենցաղային այլ կարիքներու երկու մեծ բեռնատարեր ժամանած են Յունիսի 16-ին Ընկերային Ծառայութեան Թրատ թաղամասի կեդրոնը։ Սննդեղէնները եւ կենցաղային կարիքներու մթերքը պահեստաւորուած են Պէյրութի շրջանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու երիտասարդական խումբերու կամաւորներու կողմէ։

          Յաջորդող երկու օրերը երիտասարդաց կամաւոր խումբին համար ամենածանր էր։ Անոնք բծախնդիր աշխատանքով եւ նուիրեալ ծառայութեամբ կրցան իրենց պարտականութիւնը աւարտել մինչեւ իրենց տրուած ժամկէտը։

          Երիտասարները լրիւ կազմակերպուած էին։ Անոնք կենցաղային պաշարը փաթեթաւորեցին երկու տարբեր ծրարներու մէջ՝ զատորոշելու սննդեղէնը եւ այլ կարիքները եւ տեղադրելու զանոնք յատուկ տուփերու մէջ։ Անոնք բաժնեցին 200 տուփ եւ 400 տոպրակ՝ 200 կարիքաւոր ընտանիքներու, իւրաքանչիւր ընտանիքի մէկ տուփ եւ երկու տոպրակ։ «Քանի մը օրուայ ընթացքին ես առանձնաշնորհումը ունեցայ ծառայելու մեր համայնքին իմ ընկերներուս կողքին… եւ անոնց աչքերուն մէջ տեսնել երջանկութիւն, այդ ինքնին բաւարար էր երախտապարտ ըլլալու համար», ըսաւ երիտասարդ կամաւոր Յարութ Մելիքեանը։ 

          Կամաւոր երիտասարդները սնունդի եւ այլ կենցաղային կարիքներու ծրարներու մէկ մասը բաժնեցին Կեդրոնի տարածքին մէջ, իսկ մնացածը անձամբ հասցուցին նշանակուած տուները։ Ծրարներու յանձնումէն ետք ստեղծուեցան նաեւ կարճ աղօթքի հնարաւորութիւններ։ Երիտասարդ կամաւոր Դալար Հայտօսթեան, որ ծրար մը հասցուց տարեց կնոջ մը ըսաւ. «Ես հարցուցի կնոջ արդեօք ան որեւէ աղօթքի խնդրանք ունէր, որու համար կրնայի աղօթել։ Անոր դէմքը պայծառացաւ եւ ան անընդհատ շնորհակալութիւն յայտնեց ինծի»։

          Օգնութիւն ստացող ընտանիքներու մէջ կային անոնք, որոնք շարունակ տառապած են նիւթական դժուարութիւններէ եւ ուրիշներ՝ որոնք վերջերս կորսնցուցած են իրենց աշխատանքը եւ կամ կը ստանան իրենց աշխատավարձի միայն 25%-ը՝ ստեղծուած տնտեսական իրավիճակի կամ համաճարակի պատճառով։ «Իմ զգացումս այն էր, որ ներկայ դժուարին հանգամանքները, ալ աւելի ազդեցիկ դարձուցին մեր համայնքային ծառայութիւնը» ըսաւ կամաւոր Ճօրճ Սահիլի։

          Շնորհիւ բարերարներու աջակցութեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կարողացաւ օժանդակել 200 կարիքաւոր ընտանիքներու։ Օգնութիւններու բաժանումէն մէկ օր ետք, Հայ Աւետարանական Ընկերային Ծառայութեան Կեդրոնը արդէն հեռախօսազանգեր ստացաւ նպաստընկալներէն, յայտնելով անոնց, թէ առաջին անգամն էր որ անոնք կը ստանային այսքան առատ եւ որակեալ ծրարներու նուիրատուութիւն։ Երիտասարդ կամաւոր Կարին Ադամեան, երախտապարտ իրեն ընծայուած ծառայութեան այս հնարաւորութեան համար ըսաւ. «Շնորհակալ եմ Աստուծոյ որ ինծի հնարաւորութիւնը տուաւ փոխադարձելու իմ համայնքին, եւ ծառայելով Անոր՝ ծառայելու նաեւ ուրիշներու»։

          «Հակառակ մեր մտքերուն եւ հոգիներուն վրայ ճնշող սարսափելի հեռանկարին՝ կարիքաւոր ընտանիքներու սնունդ բաժանելու ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր կամաւորներու վկայութիւնները մեզի կու տան յոյսի, քաջալերանքի եւ իրագործումի փայլք», ըսաւ Զաւէն Խանճեան՝ Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէնը։ «Այս ծառայութիւնը պիտի չմնայ մէկուսացած գործունէութիւն, այլ շարունակական «ի հա՛րկ է ընել»ու ծառայութիւն մեր համայնքին, որ զոհն է տեղական, տարածաշրջանային եւ արտաքին ազդակներու, որոնք կիրարկած են այս անարդար հաւաքական պատիժը եւ ստեղծած Լիբանանի ներկայ ողբերգական իրավիճակը»։

          Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը յանձնառու է արտացոլացնելու Աստուծոյ սէրը մարդոց հանդէպ եւ իր ստացած օրհնութիւնները բաժնելու կարիքաւորներու հետ։ Եթէ կը փափաքիք աջակցիլ Աւետարանչականին որ ան շարունակէ հասնիլ համաճարակի պատճառով տառապող մարդոց եւ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մեր տառապող ժողովուրդին, կրնաք զանագահարել մեր Կեդրոնատեղին՝ 201.265.2607 հեռախօսահամարով կամ ձեր նուիրատուութիւնները կատարել այցելելով www.amaa.org կայքէջը։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1918-ին, որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, իր ծառայութիւնները մատուցանելու բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ իրագործելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ բարեսիրական ծառայութիւններ քսանչորս տարբեր երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի կայքէջը www.amaa.org։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ