Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024

Շաբաթաթերթ

Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն

Ստորագրութեան մը Արժէքը . . .

Խօսքը պարզ մարդոց ստորագրութեանց մասին չէ, այլ՝ նշանաւոր մարդոց ստորագրութեանց մասին։ Նշանաւոր անձնաւորութեան մը կողմէ ստորագրուած թղթիկ մը կամ նամակ մը կրնայ շատ արժէքաւոր դառնալ, տարիներ ետք։

Մեր այսօրուայ պատմութիւնը մեզի կու գայ Ճափոնէն եւ կ՛երկարի 95 տարիներու վրայ։ Արդարեւ, այդ դէպքը սկսած է 1922-ի աշնան, Թոքիոյի Կայսերական (Imperial) պանդոկին մէջ եւ վերջացած 2017-ի աշնան, Երուսաղէմի աճուրդի յատուկ հաստատութիւններէն մէկուն մէջ։

Այս պատմութեան ենթական ծագումով հրեայ, գերմանացի գիտնական Ալպըրթ Այնշթայնն է։ Ան ծնած է 1879-ին, Գերմանիոյ Ուլմ քաղաքը եւ վախճանած 1955ին, Ամերիկայի Նիւ Ճըրզի նահանգի Փրինսթըն քաղաքին մէջ։ Ան 1921-ին ստացած է Նոպէլեան մրցանակ՝ բնագիտութեան մէջ։

Ալպըրթ Այնշթայն եւ կինը Էլսա Մարսէլիայէն՝ Ճափոնական նաւով ճամբայ ելած են դէպի Ճափոն 8 Հոկտեմբեր 1922-ին։ Ճամբուն վրայ՝ անոնք նախ հանդիպած են Եգիպտոս, Սէյլան (այժմու Սիրի Լանքան), Սինկափուր, Հոնք Քոնկ, Չինաստան եւ վերջապէս հասած են Ճափոն 17 Նոյեմբերին։

Վերադարձին՝ դարձեալ Ճափոնական նաւով, Տէր եւ Տիկին Այնշթայնները նախ գացած են Պաղեստին, ապա Սպանիա եւ վերջապէս հասած են Պերլին 21 Մարտ 1923-ին։ Իրենց այդ ճամբորդութիւնը տեւած է մօտաւորապէս վեց ամիս։

Հիմա Վերադառնանք մեր պատմութեան որ տեղի ունեցած է Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ (տես նկարը)։ Այնշթայները երբ հասած են Կայսերական պանդոկը եւ տեղաւորուած իրենց սենեակը, Այնշթայն ուզած է վարձատրել սպասեակը։ Սակայն քովը դրամ չունենալով՝ ան պանդոկի պաշտօնական թուղթին վրայ ստորագրուած երկու գրութիւններ տուած է անոր եւ ըսած որ լաւ պահէ, քանի օրին մէկը այդ գրութիւնները կրնան շատ արժէքաւոր դառնալ . . .

Անշուշտ այդ գրութիւնները գրուած են գերմաներէնով։ Հիմա նայինք թէ ի՞նչ կ՛ըսեն այդ գրութիւնները։ Առաջինը (տես նկարը) կ՛ըսէ հետեւեալը։

«Հանդարտ եւ համեստ կեանք մը աւելի ուրախութիւն կը բերէ քան թէ յաջողութեան հետապնդումը, որուն հետ առընթեր է՝ յարատեւ անհանդարտութիւնը։»

Իսկ երկրորդ գրութիւնը՝ որ շատ ծանօթ է մեզի, կ՛ըսէ  հետեւեալը։

          «Կամենալը՝ կարենալ է։»

Եւ ահա այդ գրութեան թուականէն 95 տարիներ ետք, վերոյիշեալ պանդոկի սպասեակին մէկ հարազատը (nephew) կեանքի կը կոչէ այդ գրութիւնները եւ կ՛ուզէ աճուրդով ծախել զանոնք։

Առաջին գրութիւնը աւելի արժէքաւոր կը հանդիսանայ եւ Երուսաղէմի աճուրդի հաստատութեան մէջ՝ կառաջարկուի 200,000 տոլար, որպէս սկզբնական գին։ Սակայն շատ ժամանակ չանցած՝ ան կը ծախուի 1.56 միլիոն տոլարի . . .

Ուրեմն Այնշթայնի գուշակութիւնը թէ ապագային շատ արժէքաւոր պիտի դառնայ այս գրութիւնը՝ կ՛իրականանայ։ Երկրորդ գրութիւնը սակայն աճուրդով կը ծախուի միայն 240,000 տոլարի։

Հոս տեղին է յիշել որ Այնշթայն՝ արտաքսուելով Գերմանիոյ Նացիստներու կողմէ, 1933-ին վերջնականապէս հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ եւ 1940-ին դարձած ամերիկեան քաղաքացի։ Իսկ 1932-33 տարիներուն, ան դասաւանդած է բնագիտութիւն՝ որպէս այցելու դասախօս (Visiting Professor), Փասատինայի California Institute of Technology բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մէջ։

Կարեւոր է նաեւ յիշել ու Այնշթայն մեծապէս տպաւորուած էր Ճափոնի կենցաղէն եւ ընկերային կարգ ու սարքէն։ իսկ իր երկարատեւ ճամբորդութեան աւարտին՝ բաղդատելով Արեւմտեան մշակոյթը Ճափոնական մշակոյթին հետ, ան հետեւեալ կերպով բնութագրած է տարբերութիւնը։

«Արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը հիմնուած է ծայրայեղ անհատականութեան եւ սուր մրցակցութեան վրայ՝ որուն միակ նպատակն է դիզել հարստութիւն եւ ապահովել շքեղութիւն։ Իսկ Ճափոնականը հիմնուած է ներդաշնակութեան եւ ինքնազսպումի վրայ՝ որը ամրացած է ընտանեկան սեղմ կապերով։»    

 

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ